ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԸ ԵՒ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՄԱՏՈՒՌԸ

Պետրոս Արքեպիսկոպոս Սարաճեանի փոխանորդութեան չորս տարիները եղան մեծապէս արդիւնալից, քանի որ իր օրով տեղի ունեցան հանգանակութիւններ եւ կառուցուեցան Անթիլիասի հիմնական շէնքերը՝ Մայր տաճարը, Նահատակաց մատուռը, վեհարանը եւ դպրեվանքը։

ՅԻՇԱՐԺԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

2018 թուականը փակեցինք եւ սակայն չենք մոռնար այն հերոսական գործը, զոր կատարեցին Պետրոս Արքեպիսկոպոս Սարաճեան եւ հոյլ մը նուիրեալներ, որոնք ուղիղ 80 տարիներ առաջ, յետեղեռնեան սփիւռքը պայծառացուցին իրենց տեսիլքներու եւ համոզումներու հոյակապ իրագործումով։ Այդ երկու տարիներու ընթացքին 1938-1940, անհաւատալի քաջութեամբ եւ եռանդով, Անթիլիասի առժամեայ կալւածը գնուեցաւ ու հիմնական շէնքերը կառուցուեցան ի պատիւ Սարաճեան Արքեպիսկոպոսի եւ բարեյիշատակ բարերարներուն։

Վախճանած էին Աթոռի նորահաստատ հիմնադիր կաթողիկոսները Տ.Տ. Բաբգէն Աթոռակից Կիւլէսէրեանն ու Տ.Տ. Սահակ Բ. Խապայեան 1936 եւ 1939 թուականներուն, երբ կաթողիկոսարանի ղեկը յանձնուեցաւ արթնամիտ եւ բացառապէս գործունեայ Հաճնոյ նախկին առաջնորդին՝ Պետրոս Արքեպիսկոպոսին, որ արդէն կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ կարգուած էր Տ.Տ. Սահակ Խապայեան Կաթողիկոսէն։ Վարելով հանդերձ կաթողիկոսութեան ներքին եւ արտաքին ընթացիկ գործերը, Սարաճեան իր նախագահութեամբ դասաւորեց վերակերտումի անմիջական աշխատանքները թեմակալ եպիսկոպոսներու եւ ակնառու երեսփոխաններու համաժողովներով, առաջին գործը ըլլալով օրինական տէրը դառնալ տրամադրուած կալուածին։

ԿԱԼՈՒԱԾՆ ՈՒ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԸ

Սարաճեան Արքեպիսկոպոսի առաջին եւ հիմնական գործը եղաւ գնել Անթիլիասի կալուածը, որ տակաւին տրամադրուած էր որոշ սահմանափակումներով։ Իր հայրական կոչին շատեր պատասխանեցին, յատկապէս Գահիրէէն Սիմոն եւ Մաթիլտ Գայըգճեան ամոլը, որոնց նուիրատուութեամբ Անթիլիասի ներկայ կալուածը կարելի եղաւ գնել։ Յաւելեալ ժողովրդական գումար մը եւս հանգանակուելով կառուցուեցան կաթողիկոսարանի վեհարանի եւ դպրեվանքի առաջին շէնքերը։

Ս. Աթոռին ամենէն կենսական հաստատութիւնը Մայր տաճարին կառուցումն էր անշուշտ, եւ ի պատիւ Տ.Տ. Պետրոս Սարաճեան Կաթողիկոսի պէտք է արձանագրել, որ զայն յաջողութեամբ եւ արագընթաց ի գլուխ հանեց, կառուցումը աւարտեց եւ օծումը կատարեց 1940 թուականին, ու նոյն տարին ընտրուեցաւ կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, յաջորդելով Տ.Տ. Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսին։ Հոյակապ տաճարը, որուն ճարտարապետն էր Մարտիրոս Ալթունեան, օծուեցաւ յանուն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի, ընդարձակ, գեղակերտ, բարձրագմբէթ իր զոյգ զանգակատուներով, որ այն ատեն գնահատեցին որպէս «Լիբանանի լաւագոյն կրօնական կոթողներէն մին, հայ անունին պատիւ բերող»։

ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՄԱՏՈՒՌԸ

1939-ի սկիզբները կաթողիկոսարանի Մայր տաճարի կողքին կառուցուեցաւ ապրիլեան հայ նահատակներու մատուռը՝ ճարտարապետութեամբ կիպրահայ Վահրամ Քիւրքճեանի։ Յուշարձանը խաչաձեւ քառակուսի մատուռ մըն է երեք երկաթեայ դռներով եւ խորանով, ուր պատարագ կը մատուցուի տարին անգամ մը։ Խորանին ներքեւը եւ խաչաձեւ պատերուն ներսի չորս անկիւնները զետեղուած են ոսկորները հայ նահատակներուն, որոնք զոհ գացին 1915-ին, մասամբ ապակիներու ետեւ, հաւաքուած Տէր Զօրէն եւ այլ աքսորավայրերէ։ Ոսկերոտիքի հաւաքման գործը կատարած է հաճընցի Յարութիւն Յովակիմեան, խնդրանքովը Սարաճեան Արքեպիսկոպոսին։ Մատուռին հիմնարկէքը կատարուած է 1938 դեկտեմբերին Սուրբ Յակոբայ Մծբնայ Հայրապետի տօնին, նախագահութեամբ սրբազան հօր, որ իր քարոզին մէջ ըսած է, «Այս մատրան մէջ ամփոփուելիք մնացորդներուն մէջ կան մեզմէ բոլորին ալ կամ ծնողաց, եղբօր, քրոջ, կամ ազգականներու նշխարները։ Անոնք արիւն թափեցին յանուն մեր ազգութեան, յանուն մեր կրօնքին»։ Նշխարները նոյն տարւոյ ապրիլ 23-ին զետեղուեցան հանդիսաւոր արարողութեամբ։

ՎԵՀԱՐԱՆՆ ՈՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ

Երկյարկանի ընդարձակ շէնք մըն է կաթողիկոսարանի վեհարանը, ուղղակի հանդիպակաց Մայր տաճարին, որոնց մուտքերը դէմ դիմաց են արեւելք-արեւմուտք ուղղութեամբ։ Վեհարանը կ՚ընդգրկէ ընդարձակ դահլիճ մը, վերանորոգուած եւ բարեզարդուած վերջին տասնամեակներուն, երբ վանքի ընդհանուր համալիրը արտաքին սալայատակումով եւ ներքին յաւելեալ սրահներով պանծալի վեհարանի վերածած են։

1938 տարւոյ ընթացքին կառուցուած է նաեւ դպրեվանքի առաջին շէնքը, կաթողիկոսարանի հիւսիսային անկիւնը, քարաշէն եւ երեքյարկանի, ուղղանկիւն-քառանկիւն յատակագիծով. այդ կառոյցին առաջին յարկը բաժնուած է սերտարանի եւ գրադարանի, իսկ երկրորդ յարկը դասարաններու, տեսչարանի եւ ուսուցչարանի։ Երրորդ յարկը ամբողջութեամբ յատկացուած էր ուսանողներու խմբական ննջարանի։

Մեր ուսանողական տարիներուն յիսունական թուականներուն ականատես եղանք այս անգամ դպրեվանքի երկրորդ շէնքի հիմնադրութեան եւ կառուցումին՝ ճարտարապետութեամբ Հայկաշէն Ուզունեանի։ Շէնքը ունի յաւելեալ դասարաններ արդիական գրադարան մը եւ թանգարան մը։ Դպրեվանքի զոյգ շէնքերը միացնող անցման կամուրջը կը դիւրացնէր առօրեայ գործընթացը, հաւասարապէս դասաւորելով գրադարանային եւ լսարանային աշխատանքները։ Մեր ձեռքով քար մը զետեղեցինք նորաշէն դպրեվանքի հիմերուն մէջ որպէս մնայուն յիշատակ շէնքի կառուցման։

ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՄԽԻԹԱՐԱՆՔ

Եթէ Պետրոս Կաթողիկոս Սարաճեան միայն չորս ամիս գահակալեց, որպէս շինարար հայրապետ մնաց Կիլիկեան նորահաստատ կաթողիկոսարանի պատմութեան մէջ։ Իսկ երանաշնորհ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոս, բոլորին հայրն ու հայրապետը տեսնելէ ետք արհաւիրքը, իր աչքերը փակելէ առաջ մեծագոյն մխիթարութեամբ կը տեսնէր վտարանդի Աթոռին Անթիլիասի կայքին վերընձիւղումը եւ կաթողիկոսարանին ազգապատկան ու անպարտ գոյատեւումը։ Որպէս դպրեվանքի միջին սերունդի ներկայացուցիչներէն մին, տողերս գրողը պարտք համարեց վերապրեցնել յետեղեռնեան սոյն հերոսապատում վերազարթօնքը, որ առանց չափազանցութեան լուսատու փարոս մը հանդիսացաւ սփիւռի հայութեան։

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Պայքար», Պոսթոն

Երեքշաբթի, Յունուար 22, 2019