ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ԱՂԲԱՆՈՑԻՆ ՊԱՅԹՈՒՄԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԴՈՒՌ ԿԸ ԲԱՆԱՅ
Պուրճ Համուտի աղբանոցին «ծննդոց»ը
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով Պէյրութը կը կիսուէր երկուքի: Մինչ արեւելեան Պէյրութը «կը յայտնուէր» քրիստոնեայ միլիսներու տիրապետութեան տակ, անդին արեւմեան Պէյրութը «բաժին կ՚իյնար» լիբանանցի իսլամ եւ պաղեստինցի խմբաւորումներուն: Քաղաքացիական պատերազմը կը տեւէր տասնհինգ տարի եւ այդ տարիներուն ընթացքին «երկու պէյրութներ»ը ղեկավարող մարմինները ստիպուած կ՚ըլլային ստեղծել քաղաքացիներուն կարիքները հոգացող յատուկ մարմիններ: Ճիշդ է, որ ամբողջովին փուլ չէին եկած կառավարական մարմիններն ու նախարարական գրասենեակները, բայց իւրաքանչիւր շրջան «կը կառավարուէր» տեղւոյն քաղաքապետարաններուն կողմէ, որոնք իրենց կարգին կ՚ունենային աւելի «վերին մարմնի» հովանաւորութիւն մը: Այդ թոհուբոհին մէջ էր նաեւ, որ Պէյրութի ամենէն հայահոծ՝ Պուրճ Համուտ շրջանը «նախընտրելի» վայր կը դառնար, որպէս արեւելեան Պէյրութի մեծագոյն աղբանոցը ունեցող շրջան: Երբ Պուրճ Համուտի աղբանոցին մասին կը խօսինք, հարկ է շեշտադրել, որ աղբանոցը կը գտնուէր այդ աւանի ծովեզերեայ շրջանին մէջ: Այդ օրերուն էր նաեւ, որ նման «ժամանակաւոր» լուծում մը առաջարկող կողմեր կը մտածէին, թէ ամէնօրեայ դրութեամբ կուտակուող աղբն ու անոր գարշահոտը կարելի եղածին չափ պէտք է «հեռու» ըլլան քաղաքացիներու խիտ բնակչութիւն ունեցող թաղամասերէն, որոնց կարեւոր մէկ բաժինը կը համարուէին «հայկական թաղամասեր»: Այս բոլորին առընթեր շատ բնական կը համարուէր, որ պատերազմի հետեւանքով կիրառուած միջոցներու լուծումը, կամ այդ լուծումներէն «ծնունդ առած» յոռեգոյն վիճակներու վերացումը պիտի սպասէր Պէյրութի խաղաղութեան փուլին: 1990 թուականին երբ կը լռէին թնդանօթներու ձայները, լիբանանցիները կամաց-կամաց կը վերադառնային դէպի բնականոն կեանքի հուն: Այդ անցումը տեղի կ՚ունենար բաւական դանդաղ քայլերով ու յստակ կը դառնար, որ շրջանային ազդեցիկ կողմերու գլխաւոր նպատակն էր «ոտքի հանել» կեդրոնական Պէյրութը:
Մայրաքաղաքի սիրտը համարուող հատուածը, որ ունէր «փառքի օրեր», դարձած էր աւերակ քաղաքի մը հազիւ շնչող երակը:
Պէյրութի վերակառուցումը կը համարուէր առաջնային, որովհետեւ մայրաքաղաքի երկու «իրարմէ բաժնուած» հատուածներուն միացումով էր նաեւ, որ երկիրը պիտի բռնէր հաշտութեան եւ համակեցութեան ընդհանուր ճամբան: Յառաջիկայ օրագրութիւնը յայտնի է: Պէյրութը բաւական արագ թափով կը վերակառուցուէր ու կը դառնար Միջին Արեւելքի վերադարձող «հարս»ը: Մասնաւորապէս Ծոցի երկիրներուն համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող մայրաքաղաքի սիրտը կը վերանուանուէր Downtawn եւ կը դառնար կեդրոնատեղի՝ միջազգային նշանակութիւն ունեցող առեւտրային, տնտեսական, կրթական եւ նոյնիսկ առողջապահական կարեւոր ցանցերու:
Այս դրութեան մէջ էր նաեւ, որ Պէյրութի արուարձանները, որոնցմէ մին էր Պուրճ Համուտը, կը շարունակէին իրենց նախկին կեանքով ապրիլ, իրենց հովանի ունենալով շրջաններու քաղաքապետարաններն ու անոնց հովանիով գործող մարմինները:
Այս տողերը գրողին յիշողութեան մէջ է, թէ տարբեր առիթներով Պուրճ Համուտի հայութիւնը կը ստիպուէր փողոց իջնել կառավարական մարմիններէն պահանջելով վերջնականապէս դադրեցնել շուրջ քսան տարուան «պատմութիւն» ունեցող աղբանոցին գործունէութիւնը: Տեղւոյն հայութեան համար այդ կարեւորագոյն «վճիռ»ը կառավարական որոշումով մը կ՚ամրագրուէր 1996 թուականին: Սակայն մտահոգիչը էր այն, որ նոյնիսկ աղբաթափման կայանի փակումէն ետք այդ շրջանին մէջ կուտակուած «աղբալերան» խնդիրը կը մնար անլոյծ: Մինչ պետական մարմիններ պատրուակ կը դարձնէին «աղբալերան» վերացման անհրաժեշտ նիւթական աղբիւրներու չգոյութիւնը, անդին շրջանի բնակիչներուն համար աղբի գարշահոտը եւ յատկապէս գարնան ու ամրան ընթացքին կլիմայական պայմաններու հետեւանքով ստեղծուած ընդհանուր իրավիճակը կը դառնար իսկական մղձաւանջ: Աղբակայանի հետեւանքով ստեղծուած առողջապահական տագնապը այսօր հասած է իր գագաթնակէտին ու այդ շրջանէն դուրս եկող թունաւոր կազերու արտանետումները, իրենց ազդեցութեան գօտին «կը տարածեն» ոչ միայն Պուրճ Համուտի, այլ շրջակայից նոյնիսկ բարձրադիր դիրքեր ունեցող շրջաններու վրայ:
Պայթում «աղբալերան» մէջ... եւ լուրջ հարցադրումներ
Արեւմտեան Պէյրութի Պուրճ Համուտ շրջանը Լիբանանի ամենէն հայահոծ շրջանն է: Տարբեր հանգամանքներու բերումով «հայաւան»ի ծովեզերեայ շրջանին մէջ երկար տարիներէ ի վեր կը գործէ մայրաքաղաք Պէյրութի մեծագոյն աղբանոցներէն՝ Պուրճ Համուտի աղբանոցը: Շրջանի պատկան մարմիններուն գործադրած ճիգերուն շնորհիւ աղբանոցը կը փակուէր 1996 թուականին: Հայութեան ստուար հատուածը իր նպատակին հասնելու համար ստիպուած կ՚ըլլար բողոքի հաւաքներ կայացնել: Երկրի մը մէջ, ուր նոյնիսկ քաղաքացիական ծառայութիւնները դարձած են իշխող համայնքներու բաժին ինկած «շահու աղբիւր», աղբահանութեան խնդիրը կը համարուի «եկամուտ»ի կարեւոր ակ մը:
Մեր յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ է, երբ 2015 թուականին Լիբանանի մէջ կը ծագէր «աղբի տագնապ»ը, որուն հետեւանքով մայրաքաղաք Պէյրութը կը դառնար «աղբախեղդ»: Խնդրին «կարկտանային» լուծում մը բերելու հիմքով նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութիւնը որոշում կը կայացնէր այլ երեք աղբակայաններու կողքին վերաբանալ փակուած Պուրճ Համուտի աղբանոցը:
Այդ որոշման հիմքով էր նաեւ, որ պէյրութցիք կը ձերբազատուէին մայրաքաղաքաքի գլխաւոր փողոցները լեցուած հազարաւոր թոներու հասնող աղբէն ու անոր թունաւոր արտանետումներէն: Հարցը սակայն կտրական լուծումներու չէր յանգած:
Ինչ կը վերաբերի Պուրճ Համուտ շըր-ջանի ծովեզերեայ հատուածին վրայ գործող աղբանոցին, որ այսօր «բաժնուած է» երկու մասերու:
Առաջին մասը, որ անգործածելի է, երկար տարիներով կուտակուած «աղբալեռ» մըն է, որուն յատակը կայ «ճնշուած» վիճակի մէջ եղող եւ մեծաքանակ աղբերէ կազմուած «լաւայի» վիճակ ներկայացնող հատուած մը:
Անցնող 5 Ապրիլին կենսոլորտի հարցերով զբաղող մէկէ աւելի կայքեր տեղեկութիւն կը տարածէին այն մասին, թէ ուժգին պայթում մը արձանագրուած է այդ «աղբալերան» մէջ: Հարցը մեծ տարածում չէր ունենար, մինչեւ արաբատառ «Ալ Ախպար» թերթի Ապրիլ 20-ի թիւին մէջ լոյս տեսած հրապարակումը, ուր մանրամասն տեղեկութիւն կը տրուէր իրադարձութեան վերաբերեալ: Այսպէս, ըստ «Ալ Ախպար»ի, տեղի ունեցած «փոքր պայթում»ը պէտք էր համարել վտանգաւոր նախանշան՝ տարիներէ ի վեր կուտակուած «աղբալերան» ահազանգային վիճակին շուրջ: Պարբերականը, որ իր տեղեկութիւնները ստացած էր Հասան Պազզիէն, որ կենսոլորտային հարցերով զբաղող փաս-տաբան մըն է, կը գրէր, թէ պայթումը արդիւնքն է թունաւոր «մեթան» կազանիւթի արտանետումներուն: Թերթը կը նշէր, որ նոր կառավարութեան կազմութենէն ի վեր երկրի կենսոլորտի նախարար՝ Թարէք Ալ Խաթիպ մինչեւ այս պահը չէ այցելած Պուրճ Համուտի աղբանոցի շրջանը, մօտէն ծանօթանալու համար հոն տիրող ընդհանուր իրավիճակին, նշելով նաեւ, որ փաստաբան Պազզիի կողքին երկու այլ փաստաբաններ պետական մարմիններուն մօտ դատական հայց ներկայացուցած են։ Անոնք պահանջած են «Խուրի» շինարարութեան ընկերութենէն դադրեցնել իրենց աշխատանքները, որովհետեւ ըստ փաստաբաններուն ընկերութիւնը չի յարգեր այն պայմանները, որոնք պէտք է կիրառուին խուսափելու համար կենսոլորտային «աղէտ»է մը: Կը նշուէր, որ նոյն ընկերութիւնը աւելի վաղ 109 միլիոն տոլարի փոխարէն շահած էր «աղբալերան» վերացման աշխատանքները կատարելու մրցոյթը:
Այս բոլորէն ետք խնդրով զբաղող դատախազ Ռալֆ Քարքապի «կարգ մը ճնշումներ»ու հետեւանքով ստիպուած կ՚ըլլար սառեցնել աղբանոցին վերացման աշխատանքները դադրեցնելու իր որոշումը վերատեսութեան ենթարկել եւ թոյլ տալ, որ նոյն ընկերութիւնը շարունակէ իր աշխատանքները:
Երէկ, 20 Ապրիլին եւ եղած պայթումին լոյսին տակ ներկայացուած դատական հայցէն ետք դատախազը հարցը կը յետաձգէր մինչեւ Մայիսի 18-ը, երբ դարձեալ դատական նիստ պիտի գումարուի եւ վերջնական վճիռ կայացուի:
Այս փաստարկները ներկայացնելէ ետք յստակ է, որ դատական գործընթացներու մէջ «մխրճուած» այս խնդիրը տակաւին մեծ քանակութեամբ «ջուր կը շալէ»:
Մտահոգիչը այն է, որ շրջանին մէջ մեծագոյն տուժողը պարզ քաղաքացին է, որուն համար այդ թունաւոր կազերու ներշնչումը դարձած է «ամէնօրեայ սպառնալիք»: Տակաւին չենք խօսիր Լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութեան հրապարակած տեղեղագիրներուն մասին, ուր յստակ աճ արձանագրած է Պուրճ Համուտի եւ շրջակայից շրջաններուն մէջ քաղցկեղէ տառապողներուն թիւը:
Պուրճ Համուտի «աղբալերան» մօտ գործող աղբանոցը օրական կտրուածքով աւելի քան 1000 թոն աղբ կ՚ընդունի եւ այդ որոշումը կը գործադրուի անցեալ կառավարութեան մէջ եղած քննարկումներու եւ կնքուած համաձայնութեան հիմքով:
Իսկ ինչ կը վերաբերի հին աղբանոցին, եւ ըստ կենսոլորտային մասնագէտներու այդ «աղբալեռ»ը այսօր դարձած է շրջանի բնակչութեան ընդհանուր առողջութեան համար բաւական լուրջ սպառնալիք:
Յիշեցնեմ, որ շուրջ 80 հազար հաշուող լիբանանահայութեան համար Պուրճ Համուտը կը համարուի ամենէն հայահոծ շրջաններէն մին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան