ՆԱՅՈՒԱԾՔՆԵՐ
Գարունը իր զով թեւերով պարուրեց մեզ դարձեալ, հայրենի զգլխիչ գարնան մեղեդին լսելի է ամէնուրեք. պատշգամէն ներս կը հոսին թռչուններու գեղգեղանքը, նորափթիթ տերեւներու թարմ կանաչը աչք կը քթթէ, ծաղկած ծիրանիները, կեռասենիները անզուգական գեղեցկութեամբ մը կ՚օժտեն այս պաստառը. արեւը վերէն ժպիտով կը հետեւի անցուդարձին:
Դուրսէն լսուող պոռչտուքը կ՚ընդհատէ պահին գեղեցկութիւնը: Յաճախ նոյն ձայները կը լսուին, թաղի տղամարդիկ մեքենաները կայանելու տեղին համար կը վիճին դարձեալ: Կը դիտես պատշգամէն, կը տեսնես .«ես»եր դէմ դէմի լարուած, զայրոյթը կը շարունակուի մինչեւ որ մէկը ստիպուած զիջի: Նիւթն է որ «ես»երը կ՚առաջնորդէ եւ ոչ մարդկային ապրումը:
Աւագ շաբաթ է: Համացանցի էջերուն մէջ կ՚որոնեմ այս Սուրբ շաբաթը յատկանշող նիւթ մը, պատկեր մը, ու... կը գտնեմ պատկերներ՝ «Խաչի կրումը» խորհրդանշող: Մի քանի պատկեր իրարու կը յաջորդեն, մեծամասնութեամբ Իտալական եկեղեցիները զարդարող՝ Սան Ապոլինարիէ եկեղեցւոյ խճանկարը, Ճոթօ տի Փոնդոնէ 1303-1305, «Խաչի կրումը եւ Վերոնիքան», Էստաշ Լիւսեռ՝ 1617-1655, զանազան մանրանկարներ եւ... եւրոպական Վերածնունդի երեք հսկաներէն՝ Ռաֆայէլ Սանտիի «Խաչի կրումը» պաստառը, 1516-ին նկարուած, ուր՝
նայուածք մը խիստ, ուրիշ մը չար, անխիղճ, ցասումնալից
նայուածք մը բարի, խղճահարուած, ցաւառատ, տանջուած
նայուածք մը իշխող
նայուածք մը գրկող
ուրիշ մը պոռթկուն ու աններող, պատիժ ցանկացող
Բոլորը ուղղուած մէկուն`Խաչեալին՝ անհատին, որ կեանքի դժբախտ մէկ պատահարով յայտնուած է վիճակի մը ու իր կրած խաչին ծանրութիւնը կը զգայ. ծանրութիւն մը, որ կը լլկէ զինք, կը տանջէ՝ ներքուստ, արտաքուստ. ներքին տանջանքն է որ կը նիւթանայ ու երեւելի տարազ մը կը հագուի արտաքնապէս:
Ներաշխարհներ պարզող նայուածքներ, նայուածքներուն ետին պահուած «ես»եր...
Ո՞վ չէ վայելած այսպիսի պահերու դառնութիւնը, ո՞վ չէ համտեսած պատահածի մը լեղի հարուածը, ո՞վ չէ ապրած յուսահատութեան անկեալ պահեր, ո՞վ...
Բայց ո՞վ փորձած է անկեալին ցաւը մեղմացնել, վիշտը թեթեւցնել առանց խօսքի, առանց փիլիսոփայելու, ո՞վ հետեւած է Սիմոն Կիւրենացիի օրինակին...
խօսքն է որ անկեալին ցաւը կը կրկնապատկէ, կ՚անդրադարձնէ անցածին, որուն պատճառով է որ կը տանջուի անհատը, տանջանք մը որ կը կրկնապատկէ խաչին ծանրութիւնը, նիւթեղէնի ու հոգեկանի ծանր շաղախումով բեռ մը թափելով իր շալակին:
Նայուածք մը արհամարհական՝ արտաքին տեսքին ուղղուած ու քմծիծաղով մը նսեմացնող, նման այն փարիսեցիներուն, որոնք չունին ողորմածութիւն ու միայն արտաքին բարեպաշտութեամբ զարդարուած են:
Նայուածք մը անխոհեմ, անկեալին ձեռք երկարելու երկմտանքին տարուած, մինչ ուրիշ մը՝ խոհեմ մը խաչին ծանրութիւնը փարատեցնել սկսած է:
Նայուածք մը, այլ հպում մը անկեալին, «սիրտ տալ» մը բարի, քաջալերանք մը խաչին ծանրութիւնը թեթեւցնող, օրհնեալ իւղով օծողի բարեսիրտ հպումի մը պէս:
Որքա՜ն իրական են պատկերին դէմքերը, որքա՜ն այժմէկան՝ մարդկային արտայայտութիւնները, կեանքն է պատկերուած պատկերի մը մէջ, կեանքը իր ելեւէջներով, չար ու բարի դրսեւորումներով, գութի ու արդարութեան որոնումով եւ մա՛նաւանդ մարդկային տեսակաւոր «ես»երով..., մինչ հոն՝ Գողգոթան՝ վերջին կայանը անհատին, դատարկ կը սպասէ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ