ՊԻՂԱՏՈՍՆԵՐ ՉԵ՞ՆՔ…

Անցեալէն եկած բոլոր մակարդակի սխալները կը շարունակեն հալածել մեզ։

Տակաւին մեզմէ շատ-շատերուն մտքերուն մէջ յստակ երկուութիւններ կան՝ տարբեր ժամանակներու մեծ սխալներուն, վրիպումներուն, անտեղի որոշումներուն վերաբերեալ։ Ի վերջոյ ո՞վ է մեծ սխալողը կամ ան, որ թոյլ տուած է մեծ աղէտներու։ Անշուշտ, աղէտները վիճակներ չեն, որոնք մէկ անգամէն գոյանան։

«Կոթողական» սխալներու, վրիպումներու, սխալ վճիռներու եւ ամենակարեւորը՝ կառավարելիութիւն մը յառաջ տանելու պայմաններուն մէջ է, որ այդ վրիպումները կամաց-կամաց կուտակուած են իրարու վրայ։ Եւ այդ կուտակումները կամաց-կամաց լեցուած են բաժակին մէջ ու ապա յորդած՝ արեան ու մահուան տեսքով։ Մեր հաւաքական գիտակցութեան փրկութեան լուռ հրեշտակը յաճախ ոտքի կանգնած ու արդար վճիռ մը սահմանած է այն միւս հաւաքական անունին կամ կերպարին դէմ, որ մենք արդէն կոչած ենք դաւաճան։

Գերեզմանին վրայ թքած, անուանակրումը արգիլած, ամբողջ պատմութեան սխալը իր վրայ բարդած այդ մէկ հոգին է, որ դարիւ-դարիւ հասած է մեր ժամանակներուն, որուն դէմ ալ մենք աննահանջօրէն մարտնչած ենք ու կը շարունակենք մեր մարտնչումը առ այսօր։ Մենք անհատի ժողովուրդ ենք։

Մեր պարագային գերակշռողը, որոշադրողը, կայացնողը միշտ անհատն է։ Սիրած ենք այդ ձեւը։

Ու դարձեալ մեզ դէպի յաղթանակ տանողը, մեր ազգին պսակ բերողը, մեզ բարձունքէ-բարձունք տանողը դարձեա՛լ անհատն է։ Անհատի պաշտամունքը մեր բնաբանն է։ Գուցէ հեշտը բոլոր խաղերուն մէջ ու բոլոր խաղերուն համար։ Ու դարձեալ անհատն է, որ տապալած է մեզ, մեզ տարած մահէ-մահ եւ աքսորէ-աքսոր, տակաւին պարտութենէ-պարտութիւն եւ կորուստէ-կորուստ։

Զզուելի է անհատը մեզի համար։ Իրական թիրախ եւ իրական թշնամի։ Ոսոխ, որ մեր վրայ ուղարկուած է մեր աւանդական թշնամիին կողմէ, որ նաեւ մեզի կու տայ ապրելու իսկական պատեհութիւն։ Մենք այդ թշնամիի ու դաւաճանի կերպարը կը ստեղծենք, որպէսզի կարողանանք մեր բոլոր տեսակի մեղքերը «իրը ընել» ու խուսափիլ մեզի բաժին ինկած պատասխանատուութենէն։

Եւ, անշուշտ, շատ լաւ գիտենք, իր այդ հերոս-դաւաճան խաղին մէջ ամենաստորները դարձեալ մենք ենք, որ հաւաքական խարոյկի բոցերուն մէջ ամէն առթիւ մեր պատմութեան սեւ ու մութ էջերը կ՚այրենք. կ՚այրենք ամէն ինչ պարզապէս, որպէսզի մեղքերը, մեր ծուլութիւնը, մեր իրական դէմքը, մեր թողլքումները եւ մեր ի վերջոյ անպատասխանատուութիւնը չերեւին։ Հերոս-դաւաճան խաղին մէջ ամենաշատ բնորոշուողը դարձեալ մենք ենք, որ կը պահուըտինք «հաւաքական ես»ի մը ետին, որ ինքզինք կը լուայ դարերու մեղքերէն եւ դարերու անէծքէն։

Գուցէ մենք անիծուա՞ծ ենք կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար բնորոշել, որ մենք, այո՛, մենք, մե՛նք է, որ անիծած ենք մենք մեզ։

Պիղատոս ենք բոլորս, երբ մեր պատմութեան սեւ ջուրերուն մէջ կը լուանք մեր ձեռքերը, ճիշդ չենք դատեր ու աւելի վատը՝ սխալ տեղեկութիւններով, սխալ դատումներով եւ սխալ մօտեցումներով կը դաստիարակենք գալիք սերունդները, որոնք մեզի կը հասնին իբրեւ կարծրատիպ ու կ՚անցնին մեր հին-նոր գործին՝ ձեռքեր լուալու պիղատոսականութեան։ Պիղատոս ենք, երբ ճիշդը չենք գրեր եւ սխալն ու ճիշդը մատնացոյց չենք ըներ։ Պիղատոս ենք, երբ իրերը իրենց անունով չենք կոչեր ու չենք բացայայտեր, որ ո՛վ եւ ինչո՛ւ յանձնեց Կարսը։ Պիղատոս ենք, երբ չենք ընդունիր, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը դարձած է խաղալիք մը Եւրոպայի արիւնոտ ձեռքերուն։ Պիղատոս ենք, երբ չենք տեսներ, որ Թուրքիոյ հանդէպ մեր ունեցած թունոտ ատելութեան արմատները կը գտնուին Քրեմլինի փակ սենեակներուն մէջ։ Ու Պիղատոս ենք, երբ դարձեալ թոյլ կու տանք, որ մեր ազնիւ դատը աշխարհի ձեռքը դառնայ սեղմօղակ՝ պարզապէս Անգարային դէմ ճնշումի նոր գործիք մը աւելցնելու։ Պիղատոս ենք, որովհետեւ ճիշդը չենք բաժներ մեր հասարակութեան հետ ու աւելի՛ն, անկեղծօրէն չենք քններ ու քննարկեր, թէ ինչո՛ւ այսօրուան փուլին հասանք։

Մենք եւս Պիղատոսներ ենք, որովհետեւ մենք մեզի թոյլ տուինք փողոցներուն մէջ պարել ու յայտարարել, որ եկած է իրական ժամանակը արդարութեան։ Ու կը շարունակենք մենք մեզ սեւցնել, մեր եսը եւ մեր մեծ պահանջներն ու երազները պարփակել անհատի նեղ շահերուն ու սպասուած ռոճիկին մէջ, որ իբր անցեալին հայ մարդը կը թալանուէր, իսկ հիմա մեր օրերուն աւելի հանգիստ ու խաղաղ կեանք մը կը վարէ։

Երկիմաստութեան, երկդիմի կեղծիքին եւ երկսայրի սուրին հետ մենք Պիղատոս ենք։

Պիղատոս ենք, երբ չենք ընդունիր մեր սխալները ու այդպէս ամէն տարի միասին ձեռք-ձեռքի տալով կը քալենք դէպի հաւաքական եսի մկրտարանը, ուր դարձեալ պիտի օրհնենք մէկը եւ ընդունինք միւսը իբրեւ յաւիտենական Յուդա։

Մինչ այդ, մենք ենք, այո՛, մե՛նք ենք, որ եղած տեսարաններուն մէջ դեր չուզեցինք ունենալ ու պարզապէս դարձանք հլու-կամակատար։

Պիղատոսներ ենք պատմութեան առջեւ, որովհետեւ մեր մեղքն ու բարիքը չենք բաժներ միւսներուն հետ ու որոշած ենք ի յառաջագունէ առանձինն քալել դէպի դժոխքի ճանապարհները։

Գուցէ միայն անհատը մեզ փրկէ այս տարաժամերէն, որովհետեւ մենք, դարձեալ մե՛նք, անհատի համար ենք, անհատի մէջ ենք ու միայն անհատի ետեւէն է, որ կը քալենք։

Կոչենք զինք Յուդա կամ Նազովրեցի, մենք անհատի համար ենք ու դեռ ալ պիտի սպասենք, որ այդ իրական անհատը դուրս գայ փոքր Մհերի քարաժայռէն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 22, 2023