Արմատախիլ Արեւմտահայու Զգացողութիւն մը…

Յա­ճախ լսած ենք, որ «աշ­խար­հի վրայ ան­փո­խա­րի­նե­լի մարդ չկայ։ Գե­րեզ­ման­նե­րու մէջ բազ­մա­թիւ են այդ­պի­սի­նե­րը…»։ Թէ­պէտ Ա­ւե­տա­րա­նին մէջ չկայ նման ար­տա­յայ­տու­թիւն մը, եր­բեմն ալ հա­ւա­տա­ցած ենք։

Այ­նուա­մե­նայ­նիւ, ի­րա­կա­նին, կան բա­ցա­ռու­թիւն­ներ։

Մեզ­մէ հե­ռա­ցող Ար­փիկ Մի­սա­քեան ե­ղաւ այդ ան­փո­խա­րի­նե­լի անձ­նա­ւո­րու­թիւ­նը։

Յի­սուն տա­րի­ներ շա­րու­նակ ան դի­մադ­րեց, տե­ղի չտուաւ ա­մէն տե­սակ դժուա­րու­թիւն­նե­րու, զրկանք­նե­րու, ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե­րու…։

83 rue d’Hauteville «Յա­ռաջ»ը բերդ մըն էր, ուր պահ­պա­նուե­ցաւ մեր լե­զուն՝ ա­նա­ղարտ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը։ Եր­բեմն նաեւ լոյս կը տես­նէին Voltaire-ի լե­զուով յօ­դուած­ներ։ Հա­րա­զատ ո­ճով։ Ոչ մէկ գրու­թիւն, ծա­նու­ցում, յօ­դուած «թա­լա­թո­սուած» էր (baclé)։ Այլ՝ խնա­մուած։

Ար­փիկ Մի­սա­քեա­նի հա­մար այս կեան­քի մէջ՝ վե­րեւ Աս­տուած էր, ներ­քեւ՝ «Յա­ռաջ»ի խմբագ­րա­տու­նը…։

***

1976-ին հա­ճոյքն ու­նե­ցայ Ար­փի­կի հետ եր­թալ Ե­րե­ւան։ Ա­նոր ա­ռա­ջին այցն էր։ Այդ թուա­կան­նե­րուն «ան­դա­մա­հա­տուած» բայց հա­րա­զատ հայ­րե­նի­քի մէջ գտնուիլ դեռ տե­սակ մը յու­զիչ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն էր։ Ար­փի­կը իր այդ յու­զիչ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը զգա­ցա­կան խոր ապ­րում­նե­րով եւ գե­ղե­ցիկ հա­յե­րէ­նով ար­տա­յայ­տեց «Յա­ռաջ»ի է­ջե­րու մէջ «Ա­րա­րատ, սի­րե­լիս» յօ­դուա­ծա­շար­քով։ Այն ինչ որ հի­մա Փա­րիզ-Զուարթ­նոց չորս-հինգ ժամ հե­ռու է, այ­լեւս պտոյտ մը, գրե­թէ weekend մը, կարճ օ­դա­փո­խու­թիւն մը։ Երբ ի­մա­ցայ, որ եր­կու-ե­րեք օ­րէն տե­ղի պի­տի ու­նե­նար գրող­նե­րու հա­ւա­քոյթ մը, իս­կոյն գտայ ծա­նօթ մտա­ւո­րա­կան մը, ո­րուն յայտ­նե­լով Ար­փիկ Մի­սա­քեա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը, խնդրե­ցի, որ զայն հրա­ւի­րեն։ Ըն­դու­նեց։ Բայց հրա­ւէ­րը չե­ղաւ։

Բնա­կա­նա­բար այդ զրկանք մըն էր, ինչ որ Ար­փի­կին ցաւ պատ­ճա­ռեց։ Բայց ա­նոր կող­մէ ոչ մէկ դժգո­հու­թիւն։ Ընդ­հա­կա­ռա­կը, Ար­փի­կը փոր­ձեց զիս հան­դար­տեց­նել՝ «պի­տի չզար­մա­նալ, սիս­տե­մը կը պա­հան­ջէ, որ գրո­ղը ըլ­լայ զուսպ, հնա­զանդ մա­նա­ւանդ ան զգու­շա­նայ սփիւռ­քա­հա­յե­րէն…»։

­Հա­յաս­տա­նի մէջ Մես­րո­պեան լե­զուին փա­րած ռու­սե­րէն բա­ռե­րը, ո­րոշ «քո­լո­րիթ» մը կը ստեղ­ծեն։

Օր մըն ալ այդ «է­վո­լու­ցիա»ին հա­ւա­տա­րիմ հա­յաս­տա­նաբ­նակ ե­րի­տա­սարդ մտա­ւո­րա­կան մը, Փա­րիզ ե­ղած ժա­մա­նակ, կը հե­ռա­ձայ­նէ Ար­փի­կին։ Ե­րե­կո­յեան 6-ի մօ­տե­րը։

-Տի­կին Մի­սա­քեան, ես Հու­ռիփն եմ, կ՚ու­զեմ գալ, «մի փոքր» ձե­զի հետ «կի­սուիլ», ե­թէ չէք «վռա­զեր»։

-Հա­մէ, ար­ձա­գան­գեց ծանր շեշ­տով Ար­փի­կը։

-Այ­սինքն ձե­զի այ­ցե­լել։ 
Կի­սաժ­պիտ ին­ծի պատ­մեց Ար­փիկ, բնաւ ինք­զինք շո­յուած չզգաց։

Ի­րաւ է, որ 2015 Յու­նիս 19-ին՝ Ար­փիկ Մի­սա­քեա­նի մա­հուը­նէ յե­տոյ բազ­մա­թիւ յօ­դուած­ներ լոյս տե­սան, ցա­ւե­լով ու ջեր­մօ­րէն գնա­հա­տե­լով Ար­փիկ Մի­սա­քեա­նի ան­ձը, ա­նոր յատ­կու­թիւն­նե­րը եւ ե­զա­կի դե­րը սփիւռ­քի մէջ եւ այլն եւ այլն։

Արդ, ե­թէ այդ բո­լոր ջերմ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու ու գնա­հա­տանք­նե­րու գործ­նա­կա­նօ­րէն կէ­սը միայն կա­տա­րուէր Ար­փի­կի ող­ջու­թեան, «Յա­ռաջ»ի բա­ժա­նորդ­նե­րը պի­տի հաս­նէին 5000-ի։ Ու հա­ւա­նա­բար, Ար­փի­կը ա­ւե­լի ուշ հե­ռա­նար մեզ­մէ…։

Գե­րեզ­ման­նե­րը կը մնան անբ­նակ… իսկ մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը վտան-գըւած։ Ցա­ւա­լի է հաս­տա­տել, որ այդ նկատ­մամբ, Սփիւռ­քի մտա­հո­գու­թիւ­նը, ա­ջակ­ցու­թիւ­նը կը մնայ… «հա­մեստ»։ Սա­կայն, հար­կա­ւոր է յի­շել, որ «Մ. Ջ.» ե­ղաւ այն ե­զա­կի անձ­նա­ւո­րու­թիւ­նը, որ Ար­փիկ Մի­սա­քեա­նին ա­պա­հո­վեց «Յա­ռաջ»ի խմբագ­րա­տան սե­փա­կա­նու­թիւ­նը։ Պա­հան­ջե­լով, որ եր­բեք չնշուի իր ա­նու­նը, այլ խօս­քով, ինչ­պէս կ՚ը­սէր մեծ­մայրս՝ «լա­ւու­թիւն ա­րա եւ թա­լի ծով…»։­

Ար­փիկ Մի­սա­քեան՝ ար­մա­տա­խիլ ա­րեւմ­տա­հա­յու զգա­ցու­թիւն մը, այ­լեւս զգա­լի բա­ցա­կա­յու­թիւն մը։ Դի­մադ­րու­թեան խորհր­դա­նիշ մը՝ մեր շա­րու­նա­կուող «նա­հանջ»ի ճա­նա­պար­հին…։

ԿԱՐ­ՊԻՍ ՋՐԲԱ­ՇԵԱՆ

«Նոր Յա­ռաջ», Փա­րիզ

«Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­րա­ծուած»

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016