ԿԱՐԱՒԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈՇԻՆ (Ա.)

Մենք մոռացութեան կը պատկանինք:
Եկանք քաղաքներ նուիրելու աստուծոյ մը,
Որ փախուստ տուաւ մեր վրանէն
Եւ անհետացաւ, 
Երբ ելանք իրեն համար որս ժողվելու:

Մի՛ սոսկաք, ով բարձր լերան բնակիչներ,
Քանի երկու գիշերէն աւելի չենք մնար:
Ունինք ջուր, հաց, օդ եւ 
Մեր ձայները:
Ունինք այն ինչ որ հովը 
Երկուքի կը բաժնէ... 
Ով լերան բնակիչներ:

Մենք ո՛չ կը մտնենք եւ ոչ կ՚ելլենք,
Սակայն պիտի սփռենք իրերուն զօրութիւնը:
Բաւարար մեռա՞նք, որ սոսկաք մեր մահէն:
Ուրուականի մը նկարը 
Քարայրի մը վրայ գծեցի՞նք, 
Որ ծանօթ ըլլայ մեզի:
Ուրեմն հսկեցէք ձեր ծառերը ամպէ մը, 
Որ ճախրած, հասած է 
Կարաւանին վերջաւորութեան:
Մենք ո՛չ կը մտնենք եւ ոչ կ՚ելլենք...
Ով այրերու բնակիչներ:

Մենք չենք նմանիր 
Պատմութիւններու նահապետներուն.
Մենք մոռացութեան կը պատկանինք:
Շատ պատերազմեցանք մեր եւ ձեր 
Սոսկումները միաձուլելով:
Շարունակեցէք, ով կոտրած 
Ծովեզերքի բնակիչներ, ներումի կռիւը՝ 
Բոյսէ մը, որ մեր հասակները հրդեհեց, 
Երբ անցանք ձեր մէջէն: 
Շարունակեցէք ձեր գիշերային 
Ուրախութիւնները կամ պսակեցէք 
Ձեր կոյսերը ճեներալին, 
Թերեւս ծնանի 
Երրորդ սերունդ մը քարնաւալի:

Մենք մոռացութեան կը պատկանինք: 
Հոս երկար չենք մնար, 
Թմբուկներ չենք զարներ, 
Ձանձրոյթ չենք պատճառեր ձեզի, 
Չէք լսեր մեր երազները, 
Երկար չենք քնանար ձեր գիւղին մէջ, 
Վարդեր չենք քաղեր ձեր պարտէզէն, 
Ձեզի հետ չենք աղօթեր, 
Չենք մտահոգեր Տէրը, 
Որ ձեզ կ՚ընտրէ՝ 
Ազգ մը իր պատկերին համաձայն, 
Ձեր հրապարակներուն վրայ 
Կաթիլ մը արիւն չենք թողուր: 
Պիտի անցնինք ձեր արթննալէն առաջ՝ 
Պարսիկը կամ ուրիշը չհասած:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2022