ԱԿՆԱՐԿ - 80 - ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ ՄԸ՝ ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Տարւոյս 2024 թուականի՝ շաբաթ 17 եւ կիրակի 18 օգոստոս օրերը Հայաստանի մէջ կայք հաստատած քեսապցիներուն համար նոր սկիզբի մը մեկնարկը տրուեցաւ՝ ընթանալով աւանդութեան հետքերով:

Քեսապի մէջ երկար տարիներու աւանդութիւն է, ամէն տարի Ս. Աստուածամօր Վերափոխման տօնը նշել յատուկ տօնակատարութեամբ: Եկեղեցական արարողութիւններէն անդին, որոնք կը կատարուին Բերիոյ հայոց թեմի օրուան առաջնորդին ներկայութեամբ եւ նախագահութեամբ, քեսապցիները այս տօնին հետ կապուած ունին իրենց յատուկ աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, որոնք տարիներու ընթացքին սերունդէ սերունդ փոխանցած են, եւ մինչեւ մեր օրերը կը պահուին (հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող վերջին տարիներու իրավիճակին): Այդ աւանդութիւններու ամենէն գլխաւորներն են խաղողօրհնէքը, մատաղօրհնէքը՝ եկեղեցական որպէս ծիսակարգեր, եւ կիրակի երեկոյեան ու երկուշաբթի Նըրքը գեղին (Ներքին գիւղ) մէջ հաւաքուիլը, շար շարելը, Քեսապի շուրջպարը պարելը՝ դմբուկի եւ զուռնայի նուագակցութեամբ:

Արդարեւ, Սուրիոյ խնդիրներէն ետք մի քանի տասնեակ քեսապցի ընտանիքներ եկան կայք հաստատելու Հայաստան, ինչպէս նաեւ սփիւռքի այլ գաղութներէ՝ յատկապէս Արաբական Էմիրութիւններէն, բազմաթիւ ընտանիքներ կայք հաստատեցին Հայաստան:

Անցնող աւելի քան մէկ տարիներու ընթացքին մի քանի ձեռնարկներ կազմակերպուեցան վերոնշեալ միաւորման կողմէ: Միաւորման նպատակն էր թէ՛ ներգաղթի տարիներուն եւ թէ վերջին տասնամեակներուն Հայաստան հաստատուած քեսապցիները ի մի բերելը, փորձելով Քեսապի սովորութիւններն ու աւանդութիւնները կեանքի կոչել, այս անգամ հայրենիքին մէջ:

Այս տարուան Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը այդ առումով Հայաստան հաստատուած քեսապցիներուն համար նոր սկիզբի մը առիթը եղաւ:

Արդարեւ, շաբաթ, 17 օգոստոս 2024-ի երեկոյեան, Երեւանի Աւան շրջանին մէջ գործող Մխիթարեան ճեմարանի շրջափակէն ներս, օրհնութեամբը եւ հրաւէրովը ճեմարանի տեսուչ Գերյարգելի Հայր Եղիա Ծայրագոյն Վարդապետ Քիլաղպեանի, «Քեսապ հայրենակցական միաւորման» կազմակերպութեամբ խումբ մը քեսապցի երիտասարդներ սկսան մատաղի (հերիսայի) պատրաստութեան:

Երիտասարդներուն պատրաստակամութիւնը եւ համերաշխ մթնոլորտը այնքան ոգեւորիչ եւ գօտեպնդիչ էին: Իւրաքանչիւր երիտասարդ իր առօրեայ աշխատանքները, մտահոգութիւններն ու զբաղումները մէկ կողմ ձգած, շտապած էր գալ ճեմարանի շրջափակ, իր ճիտին պարտքը տալու, իր մասնակցութիւնը բերելու մատաղի պատրաստութեան: Իւրաքանչիւր երիտասարդ իր կարելին ու իր ձեռքէն եկածը կ՚ընէր, որպէսզի ամէն ինչ իտէալական ու բարեյաջող ըլլար:

Գիշերուան ուշ ժամերէն ետք շրջափակը կամաց-կամաց սկսաւ պարպուիլ ներկաներէ եւ այնտեղ մնացին չորս երիտասարդներ՝ ընկերակցութեամբ երէցի մը, որ կարելի է ըսել հոգիով ամենէն երիտասարդն էր: Այս հինգ երիտասարդները մինչեւ առաւօտ ուշադրութեամբ, նախանձախնդրութեամբ հսկեցին մատաղի կաթսաներուն, կրակին հետեւելով, իրարու հետ զրուեցելով Քեսապի լաւ ու բարի յիշատակներու մասին: Հինգն ալ ի՜նչ-ինչ պայմաններով, տարբեր ժամանակաշրջաններու ստիպուած հեռացած էին Քեսապէն: Հիմա, այս գիշերն ու առաւօտը զիրենք միացուցած էր մատաղի կաթսաներուն շուրջ, առիթ տալով իրենց վերիշելու եւ վերապրելու Քեսապի յիշատակները: Գիշերային եւ առաւօտեան այս ժամերուն աւելի քաղցրութիւն պարգեւեցին Հայր Եղիային պարբերաբար այցելութիւնները, ուղեկցուած իր մեղմ ձայնով ու հանդարտ բնաւորութեամբ:

Առաւօտեան խումբին միւս անդամները պարտաճանաչ աշակերտներու նման մէկ առ մէկ ժամանեցին ճեմարան, կազմ ու պատրաստ շարունակելու առաքելութիւնը:

Արդէն ժամը 11-ն է, եւ Գերյարգելի Հայր Եղիան Պատարագ կը մատուցէ: Պատարագի աւարտին եկեղեցիէն ներս խաղողն ու մատաղը (հերիսան) կ՚օրհնուին Ս. Խորանին վրայ: Եւ ահա, ներկայ հաւատացեալ ուխտաւորները, Ս. Աստուածածինի բարեխօսութեամբ զօրացած եւ Աստուծոյ օրհնութեամբ զինուած հանդարտ քայլերով կը մօտենան այն վայրին, ուր մատաղը պիտի բաժնուի: Իւրաքանչիւրը կը մօտենայ եւ կը վերցնէ իրեն բաժին հասնող մատաղը, ապա կը քաշուի քիչ մը անդին, սպասելով միւսներու գալուստին: Ընտանեկան եւ հարազատ մթնոլորտ մը կը ստեղծուի շրջափակէն ներս: Երկար ժամանակ իրարու հանդիպելու առիթ չունեցողները, յանկարծ զիրար կը գտնէին շրջափակէն ներս: Արձակուրդի համար Հայաստան գտնուող քեսապցիներ, որոնք լսելով կատարուելիքի մասին, շտապած էին Մխիթարեան ճեմարան եւ հիմա կը հանդիպէին իրենց վաղեմի ծանօթներուն, կ՚ողջագուրուէին, նորերու հետ կը ծանօթանային, հինէն ու նորէն կը խօսէին: Եւ ահա, դհոլն ու զուռնան կու գան ընդհատելու մտերմիկ խօսակցութիւնները, Նըրքը գեղի Սօսիին յիշատակները կը քաշէին զիրենք դէպի շուրջպար, դէպի մանկութեան, պատանեկութեան, երիտասարդութեան յիշատակներ: Ակնթարթրի մը մէջ շանթի արագութեամբ բազմաթիւ տեսարաններ կը տողանցէին շատերու միտքերուն մէջ, արթնցնելով այնպիսի քաղցր յիշատակներ ու յուշեր…: Երէց ու երիտասարդ, կին ու մանուկ, բոլորը կողք կողքի, ձեռք ձեռքի բռնած կը պարէին՝ իրենց միտքերով սաւառնելով դէպի Քեսապ:

Պահը հասած էր բաժնուելու: Իւրաքանչիւրը հրաժեշտ կու տար միւսին՝ քաջայոյս ըլլալով, որ շուտով դարձեալ պիտի հանդիպին:

Պահը պատմական էր: Պահը յուզիչ էր: Պահը ոգեւորող էր: Պահը գօտեպնդիչ էր: Ճիշդ է, որ Քեսապինը ուրիշ է, Քեսապի Վերափոխման տօնը իր իւրայատկութիւնը ունի, որ կարելի չէ ուրիշ տեղ գտնել: Սակայն, հայրենիքի մէջ Վերափոխման տօնը Քեսապի շունչով տօնելն ու նշելն ալ իր իւրայատկութիւնը ունեցաւ, իր քաղցրութիւնը ունեցաւ, որովհետեւ, վստահ եմ, թէ ներկաներէն շատեր անցեալի ու աւանդութեան հետքերով, նոր սկիզբի մը մեկնարկին մասնակիցը ըլլալու ուրախութիւնը եւ պատիւը կը զգային իրենց ներսիդին: Սկիզբ մը, որ դուռ պիտի բանայ այլ աւանդութիւններու վերյառնումին:

Գալիքը աւելի լուսաւոր ու աւելի պայծառ պիտի ըլլայ: Ասիկա այս տողերը գրողին կարծիքը չէ, այլ՝ ներկաներուն աչքերուն վկայութիւնն է:

Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ այս անմոռանալի պահերը ընծայեցին հայստանաբնակ եւ Հայաստան այցելող քեսապցիներուն: Վարձքը կատար բոլոր, բոլորին:

Չեմ կրնար գրութիւնս աւարտել, առանց յատուկ կերպով շնորհակալութիւն եւ որդիական երխտագիտութիւն յայտնելու Գերյարգելի Հայր Եղիա Ծայրագոյն Վարդապետ Քիլաղպեանին, իր սիրալիր ընդունելութեան, իր ջանասիրութեամբ եւ ամէն կարելի ընելուն, նպաստելու համար այս առիթին: Վստահ եմ, որ իր աղօթքները եւ մաղթանքները իրենց յատուկ ներգործութիւնը ունեցան այս պատմական նոր մեկնարկին:

Ի վերջոյ, Սուրբ Մայրիկ Աստուածածինին բարեխօսութիւնը միշտ ուղեկից ըլլայ բոլորիս:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

20-21 օգոստոս 2024, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 22, 2024