ՀԱՒԱՏՔԴ ՔԵԶ ՓՐԿԷ
Արեւուն ճառագայթները կը ջերմացնեն անկողինս, կ՚արթնցնեն զիս: «Արդեօք ժամը քանի՞ է», կը մտածեմ ու ժամացոյցիս նայելով կը ցատկեմ տեղէս: Արդէն ժամը տասն է, ինչպէ՞ս քնացած եմ այսքան: Մայրս ալ, ինչպէս միշտ, չ՚արթնցներ. բայց որոշած եմ եկեղեցի երթալ: Օրը Ուրբաթ է, Զօրավար Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի, ուր ընդհանրապէս կը համախմբուին սուրիահայերը: Պէտք է ելլեմ ու պատրաստուիմ, արդէն ուշացած եմ:
Դրան զարկը կը լսեմ, կը սպասեմ, որ մայրս բանայ, գզուած մազերովս դրան դէմը կանգնողը չսարսափեցնելու համար: Նորէն կը զարնուի. կ՚երեւի մայրս շուկայ գացած է. մեր ծանօթները ըլլալու են, օտարը ինչո՞ւ պիտի գայ այս ժամուն, առանց լուրի, կը մտածեմ, կը մօտենամ ու մատներով մազերս կարգի բերելով կը բանամ դուռը, կը տեսնեմ անծանօթ զոյգ մը, տէր եւ տիկի՞ն են թերեւս. դրան բացուելուն պէս մէկը միւսին յաջորդելով, ձայնագրուած մեքենայի մը պէս կը սկսին խօսիլ.
-Բարեւ ձեզ, կը ներէք որ կ՚անհանգստացնենք,- կը սկսի տղամարդը,- Աստուածաշունչ կը կարդա՞ք, Քրիստոսի գալուստին կը հաւատա՞ք, չէ՞ք փափաքիր հանգիստ կեանք մը ապրիլ՝ առանց ցաւի, առանց մտահոգութեան ու ապահով կեանք մը:
Իրարմէ անկապ այս գաղափարները ան մեքենայաբար կ՚արտասանէ ու կարգը կու տայ կողքին կեցած ներկայանալի կնոջ, որ ձեռքին գունագեղ ու նկարազարդ բացիկ մը բռնած է, կ՚երկարէ բացիկը ու.
-Այստեղ կը գտնէք մեր ելեկտրոնային հասցէն, եթէ իրապէս կը փափաքիք խաղաղ կեանք մը ունենալ՝ առանց հիւանդութեան, առանց մտմտուքի, ամէն ինչով ապահովուած... բայց ո՞վ չի փափաքիր այս չար ու անգութ աշխարհին մէջ առօրեայ հոգերէն ձերբազատիլ...: Կրնաք նայիլ համացանցի վրայ ու մօտէն ծանօթանալ մեր նպատակներուն ու գործունէութիւններուն...:
Կը զգամ, որ դեռ շա՜տ երկար խօսելու տրամադրուած են, բացիկը առնելով կարճի կապել կ՚ուզեմ, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ու դուռը կը փակեմ. դեռ նոր արթնցած՝ ո՛չ հակաճառելու, ո՛չ ալ խօսելու տրամադրութիւն ունիմ:
Աս ի՞նչ առտու է, բարին ըլլայ, եթէ օրը այսպէս սկսաւ..., առանց ցաւի ու հոգի կեանք եղեր... եթէ չցաւիս, առողջութեանդ արժէքը կրնա՞ս գիտնալ, կը մտածեմ ու ծիծաղելով կը սկսիմ պատրաստուիլ:
Կանգառի նստարանին վրայ բազմած կը սպասեմ հանրակառքին, որ կ՚ուշանայ ու ահա կողքս նստած հեզահամբոյր տիկին մը պայուսակը բանալով բացիկ մը ցոյց կու տայ. քիչ առաջուան բացիկին կը նմանի, բայց տարբեր, գոյնզգոյն լուսանկարներով զարդարուած, Աստուածաշնչեան մէջբերում մը զետեղուած է կողքին վրայ ու անոր վերլուծումն ալ՝ յատակը գրուած.
-Հետաքրքրուա՞ծ էք:
Կը հարցնէ կինը համեստօրէն եւ կարծես բազմիցս մերժուած, զզուած է քարոզելէ:
Հանրակառքս կը նկատեմ ու կը բարձրանամ, առանց իսկ պատասխանելու:
Հանրակառքին մէջ նստելու տեղ չկայ, հոգ չէ, շատ հեռու ալ չէ եկեղեցին, բայց մեր հայորդիները շատ համեստ ու յարգանքով են. ուստի գեղադէմ, միջին տարիքի կին մը, իր իսկ նստած աթոռին վրայ տեղ բանալով կը հրաւիրէ. «Արի՛, աղջի՛կ ճան, կը տեղաւորուենք, երկուսս էլ մանրակազմ ենք» ըսելով: Ժպտելով ու շնորհակալութիւն յայտնելով կը տեղաւորուիմ: Քիչ ետք կը սկսի պրպտել պայուսակը, կարծես հասած է ու վճարելիք գումարը կը հանէ պայուսակէն: Կը նեղեմ ինքզինքս, ազատութիւն տալու իր շարժումին, ժպիտով մը կը կանխէ շարժումս ու կը վստահեցնէ, որ զինք չեմ անհանգստացներ: Աչքիս կը փայլի երկնակապոյտ երանգ մը, որ հանած բացիկին գոյնն է, որուն վրայի տպագրութիւնն ալ՝ ճերմակ: Կը սկսի ծանօթացնել հոն տեղ գտած գրութիւնները, որ արդէն նկատեցիք ինչ կրնան ըլլալ: Ինքզինքս կը զսպեմ ու կեղծ ժպիտով մը կը մերժեմ առնել բացիկը: Հանրակառքը կանգ կ՚առնէ. կ՚իջնեմ ու քալելով կը շարունակեմ ճամբաս մինչեւ եկեղեցի, առանց աջ ու ձախ նայելու:
Պատահած է, որ ամիսը մէյ մը հանդիպիմ այս երեւոյթներուն ճամբուս վրայ կամ ալ տանս դրան առջեւ, սակայն այսօր ինչո՞ւ այսքան, բոլոր աղանդաւորները մարդորսի՞ ելած են այս նոյն շրջանը, հետեւորդնե՞րը պակսած են արդեօք անոնց կամ ալ զիս շեղեցնե՞լ կ՚ուզեն...:
Ուշացած կը հասնիմ ինծի համար յատուկ խորհուրդ մը ունեցող այս եկեղեցին: Թերեւս անոր համար, որ խորանի սրբապատկերը կը յիշեցնէ Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կեդրոնական խորանի սրբապատկերը, իսկ գաւիթին սիւները Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ գաւիթին նման են: Զոյգ մը մոմ կ՚առնեմ, առանց վառելու ներս կը մտնեմ. շարականներուն հնչիւնները ակամայ ներս կը քաշեն: Այնտեղ, պատին կը յենիմ ու կ՚առանձնանամ:
Խունկը կը ծխայ, ոլորուն գուլաները կը բարձրանան վեր, շատ վեր. կը հպին, այլ կը բախին սիւներուն, կամարներուն. աղօթող աչքերէն կը խլեն սիրոյ, կարօտի, ափսոսանքի, մենութեան, հիասթափութեան, հառաչանքի, խաղաղութեան եւ արդարութեան կանչեր, զորս ժողուելով կը բարձրանան դէպի գմբէթը խորանին, կը սպրդին պատուհաններուն նեղ անցքերէն, սրընթաց վտառ մը ըլլալ կը թուին, սուրհանդակներով առաքուող վտառ մը, կը մրցին կարծես անոնք. ո՞վ կարողութիւնն ունի նախաքայլը արձանագրելու, որո՞ւն աղերսանքը, կարօտը, թախիծն ու կորուստի կսկիծը նախ պիտի տեղ հասնի. նիւթեղէն սփոփանք մ՚է կարծես, աննիւթ արարածներու փոխյարաբերութեան երաշխիք մը:
Խունկին բոյրն ու խորհրդաւոր շարականներու մեղեդին կը զգլխեն աղօթողը, կը գինովցնեն ու յարաբերութեան դուռ մըն է որ կը բանան հոգիներուն կարօտակէզ... ու «Տէր ողորմեա»ի խաղաղեցնող մեղեդին կը սարսռացնէ ամբողջ էութիւնս, արդեօք պատասխա՞ն մ՚է, որ կը փոխանցուի հոգւոյն մատներովը ու սփոփել է որ կ՚ուզէ վրդոված հոգիս... ու ահա կ՚աւարտին աղօթքն ալ, արարողութիւնն ալ...:
Չէ՛, չէ աւարտած տակաւին: Պատարագիչ քահանան հաւատացեալները կը հրաւիրէ հոգեհանգստեան արարողութեան: Ես ալ կը յառաջանամ, հին ու նոր ննջեցեալներուս յարգանքի տուրքս աղօթքով մատուցելու, քանի գերեզմաններու այցելութենէն տարիներէ ի վեր զրկուած ենք: Կը նկատեմ մոմերը ձեռքիս մէջ. դպիր մը կը վառէ հաւատացեալներուն մոմերը, հոս այսպէս տեղի կ՚ունենայ հոգեհանգստեան պաշտօնը. լոյս մըն ալ մոմս կ՚արձակէ, անդին մամիկ մը շուարած չորս դին կը զննէ. կը նկատեմ, որ մոմ չունի, կու տամ ձեռքիս ջերմութենէն հալելիք միւս մոմը, գոհացած ու հանգստացած կը մասնակցի հոգեհանգստեան արարողութեան:
Աւետարանը համբուրելէ ետք հազիւ թէ դուրս կ՚ելլեմ, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ մամիկը կը ձեռնուի, կը համբուրուի հետս ու գրպանէն ասեղնագործուած պզտիկ խաչ մը կը դնէ ափիս մէջ ու.
-Մերսի, աղջիկս, տուած լոյսիդ փոխարէն ընդունի՛ր աս խաչը, ես աշխատած եմ, հաւատքդ քեզ փրկէ,- կ՚ըսէ ազնիւ մամիկը:
-Ինչպէ՞ս չընդունիմ աչքիդ լոյսով հիւսուած այս գեղեցիկ խաչը, մայրի՛կ, մերսի շատ,- կ՚ըսեմ ու ասեղնագործուած խաչի նրբութեամբ հիանալով կը հասնիմ տուն:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ