ՔՍԱՆՀԻՆԳԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ (բ)
-Այս քսանհինգ տարուան ընթացքին ի՞նչ քայլերու կրնար դիմել Հայաստան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ նոր ծիր մը բանալու, եւ փոխարէնը ի՞նչ կրնար ընել Թուրքիան՝ նկատի ունենալով, որ վերջին յիսուն տարիներուն ընթացքին թրքահայերը այսքան իրաւունք չեն ստացած, որքան Նախագահ Էրտողանի առաջնորդած ԱՔ կուսակցութեան իշխանութեան գալէն ի վեր:
-Ձեր ըսածը ճիշդ է: Ու գաղտնիք ալ չէ՛, որ ԱՔ կուսակցութեան իշխանութեան գալէն ի վեր պոլսահայ համայնքը իրօք, բաւական առաւելութիւններ ստացած է: Ի՞նչ կրնար ընել Հայաստանը: Ան չափազանց քայլեր առած է, յատկապէս մինչեւ 1993 թուական, որ պէտք է բաւարար ըլլար: Մինչեւ այդ թուականը Թուրքիան՝ Հայաստանի հետ եթէ հաստատէր դիւանագիտական յարաբերութիւններ, եւ ամբողջովին բանար այդ կիսաբաց սահմանները, որոնք նախապէս Խորհրդային Միութեան սահմաններն էին:
1991-ի Դեկտեմբերին, Թուրքիա առաջիններէն էր, որ ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը Ռուսաստանի հետ դառնալով չորրորդ հինգերորդ երկիր, որ կը ճանչնար մեր երկրի անկախութիւնը: Ու հակառակ անոր, որ Ղարաբաղի պատերազմը կար, թրքական կողմը, որ կրնար «դուք մեր ազէրի եղբայրները կը ծեծէք, մենք ալ ձեզի հետ յարաբերութիւններ չենք հաստատեր» ըսել, չըրաւ այդ մէկը, այլ ընդհակառակը ճանչցաւ մեր անկախութիւնը: 1991 թուականին էր նաեւ, որ Թուրքիա Հայաստանի հետ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու համար երկու նախապայմաններ կը դնէր: Անոնցմէ մէկը այն էր, որ Հայաստան պէտք է ճանչնար Կարսի պայմանագրով հաստատուած Հայաստան-Թուրքիա սահմանները, այսինքն Թուրքիա կ՚ըսէր. դուք պէտք է յստակ ճանչնաք ժամանակակից Թուրքիոյ սահմանները։ Իսկ երկրորդը, որ հայերը պէտք է վերջ տային ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման արշաւին: Լեւոն Տէր-Պետրոսեան իր առաւելագոյնը ըրաւ Թուրքիոյ հետ առկայ հարցերը լուծելու համար: Այդ օրերուն էր նաեւ, որ Թուրքիա արագօրէն յարաբերութիւններ հաստատեց Վրաստանին հետ, բայց նոյնը չըրաւ Հայաստանի համար: Այդ օրերուն հարցերու կարգաւորման դիմաց եղած մեծագոյն արգելքը Ղարաբաղի պատերազմն էր ու գետնի վրայ եղող զինուորական զարգացումները: Ու ճակատներու վրայ հայկական կողմի ձեռք ձգած երեւելի առաւելութիւններէն ետք Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու համար սկսաւ նախապայման դնել Ղարաբաղի հարցը: Ես խորապէս համոզուած եմ, որ Ղարաբաղի հարցը որեւէ կերպով լուծում ունենայ, շատ պիտի նպաստէ, որպէսզի Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները ձեւով մը կարգաւորման փուլ մտնեն: Այս բոլորով հանդերձ կը հաւատամ, որ այնուամենայնիւ այսօր «հայ-թրքական» թնճուկի լուծման գնդակը Թուրքիոյ դաշտին մէջ է։ Թուրքիա կարող էր ու պէտք էր մինչեւ 1993 թուականը այդ գործը ընէր:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, թէ ի՞նչ կրնար ընել ան։ Ըսեմ, որ ի՞նչ պէտք է ընէ երկիր մը, որ չէ փակած Թուրքիոյ հետ սահմանը եւ անոր ուժն ալ չունի, ան որ Թուրքիայէն չունի տարածքային պահանջ ու արդեօք կրնա՞յ փոքրիկ Հայաստանը Թուրքիայէն տարածքային պահանջներ ունենալ: Շատ հայեր կ՚երազեն վերադառնալ Վան։ Վանը կը համարեն իրենց տունն ու տեղը, բայց եթէ իրատեսօրէն նայինք, հասկնալի է, որ Հայաստան որեւէ սպառնալիք չի կրնար ըլլալ Թուրքիոյ համար: Հայաստան շատ բան չէր կրնար ընել, այս հարցով հիմնական խնդիրը Թուրքիոյ մօտ է: Այսօր ալ Թուրքիա կարող է ուղղակիօրէն վաւերացնել արձանագրութիւնները ու այս առումով կասկած չունիմ, որ նոյն օրն իսկ Նախագահ Սարգսեան կը հաւաքէ Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ անմիջապէս կը վաւերացնէ զանոնք: Իմ կարծիքով, այսօր նպատակայարմար է, որ հայ-թրքական արձանագրութիւնները վաւերացուին: Ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ յառաջընթաց կը նկատուի ու այս ընդհանուր իրավիճակին մէջ հայ-թրքական սահմանի ապաշրջափակումը կրնայ բոլոր կողմերուն համար դրական քայլ մը դառնալ: Եթէ Թուրքիա յարաբերութիւնները կարգաւորէ Հայաստանի հետ, ան նոյնպէս դրական միաւորներ կը վաստակի ու անկասկած առաջինը կ՚ըլլան Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ, որոնք կը ծափահարեն այդ քայլը:
Հայաստանը մեծ ընելիք չունի։ Արդեօք հնարաւո՞ր է, որ ան կատարէ Թուրքիոյ բոլոր պայմանները։ Այս ալ տարբերակ է, բայց կը նշանակէ ինքնասպանութիւն, կը նշանակէ Արցախի հարցով երթալ միակողմանի զիջումներու, կը նշանակէ որ հրապարակաւ պիտի յայտարարես, թէ ցեղասպանութիւնը միջազգայնօրէն չես հետապնդեր, կը նշանակէ թէ սեւ ու սպիտակի վրայ կը ճանչնաս Թուրքիոյ ժամանակակից սահմանները: Այս բոլորը իւրաքանչիւր ղեկավարութեան կամ կառավարութեան համար կը նշանակէ իշխանութեան կորուստ։ Այս հաւանական տարբերակ չէ, ոչ ալ իրատեսական: Բաւական է, որ Թուրքիան ճանչնայ Հայաստանը, վաւերացնէ արձանագրութիւնները։ Կը կարծեմ, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ տեղաշարժ կ՚ըլլայ եւ այդ կը բերէ էական փոփոխութիւններ շրջանին համար ոչ միայն հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցով, այլ Կովկասի եւ Արցախի հարցով. այս կրնայ դրական փոփոխութիւններ բերել ամբողջ Կովկասին:
-Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վերջերս յայտարարած է, թէ «Հայաստանի հետ, նոր էջ պիտի բանանք»: Ու տարբեր ամպիոններէ յաճախ լսելի կը դառնայ, որ Թուրքիա կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենայ ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման համար տարուող գործընթացներուն մէջ: Արդեօք այս խօսքերը որոշ փոխառընչութիւն մը ունի՞ն: Ի՞նչ կը մտածէք այս առումով:
-Նոր էջի կարիք չկայ, էջերը պատրաստ են, այդ էջերը հայ-թրքական արձանագրութիւններն են, որոնք կարելի է վաւերացնել եւ կեանքի կոչել, այս առաջին: Երկրորդ, հայ-թրքական սահմանի բացումը եւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ որեւէ սահմանի բացում եւ որեւէ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւում, միայն դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ ամբողջ տարածքշրջանին վրայ:
Ինչ կը վերաբերի Չավուշօղլուի յայտարարութեան, ես չեմ գիտեր որքանով իրատեսական է, եթէ իրապէս ինչ որ կ՚ըսէ, թէ պէտք է ռուս-թուրք-ատրպէյճանական եռեակով ձեւաչափ մշակել Ղարաբաղի հարցով ներգրաւուածութեան մասին, Հայաստանի իշխանութիւնները հերքած են այդ խօսքերը: Ամէն պարագայի ասկէ առաջ ալ Թուրքիան ներգրաւուած եղած է Ղարաբաղի բանակցութիւններուն, եւ ան պատշաճ կերպով կը տեղեկացուէր, որովհետեւ Մինսքեան խմբակի անդամ է: Պատմութեան համար պէտք է յիշեցնեմ, 1992 Դեկտեմբերէն մինչեւ 1993 Ապրիլ, Թուրքիան ամերիկացիներու ու ռուսերու հետ ուղղակիօրէն ներգրաւուած եղած է ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման բանակցութիւններուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ