ՀԱՄԲԻԿ ՍԱՐԱՖԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՏԻՐՈՂ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵԼԻ Է ԲՆՈՐՈՇԵԼ ԵՐԿՈՒ ԲԱՌՈՎ՝ ԼԱՒԱՏԵՍԱԿԱՆ ԵՒ ՍՊԱՍՈՂԱԿԱՆ»

Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան (ՍԴՀ) կուսակցութեան ատենապետ Համբիկ Սարաֆեան կը պատասխանէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն։

*

-Հայաստանի մէջ իրականացուած անարիւն «թաւշեայ յեղափոխութենէն» անցած են աւելի քան երեք ամիսներ, ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի մէջ այսօր տիրող ընդհանուր դրութիւնը:

-Հայաստանի մէջ տիրող ընդհանուր դրութիւնը կարելի է բնորոշել երկու բառով՝ լաւատեսական եւ սպասողական: Լաւատեսական այն առումով, որ վերջապէս մենք այս վերջին երեքուկէս ամիսներու ընթացքին ունեցանք կառավարութիւն մը, որ կը գործէ մեկնելով պետական շահերու դիրքերէ, այլ ոչ թէ՝ սեփական շահերէ մղուած։ Այլ խօսքով, այն հոգեբանութիւնը եւ տարիներու ձեւաւորուած սովորոյթը, որ Հայաստանի մէջ կը գործէր պետական իշխանութեան տարբեր ոլորտներու մէջ եւ կ՚առաջնորդուէր սեփական շահը հաւաքական շահէն գերադասելով, այսօր գոյութիւն չունի։ Նոր կառավարութիւնը շատ թափանցիկ գործունէութիւն կը ծաւալէ եւ վարչապետէն սկսեալ, ինչպէս նաեւ նախարարները, կը փորձեն ժողովուրդի հետ անմիջական կապ ստեղծել: Այսինքն, գործ ունինք նոր իրականութեան հետ, որ իսկապէս կրնայ հիմք հանդիսանալ այն պետական համակարգին, որուն մասին մենք երազած ենք երկար ժամանակէ ի վեր։ Սպասողականը կը վերաբերի այն զանազան բացայայտումներուն, որոնք կը կատարուին աղմկալի եւ զգայացունց ձեւով, անշուշտ անոնց պիտի յաջորդէ դատական համակարգի ներգործութիւնը: Այսինքն, այն մարդոց նկատմամբ, որոնց հանդէպ մեղադրանքներ առաջադրուած են, Քոչարեանէն սկսեալ, օրը պիտի գայ եւ անոնց դատավարութիւնները պիտի կատարուին օրէնքի տարրին եւ ոգիին համաձայն։ Այդ մէկը շատ կարեւոր է, որովհետեւ միայն այդ ճանապարհով է, որ ժողովուրդին մօտ կը վերականգնուի հաւատքը իրաւական համակարգին հանդէպ, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր ի սպառ կորած էր: Այսինքն, օրէնքի գերակայութեան վերականգնումը, բառին բուն իմաստով, կենսական է իրաւական պետութիւն կառուցելու գործին մէջ եւ այս դատավարութիւնները պէտք է ծառայեն որպէս հիմք եւ նմոյշ, արդար ու արտաքին միջամտութիւններէ զերծ գործընթացի մը, որ խարսխուած է բացառապէս օրէնքներու վրայ։

-Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդած կառավարութեան առջեւ գլխաւոր հարց է երկրին մէջ կաշառակերութեան դէմ պայքարելու խնդիրը, Հայաստանը յայտնուած է տնտեսական բաւական բարդ իրադրութեան մը առջեւ, որուն համար ալ անհրաժեշտ են կտրուկ եւ հիմնաւորեալ քայլեր։ Ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ պէտք է ըլլան վարչապետ Փաշինեանի յառաջիկայ հիմնական քայլերը:

-Այո՛, կարելի է ըսել, որ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան առաջին գործը պարտադրաբար եղաւ կաշառակերութեան դէմ պայքարը, որովհետեւ նաեւ ինչ որ չափով .«թաւշեայ յեղափոխութեան» յաջողութիւնը պայմանաւորուած էր ժողովուրդի՝ ճիշդ այս երեւոյթին դէմ ընդվզումով։ Դժբախտաբար, այն տարածուած կարծիքը, որ պետական պիւտճէի հսկայածաւալ մսխում ու իւրացում կը կատարուի, պարզուեցաւ, որ ո՛չ միայն իրականութիւն է, այլեւ՝ ծաւալները շատ աւելի մեծ էին, քան երբեւէ կարելի էր պատկերացնել: Եթէ ասոր գումարենք այն փաստը, որ նախկին իշխանութիւններու օրօք Հայաստանի պետական պիւտճէն մեծ մասամբ կը գոյանար արտաքին պարտքի ու արտերկրէն կա-տարուող դրամական փոխանցումներու հաշւոյն, ապա կը ստացուի այն պատկերը, որ փաստօրէն Հայաստանը պարտք կ՚առնէր պիւտճէն ստեղծելու համար, սակայն այդ պիւտճէն կը մսխուէր կամ կը գողցուէր, այսպէսով կրկնակի հարուած հասցնելով Հայաստանի թէ՛ ներկային եւ թէ ապագային: Եթէ խօսինք տնտեսութեան եւ կաշառակերութեան կապի մասին, ապա պէտք է ըսել, որ իրարու հետ փոխկապակցուած ըլլալով հանդերձ, իրարմէ անջատ երեւոյթներ են եւ կաշառակերութեան դէմ յաջող պայքարի աւարտը չեմ կարծեր, որ անպայմանօրէն պիտի բերէ տնտեսական բարեբերութիւն, բայց անտարակոյս պիտի նպաստէ գործարար միջավայրի նկատմամբ վստահութեան ամրապնդման ու այն ակնկալութեան, որ որեւէ տնտեսական ծրագիր յետայսու պիտի գործադրուի առանց կաշառքի, առանց «տանիքի» կարիքի կամ աւելորդ մսխումներու։

Բնականաբար Հայաստանի մէջ ամուր տնտեսութիւն ստեղծելու օրակարգը գերագոյն խնդիրն է թէ՛ այս կառավարութեան եւ թէ ապագայ կառավարութիւններուն համար։ Պարզապէս անհրաժեշտ է գիտակցիլ, որ տնտեսական ճգնաժամը մէկ օրէն չյառաջացաւ, այլ արգասիքն է՝ մէկ կողմէ նախորդ իշխանութիւններու երկարամեայ ապիկար տնտեսական քաղաքականութեան, իսկ միւս կողմէ՝ փտախտի, մենաշնորհներու եւ անհաւասար մրցակցային պայմաններու հետեւանքով պետական պիւտճէի անխնայ ու անխիղճ մսխման ու իւրացման: Հետեւաբար, ինչպիսի կտրուկ քայլեր ու միջոցներ ալ ձեռք առնէ այս կառավարութիւնը, միամտութիւն պիտի ըլլայ արագ արդիւնքներ ակնկալելը, որովհետեւ արագ շրջադարձ նոյնիսկ ամենահարուստ երկիրներու մէջ տեղի չ՚ունենար: Անշուշտ, որեւէ դրական տեղաշարժի առաջին պայմանը տնտեսական մթնոլորտի առողջացումն է, վերոնշեալ արատաւոր երեւոյթներու վերացմամբ, որ ինքնաբերաբար պիտի յանգեցնէ Հայաստանի տնտեսական համակարգի նկատմամբ ապագայ ներդնողի վստահութեան բարձրացման: Հասկնալի է, որ ինչպիսի ծանր յանձնառութեան տակ մտած է այս կառավարութիւնը, բայց այնքան ատեն, որ հետեւողականօրէն կը մաքրուին «Աւգեան ախոռները», վստահ եմ, որ Հայաստանի քաղաքացին ըմբռնումով ու համբերութեամբ պիտի մօտենայ ակնկալուող դժուարութիւններուն:

-Որպէս ՍԴՀ կուսակցութեան պատասխանատու անձնաւորութիւն, առաջին օրէն զօրավիգ կանգնեցաք «թաւշեայ յեղափոխութեան» եւ յայտարարութիւններ կատարեցիք, նշելով, որ Ձեր ամբողջական նեցուկը ցոյց կու տաք Հայաստանի երիտասարդ կառավարութեան: Այս առումով, ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք փոխանցել մեր ընթերցողներուն: Գործնական քայլեր ակնկալելի՞ են, մանաւանդ որ որպէս աւանդական կուսակցութիւն՝ սփիւռքի հիմնական գաղութներուն մէջ Հնչակեան կուսակցութիւնը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը եւ ունի կուսակցականներու, նաեւ համակիրներու կարեւոր ցանց մը:

-Հնչակեան կուսակցութեան «թաւշեայ յեղափոխութեան» զօրակցիլը տրամաբանական շարունակութիւնն էր կուսակցութեան ընդհանուր քաղաքական կեցուածքին, տակաւին 2003 թուականէն սկսեալ, այսինքն՝ Քոչարեանի երկրորդ անգամ նախագահի պաշտօնին առաջադրուելէն ի վեր։ Այդ օրերէն սկսեալ կուսակցութիւնը շատ յստակ ընդդիմադիր դիրքորոշում որդեգրեց բարձրաձայնելով երկրի ներքին քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական բացասական երեւոյթներու մասին։ Տարուէ տարի մեր մտահոգութիւնները խորացան, որովհետեւ այն բոլոր բացասական երեւոյթները, որոնք շեշտաւորուեցան Քոչարեանի իշխանութեան օրերուն, կատարելագործուեցան Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան ժամանակ, ինչպէս կը պարզեն գրեթէ ամենօրեայ դարձած զգայացունց բացայայտումները: Խօսքը մասնաւորապէս կը վերաբերի պետութիւն-օլիկարխիա սերտաճման, որ երկիրը վերածեց աւազակապետութեան, իր բոլոր կործանարար հետեւանքներով: Ուրեմն բնական էր, որ մեր կուսակցութիւնը պիտի մասնակցէր «թաւշեայ յեղափոխութեան», ինչպէս մասնակցեցաւ 2007 թուականի համաժողովրդական շարժման, որովհետեւ այն սկզբունքներն ու արդար պահանջները, որոնց հիման վրայ ոտքի ելաւ ժողովուրդը այդ օրերուն, նոյնն էին նաեւ «թաւշեայ յեղափոխութեան» ժամանակ: Անշուշտ իրավիճակը այսօր բոլորովին այլ է, մենք լեցուած ենք յոյսով ու լաւատեսութեամբ, սակայն կը գիտակցինք, որ այն հարցերն ու մարտահրաւէրները, որոնք կային մինչ այս յեղափոխութիւնը, կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ եւ հայրենիքը այսօր աւելի քան երբեք կարիքն ունի մեր հաւաքական ու անհատական նեցուկին: Որպէս կուսակցութիւն, մեր համակիր շրջանակներուն մէջ աշխատանք կը տանինք, որպէսզի բոլոր այն հայրենակիցները, որոնք տրամադիր են եւ հնարաւորութիւնն ու միջոցները ունին Հայաստանի մէջ ներդրում կատարելու կամ իրենց փորձն ու գիտելիքները կիսելու, կատարեն այդ քայլը յանուն հայրենիքի բարօրութեան եւ բարգաւաճման։

-Եթէ խօսելու ըլլանք Հայաստանի ընդհանուր իրադարձութեան մասին, ի՞նչ վիճակի մէջ կը տեսնէք այսօր Հայաստանը՝ միջազգային քաղաքական լարուածութիւններու, մանաւանդ Հարաւային Կովկասի եւ անոր շրջակայքին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն առընթեր: Որքանո՞վ կ՚ապահովագրուի Հայաստանի անվտանգութիւնը այս իշխանութեան ներկայութեամբ։ Խօսքը անշուշտ Հայաստան-Ռուսաստան, Հայաստան-Իրան եւ, առհասարակ, Հարաւային Կովկասի մէջ Հայաստանի բռնելիք դիրքի մասին է: Ի՞նչ տեղեկութիւններ կան, ի՞նչ վերլուծութիւն կրնաք փոխանցել մեր ընթերցողներուն:

-Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը, բնականաբար կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկն է, որ այսօր մեր հայրենիքը կը դիմագրաւէ եւ անշուշտ տարածքաշրջանային իրադարձութիւնները, որոնք տեղի կ՚ունենան, անպայման իրենց ազդեցութիւնը կը ձգեն Հայաստանի վրայ, մանաւանդ, կապուած հարաւի մեր հարեւան՝ Իրանի հետ։ Խօսքը կը վերաբերի Իրան-Արեւմուտք փոխյարաբերութեան վերիվայրումներուն, որոնք իւրաքանչիւր անգամ իրենց անդրադարձը կ՚ունենան Հայաստանի վրայ եւ յատկապէս Իրան-Միացեալ Նահանգներ յարաճուն լարուածութեան։ Եթէ նկատի առնենք Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ մեր թշնամական կամ ոչ-բարիդրացիական յարաբերութիւնները, ապա յստակ կը դառնայ, թէ որքանով մենք կախեալ ենք մեր հիւսիսի եւ հարաւի հարեւաններէն՝ դեպի արտաքին աշխարհ մեր ելքի համար:

Բացի այդ, անշուշտ հոս կը կարեւորուին մեր փոխյարաբերութիւնները գերտէրութիւններու, մանաւանդ Ռուսաստանի, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ: Եթէ խօսինք Հայաստան-Ռուսաստան ռազմավարական դաշինքի եւ փոխյարաբերութեան մասին, ապա գոհունակութեամբ պիտի նշենք, որ գնահատելի է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կեցուածքը եւ բազմաթիւ յայտարարութիւնները այն մասին, թէ մեր եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւնները կը մնան կայուն, ինչպէս անցեալին էր եւ աւելի պիտի բարելաւուին: Մենք գիտակից ենք, թէ որքան կարեւոր է ունենալ Ռուսաստանի նման գերտէրութեան մը նեցուկը: Անշուշտ այդ փոխյարաբերութիւնները հիմնուած են երկկողմանի շահի վրայ, բայց պիտի ընդունինք նաեւ, որ վերջին շրջանին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ առկայ կապերը ճիշդ հիմքերու վրայ դրուած չէին ու Հայաստանը յայտնուած էր չափէն աւելի կախեալ դիրքի մէջ։ Այն տպաւորութիւնը կար, որ Հայաստան ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու իրաւունքէն զրկուած էր, մանաւանդ արտաքին քաղաքականութեան առումով ու Ռուսաստանն էր վերջնական վճռողը: Ասոր ամենապերճախօս օրինակը մէկ գիշերուան մէջ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համաձայնագրէն հրաժարելու ու Մաքսային միութեան միանալու փաստն էր: Մենք կը հաւատանք, որ փոխյարաբերութիւնը պէտք է ըլլայ արժանապատիւ, փոխադարձ յարգանքի եւ փոխշահաւէտ՝ մեծ եւ կրտսեր դաշնակից հասկացողութեան հիման վրայ: Չեմ բաժներ նաեւ այն տարածուած կարծիքը, որ Ռուսաստան մեր փրկութեան ապաւէնն է եւ որպէս այդպիսին՝ անոր պետական շահը գերադասելի է Հայաստանի պետական շահէն: Այո՛, մենք Ռուսաստանի նման դաշնակիցի մը կարիքը անկասկած ունինք, սակայն եկէք, մենք մեզ չթերա-գընահատենք ու հասկնանք, որ նախեւառաջ Ռուսաստանի պետական շահերէն կը բխի Հայաստանի հետ ռազմական դաշինքը եւ Կիւմրիի ռազմական խարիսխը միայն մեր սիրոյն համար չէ, որ հոն տեղակայուած է:

Ինչ կը վերաբերի միւս հարեւաններուն՝ Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի, յստակ է, որ ղարաբաղեան հարցը կայ ու կը մնայ գլխաւոր խոչընդոտ այդ յարաբերութիւններու բարելաւման, մանաւանդ Ատրպէյճանի հետ: Իսկ Թուրքիոյ պարագային մեր յարաբերութիւնը շատ աւելի բարդ է։ Ընդհանրապէս, հակառակորդ կամ ոչ, դրացի երկրի հետ բնականոն յարաբերութիւն ունենալը միշտ գերադասելի է։ Այս առումով մենք պէտք չէ անտեսենք որեւէ դրական քայլ կամ ազդանշան, որ միտուած ըլլայ յարաբերութիւններու բարելաւման, շեշտելով մեր պատրաստակամութիւնը առանց նախապայմանի յարաբերութիւնները վերսկսելու: Վերջ ի վերջոյ, Թուրքիա ինքն էր, որ միակողմանիօրէն փակեց սահմանը եւ խզեց յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, վկայակոչելով ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցը, որուն հետ բացարձակապէս առընչութիւն չունենալով հանդերձ կը յաւակնի դառնալ հարցի կարգաւորման մասնակից, անտեսելով իր բացայայտ կողմնակալ կեցուածքը:

-Զանազան առիթներով խօսուեցաւ, թէ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները կը գտնուին բաւական նուրբ իրադրութեան մը մէջ, դուք ինչպէ՞ս կը գնահատէք այսօրուան ընդհանուր իրավիճակը, մանաւանդ, որ վարչապետ Փաշինեան արդէն երեք առիթներով այնտեղ գտնուեցաւ եւ այդ այցելութիւններուն ընթացքին ալ մեծ յարգանքով ընդունուեցաւ Ռուսաստանի ղեկավարութեան կողմէ: Արդեօք դուք այս կապակցութեամբ որեւէ բացթողում կամ մտահոգութիւն ունի՞ք:

-Ինչպէս արդէն նշեցինք, Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները կը մնան սերտ եւ ջերմ, ի հեճուկս այն բոլոր յայտարարութիւններուն ու կարծիքներուն, որոնք լսելի կը դառնան յատկապէս նախկին իշխանութիւններուն կողմէ։ Ինչպէս տեսանք այս վերջին երեք ամիսներուն, այդ «վարկածներ»ը սխալ դուրս եկան եւ նպատակ ունէին ժողովուրդին մօտ վախի մթնոլորտ ստեղծելու: Ես կը կարծեմ, որ այսօր շատ ճիշդ հիմքերու վրայ դրուած է Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները։ Այս մէկը եղաւ որոշ չափով շնորհիւ այն հանգամանքին, որ այսօրուան ղեկավարութիւնը ժողովուրդի ընտրեալ իշխանութիւնն է եւ Փաշինեան իր թիկունքին ունի հայ ժողովուրդի չախ-չախիջ մեծամասնութեան աջակցութիւնն ու անվերապահ նեցուկը: Այսինքն, ի տարբերութիւն նախորդ երկու նախագահներուն, որոնք ընտրուած ըլլալով ընտրակեղծիքներու միջոցով՝ մշտապէս օրինականութեան խնդիր ունէին ու կը պատսպարուէին Ռուսաստանի իշխանութիւններու կամ անձամբ Փութինի «հաւանութիւնը» ունեցած ըլլալու պատճառաբանութեան ետին, վարչապետ Փաշինեան նման խնդիր չունի, հետեւաբար կարիքն ալ չունի քծնելու կամ հաճոյանալու Ռուսաստանի իշխանութիւններուն:

Անշուշտ այս ամէնը չի նշանակեր, որ հարցեր կամ տարակարծութիւններ չկան ու ապագային կրնան չծագիլ. ըլլա՛յ Ատրպէյճանին՝ Ռուսաստանի կողմէ զէնքի վաճառքի տհաճ փաստը, կամ Ռուսաստանի վերապահութիւնը, Հայաստան-Եւրոմիութիւն մերձեցման առընչութեամբ: Ու եթէ երբեք, Ռուսաստանի պետական շահերէն կը բխի զէնքի վաճառքը Ատրպէյճանին, նոյնքան ալ Հայաստանի պետական շահերէն կը բխի ջերմ յարաբերութիւններ մշակել Եւրոմիութեան հետ, որքան ալ այդ փաստը տհաճ ըլլայ Ռուսաստանի համար: Ըստ իս, այնքան ատեն, որ կողմերու յարաբերութիւնը անկեղծ, թափանցիկ ու կանխատեսելի է, որեւէ տարակարծութիւն լուծելի է: Այստեղ չափազանց կարեւոր է արտաքին քաղաքականութեան երկարամեայ հայեցակարգի մշակումը եւ գործադրումը, որ նոյնպէս կը բացակայէր նախկին իշխանութիւններու ժամանակ, կամ միայն իրենց հասու էր: Առանց նման հայեցակարգի, Հայաստանը տեւապէս կը մնայ հակազդողի դերին մէջ, փոխանակ նախաձեռնող ըլլալու:

-Շատ հաւանական է, որ յառաջիկայ ամիս վարչապետ Փաշինեան Միացեալ Նահանգներ այցելէ։ Հաւանակա՞ն է անոր հանդիպումը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ եւ ինչպէ՞ս կը գնահատէք այսօր հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները:

-Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները կը գտնուին հաստատուն հիմքերու վրայ՝ աւելի դրական միտումներով, մանաւանդ, եթէ նկատի ունենանք այն հանգամանքը, թէ երկար տարիներու ընթացքին Ամերիկան նիւթական աջակցութիւն կը տրամադրէր Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն, կաշառակերութեան դէմ պայքարի, ինչպէս նաեւ դատաիրաւական, ոստիկանութեան եւ ընտրական համակարգին մէջ բարեփոխութիւններ իրականացնելու համար։ Ահա այսօր, «թաւշեայ յեղափոխութեամբ» այդ բոլոր բացասական երեւոյթները փաստօրէն վերացած կամ վերացման ճանապարհին են։ Հետեւաբար, սա ո՛չ միայն կը նպաստէ Հայաստանի միջազգային վարկի եւ հեղինակութեան բարձրացման, այլ նաեւ կը նպաստէ այդ յարաբերութիւններու բարելաւման, որովհետեւ Հայաստան իր նոր արժէքային համակարգով աւելի համահունչ կը դառնայ ժողովրդավարական արժէքներ դաւանող երկիրներուն։

Անշուշտ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու մէջ կը կարեւորուի ամերիկահայութեան դերը եւ ազդեցութիւնը՝ այդ կապերու ձեւաւորման եւ դրական մթնոլորտի ստեղծման մէջ: Այսօր, ակնյայտ փաստ է, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տան եւ Ծերակոյտի բազմաթիւ անդամներ կը համարուին Հայաստանի եւ հայութեան բարեկամ գործիչներ, որոնք ունենալով երկարամեայ ջերմ յարաբերութիւններ ամերիկահայ համայնքին հետ՝ գիտակից են, թէ որքան կարեւոր է ամերիկահայութեան համար Հայաստանի եւ Արցախի բարօրութիւնը։ Այդ գործիչներու ջանքերով բազմաթիւ հայանպաստ որոշումներ առնուած են Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսէն ներս եւ ամէն տարի կանոնաւոր նիւթական օժանդակութիւն կը յատկացուի Հայաստանին ու Արցախին:

Իսկ ինչ կը վերաբերի նախագահ Թրամփի եւ վարչապետ Փաշինեանի միջեւ հանդիպման կայանալու հաւանականութեան, ես պիտի չուզէի այդքան կարեւորել այդ հանդիպումը։ Անշուշտ բոլոր տեսակի եւ մակարդակի հանդիպումները կարեւոր են խորհրդանշական տեսանկիւնէն դիտուած, բայց աւելի կարեւորը փոխյարաբերութեան որակն է եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին տրամադրուող օժանդակութեան շարունակումը, որպէսզի այս նոր համակարգն ու առկայ բոլոր դրական երեւոյթները աւելի արմատաւորուին եւ հիմնաւորուին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2018