ՀԱՐԻՐԻ ԱՌԱՋԱԴՐԵՑ ԶՕՐԱՎԱՐ ԱՈՒՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ. Ի՞ՆՉ Է ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՓՈՒԼԸ

Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ըն­թա­ցող խմո­րում­նե­րու լոյ­սին տակ վեր­ջին օ­րե­րու լրա­հո­սին հիմ­նա­կան ա­ռանց­քը դար­ձաւ Լի­բա­նա­նի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան օ­րա­կար­գը:

Դէպ­քե­րը «տրա­մա­թի­ք» ըն­թացք մը ստա­ցան, երբ երկ­րի հիմ­նա­կան սիւն­նի հա­մայն­քի գլխա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ նախ­կին վար­չա­պետ Սաատ Հա­րի­րի Պէյ­րու­թի «Պէյթ ալ ուա­սա­թ­»ի իր նստա­վայ­րէն յայ­տա­րա­րու­թիւն մը ը­նե­լով՝ որ­դեգ­րեց զօ­րա­վար Մի­շէլ Աու­նի թեկ­նա­ծու­թիւ­նը:

Զօ­րա­վար Մի­շէլ Աուն, ո­րուն մա­սին բա­զում ան­գամ­ներ գրած ենք ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի սիւ­նակ­նե­րուն մէջ, այս ա­ռա­ջադ­րու­մով կը դառ­նար նա­խա­գա­հու­թեան հիմ­նա­կան թեկ­նա­ծուն, ո­րուն անուան շուրջ ի­րենց հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը կ­­՚ա­ւելց­նէին սիւն­նի­նե­րը, իսկ շիի թե­ւի գլխա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ «Հիզ­պուլ­լա­հ» եր­կար ա­միս­նե­րէ ի վեր իր «լռե­լեայն հա­մա­ձայ­նու­թիւ­ն­»ը տուած էր այս ա­նու­նին հա­մար:

Լռե­լեայն կ­­՚ը­սեմ, ո­րով­հե­տեւ «Հիզ­պուլ­լա­հ» ըլ­լա­լով շրջա­նա­յին մա­կար­դա­կի «խա­ղա­ցո­ղ» մը, չէ նպա­տա­կադ­րած «կռիւ մղել» ո­րե­ւէ թեկ­նա­ծուի հա­մար:

Վե­րա­դառ­նա­լով լի­բա­նա­նեան բա­նա­կի նախ­կին գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տա­րի թեկ­նա­ծու­թեան ու բա­ցի այդ մա­սին ե­ղած տե­ղա­կան ար­ձա­գանգ­նե­րէ, ու­շագ­րաւ պի­տի ըլ­լայ աչ­քի առ­ջեւ ու­նե­նալ ա­րեւմ­տեան դի­ւա­նա­գէ­տի մը խօս­քե­րը այս խնդրին վե­րա­բե­րեալ: Դի­ւա­նա­գէ­տը, որ մեր­ժեած է իր ա­նու­նը տալ, խօ­սե­լով  «Ալ Սա­ֆի­ր» օ­րա­թեր­թին՝ բա­ռա­ցիօ­րէն ը­սած է, թէ ա­րեւմ­տեան ազ­դե­ցիկ եւ ո­րո­շու­մի կեդ­րոն հան­դի­սա­ցող եր­կիր­ներ խո­րա­պէս մտա­հոգ են Աու­նի նա­խա­գահ դառ­նա­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թե­նէն: Խնդի­րը այն է, որ Ա­րեւ­մուտ­քին հա­մար Աուն այ­սօր կը ներ­կա­յա­նայ որ­պէս ի­րա­նեան նե­ցու­կով գոր­ծող «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի գլխա­ւոր դաշ­նա­կի­ցը: Դի­ւա­նա­գէ­տը կա­րե­ւոր փաստ մը ար­ձա­նագ­րե­լով ը­սած է նաեւ, որ Աուն կը հա­մա­րուի վտան­գա­ւոր թեկ­նա­ծու մը։ Ան ոչ միայն «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի սերտ գոր­ծա­կիցն է, այլ իր կե­ցուածք­նե­րով յատ­կա­պէս վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ներ­լի­բա­նա­նեան մա­կար­դա­կի վրայ «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ը դար­ձուց լի­բա­նա­նեան ազ­գա­յին դի­մա­գիծ ու­նե­ցող մար­մին մը։ Իբր այդ, իր կե­ցուած­քով (մաս­նա­ւո­րա­պէս 2006 թուա­կա­նի պա­տե­րազ­մէն ետք) «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ին տուաւ այն­պի­սի նե­ցուկ, ո­րուն շնոր­հիւ շիի կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը դուրս ե­լաւ իր հա­մայն­քա­յին պա­րու­նա­կէն ու դար­ձաւ «ազ­գա­յին գոր­ծօ­ն» մը: Ազ­գա­յին գոր­ծօն դար­ձուած­քը չա­կեր­տի մէջ ա­ռի, պարզ ա­նոր հա­մար, որ ե­թէ ներ­լի­բա­նա­նեան լայն ա­ռու­մով նա­յինք «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ին, ա­պա հեշտ պի­տի ըլ­լայ նկա­տել, որ շիի կու­սակ­ցու­թիւ­նը չի վա­յե­լեր բո­լոր լի­բա­նան­ցի­նե­րուն նե­ցուկն ու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս ա­նոր Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին մասն­կա­ցե­լու, ո­րոշ լի­բա­նան­ցի­նե­րու հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի, ո­րո­շու­մէն ետք:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի Աու­նին հան­դէպ յստակ վե­րա­պա­հում­ներ ու­նե­նա­լու հար­ցը նո­րու­թիւն մը չէ:

Ա­րեւ­մուտ­քը նոյն վե­րա­պա­հու­թիւն­նե­րը ու­նե­ցաւ, երբ ան մեր­ժեց յանձ­նել ի­րեն հա­մար «օ­րի­նա­կա­ն» յայ­տա­րա­րուած իշ­խա­նու­թիւ­նը եւ ո­րուն հե­տե­ւան­քով 13 Հոկ­տեմ­բեր 1990 թուա­կա­նին գոր­ծադ­րե­լով կամ­քը նա­խա­գահ Է­լիաս Հը­րաուի ու ա­նոր շուրջ գո­յա­ցած կա­ռա­վա­րու­թեան, սու­րիա­կան բա­նա­կի «Միկ» կոր­ծա­նիչ­նե­րով ծանր հրթի­ռա­ր­­ձա­կում­նե­րու են­թար­կե­ցին Պաապ­տա­յի նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տը։ Ար­դիւն­քին զո­հուե­ցան լի­բա­նա­նեան բա­նա­կի շուրջ եօթ հա­րիւր զի­նուոր­ներ, պա­լա­տը կրեց մեծ վնաս­ներ եւ ինք՝ Մի­շէլ Աուն ստի­պուե­ցաւ հե­ռա­նալ եւ ա­պաս­տա­նիլ Պէյ­րու­թի մօտ ֆրա­նսա­կան դես­պա­նա­տուն։ Ա­պա Փա­րիզ մեկ­նե­լով ըն­դու­նեց քա­ղա­քա­կան ա­պաս­տա­նեա­լի կար­գա­վի­ճակ՝ մին­չեւ իր Լի­բա­նան վե­րա­դար­ձը 2005 թուա­կա­նին:

Ճիշդ է, որ ա­մե­րի­կեան գե­րա­տես­չու­թեան հա­մար գո­նէ առ ե­րե­ւոյթ ա­մե­նէն էա­կա­նը «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի թե­ւե­րը կոտ­րելն է, բայց եւ այն­պէս այդ օ­րա­կար­գը ներ­կայ պա­հուս ա­ռաջ­նա­յին չէ:

Շրջա­նին մէջ ըն­թա­ցող վե­րա­դա­սա­ւո­րում­նե­րու եւ յատ­կա­պէս Սու­րիոյ հար­ցով տե­ղի ու­նե­ցող տե­ղա­շար­ժին զու­գա­հեռ ե­րե­ւե­լի պի­տի դառ­նայ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մի­ջի­նա­րե­ւե­լեան նոր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ Ա­ւե­լի վերջ միայն ա­մե­րի­կա­ցիք կրնան ի­րո­ղա­պէս մտա­ծել «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի մա­սին:

Այս բո­լո­րէն ան­դին յստակ է նաեւ, որ Աուն ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծի մը կրողն է: Ա­նոր հա­մար կրօ­նա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը երկ­րոր­դա­կան են ու ա­ռաջ­նա­յի­նը երկ­րի բա­նա­կին զարկ տալն ու պե­տա­կան հիմ­նարկ­նե­րուն մէջ կա­րե­ւոր հա­մա­րուող բա­րե­փո­խում­նե­րը կա­տա­րելն է: Այս ա­ռում­ով նաեւ պէտք է յստա­կօ­րէն հասկ­նալ, որ Աուն ե­թէ կը հա­մա­րուի «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի թիւ մէկ դաշ­նա­կի­ցը, ա­պա շատ հա­ւա­նա­կան է, որ Պաապ­տա­յի պա­լատ հաս­նե­լէն ետք ան որ­պէս ընտ­րուած նա­խա­գահ, սուր տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ ու­նե­նայ շիի մի­լի­սին հետ: Սա­կայն տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ ու­նե­նալ չի նշա­նա­կեր բա­խու­մի տա­նիլ եր­կի­րը կամ պա­տե­րազ­մի շե­փոր հնչեց­նել «Հիզ-­պուլ­լա­հ­»ին դէմ:

Այս ա­ռու­մով յստակ է նաեւ, որ «Հիզ­պուլ­լա­հ» լուռ կաս­կած­ներ ու­նի զօ­րա­վար Աու­նին դէմ: Կաս­կած­ներ, ո­րոնց մա­սին պի­տի չու­զէ ար­ձա­գան­գել կամ խօ­սիլ: Կաս­կած­ներ, ո­րոնք կրնան ա­ճիլ եւ ա­պա­գա­յին տե­ղի ու­նե­նա­լիք գոր­ծըն­թաց­նե­րուն մէջ դառ­նալ լուրջ մտա­վա­խու­թիւն­ներ:

Բա­ցի «Հիզ­պուլ­լա­հ­»էն, շիի հան­րու­թեան մօտ կա­րե­ւոր խօսք ու­նի երկ­րի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Նե­պիհ Պըր­րի: Ան կը հա­մա­րուի վեր­ջին քսան տա­րի­նե­րուն երկ­րին նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան «ներ­քին խո­հա­նո­ց­»ի հիմ­նա­կան ղե­կա­վա­րը։ Պըր­րի ոչ միայն Աու­նի թեկ­նա­ծու­թեան դէմ ըլ­լա­լու դիր­քե­րէ խօ­սած է, այլ ա­նոր մօ­տիկ աղ­բիւր­ներ յայ­տա­րա­րած են, որ խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը Աու­նի ընտ­րու­թե­նէն ետք պի­տի հա­մալ­րէ ընդ­դի­մու­թեան շար­քե­րը: Կայ ա­ւե­լի՛ն, եւ ըստ լի­բա­նա­նեան կարգ մը լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու, Նե­պիհ Պըր­րի պի­տի դժուա­րաց­նէ Սաատ Հա­րի­րիի կա­ռա­վա­րու­թիւն կազ­մե­լու աշ­խա­տանք­նե­րը:

Յի­շեց­նեմ, որ ըստ Լի­բա­նա­նի սահ­մա­նադ­րու­թեան, երկ­րի նա­խա­գա­հը պէտք է ըլ­լայ մա­րո­նի-քրիս­տո­նեայ, վար­չա­պե­տը՝ սիւն­նի-իս­լամ եւ խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը՝ շիի-իս­լամ:

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն շիի հա­մայն­քը տար­բեր գոր­ծօն­նե­րու հա­մալ­րու­մով դար­ձաւ երկ­րին մէջ քա­ղա­քա­կան օ­րա­կարգ ձե­ւա­ւո­րող ուժ: Մինչ «Հիզ­պուլ­լա­հ» իր զի­նուո­րա­կան ներ­կա­յու­թեան եւ ու­նե­ցած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով դար­ձաւ շիի­նե­րու «զի­նուո­րա­կան թե­ւը», ան­դին՝ Նե­պիհ Պըր­րի ու ա­նոր ա­ռաջ­նոր­դած «Ա­մա­լ» շա­ժու­մը դար­ձաւ քա­ղա­քա­կան թա­տե­րա­բե­մին վրայ օ­րա­կարգ ձե­ւա­ւո­րող գլխա­ւոր ուժ:

Յստակ չէ, որ Պըր­րի-Աուն տա­րա­կար­ծու­թիւ­նը ինչ հու­նով կրնայ ըն­թա­նալ, բայց Պըր­րի կա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նի ներ­քին ի­մաս­տով տագ­նա­պի նոր օ­ճախ մը ստեղ­ծե­լու փաս­տը:

Ի վեր­ջոյ Աուն ե­թէ Լի­բա­նա­նի հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ընտ­րուի, հան­րու­թեան պի­տի ներ­կա­յա­նայ նոր ձե­ւա­չա­փե­րով եւ պի­տի դադ­րի միա­կող­մա­նի մօ­տե­ցում­նե­րով ղե­կա­վար մը ըլ­լա­լէ:

Թէ ինչ­քա­նով պի­տի յա­ջո­ղի, ցարդ յստակ չէ։ Սա­կայն յայտ­նի է, որ այս օ­րե­րուն Լի­բա­նա­նի մէջ ըն­թա­ցող խմո­րում­նե­րը պի­տի ա­ռաջ­նոր­դեն նոր նա­խա­գա­հի մը ընտ­րու­թեան նիս­տին, ո­րուն հա­մար թուա­կան ո­րո­շուած է յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բե­րի 31-ը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2016