Աշ­խար­հի Ա­մե­նա­տա­րեց Ղե­կա­վար­նե­րը

Ժամանակի ընթացքին ընդունուած կարգը այն եղած է, որ  պետութիւններու ղեկավարները եւ ընդհանրապէս առաջնորդները ըլլան տարեց: Այս երեւոյթին դէմ անշուշտ միշտ պայքարողներ եղած են: Այսօր տարեցներու հետ նոյնպէս կան բաւական երիտասարդ նախագահներ, ընդհանրապէս՝ առաջնորդներ, որոնք հեղինակութիւն ունեցող անձնաւորութիւններ են:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այսօր ղեկի վրայ եղող ամենէն տարեց առաջնորդներու խումբ մը:

*

ԷԼԻԶԱՊԵԹ Բ. ԹԱԳՈՒՀԻ

Զիմպապուէի նախագահ Ռոպերթ Մուկապէի հրաժարականը Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին դարձուց աշխարհի մէջ  պետութեան ամենէն տարեց ղեկավարը:

Ըստ բրիտանական «Տէյլի Մէյլ»ի, երբ 93-ամեայ Մուկապէ, որ ափրիկեան պետութիւնը կը ղեկավարէր 37 տարի շարունակ, յայտարարեց հրաժարականի մասին, այդ ոչ պաշտօնական կոչումը անցաւ 91-ամեայ Էլիզապէթ Բ.-ին, որ կը գլխաւորէ Միացեալ Թագաւորութիւնը:

Ասիկա վինցորներու միապետական տոհմի ղեկավարի հերթական մրցանիշն է: Սեպտեմբեր 2015-ին Էլիզապէթ գերազանցեց Վիքթորիա թագուհիին թագաւորութիւնը ղեկավարելու երկարամեայ մրցանիշը: Երբ 13 Հոկտեմբեր 2016-ին մահացաւ Թայլանտի թագաւոր Փումիփոն Ատուլիատէթը, Էլիզապէթ Բ. դարձաւ ներկայիս ողջ մնացած միապետներու շարքին ամենէն երկար կառավարածը: Այս տարուան 6 Փետրուարին Էլիզապէթ Բ. նշեց իր գահակալութեան 65-ամեակը՝ ատով դառնալով բրիտանացի միապետներէն առաջինը, որ  յաջողած է նշել «շափիւղեայ» յոբելեանը այդ պաշտօնին մէջ: 20 Նոյեմբերին թագուհին իր ամուսինին՝ Էտինպուրկի դուքս Ֆիլիփի հետ նշեց փլաթին հարսանիքը՝ ամուսնութեան 70-ամեակը:

ԵՐԿՐՈՐԴ ԴԻՐՔԻ ՎՐԱՅ՝ ԹՈՒՆՈՒՍԻ 90-ԱՄԵԱՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Թունուսի պատմութեան մէջ առաջին ժողովրդավարական  նախագահական ընտրութեան արդիւնքով 2014 թուականին պետութեան ղեկավար դարձաւ 87-ամեայ հակաիսլամական քաղաքական գործիչ Պեժի Քայիտ Սեպսին: Ընտրութեան երկրորդ փուլին ան ստացաւ քուէներու 55.68 առ հարիւրը՝ առաջ անցնելով իր մրցակից՝ գործող նախագահ Մոնսէֆ Մարզուքիէէն, որ ստացաւ քոէներուն 44.32 առ հարիւրը:

Սեպսի Թունուսի Հանրապետութեան վարչապետն  էր 2011 թուականին: Ան ստանձնած էր պաշտօնանկ եղած նախագահ Զէյն Ապիտին պըն Ալիի կառավարութեան ղեկը: Տարբեր տարիներուն ստանձնած է նախարարական զանազան  պաշտօններ, դիւանագիտական եւ պետական պաշտօններ:

ՔՈՒԷՅԹԻ 88-ԱՄԵԱՅ ԷՄԻՐԸ

Երրորդ դիրքին վրայ է Քուէյթի էմիր շէյխ Սուպահ Ահմէտ Ժապէր Սուպահը:

Ան ծնած է 16 Յունիս 1929-ին: Շէյխ Սուպահ Քուէյթի ղեկավարութեան կազմին մէջ 1950-ական թուականներու  կէսերէն տարբեր պաշտօններ վարած է: 40 տարի շարունակ (1963-2003) եղած է արտաքին գործոց նախարար, երկար տարիներ ղեկավարած է Քարիւղի գերագոյն խորհուրդը, եղած է տեղեկատուութեան նախարար եւ վարչապետ: 2006 թուականին 76-ամեայ շէյխը երկրի նոր էմիր հռչակուեցաւ եւ դարձաւ 18-րդ դարէն իշխանութեան գլուխ գտնուող Սուպահ գերդաստանի 15-րդ կառավարիչը:

ՔԵՏԱՅԻ ԱՊՏՈՒԼ ՀԱԼԻՄ

87-ամեայ ղեկավարը ամենէն երկար անունը ունի աշխարհի առաջնորդներու շարքին մէջ. պաշտօնապէս արձանագրուած է՝  Ալմութասիմու Պիլլահի Մուհիպպուտտին Թուանքու Ալհաժ սըր Ապտուլ Հալիմ Մուատ-զամ Շաճ Իպնի Ալմարհում Սուլթան Պատլիշահ: Իւրայատուկ դրութեամբ, որդեգրուած 1957-էն ի վեր, պետութեան ինն ժառանգական կառավարիչներ, հինգ տարուան ժամանակամիջոցի համար կը բազմին թագաւորական աթոռին վրայ: Արքայական պաշտօնը մեծապէս արարողական, ծիսական է, որովհետեւ վարչական լիազօրութիւնները վիճակուած են խորհրդարանին եւ վարչապետին:

ՔՈՒՊԱՅԻ ՂԵԿԱՎԱՐ ՌԱՈՒԼ ՔԱՍԹՐՕ

Քուպայի Հանրապետութեան պետական խորհուրդի եւ նախարարական խորհուրդի նախագահ Ռաուլ Քասթրօ ծնած է 3 Յունիս 1931-ին: Պատանի տարիքէն Ռաուլ աւագ եղբօր՝ Ֆիտէլի ազդեցութեան տակ սկսած է հետաքրքրուիլ յեղափոխական գաղափարներով: 22 տարեկանին ան կը յարձակէր Մոնքատի զօրանոցներուն վրայ, իսկ 25-տարեկանին հռչակաւոր «Կրանմա» զբօսանաւով խարիսխ նետեց Քուպայի ափերուն, որպէսզի հայրենակիցներուն հետ փարթիզանական պատերազմ սկսի: 27 տարեկանին քոմանտանթէ Ռաուլ կը ղեկավարէր ապստամբ ուժերու 6-րդ շարասիւնը, իսկ 28-ին, յեղափոխութեան յաղթանակէն ետք, ռազմական նախարար դարձաւ եւ 49 տարի այդ պաշտօնը վարեց: 2008-ին ստանձնելով Քուպայի ղեկավարութիւնը՝ 76-ամեայ Ռաուլ սկսաւ քաղաքական  եւ տնտեսական բարեփոխումներ կատարել, մասնաւորապէս նախաձեռնեց Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու բնականոնացան:

ՔԱՄԵՐՈՒՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՓՈԼ ՊԻԱ

Քամերունի նախագահ Փոլ Պիա ծնած է 13 Փետրուար 1933-ին գիւղական բնակավայրի մէջ: Տարրական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է կաթոլիկ վարժարաններու մէջ, կը պատրաստուէր իր կեանքը նուիրել եկեղեցւոյ: 1950-ական թուականներու կէսերուն, երբ Ափրիկէի մէջ սկսաւ ապագաղութացման հոլովոյթը, ապագայ նախագահը քաղաքականութեամբ հրապուրուեցաւ:

Փարիզի մէջ աւարտելով քաղաքագիտութեան հիմնարկը՝ Փոլ Պիա սկսաւ աշխատիլ Քամերունի առաջին նախագահ Անատու Ահիճոյի գրասենեակին մէջ: Ժամանակի ընթացքին  յաղթահարելով նուիրապետական սանդուխի բոլոր աստիճանները՝ Պիա ինք ղեկավարեց երկիրը Ահիճոյին պարտադրը-ւած հրաժարականէն ետք: Պետութեան ղեկավարի պաշտօնին ան յաջողած է լուծել Նիկերիոյ հետ գրեթէ յիսնամեայ տարածքային հակամարտութիւնը եւ ատկէ հասնիլ՝ բնական պաշարներով հարուստ Պաքասի թերակղզիին Քամերունի յանձնուելուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԻՇԷԼ ԱՈՒՆ

Միշէլ Նայիմ Աուն ծնած է 1935 թուականին, Պէյրութի Հարըթ Հրէյք արուարձանին մէջ, աղքատ կրօնական ընտանիքի մէջ: 1958-ին աւարտած է զինուորական վարժարանը, 1959-ին՝ Ֆրանսայի Շալոն սիւր Մարնի զինուորական դպրոցը: 1966 թուականին ուսումը աւարտելէ ետք, ուսանած է Միացեալ Նահանգներու Օքլահոմա նահանգի Ֆորթ Սիլ հրետանային դպրոցին եւ Ֆրանսայի Բարձրագոյն զինուորական դպրոցին մէջ (1978-1980): Կը խօսի՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն եւ իտալերէն: «Մայրիներու  յեղափոխութենէն» ետք՝ 2005-ին վերադարձած է Լիբանան: 2005-ի Յունիսին խոր-հըրդարանական  ընտրութեան մէջ անոր ստեղծած «Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում» համախմբումը  ստացաւ 128 աթոռներէն 21-ը: Աուն դարձաւ խորհրդարանի անդամ: Ան մերժեց մաս կազմել կառավարական համաձայնական դաշինքին եւ մնաց ընդդիմութեան մէջ: 2006-ի Փետրուարին ան համաձայնագիր ստորագրեց Ազգային Ազատ հոսանք հայրենասիրական շարժման եւ «Հիզպուլլահ»ի միջեւ: 31 Հոկտեմբեր 2016-ին ան ընտրուեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ:

ՃԱԲՈՆԻ ԿԱՅՍՐ ԱՔԻՀԻԹՕ

Ճաբոնի կայսր Աքիհիթօ ծնած է 23 Դեկտեմբեր 1933-ին: Ներկայիս միակ ղեկավարող կայսրն է աշխարհի մէջ: Ըլլալով թագաժառանգ իշխան՝ առաջին անգամ շեղած է բազմադարեան աւանդութենէ, ըստ որուն, կայսրերն ու իշխանները պէտք էր ամուսնանային միայն ազնուական կնոջ հետ, եւ 1959 թուականին ամուսնացած է ալիւր աղացող խոշոր  ընկերութեան մը  նախագահի աղջկան հետ:

1989-ին դարձած է Ճաբոնի 125-րդ կայսրը, հօր՝ Հիրոհիթօ կայսեր մահէն ետք ժառանգելով գահը: Օգոստոս 2016-ին դիմելով ժողովուրդին՝ կայսրը յայտարարած էր, որ պատկառելի տարիքին պատճառով միապետի պարտականութիւնները կատարելը իրեն համար աւելի դժուար կը դառնայ  (կայսրը անմիջականօրէն չի կրնար յայտնել հեռանալու մասին, քանի որ աւանդաբար չի խառնուիր քաղաքականութեան): Կառավարութեան որոշումով Աքիհիթօ իր կայսերական լիազօրութիւններէն կը հրաժարի 31 Մարտ 2019-ին:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՍԵԼՄԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

Սէուտական Արաբիոյ  թագաւոր Սելման պըն Ապտիւլ Ազիզ Ալ Սաուտ (81 տարեկան), երկու սրբութիւններու պահապանն ու Սէուտ գերդաստանի գլխաւորն է: Թագաւոր եւ վարչապետ դարձած է 23 Յունուար 2015-ին իր արիւնակից եղբօր՝ Ապտուլլահ թագաւորի մահէն ետք:

Սելման Սէուտական Արաբիոյ առաջին թագաւոր Ապտիւլ Ազիզ պըն Սէուտի որդին է եւ վեցերորդը՝ «Սուտայրի եօթնեակէն»: Ան Ֆահտ թագաւորի ամենէն վստահելի խորհրդատուն էր եւ թագաժառանգ իշխան Սուլթանի ամենէն մտերիմ եղբայրը: Մինչեւ գահ բարձրանալը եղած է պաշտպանութեան նախարար (2011-2015) եւ Ռիատի նահանգապետ (1963-2011):

Ծնած է 31 Դեկտեմբեր 1935-ին՝ դառնալով պըն Սէուտի 25-րդ որդին: Անոր մայրը Հասա Սուտայրին էր: Սելման մեծցած է Մուրապայի պալատին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ռիատի Արքայական դըպ-րոցին մէջ, որ հիմնադրուած էր պըն Սէուտի կողմէ՝ իր երեխաներուն համար: Սելման ուսանած է կրօն եւ ժամանակակից գիտութիւն: Իր եղբօր՝ թագաժառանգ իշխան Նայէֆ պըն Ապտիւլ Ազիզի մահէն ետք Սելման Յունիս 2012-ին Սուէտական Արաբիոյ թագաժառանգ իշխան եւ փոխ-վարչապետ նշանակուած է:

ՊՀՈՒՄԻՊՈԼ ԱՏՈՒԼՎԱՏԷԺ, ԹԱՅԼԱՆՏ

Թայլանտի թագաւորը ամենէն տարեցներէն չէ, բայց աշխարհի ամենէն երկար պաշտօնավարող ղեկավարն է: Ան թագադրուած է 1946 թուականին: Lèse–majesté  օրէնքները Թայլանտի մէջ  վտանգաւոր կը դարձնեն ծերացող արքային մասին որեւէ բան գրելը…

ԱՄԵՆԷՆ ԵՐԿԱՐ ԻՇԽԱԾ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ

Սոպհուզա Բ. հարաւային  Ափրիկէի Սուա-զիլենտի թագաւորը եղած է 82 տարի 254 օր. պատմութեան մէջ արձանագրուած ամենէն երկարատեւ իշխողը (22 Յու-լիս 1899-21 Օգոստոս 1982)՝ Սոպհուզա ծնած է 22 Յուլիս 1899-ին, եւ միայն 4 ամսական էր, երբ հայրը՝ Նկուանա Ե. թագաւորը յանկարծամահ եղաւ: Սոպհուզա թագաւոր եղաւ, իսկ մեծ մայրը եւ հօրեղբայրը երկիրը ղեկավարեցին մինչեւ որ ան 21 տարիքը թեւակոխեց: Սոպհուզա գահին վրայ մնաց մինչեւ իր մահը՝ 1982: Անոր յաջորդեց երիտասարդ տղան՝ Թֆուալա, որ թագադրուեցաւ 1986-ին:

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«Տէյլի Մէյլ», «ԹԱԱՍ», «Պի. Պի. Սի.»

 

 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2017