Կ՚ՈՒԶԷ՞Ք ԵՐԿԱՐ ԵՒ ԱՌՈՂՋ ԱՊՐԻԼ…

Այն զոյգերը, որոնք հաւասար ուժգնութեամբ բուռն կը վիճին, աւելի նուազ կը հիւանդանան, եւ աւելի քիչ հաւանական է, որ կանուխ մեռնին. կը հաստատէ ուսումնասիրութիւն մը, որուն մասնակցած են 192 զոյգեր, 32 տարուան ընթացքին:

Սակայն Արիզոնա համալսարանի դասախօս Քայլ Պուրասան կ՚ըսէ. «Զոյգերու միջեւ որքան աւելի անհաւասար ուժգնութեամբ ըլլայ բարկութեան պատասխանը, այնքան աւելի մեծ է կանուխ մահանալու վտանգը»:

Այդ պահուն կրնայ այդպէս չթուիլ, սակայն ձեր ընկերոջ կամ կողակիցին հետ բուռն վէճ ունենալը կրնայ լաւ ըլլալ ձեզի համար: Անոնք, որոնք իրարու հետ կը վիճին, աւելի նուազ վտանգ կը դիմագրաւեն հիւանդանալու եւ կանուխ մեռնելու՝ բացայայտած են գիտնականները:

Սակայն ասիկա կը վերաբերի միայն այն զոյգերուն, որոնք հաւասար ուժգնութեամբ կը վիճին իրարու հետ: Եթէ մէկը զսպէ իր բարկութիւնը, մինչ միւսը իր զգացածները սանձարձակօրէն կը պոռթկայ, ատիկա կրնայ գրեթէ կրկնապատկել անոնց կանուխ մեռնելու վտանգը:

Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւնը հրատարակած է «Ճուրնըլ աֆ Սայքոսոմեթիք մետիսին»ը: 32 տարիներու տեւողութեամբ ուսումնասիրուած են 192 զոյգերու վէճեր՝ տեսնելու համար, թէ անոնց վիճաբանելու ձեւը ազդա՞ծ է անոնց կեանքին վրայ:

Հոգեբան Քայլ Պուրասան, Արիզոնա համալսարանէն, կ՚ըսէ.

«Զոյգերու միջեւ որքան աւելի անհաւասար ըլլայ բարկութեան պատասխանը, այնքան աւելի մեծ է կանուխ մահանալու վտանգը:

«Եթէ անոնցմէ մէկուն պատասխանին ուժգնութիւնը վէճին մէջ կը տարբերի միւսէն, ասիկա ժամանակի ընթացքին կը վերածուի յաւելեալ տագնապներու, վէճերու»:

«Մէկը կրնայ ուզել աւելի տաք, բուռն անհամաձայնութիւն, մինչ միւսը՝ ոչ, եւ այսպէս, երկու կողմերն ալ չեն գոհանար տագնապը դիմակալելու իրենց ձեւերով:

«Ասիկա կրնայ պատճառել օրական յաւելեալ ճնշում, որ երկար ժամանակի վրայ կը վնասէ մարդոց առողջութեան:

«Այն զոյգերը, որոնց միջանձնային ոճերը գրեթէ նոյնն են, նոյն ուժգնութեամբ կը հակադարձեն իրարու, անոնք աւելի նուազ տագնապներ, վէճեր կ՚ունենան, եւ որպէս արդիւնք՝ աւելի լաւ առողջութիւն»:

ՆՈՐ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ՕԳՆԷ

Նոր արհեստագիտութիւնը շուտով ձեզ տեղեակ կը պահէ, թէ ձեր ընկերը կամ կողակիցը լաւ օր մը անցուցա՞ծ է, թէ՞ ոչ, եւ թէ՝ դուք փոթորիկին կեդրոնը պիտի մտնէ՞ք, երբ տուն հասնիք:

Ամերիկացի գիտնականներու խումբը համակարգիչին մէջ մշակած է ալկորիթմ մը, որ զոյգերու միջեւ անցեալի տագնապներու միջադէպերը կը ճշդէ, որպէսզի որոշէ, թէ ապագային ե՞րբ սիրահարներուն վէճը պիտի ծագի:

Զոյգերու հոգեբանական տուեալներ եւ նշաններ գործածելով, նոր արհեստագիտութիւնը ինքնաշխատ կրնայ ուղարկել ազդանշաններ՝ անհատներուն խորհուրդ տալով կարճատեւ խոկում մը (meditation) ընելու, վերահաստատելու համար իրենց մտային վիճակը՝ նախքան փոխազդելը կամ ընկերոջ հետ հաղորդակցիլը:

Միացեալ Նահանգներու մէջ ուսումնասիրողներ կը հաւատան, որ արհեստագիտութիւնը կրնայ ծառայել՝ օգնելու մեղմացնելու զոյգերու միջեւ որեւէ հաւանական տագնապներ: Որպէսզի կարելի ըլլայ գտնել զոյգին միջեւ տագնապ, ուսումնասիրողները մշակած են ալկորիթմներ՝ ստուգելու համար, թէ արդեօք տագնապ գոյութիւն ունի՞ զոյգերու միջեւ:

ԱԼԿՈՐԻԹՄԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԳՈՐԾԷ

Ալկորիթմը հոգեբանական տուեալներ հաւաքեց զանազան աղբիւրներէ, ներառեալ՝ հագուստներէ, բջիջային հեռաձայններէ, եւ հոգեբանական նշաններ, ճշդելու համար զոյգերուն զգացական վիճակները:

Հաւաքուած տուեալները կը ներառէին՝ մարմինի ջերմաստիճան, սրտի գործունէութիւն, քրտինք, ձայնագրութիւններ, խօսքի տարողութիւնն ու պարունակութիւնը եւ ձայնային, հնչիւնային ուժգնութիւնը:

Խումբը յայտնաբերեց, որ այս տեսակ տուեալներ գործածելով, ալկորիթմը կրցած է գտնել տագնապներու միջադէպեր՝ 86 առ հարիւր ճշգրտութեամբ, հիմ-նըւած մասնակիցներուն ժամական ինքնազեկոյցներուն վրայ, երբ տագնապները պատահած են:

ԲԱՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՊԷՏՔ ՉԷ ԸՆԵԼ ԵՐԿԱՐ ԱՊՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Ձեր կենսաբանական ժամացոյցը դանդաղեցնելու համար կան որոշ բաներ, որոնք կրնաք դադրեցնել՝ աւելի առողջ եւ երկար ապրելու համար, ինչ տարիքի մէջ ալ ըլլաք՝ 20, 30, 60, 70 եւ աւելի…

Իրականութեան մէջ ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ երբեք ուշ չէ առողջարար սովորութիւններու սկսելու համար:

Բայց ի՞նչ է ձեր կարծիքը՝ բաներու մասին, որոնք կրնաք դադրեցնել յանուն ձեր երկարակեացութեան:

Դադրեցուցէք վերամշակուած ուտելիքներ գործածելը

Վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին բազմաթիւ երկիրներու մէջ տեղի ունեցած հիմնական սննդականոնի, պահեցողական փոփոխութիւններէն մէկը դարձած է աւելի վերամշակուած սննդամթերքի սպառումը: Վերամշակման հետ կ՚աւելնայ յաւելեալ նատրոնի (սոտիում), աւելի յագեցած իւղի, աւելի շաքարի եւ նուազ մանրաթելի սպառումը: Հետեւա՞նքը. աւելի սրտանօթային հիւանդութիւն, գերճնշուածութիւն, քաղցկեղ եւ շաքարախտ:

Դադրեցուցէք նստած մնալը

Եթէ կը կարծէք, որ ժամանակ չունիք մարզանք ընելու, նկատի ունեցէք համաշխարհային նուազագոյն թելադրութիւնները՝ շաբաթը հինգ կամ աւելի անգամ օրական 30 վայրկեան քալել, առողջ ապրելու, ուրախ ապրելու եւ ձեր կեանքը երկարելու համար: Քալել եւ խորունկ շնչել: Քալել եւ զուարճանալ:

Դադրեցուցէք ծխելը

Եթէ ծխող էք, գիտէք, թէ որքա՛ն դժուար է ծխելը դադրեցնելը, բայց որոշ քաջալերական տուեալներ կան: Ուսումնասիրութիւնները կը հաստատեն, որ ծխախոտի օգտագործումը կը մնայ մահուան ամենէն արգիլելի պատճառը: Ըստ կարգ մը հաշուարկներու, ծխելը ձեր կեանքէն տասնամեակ մը կը խլէ:

Անկախ անկէ, թէ դուք ձեր սովորութենէն կը հրաժարիք, ձեր մարմինը զարմանալիօրէն ներողամիտ է. արեան ճնշումը եւ շրջանառութիւնը կը լաւանան եւ քաղցկեղի յառաջացման վտանգը կը նուազի ամէն տարի: Յիշեցէ՛ք, որ ձեր ընտանիքի անդամները նոյնպէս պիտի օգտուին, եթէ չծխէք, քանի որ անոնք այլեւս չեն ենթարկուիր վտանգաւոր երկրորդ ձեռքի ծուխին:

Դուք նաեւ երիտասարդ կ՚երեւիք:

Դադրեցուցէք զայրացած մնալը

Զայրոյթը կրնայ ազատ արձակել բիրտ զգացումները, յատկապէս եթէ ձեր արդար ըլլալը կը զգաք: Թերեւս ամենէն լաւ հարցումը, որ դուն քեզի կրնաս հարցնել, հետեւեալն է. պատահածը կ՚արժէ՞ր cortisol-ը: Այս ընկճուածութեան հորմոնի մակարդակները կը բարձրանան, երբ դուք ընկճուած կամ զայրացած էք՝ ձեր սրտին եւ դիմադրողականութեան վրայ ժխտական ազդեցութիւններ ձգելով: Ըստ կարգ մը ուսումնասիրութիւններու, բարձր cortisol-ը կրնայ արագացնել մահը:

Դադրեցուցէք առանձին մնալը

Ընկերային մնալը կրնայ կեանքը երկարել՝ գլխաւորաբար օգնելով ձեզի ընկճուածութիւնը հակակշռելու եւ զօրացնելով ձեր դիմադրողականութիւնը: Լաւ յարաբերութիւնները ձեզ աւելի ուժեղ կը պահեն, մինչ վատ յարաբերութիւնները կրնան ձեզ բանտարկել միտքի ժխտական շրջանակի մը մէջ եւ յառաջացնել ճնշուածութիւն եւ սրտի կաթուածի վտանգ:

Մարդոց հետ հաղորդակցութեան մէջ մնալը ծանր է, մանաւանդ երբ ձեր կորովը ինկած է, տխուր կը զգաք, կորսնցուցած էք ձեզի մօտիկ անձ մը, կամ հեռու կ՚ապրիք սիրելի անձերէ, ընտանիքի անդամներէ: Կան միջոցներ կրկին հաղորդակցելու, նոր մարդոց հանդիպելու, նոյնիսկ եթէ դուք կը գտնուիք նոր քաղաքի մը մէջ, կամաւոր միութենական աշխատանք կատարելով, ընկերային ցանցերու մէջ ձեզի նման անձերու հետ հաղորդակցելով:

Դադրեցէք մտածելէ, որ միայն մեծ փոփոխութիւնները կ՚արժեն

Արագ անցնող, արմատական եւ մեծ փոփոխութիւնները ապրելակերպի մէջ կրնան ոգեւորիչ ըլլալ, բայց ատոնք նոյնպէս կրնան չափազանց ճնշիչ եւ վհատեցուցիչ ըլլալ եւ, հետեւաբար, կարճատեւ՝ սովորական մահկանացուներու համար: Յաջորդ անգամ, երբ որոշէք առողջարար բաներ ուտել կամ աւելի մարզանք ընել, փորձեցէք աւելի նուազին ձգտիլ. «Կարելիին ձգտումն է, որ մարդս կ՚երջանկացնէ»: Ուրեմն, փոխանակ կեանքի մէջ մեծ, հիմնական փոփոխութիւններու ձգտելու, որոնց կրնաք չհասնիլ, փորձեցէք միայն փոքր փոփոխութիւն ընտրել, ինչպէս՝ առաւօտեան 10 վայրկեան աւելի կանուխ արթննալը, որպէսզի ձեզի համար առողջարար ճոխ նախաճաշ պատրաստէք: Նոյնիսկ առօրեայ կարճատեւ գործունէութեան ընթացքին կրնաք մեծ օգուտներ քաղել ձեր կեանքին մէջ:

Փոքր փոփոխութիւնները ձեր տեսողութեան եւ հասանելիութեան ծիրին մէջն են եւ ատոնք կրնան ժամանակի ընթացքին մեծ օգուտներ պարգեւել՝ առանց ճնշուածութիւն պատճառելու ձեր բազմազբաղ կեանքին մէջ: Հետեւողականութիւնը, յարատեւութիւնը աւելի կարեւոր են կարճատեւ, մեծ շարժումներէ: Բացի ատկէ, ձեր առօրեային մէջ ի նպաստ ձեզի գործողին, ձեզ արդէն գոհացնողին նայելով՝ դուք աւելի աշխոյժ եւ խանդավառ կը դառնաք, ձեր կորովը միշտ բարձր կը մնայ՝ քիչ մը աւելի ընթանալով դէպի առողջ ուղղութիւն:

Դադրեցուցէք ընկճուածութիւնը

Բարկութեան, զայրոյթին նման՝ ընկճուածութիւնը իր հետեւանքները կ՚ունենայ ձեր մարմինին վրայ եւ կրնայ իսկապէս կրճատել ձեր կեանքը: Փորձելով նուազեցնել ընկճուածութիւնը՝ դուք կրնաք երկար ժամանակի համար բարելաւել ձեր առողջութիւնը եւ միաժամանակ՝ ձեր կեանքի որակը:

Օրագիր պահելը, խոկալը (բան մը, որ երկարակեացութեան կը նպաստէ), ջիղերը հանդարտեցնել սորվիլը, շատ լաւ ձեւեր են ընկճուածութիւնը հեռացնելու: Օրական միայն քանի մը վայրկեան խոկալը (նոյնիսկ՝ ձեր գրասեղանին առջեւ) ձեր ուղեղէն կը պարպէ անձկութիւնը, նեղութիւնը եւ պրկումը:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Օգտագործուած աղբիւր՝ «Տէյլի Մէյլ»

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2018