ԹԱՓԱՆՑԻԿ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Կը սիրեմ հայ գիրն ու մշակոյթը կապող հարցերու մասին խօսիլ, արտայայտուիլ: Սրտիս մօտիկ կը զգամ, որովհետեւ իսկապէս մտահոգ եմ, եւ այդ մտահոգութիւնն է, որ այսօր դարձեալ կը խօսի ինծի հետ այնքան համարձակ եւ նոյնքան ալ՝ անաչառ:
Ու անկեղծօրէն ըսելով, երբ ամէն անգամ այս բոլորի մասին խօսիմ, կամ արձագանգեմ եւ կամ ալ բարձրաձայն արտայայտուիմ, իրապէս որ կը նորոգուիմ: Կրկին նոր յոյսերով կը լեցուի միտքս, ու կարծես կամաց-կամաց քաղցր եւ անկեղծ մտերմութեան մը նման՝ նուրբ ու յաճախ խորաթափանց մտածումներուս պատուհանները լայն կը բացուին:
Նաեւ աւելցնեմ, որ մտահոգութիւններուս կողքին, ունիմ նաեւ մեծ յարգանք եւ հաւատք՝ հանդէպ հայ գրականութեան ակօսներուն մէջ մեր բոլոր մեծ ու փոքր, հին եւ նոր վար ու ցան ընող եւ զբաղող մշակներուն, կրթական մարմիններուն եւ այս բոլորին առաքելութեան հաւատացողներուն:
Պարզ հաւատքի մը փնտռտուք չէ այս մէկը, այլ՝ երազի, գեղեցկութեան եւ ոգիի ալ:
Ու նորութիւն մը չեմ աւելցներ, եթէ ըսեմ, որ սփիւռքեան մեր գրականութիւնը սկսած է ամայանալ, կամ կամաց-կամաց կ՚ամայանայ: Գրական երեւակայութեամբ զբաղողներն ալ լուռ են, եւ նոյնիսկ շատեր կը հեռանան: Կարծես ճամբու ծայրը հասած ենք, եւ կամ գրեթէ անապատ մըն է, որ կը կըտ-րենք: Նոյնիսկ իմացական աւիշի հոսքը սկսած է չորնալ: Միւս կողմէ՝ արդուկը գացած հարցեր մեզ արդէն կլանած են: Մեր ժամերը կը խլեն: Մեզ «կը խաղցնեն»: Կը զբաղեցնեն: Մեզ ուժասպառ կը դարձնեն: Մէյ մը ձեր շուրջը նայեցէ՛ք:
Եւ այս բոլորին իբրեւ հարազատ հետեւանք՝ մենք մեր մէջ կը սրդողինք ու մենք մեր մէջ ալ կը յուսահատինք: Լուծում կը փնտռենք: Լուծում չկայ, կ՛ըսենք: Կը կրկնենք, որովհետեւ մեր շուրջը լուծում ապահովող զարկերակ չկայ: Չունինք: Չենք տեսներ: Նաեւ գրեթէ գրական մթնոլորտ ալ չկայ: Գրական տեսիլքը կայ եւ չկայ: Երբեմն գրական փորձի մը ստուերը կը նշմարուի: Հաւաքական կամքի պակասն ալ զգալի է՝ կենսունակութեան կողքին:
Այս ընթացքով, կը կարծեմ, որ օր մը սփիւռքներու տարածքին, անձայն եւ անաղմուկ, սուսիկ-փուսիկ պիտի թաղենք մեր լեզուն եւ անոր հետ մեր մշակոյթը եւ ապա՝ ազգը:
Միւս կողմէ՝ շատերս ունինք խակ լաւատեսութիւն մը, որ նոյնքան ալ տղայական է, որովհետեւ ձրի գովասանքի մէջ մխրճուած ենք՝ գիտակցաբար եւ ոչ:
Ինչո՞ւ, սակայն, այս տողերը, ես ինծի հարց կու տամ անկեղծօրէն: Ինչո՞ւ այսքան յոռետեսութիւն, երբ տակաւին հոս-հոն մեր գրականութեան եւ պատմութեան սայլը առաջ քշողներ կան: Կ՛երեւին: Ու տակաւին, հորիզոնին վրայ հայ մտքի դրօշարշաւը յամառօրէն շարունակողներ կը տեսնուին ե՛ւ կը նշմարուին: Չմոռնանք:
Հաւանաբար, կը պատճառաբանէ միտքս, այս բոլորը բաւարար չեն՝ իբրեւ մեր մշակոյթի գոյութիւնը ապահովող էական ազդակ: Գիտենք եւ լաւատեղեակ ենք, որ հայ գրականութեամբ ապրիլը կամ մեռնիլը հայ գրագէտէն կախում ունի:
Տակաւին, տեսանելի է, թէ ինչպէ՛ս տակաւ կը նուազի հայախօսներու թիւը՝ հայերէն կարդացողներու եւ գրողներու թիւին հետ միատեղ: Նաեւ քաջատեղեակ ենք ու ամէն անգամ ալ կրկնած ենք, որ լեզու մը ողջ է, կը մնայ, կ՛ապրի, եթէ զայն խօսողներ կան: Սակայն չմոռնանք, որ լեզու գիտնալը բաւարար չէ: Ժամանակին մեր ուսուցիչները միշտ մեզի յիշեցուցած էին, որ լատիներէն գիտցողներ շատ կան, սակայն հիմա լատիներէնը մեռած լեզու է: Եւ աւելի՛ն. եթէ լեզու մը, որ չի խօսուիր տան կամ շուկայի մէջ, այլ խօսքով՝ ամէնօրեայ հաղորդակցութեան միջոց չէ, կ՛աղքատանայ, իր կարողականութիւնը կը կորսնցնէ եւ պատմութեան հոսանքին մէջ կը խեղդուի: Կ՛ընկղմի: Կը մեռնի:
Ուստի, կը կարծեմ, ամէն բանի պէտք ունինք՝ բացի անտարբերութենէն:
Նման խօսքերուս հետ նաեւ ձայնս ալ խառնուած է՝ իր հանդարտ անկեղծութեամբ:
Դիւրին բան չէ հայ ըլլալը, միշտ կրկնած եմ, որովհետեւ կեանքը իբրեւ հաւատք եւ հաւաքական ապրում՝ հայուն համար ազգային է: Այս օրերուն կարծես չափանիշներն ալ խախտած են եւ սկզբունքները՝ արժեզրկուած: Ուստի մտահոգութիւն է օրուան «արեւուն» պակասը:
Բայց պէտք է ըսեմ, որ անդին կայ մետալին միւս կողմն ալ: Այսպէս, ժամանակի մեր վազքը մեզ գրեթէ կը զրկէ մեր շուրջը տիրող զանազան երեւոյթներէն, մեր շրջապատին մէջ տեղի ունեցող անգոյն եւ գունաւոր անցուդարձերէն, որոնց իբրեւ արդիւնք եւ հետեւանք, այսպէս կոչուած, արժանաւոր մարդոց ու նոյնիսկ մեր մտերիմներուն յաճախ հեռուէն կը խօսինք, հեռուէն կը ծանօթանանք եւ կը բաժնենք մեր ուրախութիւնն ու տխրութիւնը եւ մեր վիշտն ու յաջողութիւնը:
Մէկ խօսքով, մեր կեանքի շատ մը իրադարձութիւններուն կամ հանդիպած հետաքրքիր անձնաւորութիւններուն ակամայ վերարժեւորում կը կատարենք տարիներու հեռաւորութիւններէն:
Ի՞նչ կրնանք ընել: Այս այսպէս է՝ ըսելով, մենք մեզ կը համոզենք, որովհետեւ ցարդ չկայ, գոյութիւն չունի նման մարդոց ո՛չ միայն կապուելու հնարաւորութիւնները, այլ նաեւ՝ ստեղծողն ու մթնոլորտը: Հաւանաբար այսպէս է ժառանգը: Հաւանաբար՝ չգրուած օրէնք: Իրարմէ հեռու եւ անջատ: Կարծես իւրաքանչիւր մտածող միտք իր շրջապատէն ներս փակուած, խարսխուած մնացած է եւ կամ կը սիրէ այդպէս մնալ: Յաճախ ալ՝ անտարբեր: Մարդ չ՛ուզեր շարժիլ: Ո՛չ ոք կը սիրէ իր տկարութիւնը տեսնել: Կարծես շատեր նոյնիսկ ծոյլ նստած են բազմոցներու վրայ ու միայն կը դիտեն:
Ուստի, ի՞նչ պէտք է ընել: Ինչպէ՞ս կապել գրողները իրարու հետ, եւ աւելի՛ն, մտաւորականը՝ իր մշակութասէր հասարակութեան հետ: Ո՞վ պիտի առնէ առաջին քայլը: Ո՞վ պիտի յաղթահարէ փոխադարձ խորթութեան այս շերտը: Ո՞վ պիտի ստեղծէ կլիման: Կը կարծեմ, որ այս բոլորը մեզմէ կախեալ է: Մեր բոլորէն: Մենք կը խուսափինք պատմութեան մէջ դեր ստանձնելու մեր պարտականութիւններէն: Ահա մտահոգութիւն մը՝ օրուան արեւուն պակասին նման:
Նաեւ կը կարծեմ, որ առաւելաբար կը տառապինք մթնոլորտի պակասէն եւ մթնոլորտ ստեղծելու ընդունակ տարրերու սակաւութենէն, ներքին հաւատքէն, նման աշխատանքներու իրագործման եւ յաջողութեան ծառայելու տենդէն, պատկանելիութեան հուրէն: Որովհետեւ…
Իբրեւ հայ գրող, մտաւորական եւ կամ պարզ անհատ՝ չունինք որոշ եւ յստակ ռազմավարութիւն մը, որ ծնունդ առած ըլլայ մեր ներկայ կեանքի նոր պայմաններու աշխատանքի եղանակէն: Ըսի՝ չունինք եւ թերեւս ալ ունինք, բայց տեղեակ չենք: Չենք գիտեր՝ որո՞ւ մօտ է կամ ո՞ւր թաքնուած է այս «անիծեալը»:
Բայց եւ այնպէս, ժամանակն է, որ ունենանք ապագայակերտ կեցուածք մը՝ անկախ մեր ազգային եւ քաղաքական գոյներէն: Ստիպուած ենք: Պայման է օրուան յատուկ պահանջներով ծրագրել եւ գործել:Մխիթարիչ պարագան երազի, գեղեցկութեան եւ յոյսի փնտռտուքն է:
Հարուստ մշակոյթ ժառանգած ժողովուրդ ենք: Գիտենք: Կը պոռանք: Կը հպարտանանք: Սակայն զայն արժեւորել պէտք է գիտնանք: Իսկ եթէ հայ միտքն ու ջիղը լծուած մնան ստեղծումի եւ կերտումի, այնքան աւելի ապահովուած կ՛ըլլանք մեր մշակոյթի գոյատեւումն ու բարգաւաճումը:
Լաւ յիշենք:
Դարերու երկայնքին հայ մշակոյթը իր ճամբան շարունակած է՝ հետեւելով հայեցի մեր դիմագիծին եւ մեր ժառանգած արեան բաբախումներուն: Ուստի®
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան