ԶԻԱՏ ՌԱՀՊԱՆԻ (ԱՍԱՑՈՒԱԾՔՆԵՐ - ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ)

Զիատ Ռահպանին ծնած է 1 յունուար 1956-ին: Զաւակն է համաշխարհային ծանօթութիւն ունեցող նշանաւոր երգչուհիներէն՝ Ֆէյրուզի (Նուհատ Հատատ): Լիբանանցի արուստագէտ, երաժիշտ ու թատերագիր: Իր սկզբնաւորութեան գրած է բանաստեղծութիւններ, սակայն յետագային նախընտրած է երաժշտութեամբ զբաղիլ: Բեմադրած է երաժշտական թատրերգութիւններ, որոնց միջոցով շատ յաճախ քննադատած է Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքը: Իր մօր՝ Ֆէյրուզի համար թէ՛ երգեր գրած է եւ թէ ալ եղանակաւորած է զանոնք:

- Կեանքի ընթացքին իւրաքանչիւր երկվայրկեան մարդ կայ, որ կը խնդայ: Հետեւաբար, աշխարհի մէջ մնայուն ծիծաղ կայ:

- Սկսած եմ վախնալ շատ քնանալէ, որպէսզի բոլորը չերթան ու ես առանձին մնամ:

- Եթէ ուրախ չըլլամ, չեմ կրնար աղօթել:

- Երանի չգիտնամ այն ինչ գիտեմ:

- Կը պատկերացնե՞ս, եթէ մէկը ընելու բան չունենայ բացի խօսելէ՝ ինչքա՜ն կրնայ խօսիլ, մանաւանդ եթէ Աստուած անոր կեանքը երկնցէ:

- Մօրս հարցուցի.
Ո՞ւր են այգիները.
ըսաւ. այնտեղ. ինչ որ այտեղ չկայ, այնտեղ կ՚ըլլայ:

- Մամ, մեր աշխարհին մէջ,
տգեղ շրջազգեստ չկայ,
այնքան ատեն, որ իւրաքանչիւր շրջազգեստ,
ունի մէկը, որ կը սիրէ հագուիլ զայն:

- Ճամբորդութեան ճանապարհներուն վրայ բազմաթիւ մարդիկ կը կանգնին. ո՛չ կու լան, ո՛չ լա կը խնդան. անոնք ճամբորդներ են:

- Ըսի անոնց. դռները չէ՞ք գոցեր:
Ըսին. Երանի՜ մեր բոլոր հոգերը գոցելիք դռներ ըլլային:

- Գիշերուայ հաւաքին խօսակցութիւնը կը շարունակուէր.
ըսի. մահէն բացի ուրիշ բանի մասին խօսեցէք:
ըսին. պատերազմի մասին խօսինք:
ըսի. պատերազմէն բացի:
ըսին. գաղթականներուն արցունքներուն մասին խօսինք:
ըսի. անոնց արցունքներէն բացի.
ըսին. սպասողներու մասին:
ըսի. սպասողներէն բացի:
ըսին. բացի աս բաներէն ուրիշ բան չենք գիտեր, այդ պատճառով ասանկ կը խօսինք:
ըսի. շարունակեցէք երեկոյթը այնպէս ինչպէս պատերը ու ո՛չ մէկ բանի մասին խօսեցէք, եւ իրարու նայեցէք՝ կրնայ ըլլալ, որ ձեր դէմքերը խօսին:

- Բոլորն ալ գիտեն, թէ կեանքի վայրկեանը մէկ անգամ կու գայ, ու գիտեն թէ ուրախութիւնը անոր մէջ աւելի լաւ է քան տըխ-րութիւնը: Սակայն, իրենք իրենց չեն հաւատար:

- Յոգնեցայ ու նստայ: Աղջիկ մը անցաւ կողքովս եւ ըսաւ.
Ինչո՞ւ ժամանակին վրայ նստած ես:

- Եթէ հաշուեմ տանս աստիճանները,
եւ քանի՞ անգամ անոնցմով բարձրացած եմ,
ապա այդ աստիճանը շա՜տ երկար կ՚ըլլայ՝
որ երկինքն իսկ կ՚անդրանցնի:
Եւ եթէ մօրս ժպիտները հաշուեցի,
ապա ամբողջ բարձրացած ընթացքին կ՚ընկերանան ինծի,
ու ելլելէս ետք այդ ժպիտները աստիճաններուն վրայ ինկան՝
ու ծաղիկներ ծաղկեցան:

- Կը յուսամ, որ հրաժեշտը կ՚ըլլայ այնպիսի ժամի մը, որ ես չեմ ըլլար,
Կը յուսամ, որ թռչունները կը սպաննուին օր մը, երբ ես հեռու կ՚ըլլամ,
Կը յուսամ, որ սիրելիներս մեռնին այն օրը, երբ ես ճամբորդութեան մէջ ըլլամ,
Շա՜տ կը յուսամ,
որովհետեւ արցունքոտ աչքերը կը լացնեն զիս,
եւ ինչքա՜ն բաներ կան,
որոնցմէ կը փորձեմ խուսափիլ,
սակայն արցունքներէն փախուստ չկայ:

- Պարզ մարդը երբ հասկցաւ, որ ինք պարզ է, այլեւս պարզ չէ:
Մարդը, երբ որ իրականութիւնները գիտցաւ…, երազներու անկողինէն ինկաւ:

- Ա՜հ, եթէ խօսիլը հացի նման գնուէր, որով ո՛չ ոք կրնար խօսիլ, բացի եթէ խօսքեր գնէր:

- Գաղթականներու զաւակներուն թուղթեր բերի
ու խնդրեցի անոնցմէ, որպէսզի ծառեր գծեն.
դատարկ ճիւղեր գծեցին՝
գետնին փռուած,
ու անոնց վրայ թնդանօթ ու զինուրներ:
Ըսի. չէ, բացի ատկէ,
ծաղիկ ու տուն գծեցէք:
Անձրեւի ջուրերուն մէջ նետուած ծաղիկներ գծեցին,
որ զինուորները կը կոխէին:
Ըսի. չէ, բացի ատկէ,
երգող թռչուն մը գծեցէք,
ինչպէս նախապէս կը գծէիք:
Լացող թռչուն մը գծեցին,
ու իջնող անձրեւ…
Լռեցի, թուղթերը վերցուցի
ու գացի…:

ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԾ Է

Յիշէ, ինչ կ՚ըսէիր ինծի,
Ինչ ալ ըլլայ,
Սպասէ ինծի ու աղօթէ,
Աստուած մեծ է…
Այդ օրէն ի վեր ի՞նչ եղաւ,
Այսքան օրերէ ի վեր,
Շատ բան չեղաւ,
Ինչ որ եղաւ ու ինչ որ պիտի ըլլայ՝
Աստուած մեծ է:

Կը յիշես ինչքան ըսիր ինծի,
Թէ այս կեանքը կարճ է,
Ու թէ ինծի պէս մէկը չկայ,
Ու սէրս վերջինն է,
Այդ օրէն ի վեր ի՞նչ եղաւ,
Այսքան օրերէ ի վեր,
Շատ բան չեղաւ,
Ինչ որ եղաւ ու ինչ որ պիտի ըլլայ՝
Աստուած մեծ է:

ՓՈՔՐԻԿ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Ահա քեզի պատմութիւն մը կը պատմեմ իմ մասիս,
Շատ տգեղ,
Ու շատ գեղեցիկ,
Բայց այսպէս ալ կ'՚ըլլայ:
Ասիկա հաւատալի պատմութիւն մըն է,
Ամէն օր կ՚ըլլայ,
Ու շա՜տ կ՚ըլլայ,
Լսէ՛ զայն. կը խնդրեմ, ինծի համար,
Թերեւս ես այն աղջիկը չեմ,
Որու մասին կը մտածես,
Բայց միայն ես երթամ,
Դուն պիտի զղջաս ինծի համար:
Ի՜նչ լաւ է վաղը, ի՜նչ լաւ,
Ի՜նչ լաւ է հիմակուընէ, ի՜նչ լաւ:
Անպայման պիտի պատահի,
Ու անոր սահման չի դրուիր,
Մենք միայն կրնանք օրերը հաշուել ու հաշուել,
…Ի՜նչ օրեր կորսնցուցինք,
Ու երազները…, ինչքա՜ն երազներ մեծցուցինք,
Ու կ՚ըսեմ քեզի թէ մտահոգ եմ, բայց դուն
կը մտնես ու կը քնանաս
Ի՜նչ լաւ է սէրդ, ի՜նչ լաւ…

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունուար 23, 2020