ՍՈՉԻԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ ՅԱՋՈՂԱԾ Է
Սոչիի ժողովն ու Սուրիոյ ընդհանուր պատկերը…
Եթէ երկու բառով փորձենք վերլուծական հայեացքով բնութագրումը կատարել անցեալ շաբաթ՝ 14 փետրուար 2019-ին, Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովին, ապա մէկ նախադասութեամբ պիտի ըսենք՝ «սպասողական»։ Սպասողական, գուցէ եւ առանց չակերտներու, որովհետեւ Սուրիոյ տագնապի որեւէ շերտի, քաղաքական օրակարգի կամ նոյնիսկ երկխօսութեան մասին եղած կանխատեսում կամ գուշակութիւն կրնայ սխալ ըլլալ։
Ներկայիս ամենակարեւորը այն է, որ Մոսկուայի ճիգերով պատրաստուած եւ վերջին մէկ տարուան ընթացքին բաւական ամրացած քաղաքական հարթակը, որուն մաս կը կազմեն շրջանային երկու հիմնական ուժեր՝ Թուրքիան ու Իրանը, դարձած է վստահութիւն ներշնչող հարթակ մը, նոյնիսկ անոնց համար, որոնք խորթ կրնան համարել Սուրիոյ մէջ Մոսկուայի կողմէ տեղի ունեցած եւ զանազան մակարդակներով երեւցած միջամտութիւնը։
Ի դէպ, Սոչիի այս հանդիպումը, իր այս ձեւաչափով չորրորդն էր (Սոչիի այս ձեւաչափի առաջին ժողովը կայացած էր՝ նոյեմբեր 2017-ին) եւ յստակ է նաեւ, որ նման հանդիպումները պիտի շարունակուին ընդգծելու եւ ճանապարհ բանալու համար ներսուրիական քաղաքական երկխօսութեան, որուն հիմքով ալ կարելի պիտի ըլլայ քաղաքական գործընթացներուն մասնակից դարձնել Սուրիոյ պատերազմին մասնակցած եւ Արեւմուտքին կողմէ «չափաւորական» համարուած ընդդիմադիր թեւերը։
Ամէն պարագայի այսօր աւելի քան յստակ է, որ Սոչիի ձեւաչափով ժողովներուն հիմնական նպատակն է արեւ-մըտեան կողմին յղել որոշակի, բաւականին կուռ եւ յստակ «պատգամ»ներ, որոնց մէջ ամենէն առաջնային կէտը անշուշտ Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան խնդիրն է ու նաեւ սուրիացի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութիւնը։
Ի դէպ, այս բոլորէն անդին պէտք է անպայման նշել, որ Սոչիի մէջ ընթացք առած ժողովները սկսան աւելի ազդեցիկ ներկայութիւն ըլլալ այն ժամանակէն ի վեր, երբ Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական շարք մը երկիրներու կողմէ առաջադրուած Ժընեւեան ժողովները մեղմ ըսած «ջուրը ինկան»։ Այդ ժողովները ի չիք դարձան, ոչ թէ անոր համար, որ Սէուտական Արաբիա, Ծոցի արաբական շարք մը երկիրներ ու ապա Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա հրաժարեցան այդ ժողովներու ձեւաչափէն, այլ անոր համար, որ նոյն այդ ուժերուն կողմէ հովանաւորուած ընդդիմադիր ուժերը թուլացան, չըսելու համար ի չիք դարձան։ Այդ մէկը անշուշտ պայմանաւորուեցաւ Սուրիոյ մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւններով, որոնց արդիւնքով ալ սուրիական բանակը յաջողեցաւ կարեւոր յառաջընթաց արձանագրել ու զինեալներու ձեռքէն խլել սուրիական շարք մը քաղաքներ, որոնց ամենէն կարեւորները դարձան՝ Դամասկոսն ու Հալէպը։ Անշուշտ երբ այս քաղաքներուն կ՚ակնարկեմ, ապա անպայման պէտք է հաշուի առնել, որ այդ քաղաքներու կարեւոր մէկ հատուածը արդէն իսկ կը գտնուէր սուրիական կառավարութեան տիրապետութեան տակ։ Բայց եւ այնպէս, Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը ձեւով մը քաղաքական միաւոր կու տար այն ընդդիմադիրներուն, որոնք կը հովանաւոր-ւէին մասնաւորապէս Ռիատի կողմէ։
Եւ այսպէս, երբ գետնի վրայ առկայ վիճակը արագօրէն իր սլաքները դէպի իշխանութիւն փոխեց, յստակ էր արդէն, որ արեւմտեան շարք մը տէրութիւններ ստիպուած եղան վերատեսութեան ենթարկել իրենց մօտեցումները եւ համոզուիլ, որ առնուազն այս փուլին Պեշար Էսատ պիտի շարունակէ մնալ իշխանութեան վրայ։
Ի հարկէ, շատ դժուար էր այդ պետութիւններուն համար արագօրէն տեսակէտ փոխել եւ ընդունիլ Էսատի օրինականութիւնը ու անոնք բաւական խելացի քայլով մը Սուրիոյ համար որդեգրեցին բաւականին գործնական քաղաքականութիւն մը, որ այս փուլին կ՚առանձնացուի դէպքերուն միայն հեռուէն հետեւելու հասկնալի դրոյթով։
Այս բոլորի կողքին անշուշտ պէտք է աւելցնել Միացեալ Նահանգներու կողմէ (առերեւոյթ) Սուրիայէն իր զօրքերը դուրս բերելու մասին որոշումը, որուն լրջութիւնը այսօր կը զարնուի խաղին հետեւող կողմերու կասկածներուն եւ նոյնիսկ ծաղրուծանակին։
Այս ընդհանուր պատկերին վրայ, այսօր յստակ սկսած է դառնալ, որ Միացեալ Նահանգներ կ՚ուզէ ամէն գնով դուրս գալ սուրիական «խաղ»էն, եւ անշուշտ կը փափաքի աշխարհին, նաեւ իր դաշնակիցներուն բացատրել, թէ իրենք չեն պարտուած Սուրիոյ մէջ ու այս փուլին կը նախընտրեն հեռուէն հետեւիլ Սուրիոյ զարգացումներուն։
Ահա՛, այս ընդհանուր իրավիճակին մէջ է, որ տեղի կ՚ունենար Սոչիի ժողովը, որուն մասնակից երկիրներուն համար ինչպէս երէկ, այսօր ալ կան շարք մը կարեւոր կէտեր, որոնց ամենէն գըլ-խաւորը՝ ինչպէս վերը նշեցի, Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան հիմնահարցն է։
Թէ ի՞նչ հիմքերով պիտի շարունակուին այս ժողովները, յստակ է, բայց եւ այնպէս գոյութիւն ունի միտում, որուն հիմքով ալ եռակողմ գագաթի առաջնորդները համոզում ունին, թէ այս ձեւաչափի ժողովներուն շատ կարեւոր է Սուրիոյ մասնակցութիւնը. որովհետեւ առանց Սուրիոյ մասնակցութեան այս տիպի ժողովներէն բխած որեւէ որոշում պիտի չհատէ խորհուրդ տալու, թաւ փափաքներ ունենալու մօտեցումը, որուն շատ ալ կարիք չունի պատերազմէն յաղթական դուրս եկած այդ երկիրը։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՌՈՒՀԱՆԻԻ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Սոչիի գագաթաժողովի աւարտին կարեւորագոյն յայտարարութիւններ կատարեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի։ Կարեւոր, ոչ անոր համար, որ անոր հնչեցուցած խօսքերը ինքնատիպ էին, այլ անոր համար, որ Հասան Ռուհանի հրապարակային կերպով եւ գուցէ առաջին անգամ բացայայտ կերպով խօսեցաւ Անգարա-Դամասկոս լարուած վիճակի աւարտի կարեւորութեան մասին։ Ան ընդգծեց նաեւ, որ ինք պատրաստ է միջնորդ դառնալ մէկ կողմէ Թուրքիոյ նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ միւս կողմէ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի միջեւ։
Ռուհանի մասնաւորապէս ըսաւ. «Մենք քննարկեցինք Իտլիպի իրավիճակը եւ եկանք այն համաձայնութեան, թէ Իտլիպի մէջ գտնուող ահաբեկիչները պէտք է հեռանան այդ շրջանէն: Այս օրերուն շատ կը խօսուի այն մասին, թէ այդ շրջաններուն մէջ գտնուող ահաբեկիչներէն խումբեր կ'ուղարկուին Աֆղանիստան, եւ սա շատ վտանգաւոր հանգամանք է»։ Ռուհանի նաեւ կարեւոր շեշտ դրաւ սուրիացի փախստականներու իրավիճակին ու անոնց թըղ-թածրարին վերաբերեալ նախատեսուած կարեւոր քայլերու մասին ու ըսաւ. «Օրակարգի այլ կարեւոր քննարկում մըն էր նաեւ Սուրիոյ փախստականներու հարցը։ Իմ կարծիքով՝ Սուրիոյ փախստականներու տունդարձը ապահովելու կարեւորագոյն ճանապարհը բոլոր շըր-ջաններուն, յատկապէս՝ Իտլիպի մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու վնասազերծումն ու հեռացումն է, հակառակ պարագային սուրիացի փախստականները չեն վերադառնար իրենց երկիրը»: Ռուհանիի խօսքի վերջին հատուածը յատկացուած է մանաւանդ Սուրիոյ քիւրտերու, ինչպէս նաեւ Անգարա-Դամասկոս լարուած իրավիճակը վերացնելու խնդրին։ Իրանցի խոհեմ նախագահը այդ մասին ըսաւ. «Ինչ կը վերաբերի քիւրտերուն, որոնք Սուրիոյ ժողովուրդի կարեւոր մէկ մասն են: Այդ քիւրտերը պէտք է հասկնան, որ իրենց միակ ապաւէնը Սուրիոյ կառավարութիւնն է եւ ամերիկեան բոլոր միջամը-տութիւններն ու քիւրտերուն տուած անոնց բոլոր խոստումները սուտ են: Ամերիկացիները ոչ մէկ պարագայի դրական դեր ունեցած են Սուրիոյ մէջ. սա իրականութիւն է: Կ՚ուզեմ նաեւ կարեւորել, որ բոլոր այն երկիրները եւ տէրութիւնները, որոնք ապօրինի կերպով Սուրիոյ մէջ իրենց բանակները տեղակայած են, օր առաջ պէտք է հեռանան այդ երկրէն: Սուրիա-Թուրքիա սահմանը կարեւոր է, այդ հատուածը պէտք է վնասազերծուի, ահաբեկիչները պէտք է հեռացուին այդտեղէն։ Սահմանը պէտք է վերահսկեն երկու պետութիւններու՝ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ կառավարական զօրքերը»։
ԷՍԱՏԻ «ԱՆՀԱՄԱՏԵՂԵԼԻ» ՀԱԿԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ
Սոչիի ժողովին մելանը դեռ չչորցած՝ Պեշար Էսատ Դամասկոսի իր նստավայրին մէջ կ՚ընդունէր երկրի զանազան շրջաններէն մայրաքաղաք փութացած Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչները։ Անդրադառնալէ ետք երկրի ներքին ընդհանուր իրավիճակին ու այդ առումով ալ տալով բաւականին տեղին գնահատականներ, Էսատ գրոհի կ՚անցնէր թիրախ ունենալով նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ու Սուրիոյ քիւրտերը։
Սոչիի ժողովներուն հետեւած վերլուծաբաններն անգամ «ափ ի բերան» կը մնային լսելէ ետք Էսատի հնչեցուցած խօսքերը եւ այն մի քանի պատճառներով։
Նախ անոր համար, որ մասնաւորապէս վերջին չորս-հինգ ամիսներուն Անգարա-Դամասկոս գիծին վրայ հաստատուած է «հրադադար». երկրորդ՝ անոր համար, որ Սոչիի ընդհանուր մթնոլորտը կը յուշէր, թէ ժողովին մասնակից բոլոր առաջնորդները եկած են այն համոզման, որ Էրտողան եւ Էսատ պէտք է քով-քովի գան։
Անշուշտ կարելի է երկարել վարկածներու շարանը, սակայն յստակ է, որ յատկապէս Սուրիոյ քիւրտերու պարագան տարբեր առումներով ալ ի մի կրնայ բերել Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ առաջնորդները, անշուշտ բխելով իւրաքանչիւր երկրի ընդհանուր շահերէն։
Ամէն պարագայի, Էսատի այս խօսքին Անգարան կը մնար լուռ։ Բան մը՝ որ կը յուշէ, թէ այս բոլորէն անդին կայ նախատեսուած բեմագրութիւն մը, որուն ընթացակարգով ալ պիտի յառաջանան զարգացումները։
Ինչ ալ ըլլան խօսակցութիւնները, պէտք է յաջողած համարել Սոչիի գագաթաժողովը, որմէ բխած տրամադրութիւններուն ամրագրումը Սուրիան աւելի պիտի մերձացնէ քաղաքական լուծումներու ընդհանուր սանդղակին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան