ԴԱ՛ՐՁԵԱԼ CORONA VIRUS
Ինչպէս կ՚ակնկալուէր, corona virus-ը աշխարհի տարածքին կը շարունակէ գործել իր մարդկային աւերը, իսկ մեր մէջ մարդկայինին վրայ կ՚աւելնայ... լեզուական աւեր մըն ալ:
է՜հ, մեզ հայ են ասում...
Պէտք է ուրիշներէն քիչ մը աւելին ունենայինք. ահա այս «գիտակցութեամբ» ալ՝ հոն, ուր օտարները գոհացած են մէ՛կ անունով, հայերէնի մէջ արդէն ունէինք չորս անուն, անկէ ետք յառաջացան նորերը եւս. ահաւասիկ՝ կորոնավիրուս, թագավարակ, գորոնա ժահր, քորոնա ժահր, պսակաձեւ ժահր, պսակաձեւ վարակ, թագաժահր, պսակաժահր, ուրեմն՝ ութ անուն... գալիքներէն բացի:
Պէ՞տք է մտահոգուիլ այս իրավիճակով, թէ՞ ոչ:
Այստեղ հարց մը չունինք անոնց հետ, որոնք ընտրած են ամբողջական կամ մասնակի օտար եզր մը՝ կորոնավիրուս, գորոնա ժահր, քորոնա ժահր. օտարամոլութեան ժահրին տրուած ծանօթ տուրքեր են ասոնք:
Կեդրոնանանք, ուրեմն, բոլորովին հայեցի մտածուած եզրերեուն վրայ:
ա) - թագաժահր,
- թագավարակ,
- պսակաժահր,
բ) - պսակաձեւ ժահր,
- պսակաձեւ վարակ:
Անցնող օրերուն բժշկագիտական բաւական արժէքաւոր յօդուածներ հրատարակուեցան մեր մէջ, սակայն անոնց կիրարկած եզրերը այնքան ալ ներդաշնակ չէին իրենց բովանդակութեան հետ:
Ուրեմն բերուած ցանկի հինգ անուններուն երեքը համադիր բարդ բառեր են, որոնց երկու բաղադրիչները գոյական են, վերջին երկուքը՝ յարադիր բարդ բառեր, որոնց առաջինը ածական մըն է, երկրորդը գոյական մը:
Քննենք հայերէնի բառակազմուեան այս երկու կաղապարները:
* * *
ա) Առաջին խումբը՝ գոյական+ա+գոյական
Երբ բարդ բառին բաղադրիչները գոյական են, այդ բաղադրիչներէն առաջինը կ՚ընկալուի իբրեւ սեռական հոլով յատկացուցիչը երկրորդին. օրինակ՝ գետաձի կը նշանակէ գետի ձի, դաշտամուկ կը նշանակէ դաշտի մուկ: Եւ այսպէս շարունակ: Արդ, մեզ հետաքրքրող վերի ցանկին առաջին երեք եզրերը այս տրամաբանութեամբ պիտի նշանակեն՝
- թագի ժահր
- թագի վարակ
- պսակի ժահր
Այլ խօսքով՝ երեքին մէջ ալ կայ պատկանելութեան գաղափարը, ուր պատկանողը երկրորդ բաղադրիչն է, որ կը պատկանի առաջինին. ժահրը կը պատկանի թագին, վարակը կը պատկանի թագին, ժահրը կը պատկանի պսակին:
Այս իմաստները կրնա՞ն գոհացնել մեզ, հա՞շտ են մեր հայեցի մտածողութեան ու ճաշակին հետ: Եւ յետոյ՝ ճիշդ կը թարգմանե՞ն խնդրոյ առարկայ ժահրին բնութիւնը: Corona virus լատիներէն բառակապակցութեան մէջ պատկանելութեան գաղափարը բացարձակապէս չկայ. corona-ն սեռական հոլով յատկացուցիչ չէ եւ virus-ն ալ իրեն չի պատկանիր: Corona-ն ցոյց կու տայ ձեւ մը, եւ virus-ին ձեւն է այդ:
բ) Մինչդեռ պսակաձեւ ժահր եւ պսակաձեւ վարակ՝ ասոնք կը գոհացնեն մեր պահանջը, քանի կը ներկայացնեն բառային այնպիսի կառոյցներ, ուր առաջինը ցոյց կու տայ երկրորդին ձեւը, ճիշդ corona virus-ին իմաստային կաղապարով:
Իսկ այս երկուքէն ո՞ր մէկը նախընտրել, քանի ընդունելի չէ, որ նոյն մանրէն կրէ երկու տարբեր անուններ,- պսակաձեւ ժա՞հր, թէ՞ պսակաձեւ վարակ1:
Առաջին բաղադրիչները նոյնն են՝ պսակաձեւ. ուստի բաղդատենք երկրորդ՝ ժահր եւ վարակ բաղադրիչները:
* * *
Վարակ եզրը սխալ չէ, միայն թէ ան շատ ընդհանուր է. վարակ կը կոչուին բոլոր մանրէները անխտիր, որոնք կրնան վնասել առողջութեան:
Մինչդեռ ժահր եզրը կը բնորոշէ վարակի այն ենթատեսակները, որոնք արդի մանրադիտակներով տեսանելի չեն, այսինքն՝ 0.2 միքրոնէն աւելի փոքր են, որ կը նշանակէ մէկ միլիմեթրի հինգ միլիոներորդ մասը: Ասոնք ենթամանրադիտակային (submicroscopique) մանրէներ են, որոնք ի յայտ կու գան տարբեր հետազօտումներով:
Այս տուեալներով՝ ժահրը վարակի տեսակ մըն է:
Վարակը ընդհանուր անուն մըն է:
Ժահրը մասնաւորող անուն մըն է:
Եւ բնական է, որ ընտրուի մասնաւորող անունը:
Բաղդատեցէք՝ արհեստաւոր եւ ոսկերիչ, ծառ եւ նշենի, մետաղ եւ երկաթ, կազ եւ ջրածին, պտուղ եւ խնձոր զոյգերը:
Վարակը՝ արհեստաւորին, ծառին... դիրքին մէջ է, իսկ ժահրը՝ ոսկերիչին, նշենիին:
* * *
Վերջին հարցադրում մը եւս. ինչո՞ւ ընտրել պսակ արմատը եւ ոչ՝ թագ, խոյր հոմանիշները: Ինչո՞ւ ըսել պսակաձեւ եւ չըսել թագաձեւ կամ խոյրաձեւ:
Թագը ընդհանրապէս ամանաձեւ կը հանգչի գլխուն վրայ եւ կ՚ընդգրկէ անոր մէկ մասը, երբեմն մինչեւ ականջները: Խոյրը այս նոյն յատկութեան վրայ կ՚աւելցնէ իր երկարութիւնն ու բարձրութիւնը. յիշել Արտաշէս Ա-ի կամ Տիգրան մեծի, այլեւ մեր եպիսկոպոսներու կրած խոյրերը:
Պսակը, այս երկուքին հոմանիշ ըլլալով հանդերձ, անոնցմէ կը տարբերի իր ձեւով. ան գրեթէ տափարակ կը հանգչի գլխուն վերեւ, դափնեպսակի մը պէս եւ հազիւ կը ծածկէ ճակատին վերնամասը, այն նարօտին պէս, որով պսակադիր քահանան կը զարդարէ ամուսնացող զոյգին գլուխները:
Արդ, խնդրոյ առարկայ ժահրին պատկերը ամենէն աւելի կը նմանի այս վերջինին: Ստորեւ կը կցեմ զայն: Հրապարակ հանուեցան ուրիշներ ալ, որոնք հարազատին սքեմացած (schématisé) տարբերակներն են պարզապէս:
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
1 Այսօրուան տուեալներով ունինք թերթ, որ կը կիրարկէ երկու եզր, ունինք մինչեւ երեք եզր կիրարկող լրագիր: Երբ հետաքրքրուեցանք՝ ըսուեցաւ. «Ի՞նչ վնաս ունի, մայրենիին համար հարստութիւն մըն է»:
Է՜՜՜հ, եթէ կ՚ուզէք: Կը նմանի տան մէջ քանի մը հայր ունենալուն, որոնցմէ մէկը բնախօսական հայրն է, միւսը կամ միւսներն ալ... օժանդակ հայրերը, որոնք հանգիստ կը գոյակցին նոյն յարկին տակ: Հապա՞՞՞: