ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆ

Կազզէի առկայ պատերազմի պայմաններուն ներքեւ, Իսրայէլի հասարակութեան մէջ հնչած այլընտրանքային ձայները առանձին ուշադրութիւն կը գրաւեն։ Վերջին օրերուն «Ետիհոթ Ահրոնոթ» պարբերականը լոյս ընծայեց յայտնի մտաւորական Եովալ Նոյ Հարարիի կարեւոր դիտարկումներուն։ Ան հեղինակաւոր մտաւորական մըն է։ Յօդուածին մէջ ներկայացուած է Իսրայէլի առկայ բարդ իրականութիւնը՝ հաւաստելով, որ վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի կառավարութիւնը յայտնուած է վտանգաւոր անորոշութեան մը մէջ։

Հարարի, որ Իսրայէլի մտաւոր հոսանքներու թագն ու պսակը կը համարուի, ճիշդ է՝ չի համարձակիր մեծխօսիկութեան կամ իր կառավարութեան խորհուրդներ տալու, սակայն կը ջանայ հասարակութեան բացատրել, որ այս պատերազմը անիմաստ էր, որովհետեւ ուղղուած չէր լուծումներու, այլ միայն ոչնչացնելու։ Ճիշդ է՝ ան չի խօսիր արաբներու եւ յատկապէս Պաղեստինի ժողովուրդին հետ լեզու մը գտնելու մասին (ի հարկէ, տակաւին վաղ է այդ մասին խօսելու համար), սակայն կը դիտարկէ, որ այս ընթացքով Իսրայէլ թաւալգլոր կ՚ընթանայ դէպի պարտութիւն։ Ու յաղթանակը այս պարագային ոչնչացնելով պիտի չըլլայ, ո՛չ ալ հազարաւոր անմեղ մարդոց կեանքը խլելով կամ ամբողջ Կազզէն գետնի հաւասարեցնելով։ Երեւութական յաղթանակը, որուն համար կը պայքարի Իսրայէլի կառավարութիւնը այսօր, կեղծ օրակարգ պիտի դառնայ։ Արդարեւ, իր իսկ վսեմագոյն զաւկին վկայութեամբ՝ երկիրը հեռացած է այն արժէքներէն, որոնց համար պէտք է պայքարի։ Ու զուգահեռաբար ամբողջ աշխարհ սկսած է ատել Իսրայէլը… «Եթէ այսպէս շարունակուի, ապա պիտի յաղթէ «Համաս»ը», կը դիտարկէ յայտնի մտաւորականը։

Հարարիի յօդուածին առանցքային մատնանշումներէն մին հետեւեալն է. «Իսրայէլի կառավարութիւնը այսօր կը գտնուի նպատակներու սովի մը դիմաց եւ անոր գլխաւոր դէմքը՝ Նեթանիյահուն լծուած է իր աթոռը փրկելու գործին։ Կազզէի մէջ յաղթանակը բաժին պիտի իյնայ ո՛չ թէ անոր, որ աւելի շատ կը սպաննէ, աւելի շատ գերի կը վերցնէ, աւելի շատ տուներ կ՚աւերէ, աւելի շատ հողեր կը գրաւէ, այլ անոր, որ աւելի մօտ է հասնելու իր քաղաքական նպատակներուն։ «Համաս»ի քաղաքական նպատակները լիովին պարզ են եւ անոնցմէ մի քանին արդէն իսկ ապահովուած են։ Ժամանակը «Համաս»ի ի նպաստ կ՚աշխատի՝ աւելիին հասնելու համար։ Մինչդեռ Իսրայէլի նպատակները մշուշոտ են եւ կամ առհասարակ գոյութիւն չունին»։

Յօդուածին մէջ յիշեցուած է, որ մինչեւ 2023 թուականի հոկտեմբերի 7-ը տարածաշրջանի մթնոլորտը, նաեւ Իսրայէլի իրավիճակը բոլորովին տարբեր էին։ Պատերազմի սկիզբը տապալեց ամէն ինչ։ Իսրայէլի պետութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութեանց բնականոնացման ուղղութեամբ շատ բարձր մակարդակի բանակցութիւններ կ՚ընթանային, սակայն «Համաս» ամէն ինչ տապալեց իր գործողութեամբ։ Ան հասած է աւելիին՝ քան կ՚ակնկալուէր, երբ ան յաջողեցաւ վերահաստատել թշնամութիւնը Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ, իսրայէլցիներու եւ արաբներու միջեւ։ «Համաս» ոչնչացուց կողմերու միջեւ ապագայ բնականոնացման ամէն հնարաւորութիւն եւ Իսրայէլի դէմ սերմանեց ատելութիւն, զոր հիմնաւորեց աշխարհի հարիւր միլիոնաւոր մարդոց միտքերուն մէջ: Ամբողջ աշխարհին մէջ Իսրայէլի դէմ տրամադրութիւնները կ՚աճին եւ ան միջազգային դիրքի աննախընթաց անկում մը կ՚ապրի։ «Համաս» ամէն օր յաւելեալ քայլ կը կատարէ իր ճանապարհին՝ դէպի յաղթանակ:

Յայտնի մտաւորականը համոզուած է, թէ Տաճար լերան վրայ իւրաքանչիւր առճակատում եւ «Հիզպուլլահ»ի ու Իսրայէլի միջեւ կռիւներու իւրաքանչիւր օրը հերթական «ռուլէթ» մըն է՝ հաշուի առնելով, որ աւելի մեծ հաւանականութիւն կայ, որպէսզի Կազզէի հրդեհը աւելիով բռնկի եւ տարածուի ներառելով Արեւմտեան ափը, «Հիզպուլլահ»ը, Իրանն ու այլ ուժեր։ Այս առումով չի բացառուիր, որ եթէ պատերազմը համընդհանուր դառնայ, ապա Իսրայէլ կ՚ենթարկուի աւելի ծանր հարուածներու, որոնք նուազ ազդեցիկ պիտի չըլլան՝ անցեալ տարուան հոկտեմբերի սկիզբին բաղդատմամբ։ Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի նպատակներուն, ապա անոնք իսկապէս գոյութիւն չունին։ Անոնց անորոշութիւնը կրնայ Իսրայէլը պարտութեան մատնել, եթէ նոյնիսկ ան յաղթէ բոլոր մարտերուն եւ յաջողի զինաթափել «Համաս»ը։ Այդ ձեռքբերումները պիտի համարուին ռազմական յաջողութիւններ ու ո՛չ թէ քաղաքական նպատակներու իրականացում։

Հարարի կը դիտարկէ, որ Իսրայէլ նոյնիսկ չի գիտեր, թէ ո՞ւր կ՚երթայ։ Այս պարագային իրեն համար շատ դժուար է ընտրել այն ճանապարհը, որով պէտք է ընթանայ։ Արդեօք այդ ճանապարհը պէտք է անցնի՞ Ռեֆահի ճամբարին վրայ յարձակումով, թէ հաւանական հրադադարի մը կնքումով։ Նեթանիյահուի քաղաքական տեսլականը միայն մէկ նպատակ ունի. փրկել սեփական գահը։ Կառավարութեան մնացեալ անդամները դարձած են Աստուածաշունչի չքնաղ տեսիլներու գերին: Պէտք է ձեւաւորել այլընտրանքային կառավարութիւն մը՝ իրատես քաղաքականութեան մը տեսլականով, որովհետեւ առանց յստակ քաղաքականութեամբ նախարարաց խորհուրդի մը հանդուրժելը եւ անով պատերազմ վարելը Իսրայէլի տեսակէտէ պարտութեան երաշխաւորուած բաղադրատոմս մըն է։ Գերիներու վերադարձման կարգախօս-պահանջը՝ որպէս պատերազմի յայտարարուած նպատակ, այլեւս բացարձակապէս համոզիչ չէ եւ այդ առումով նոյնիսկ գերիներու ընտանիքները մատնուած են անորոշութեան։

«Իսրայէլ եթէ նոյնիսկ յաջողի «Համաս»ը զինաթափել ռազմական ձեւով եւ եթէ այդ քայլը չունենայ քաղաքական հորիզոն, ապա «Համաս»ը յաղթական դուրս եկած պիտի ըլլայ այս խաղէն», եզրափակած է իր յօդուածը յայտնի մտաւորականը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մարտ 23, 2024