ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ
ԳՈՂԻ ՄԸ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԹԻՐԱԽԸ…
Ընդհանրապէս ոգելից ըմպելիքներու, ոսկերչատուներու եւ թանկագին իրերու խանութները, ինչպէս նաեւ դրամատուները թիրախը կը հանդիսանան նշանաւոր գողերուն՝ որովհետեւ անոնց գողօնը պարարտ է։
Վերոյիշեալ ընդհանրացումին մէջ սակայն միշտ ալ կան բացառութիւններ եւ այսօրուան մեր նիւթը կը կեդրոնանայ այդ բացառութիւններէն՝ անսովոր թիրախի մը շուրջ, որ խորապէս ազդած է շրջանի բնակչութեան վրայ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ եւ ապա դատողութիւնը կը ձգեմ ձեր հայեցողութեան։
Այդ դէպքը պատահած է Քենթաքի նահանգի Լուիզուիլ քաղաքին մէջ եւ խնդրոյ առարկայ գողն է 35 տարեկան Ճէյմս Ռիթզը, որ յետագային անդրադառնալով իր գործած աններելի սխալին՝ ներողութիւն խնդրած է քաղաքի բնակիչներէն։ Ան՝ երկտողով մը սապէս արտայայտուած է, «Ներողութիւն կը խնդրեմ որ արարքս շատերուն ցաւ պատճառեց։ Ես երբեք չէի ուզեր վիրաւորել մէկը։»
Բայց ի՞նչ եղած է իր թիրախը։ Հիմա երբ բացայայտեմ՝ բոլորովին պիտի զարմանաք եւ իսկոյն պիտի դատապարտէք եղած ստորին արարքը։ Ան գողութեան գացած է շրջանի Ս. Ստեփանոս գերեզմանատունը եւ սկսած է գողնալ գերեզմաններու վրայ զետեղուած ծաղիկներն ու զանազան արձանիկները…
Է՜հ, ուրիշ տեղ չմնա՞ց թալանելու! Իսկ այդ աւարը ի՞նչ գումար պիտի հայթայթէ քեզի, որ այդքան կը ստորնանաս՝ մարդ արարած։ Մի քանի փունջ ծաղիկի եւ կամ մի քանի արձանիկներու համար կ՚արժէ՞ գողութեան երթալ գերեզմանատուն եւ պղծել՝ հոն յաւիտենական հանգիստը գտնողներուն յիշատակները, որոնք նուիրուած են իրենց սիրելիներուն կողմէ։
Սուզան Սեթըլս՝ գերեզմանատան կամաւոր աշխատողն է, որ ստանձնած է գերեզմաններու հոգատարութիւնը։ Ան անդրադառնալով եղածին՝ սապէս արտայատուած է, «Սիրտս կտոր-կտոր կ՚ըլլայ, որովհետեւ մեռելները ձայն չունին եւ արձան մը կամ փունջ մը ծաղիկ նուիրելը՝ միակ սփոփանքն է հանգուցեալի հարազատներուն, որ յիշեն իրենց սիրեցեալ ազգականը։»
ՃԿՈՒՆԸ, THE RESILIENT…
Սա ամերիկեան բանակի հաշմանդամ վեթերաններէ կազմուած նուագախումբ մըն է, որ արհամարհելով իրենց մարմնական բոլոր թերութիւնները, որոշած են կեանքի կոչել այդ նուագախումբը։ Անոնք նուագահանդէսներով նախ կ՚ուզեն խանդավառել ժողովուրդը եւ ապա այդպէսով՝ արժանավայել կերպով գոյատեւել, մարդկային մեր ընկերութեան մէջ։ Պատիւս՝ արժանաւորաց!
Նկարին մէջ առաջին կարգի վրայ ձախէն աջ նստած են՝ երգիչ Թիմ Տանլի, թմբկահար Ուան Տւմինկէզ եւ կիթառիստ Մարքոս Տիանտրէա։ Անոնք իրենց մարմնի անդամները կորսնցուցած են Աֆղանիստանի պատերազմին մէջ եւ վերադառնալով տուն՝ կազմած են վերոյիշեալ նուագախումբը։
Նուագախումբի փորձերը տեղի կ՚ունենան երգիչ Թիմ Տանլիի բնակարանին մէջ եւ անոնք կը պատրաստուին հրատարակել իրենց առաջին երգապնակը (album), որուն վրայ մեծ յոյսեր կապած են։ Եթէ յաջողին՝ կ՚ըսէ երգիչ Տանլի, կրնան միայն յառաջ երթալ՝ նուաճելով նոր բարձրունքներ, երգարուեստի իրենց ասպարէզին մէջ…
Հետաքրքրական է գիտնալ, որ Թիմ Տանլիի բնակարանը կը գտնուի Փենսիլվանիա նահանգի Փեթէլ քաղաքի արուարձանը գտնուող անտառածածկ շրջանի մը մէջ։ Այս վայրը կարեւոր է, որովհետեւ իրենց աղմկարար փորձերը ոչ ոք կը խանգարէ! Յատկանշական է գիտնալ, որ այս նուագախումբը կարեւոր ելոյթ մը ունեցաւ ուրբաթ, 12 ապրիլ 2019-ին, Թեքսաս նահանգի Հիւսթըն քաղաքի Redneck Country Club-ին մէջ։
Ես կրնամ միայն գովասանքով արտայայտուիլ իրենց վճռակամութեան վրայ եւ մաղթել որ նորանոր յաջողութիւններով նախանձելի բարի օրինակ կը հանդիսանան՝ պատերազմէն վիրաւոր տուն վերադարձած բոլոր այլ վեթերաններուն։ Վարձքերնիդ կատար, սիրելի բանակայիններ։
Հոս տեղին է մէջբերել Աշուղ Ջիւանիի քերթուածէն՝ հետեւեալ քաջալերական տողերը։
Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՚երթան,
Վհատելու չէ, վերջ կ՚ունենան, կու գան ու կ՚երթան․
Դառն ցաւերը մարդու վրայ չեն մնայ երկար,
Որպէս յաճախորդ շարուեշարան կու գան ու կ՚երթան։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ