ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՈՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

ԿԱՆՈՆ ՊԱՏԱՐԱԳԻ

Հարցում. Սուրբ, Սուրբ-էն ետք քահանային ըսած աղօթքին սովորաբար ինչո՞ւ Կանոն կ՚ըսուի:

Պատասխան. Որովհետեւ Պատարագին գլխաւոր բաժինը այդ աղօթքը կը համարուի, ու անոր մէջն են ստեղծագործութեան առաջին եւ գլխաւոր խօսքերը:

Հ. Քահանան այս աղօթքը ինչպէ՞ս կ՚ըսէ:

Պ. Բազկատարած եւ ծածուկ:

Հ. Ո՞րն է այս աղօթքը:

Պ. Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ ես ճշմարտապէս եւ ամենասուրբ, եւ ո՞վ ոք պանծասցի բովանդակել բանիւ զՔո ի մեզ զանբաւ բարեգորովութեանդ զեղմունս: Որ եւ անդէն իսկ ի նախնումն զանկեալն ընդ մեղօք զանազան եղանակօք խնամեալ սփոփեցեր, մարգարէիւք, օրինացն տուչութեամբ, քահանայութեամբ եւ ստուերակերպ երնջոցն մատուցմամբ:

Իսկ ի վախճան աւուրցս այսոցիկ զբովանդակ իսկ զպարտեաց մերոց խզեալ զդատակնիք, ետուր մեզ զՈրդիդ Քո Միածին պարտապան եւ պարտս, զենումն եւ Օծեալ, Գառն եւ Երկնաւոր Հաց, Քահանայապետ եւ Պատարագ: Վասն զի Ինքնդ է բաշխող, եւ նոյն Ինքնդ բաշխի ի միջի մերում միշտ անծախապէս:

Վասն զի եղեալ հաւաստեաւ եւ առանց ցնորից մարդ, եւ անշփոթ միաւորութեամբ մարմնացեալ յԱստուածածնէն եւ ի Սուրբ Կուսէն Մարիամայ: Ճանապարհորդեաց ընդ ամենայն կիրս մարդկային կենցաղոյս առանց մեղաց, եւ յաշխարհակեցոյց եւ յառիթն փրկութեան մերոյ եկեալ կամաւ ի խաչն:

Առեալ զհացն ի սուրբ, յաստուածային, յանմահ, յանարատ եւ յարարչագործ ի ձեռս Իւր՝ օրհնեաց, գոհացաւ, եբեկ եւ ետ Իւրոց ընտրեալ, սուրբ եւ բազմեալ աշակերտացն ասելով:

Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ ես ճշմարտապէս եւ ամենասուրբ. ո՞վ կը համարձակի խօսքով պատմելու Քու մեր վրայ ունեցած անհուն բարեգթութեանդ բոլոր զեղմունքը: Որովհետեւ Դուն սկիզբէն մեղքի տակ ինկած մարդը զանազան կերպերով հոգացիր ու մխիթարեցիր, մարգարէներով, օրէնքներ տալով, քահանայութեամբ, եւ արջառներու զոհերով, որոնք ճշմարտի Զոհին շուքն ու օրինակն էին:

Իսկ այս ետքի ժամանակներս, բոլոր մեր պարտքերուն դատապարտութեան վճիռը պատռեցիր ու տուիր մեզի Քու Միածին Որդիդ թէ՛ իբրեւ պարտապան եւ թէ՛ իբրեւ պարտք, թէ՛ իբրեւ զոհ եւ թէ՛ իբրեւ օծեալ զոհագործ, Գառնուկ եւ երկնաւոր Հաց, Քահանյապետ եւ Պատարագ:

Որովհետեւ Դուն ստուգապէս մարդ ըլլալով եւ ո՛չ թէ միայն աչքին երեւնալով, ու անշփոթ միաւորութեամբ մարմնացաւ Աստուածածին Սուրբ Կոյս Մարիամէն, այս մարդկային կեանքին ամէն չարչարանքներէն անցաւ առանց մեղքերու եւ յետոյ երբ Իր կամքով Սուրբ Խաչին եկաւ՝ որ աշխարհիս կեանք տուողն ու մեր փրկութեան գործիքն է:

Առաւ հացը Իր Սուրբ, աստուածային, անմահ, անարատ եւ արարչագործ ձեռքին մէջ, օրհնեց, գոհացաւ, մանրեց ու տուաւ Իր ընտրած՝ սուրբ աշակերտներուն որոնք նստած էին, հետեւեալ խօսքերը ըսելով.

Ապա, սրբագործութեան խորհրդաւոր խօսքերը կ՚ըսէ:

Հ. Պատարագի կանոնին ո՞ր խօսքով կը կատարուի կամ կը սկսի կատարուիլ սրբագործութեան Խորհուրդը:

Պ. Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հետեւեալ խօսքերով [հացին՝ նշխարին]. «Առէք կերէք, այս է մարմին Իմ, որ վասն ձեր եւ բազմաց բաշխի ի քաւութիւն եւ ի թողութիւն մեղաց». եւ գինիին վրայ՝ «արբէք ի սմանէ ամենեքեան. այս է արիւն Իմ նորոյ ուխտի, որ յաղագս ձեր եւ բազմաց հեղանի ի քաւութիւն եւ ի թողութիւն մեղաց»:

Հ. Քահանան այս խօսքերը ի՞նչ կերպով կը յիշէ:

Պ. Պատմական ոճով, որովհետեւ աղօթքին հետ հիւսուած են, ու Հօրը ուղղուած է այս ամբողջ աղօթքը. միայն թէ առէք կերէք եւ արբէք ի սմանէ-ն ձայնով կ՚ըսէ, որպէսզի ժողովուրդն ալ կարողանայ լսել, ու երկրպագութիւն ընել Սուրբ Խորհուրդին:

Հ. Ժողովուրդը սրբագործութեան խօսքերուն ի՞նչ պատասխան կու տայ:

Պ. Իւրաքանչիւր խօսքէ ետք երկիւղածութեամբ կ՚ըսէ՝ «Ամէն», որ ըսել է եղիցի, այսինքն՝ կը խոստովանիմ ու կը հաւատամ:

Հ. Քահանան սրբագործութեան Խորհուրդը ի՞նչ արարողութեամբ կը կատարէ:

Պ. Երբ կանոնին հետեւեալ խօսքերուն կը հասնի, թէ «առեալ զհացն», ու Սուրբ Նշխարը ձեռքը կ՚առնէ, օրհնեաց ըսած ատենը խաչակնքելով կ՚օրհնէ, գոհացաւ ըսելով՝ վեր կը նայի, եբեկ ըսելով՝ Նշխարին չորս ծայրերէն փոքր մաս մը կը բեկանէ, ու ապա երկու ձեռքերը բարձրացուցած՝ առէք կերէք-ը կ՚ըսէ:

Նոյնպէս կ՚օրհնէ նաեւ բաժակը, ու ապա վեր բարձրացնելով կ՚ըսէ՝ արբէք ի սմանէ-ն:

Հ. Դպիրներուն Հայր երկնաւոր երգը երգած ժամանակ, քահանան ի՞նչ աղօթք կ՚ընէ:

Պ. Կանոնին շարունակութիւնը ծածուկ կերպով առաջ կը տանի, նոյնպէս պատմական ձեւով եւ այս խօսքերով.

Եւ զսոյն միշտ Իւր յիշատակ առնել՝ պատուիրան աւանդեաց մեզ բարերար Որդիդ Քո Միածին: Եւ իջեալ ի ստորին վայրս մահու՝ մարմնովն զոր ի մերմէս ընկալաւ յազգակցութենէ, եւ զնիգս դժոխոցն աղարտեալ հզօրեղապէս, զՔեզ միայն ծանոյց մեզ ճշմարիտ Աստուած, զԱստուածդ կենդանեաց եւ մեռելոց:

Եւ այս բանը իբրեւ Իրեն յիշատակ ընելու պատուէր տուաւ մեզի Քու բարերար Միածին Որդիդ, եւ մեր մարդկային բնութենէն առած մարմինովը մահուան ստորին կողմերը իջնելով, ու դժոխքին նիգերը հզօր զօրութեամբ խորտակելով, միայն Քեզ ճանչցուց ճշմարիտ Աստուած, Քեզ, որ Աստուած ու Արարիչ կենդանիներուն եւ մեռածներուն:

Այս ընթացքին Սուրբ Ընծաները ձեռքերուն մէջ առած՝ ծածկաբար կ՚ըսէ.

Եւ արդ մեք Տէր, ըստ այսմ հրամանատրութեան յառաջ բերեալ զայս խորհուրդ փրկական մարմնոյ եւ արեան Միածնի Քո: Յիշեմք զԴորա, որ վասն մեր զփրկագործ չարչարանսն, զկենսատու խաչելութիւնն, զերեքօրեայ թաղումն, զերանելի յարութիւնն, զաստուածապէս համբարձումն, զնստելն ընդ Աջմէ Քո, Հա՛յր, զահաւոր եւ զփառաւորեալ զմիւսանգամ գալուստն խոստովանիմք եւ օրհնեմք:

Եւ արդ մենք, Տէր, այս մեզի տրուած հրամանին համեմատ՝ յառաջ բերելով այս Քու Միածինիդ փրկական Մարմինին ու Արեան խորհուրդը, կը յիշենք Ատոր մեզի համար կրած փրկագործ չարչարանքները, կենսատու խաչելութիւնը, երեքօրեայ թաղումը, երանական յարութիւնը, աստուածապէս համբառնալը, Քու աջ կողմդ նստիլը՝ Հայր Աստուած, ահաւոր եւ փառաւորեալ միւսանգամ գալուստդ կը դաւանինք ու կ՚օրհնենք:

Հ. Ժողովուրդը այս տեսնելով ի՞նչ կ՚ըսէ:

Պ. Ցնծութեամբ միաբերան կ՚երգէ.

Յամենայնի օրհնեալ ես Տէր. օրհնեմք զՔեզ, գովեմք զՔեզ, գոհանամք զՔէն, աղաչեմք զՔեզ Տէր Աստուած մեր:

Քահանան ալ նոյն իմաստով ծածկաբար կը շարունակէ իր աղօթքը.

ԶՔեզ արդարեւ Տէր Աստուած մեր գովեմք, եւ զՔէն գոհանամք հանապազ, որ զանց արարեր զմերով անարժանութեամբս, այսպիսի ահաւոր եւ անպատում խորհրդոյ կարգեցեր սպասաւորս: Ո՛չ յաղագս մերոց ինչ բարեգործութեանց, յորոց յոյժ թափուր եմք եւ միշտ ունայն գտանիմք հանապազ, այլ ի Քո բազմազեղ ներողութիւնդ ցանկ ապաւինեալ համարձակիմք մերձենալ ի սպասաւորութիւն մարմնոյ եւ արեան Միածնի Քոյ Տեառն մերոյ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի, որում վայելէ փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Եւ ապա խաղաղութիւն կու տայ: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 11

Վաղարշապատ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2020