ՀԱՅ ՄԸ՝ ԱՆՋՐՊԵՏԻ ՄԷ՞Ջ…

Ինչո՞ւ չէ։ Եթէ հայ մը՝ յանձինս լիբանանահայ տքթ. Արտեմ Փաթափութեանի (տես նկարը), անցեալ տարի Նոպէլեան մրցանակի արժանացաւ՝ բնախօսութեան եւ բժշկութեան ոլորտին մէջ, ուրիշ հայ մըն ալ կրնայ մօտիկ ապագային անջրպետ երթալ, բայց ոչ թէ որպէս աստղանաւորդ՝ այլ որպէս աստղանաւորդներու վիրաբոյժ բժիշկ։

Խօսքս տքթ. Հայկ Այնթապլեանի (տես նկարը) մասին է։ Ան որպէս բժիշկ վկայուած է Արիզոնայի նահանգային համալսարանէն, իսկ այժմ որպէս շտապ օգնութեան բժիշկ՝ իր մասնագիտութիւնը կը ստանայ Գալիֆորնիոյ Լոս Անճելըսի համալսարանի բժշկութեան բաժանմունքին մէջ։

Տքթ. Այնթապլեան առաջին բժիշկն, է որ ընտրուած է մասնակցելու անջրպետային բժշկութեան ծրագրին, որ պիտի պատրաստէ վիրաբոյժներ՝ ճամբորդելու անջրպետ, աստղանաւորդներու հետ միատեղ։ Հինգ-տասը տարիներու ընթացքին, այս ծրագիրը պիտի իրականանայ եւ օգտագործուի դէպի Հրատ մոլորակը ճամբորդող՝ զբօսաշրջիկներու բժշկական խնամքին համար…

Վերոյիշեալ ծրագրի պատրաստութիւնը կ՚ենթադրէ մասնակցիլ խիստ մասնագիտական  դասընթացքներու, հետեւեալ կազմակերպութեանց կողմէ՝ Space X օդատիեզերական ընկերութեան, Jet Propulsion Laboratory անջրպետային գիտութեանց եւ UCLA կենսաքիմիական ճարտարագիտութեան։

Յուսամ հայազգի վերոյիշեալ գիտնականներու ձեռք ձգած յաջողութիւնները խթան կը հանդիսանան այլ հայերու եւս՝ որպէսզի անոնք ալ ձգտին հասնիլ իրենց երազներու իրականացման։ Պատիւս՝ արժանաւորաց։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2022