ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Մարդ կրնա՞յ ինքնիրմէ արդարութեան ճամբան գտնել ու քայլել անկէ:

Պատասխան. Մարդ իր սեփական կամեցողութեամբ եւ կարողութիւններով չի՛ կրնար արդարութեան ճամբան գտնել եւ անկէ քայլել: Այդ կրնայ ընել, եթէ Աստուծմէ օգնութիւն եւ առաջնորդութիւն գտնէ:

Իմաստունը կը գրէ. «Մարդուն քայլերը Տիրոջմէն կը կառավարուին, ուստի մարդը իր ճամբան ինչպէ՞ս կրնայ որոշել» (Առ 20.24): Այստեղ ուշադիր պէտք է ըլլանք եւ չիյնանք մոլորութեան մէջ, մտածելով թէ մարդ ուրեմն Աստուծոյ ձեռքին մէջ խաղալիք է եւ ինչպէս կ՚ուզէ այդպէս կը կառավարէ զինք: Ըսուածը այդ չէ, այլ՝ Աստուած եթէ մարդուն ճամբայ ցոյց չտայ, առաջնորդութիւն չցուցաբերէ, ապա մարդ չի՛ կրնար իր ճամբան որոշել, այսինքն՝ չի՛ կրնար արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն գտնել եւ անկէ քալել:

Երեմիայի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ: Ո՛վ Տէր, զիս խրատէ, բայց չափաւորութեամբ, ո՛չ թէ Քու բարկութիւնովդ, չըլլայ թէ զիս սպառես» (Եր 10.23-24): Երեմիա մարգարէին այս տողերը եւս կու գան փաստելու, որ մարդ ինքնիրմէ չի՛ կրնար արդարութեան ճամբան գտնել: Եթէ Աստուած մարդուն քայլերը չառաջնորդէ, ապա մարդ դիւրութեամբ կը մոլորի: Հետաքրքրական է, որ Երեմիան Աստուծմէ կը խնդրէ, որ չափաւորութեամբ խրատէ մարդուն, նկատի ունենալով որ մարդ միշտ միտուած է մոլորելու, սխալելու եւ անարդարութեան ու չարութեան ճամբաներէն քայլելու, որով մարգարէն Աստուծմէ կը խնդրէ, որ չափաւորութեամբ խրատէ մարդուն, քանի որ մարգարէին համար պարզ էր, որ եթէ Աստուած բարկութեամբ խրատէ կամ յանդիմանէ մարդուն, ապա մարդը ի սպառ կը վերանայ, կը սպառի:

Սաղմոսներուն մէջ կը կարդանք, թէ Տէրը կ՚ըսէ. «Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ» (Սղ 32.8): Տէր Աստուած Դաւիթի միջոցով բոլոր ժամանակներու մարդոց է, որ կու տայ այս յուսադրող խոստումը: Կարեւորը, մարդ ինք ուժ եւ գիտակցութիւն ունենայ ապաւինելու եւ վստահելու Տիրոջ, որով Տէրը Ի՛նք կ՚առաջնորդէ ու կ՚ուղղէ իր քայլերը: Աւելին, երբ դժուարութիւններու հանդիպի, շատ յաճախ իր փոխարէն իսկ կը պայքարի:

Ոմանք կրնան առարկել ըսելով, թէ այս պարագային Աստուած Իր ուզածին պէս կը դասաւորէ մեր կեանքը, նկատի չ՚ունենար մեր կամեցածը, եւ նման պատճառաբանութիւններ: Այս եւ նման պատճառաբանութիւնները յատուկ են այնպիսի մարդոց, որոնք նիւթականացած են եւ Աստուծմէ հեռու կեանքով մը կ՚ապրին: Միշտ չէ՛ որ մարդ իր ուզածին կամ կամեցածին պէտք է հասնի, որովհետեւ շատ յաճախ մարդուն ուզածը իրեն վնաս ու մեծ չարիք կրնայ պատճառել: Շատ յաճախ մարդ պէտք է լռէ եւ փորձէ հասկնալ, թէ Տէրը ի՜նչ կը կամենայ իրեն համար եւ կը փորձէ Աստուծոյ կամքով առաջնորդուիլ:

Որպէսզի մեր միտքը աւելի յստակ դառնայ, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հատուած մը՝ անյայտ հեղինակէ գրուած, որ խօսուն օրինակ մըն է, որ շատ յաճախ մարդ իր ուզածներով ինքզինքին կը վնասէ: Այսպէս.

• «Ուժ խնդրեցի, սակայն Աստուած ինծի դժուարութիւններ պարգեւեց՝ զիս զօրացնելու համար։

Իմաստութիւն խնդրեցի, սակայն Աստուած խնդիրներ պարգեւեց՝ լուծելու համար։

Քաջութիւն խնդրեցի, սակայն Աստուած վտանգներ պարգեւեց՝ յաղթահարելու համար։

Սէր խնդրեցի, սակայն Աստուած վշտակիր մարդիկ պարգեւեց՝ մխիթարելու համար։

Աջակցութիւն խնդրեցի, սակայն Աստուած հնարաւորութիւններ պարգեւեց՝ ուրիշներուն աջակից ըլլալու համար։

Հարստութիւն խնդրեցի, սակայն Աստուած աշխատանք պարգեւեց՝ ուրիշներուն օգնելու համար։

Զօրութիւն խնդրեցի՝ մարդոց աչքին մեծ երեւնալու համար, սակայն Աստուած տկարութիւն պարգեւեց՝ միշտ Իր կարիքը զգալու համար։

Խնդրեցի այն «ամէնը» ինչ որ պէտք է կեանքը լաւապէս վայելելու համար, սակայն Աստուած Կեանք պարգեւեց՝ այդ «ամէնը» վայելելու համար։

Խնրդածներէս ոչինչ ստացայ, սակայն ստացայ այն ամէն ինչը, ինչ բանի կարիքը շատ ունէի»:

Հետեւաբար, երբ բան մը կը խնդրենք, նախ եւ առաջ պէտք է հասկնանք, թէ մեր խնդրածը մեզի օգո՞ւտ է, թէ՞ վնաս:

Հ. Յաճախ կը շտապենք որոշում կայացնելու եւ որպէս հետեւանք երբեմն ալ կ՚ուխտենք: Ի՞նչ պէտք է ընել նման պարագաներու:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Անխորհրդաբար բան մը նուիրելը եւ ուխտ ընելէն ետքը անդրադառնալը մարդուն որոգայթ են» (Առ 20.25):

Մարդ պէտք է զգոյշ ըլլայ իր արտաբերած իւրաքանչիւր բառին, խօսքին եւ գիտակից ըլլայ այդ բոլորին: Մարդուն համար իր խօսքը պէտք է ծանրութիւն ունենայ եւ տէ՛ր ըլլայ իր խօսքերուն: Աճապարանքը, զգացմունքային վիճակի մէջ եղած խոստումները, եւ երբեմն ուխտերը, կրնան բացասական ազդեցութիւն ունենալ ո՛չ միայն տուեալ անձին վրայ, այլ՝ ամբողջ իր միջավայրին վրայ, հետեւաբար մարդ շա՜տ զգոյշ պէտք է ըլլայ:

Նախ հարցնենք ի՞նչ է ուխտը: Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կը գրէ. «Ուխտը կամ դաշինքը համաձայնութիւն մըն է երկու կամ աւելի կողմերու միջեւ: Համաձայնութիւն մը անպայման կ՚ենթադրէ այդ դաշինքի պայմաններուն հնազանդութիւն: Ով որ այդ կուռքերուն հետ դաշինք կը կնքէ, զանոնք կը սկսի պաշտել, բնական է, որ իր հնազանդութիւնը անոնց կ՚ընծայէ [տե՛ս Ելք 23.32]: Արդ, կարելի՞ է երեւակայել, որ մարդ մը երկու տէրերու ծառայէ եւ երկուքին ալ նոյնքան հնազանդ կամ նոյնքան հաւատարիմ ըլլայ: Քրիստոս կը սահմանէ. «Ոեւէ մարդ չի կրնար երկու տէրերու ծառայել. որովհետեւ կա՛մ մէկը պիտի սիրէ եւ միւսը ատէ, կա՛մ մէկը պիտի մեծարէ եւ միւսը արհամարհէ: Նոյնպէս ալ դուք, չէք կրնար Աստուծոյ ծառայել, որքան ատեն որ կը ծառայէք դրամին» (Մտ 6.24): Եզրակացութեան մէջ, Քրիստոս դաշինքը մամոնային, նիւթական հարստութեանց կը կապէ, որովհետեւ կուռքերը արտայայտութիւնն են տարբեր բաներու՝ մարդկային ցանկութիւններու, հարստութեան, դիրքի, ուժի, պաշտամունքի եւ այլն: Աստուծոյ եւ կուռքերուն նոյն հաւատարմութիւնը կարելի չէ ընծայել: Ով որ կուռքերուն հետ դաշինք կը կնքէ եւ անոնց հաւատարմութիւն կ՚ընծայէ, ինքնաբերաբար, Աստուծոյ անհաւատարիմ կը դառնայ, Աստուծոյ ուխտը մերժած կամ անարգած կ՚ըլլայ, իսկ զԱստուած անարգողը չի՛ կրնար անպատիժ մնալ, Աստուծոյ դատաստանին ենթակայ կ՚ըլլայ անպայման»:

Աստուածաշունչի Դատաւորաց գիրքին մէջ հետաքրքրական դէպք մը արձանգրուած է, որ խօսուն օրինակ մըն է աճապարանօք եւ անխոհեմաբար կատարուած խոստումի կամ ուխտի: Այդ դէպքը կը ներկայացնենք այստեղ, որպէսզի մեզի համար եւս դաս ու խրատ ըլլայ եւ զգուշանանք իւրաքանչիւր բառի կամ արտայայտութեան, որ կ՚ունենանք.

• «Այն ատեն Յեփթայէին վրայ Տիրոջը Հոգին եկաւ ու անիկա Գաղաադէն ու Մանասէէն անցաւ, Գաղաադի Մասփայէն ալ անցաւ ու Գաղաադի Մասփայէն Ամմոնի որդիներուն վրայ գնաց: Յեփթայէն Տիրոջը ուխտ ըրաւ ու ըսաւ. “Եթէ Ամմոնին որդիները բոլորովին իմ ձեռքս մատնես ու Ամմոնի որդիներէն խաղաղութեամբ ետ դառնամ, այն ատեն իմ տանս դռնէն զիս դիմաւորելու ելլողը Տիրոջը թող ըլլայ ու զանիկա ողջակէզ պիտի մատուցանեմ”: Յեփթայէ Ամմոնի որդիներուն վրայ գնաց, որպէսզի անոնց հետ պատերազմի: Տէրը անոր ձեռքը մատնեց զանոնք: Արոէրէն մինչեւ Մեննիթ, քսան քաղաք ու մինչեւ Աբէլքերամիմ սաստիկ կոտորածով ջարդեց զանոնք ու Ամմոնին որդիները Իսրայէլին որդիներուն առջեւ նուաճուեցան:

Յեփթայէն Մասփա իր տունը եկաւ ու ահա անոր աղջիկը թմբուկներով եւ պար բռնելով զանիկա դիմաւորելու ելաւ: Անիկա անոր մէկ հատիկ զաւակն էր ու անկէ զատ տղայ կամ աղջիկ չունէր: Յեփթայէն, երբ զանիկա տեսաւ, իր լաթերը պատռեց ու ըսաւ. “Ո՜հ, աղջի՛կս, դուն զիս բոլորվին նկուն ըրիր ու դուն ինծի իմ նեղիչներէս մէկը եղար. քանզի ես բերանս բացի Տիրոջը ու չեմ կրնար ետ դարձնել”: Աղջիկը անոր ըսաւ. “Ո՛վ հայր իմ, եթէ բերանդ Տիրոջը բացիր, բերնէդ ելածը ըրէ ինծի. քանզի Տէրը քու թշնամիներէդ, Ամմոնին որդիներէն, քեզի համար վրէժխնդրութիւն ըրաւ”: Եւ իր հօրը ըսաւ. “Միայն այս բանն ըրէ ինծի: Զիս երկու ամիս թող տուր, որպէսզի լեռներուն վրայ ելլեմ ու իջնեմ ու ես իմ ընկերներովս իմ կուսութեանս վրայ լամ”: Հայրը ըսաւ. “Գնա՛”: Զանիկա երկու ամիս թող տուաւ եւ անիկա իր ընկերներով գնաց ու լեռներուն վրայ իր կուսութիւնը լացաւ: Երկու ամիսը լմննալէն յետոյ իր հօրը դարձաւ ու անիկա իր ըրած ուխտը կատարեց: Անիկա այր մարդ չճանչցաւ: Ու Իսրայէլի մէջ սովորութիւն եղաւ, որ ատեն-ատեն Իսրայէլին աղջիկները երթան ու Գաղաադացի Յեփթայէին աղջկանը համար տարին չորս օր լան» (Դտ 11.29-40):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 91

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024