Ի՞ՆՉ ՀԱՐՑԵՐ ՈՒ ԱԿՆԿԱԼԻՔՆԵՐ ՈՒՆԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐԸ

Ի՞նչն է, որ ամենէն շատ կը մտահոգէ այն սուրիահայերը, որոնք հաստատուած են Հայաստանի մէջ։ Պատասխանը շատ պարզ է. առաջին հերթին բնակարան ունենալու հարց, իսկ երկրորդը՝ անշուշտ աշխատանքի հարց։ Երբ տուեալ անձը կը կարողանայ որեւէ ձեւով ձերբազատիլ վարձակալուած տունի մը մէջ բնակելու խնդրէն, ապա անոր առջեւ ծառացած հարցերու տրցակը կը սկսի քակուիլ, հետեւաբար նաեւ ան առիթ կ՚ունենայ վարելու աւելի կազմակերպուած կեանք մը։

Այսօր պատերազմին հետեւանքով Երեւան հաստատուած սուրիահայերուն մեծ տոկոսը հաստատուած է Երեւան։ Քաղաք, որուն կեդրոնական հատուածներուն մէջ փոքր բնակարանի մը ամսավարձը կը հասնի 250 ամերիկեան տոլարի, որ համազօր է միջին աշխատավարձ ստացող աշխատողի մը ամսականին։ Հետեւաբար այստեղ հարց կը ծագի, թէ ինչ պայմաններով պիտի կարողանայ այդ նշուած անձը իր ապրած տան վարձքը վճարել եւ միւս կողմէ ալ հոգալ իր ընտանիքի նուազագոյն ծախսերը։ Գաղտնիք չէ նաեւ, որ այսօրուան դրոյթով փոքր չէ թիւը այն ընտանիքներուն, որոնք մինչեւ 200 ամերիկեան տոլար տան վարձքի հատուցման գումար կը ստանան, այն ալ մարդասիրական գործունէութիւն ծաւալող միջազգային կազմակերպութիւններէն։ Խնդիրն այն է սակայն, որ այդ գումարները «յաւիտենական» բնոյթ չունին եւ կրնան վաղն իսկ դադրիլ։ Ուրեմն այսօր սուրիահայերուն համար թիւ մէկ հարց կը շարունակէ մնալ բնակարան մ՚ունենալու խնդիրը, որուն համար կարեւոր ընելիք ունին ներկայ իշխանութիւնները, իրենց կարեւոր ճիգերը միացնելով դրամական ներուժ ունեցող սփիւռքեան կառոյցներուն, որոնք պատրաստ պէտք է ըլլան օգնել Երեւան ապրող սուրիահայերուն, այդ կերպով նաեւ խթանելով հայրենադարձութեան կարեւոր նախաձեռնութիւն մը։

Ի դէպ այսօրուան նիւթովս կը ներկայացնեմ երեք անձնաւորութիւններու հետ կատարուած զրոյցներէ հատուածներ։ Առաջինը՝ զրոյց մըն է Հալէպէն Երեւան հաստատուած եւ բոլորովին անհատական ճիգերով կարեւոր յաջողութեան հասած Ռաֆֆի Գույումճեանին հետ, իսկ երկրորդ եւ երրորդ զրոյցները կատարուած են Երեւանի մէջ բնակարանաշինութեան ծրագրերու ներգրաւուած երկու հայրենակիցներու հետ։

ՌԱՖՖԻ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ. «ԵՐԵՒԱՆՑԻՔ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ ԷԻՆ ԵՒ ՀՈԳԱՏԱՐ»

Բարձր ճնշման կերպընկալէ խողովակներու արտադրութեամբ զբաղող Ռաֆֆի Գույումճեան, որ Սուրիայէն Հայաստան եկած է 2012 թուականի յուլիսին: «Խնդիրներ կային՝ մինչեւ որ մենք մեր շուկան, յաճախորդները ունեցանք, սկիզբը դժուար էր, բայց հիմա ամէն ինչ մտած է բնականոն հուն։ Մեր շուկան ունինք, ամէն ինչէն գոհ ենք: Ամէն ոլորտի մէջ կայ մրցակցութիւն», ըսաւ ան եւ նշեց, որ Հայաստանը ձեռնարկատէրերու համար բարենպաստ դաշտ է:

Խօսելով սուրիահայերու խնդիրներու մասին՝ ան նշեց, որ հիմնական խնդիրը բնակարանն է ու անոր վարձքը: «Հալէպահայերու 80 տոկոսը իր տունը, սեփականութիւնը ունէր, վարձավճար չունէին, եկամուտը աւելի բարձր էր, իսկ այստեղ ծայրը ծայրին կ՚ապրուին», ըսաւ ան:

Ռաֆֆի Գույումճեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ աջակցած են իրենց, շատ ջերմ ընդունած են զանոնք: «Մենք պատերազմէն եկած էինք, բոլոր տեսակի մարդոց հանդիպեցանք, բայց մեծամասնութիւնը լաւ մարդիկ էին, բաւական օգնեցին մեզի, բոլորն ալ, շատ բարեհամբոյր ընդունեցին մեզ», ըսաւ ան:

Այն հարցումիս, թէ ներկայիս իշխանութենէն ի՞նչ ակնկալիք ունիք, ան ըսաւ. «Ամենամեծ ակնկալիքը կապուած է հարկերու, մաքսատուրգերու հետ: Կ՚ուզէինք, որ իշխանութիւնը ուշադրութեան կեդրոնը պահէր փոքր ու միջին ձեռնարկատիրութեան ոլորտը։ Առաւել եւս մեր պարագային, քանի որ մենք նոր սկսած ենք իրականացնել ամէն ինչ Հայաստանի մէջ: Մեր հաստատութիւնները նոր են, կ՚ուզենք քիչ մը շունչ առնել, սկսինք բնականոն աշխատանք ունենալ, ծաւալները մեծցնել, այնուհետեւ ինչպէս տեղացին հարկեր կու տայ, այնպէս ալ մենք տանք: Կ՚ուզենք, որ մատչելի պայմաններ ստեղծուին, որպէսզի մենք ալ ըլլանք ինքնաբաւ»։

Ան նշեց, որ իր ապագան Հայաստանի հետ կը կապէ եւ եթէ հեռանալու ըլլար, ապա վաղուց գացած կ՚ըլլար։ «Ես 2012 թուականին եկայ, այդ ժամանակ արտերկրի երթալու առաւել հնարաւորութիւններ կային, բայց ես իմ ազգս սիրող մարդ եմ, կը նախընտրեմ, որ իմ երեխաները այստեղ մեծնան: Ես իմ հողս, հայրենիքս կը սիրեմ, ինծի համար «բարի լոյս» բառը հազար «good morning» կ՚արժէ։ Այստեղ փողոցը երբ կը քալեմ, կարծես իմ տունս ըլլամ, իմ սրտիս մէջ ջերմ տեղ ունի Հայաստանը», ըսաւ ան:

Ան նշեց, որ ընկերներուն մէջ կան մարդիկ, որոնք Հայաստանի մէջ եկամուտ չունենալու պատճառով հեռացած են երկրէն։ Օրինակ ցոյց տուաւ իր եղբայրը, որ կ՚աշխատի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, թէեւ անոր ընտանիքը Հայաստան է: «Ան ունի երկու երեխայ, որոնք հօրմէ հեռու կը մեծնան, քանի որ Հայաստանի մէջ աշխատանք չկրցաւ գտնել: Հիմնական պատճառը այդ է: Ընկեր ունիմ, որ եկաւ Հայաստան գործ հիմնեց ու կ՚ուզէր այստեղ մնալ, բայց ըսաւ, որ ո՛չ ժողովուրդին կրցաւ ընտելանալ եւ ոչ ալ երկրի պայմաններուն ու գաղթեց Գանատա։ Կայ ասացուածք մը. ո՛ր երկիրը որ երթաս, անոր գլխարկը պիտի կրես։ Ամէն մարդ այդ գլխարկը կրելու կարողութիւնը չունի։ Ես յարմարցուցի. քիչ մը նեղ էր, բայց արդէն լաւ է», ըսաւ ան։

Ըստ անոր՝ Հայաստանը սպառողական երկրէ պէտք է դառնայ արտադրող երկիր, որպէսզի հայրենիքի մթերքները օգտագործուին։ «Բաւ է, որ մենք ներածենք հումքը, արտադրենք ու արտահանենք արտադրանքը: Ես չեմ կրնար արտահանել, քանի որ իմ արտադրածս մատչելի չէ», ըսաւ ան եւ նշեց, որ եթէ քիչ մը պայմանները ձեռնտու ըլլան, իր արտադրանքը կրնայ արտածել:

ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԸ ԿԱՐԵՒՈՐԱԳՈՅՆՆ Է

Հալէպահայ Հրայր Ակիլեան, որ 2012-ին հայրենադարձած է, Հայաստանի մէջ նման նախաձեռնութեամբ հանդէս եկաւ. Դաւիթաշէն թաղամասին մէջ սկսաւ սուրիահայերուն համար շէնքերու կառուցման: «Եռանաւ» հայրենադարձութեան ու շինարարական ընկերութիւնը, գնահատելով պահանջարկը, որոշեց ստանձնել աշխատանքները, որոնց արդիւնքով ալ Երեւանի տարբեր վարչական շըր-ջաններու մէջ շէնքեր կառուցուեցան սուրիահայերու համար:

«Երբ Սուրիոյ հարցը ծագեցաւ եւ սուրիահայերը սկսան հայրենադարձ ըլլալ, հասկցանք, որ պահանջքը շատ բարձր է. քաջալերելով հայրենադարձութիւնը՝ մենք սկսանք տարբերակ մը որդեգրել. դիւրին պայմաններով, առանց տոկոսի բնակարաններ շինել եւ վաճառել սփիւռքահայերուն: Այդ ծրագրերէն մէկն ալ «Նուռ»ն է, որ կը ներառէ հինգ շէնք, խանութներ, հասարակական տարածք եւ այլն», կը ներկայացնէ ընկերութեան վաճառքի տնօրէն Ճինա Փոլատեան ու կ՚ընդգծէ. «Անցեալ ծրագրերուն յաճախորդը մեզի կը վճարէր առանց տոկոսի, սակայն «Նուռ» ծրագիրը վարկային պիտի ըլլայ՝ եկամտահարկով պիտի ունենայ»։

Մինչ օրս մէկ շէնք յանձնուած է շահագործման, միւսներուն շինարարութիւնը կը շարունակուի: Իսկ ծրագիրը կ՚ենթադրէ ոչ միայն առեւտուր, այլեւ աջակցութիւն հայրենադարձութեան: Այս նպատակով է, որ կ՚իրականացնեն նաեւ հայրենաճանաչութեան աշխատանքներ:

«Հայրենադարձութիւնը կը քաջալերէ՝ սփիւռքահայերուն ներկայացնելով դպրոցներու, դասարաններու մասին տեղեկատուութիւն, ապահովագրութեան, աշխատանքի, կարգ մը այլ բաներու մասին ձրիաբար ծառայութիւններ կը մատուցէ: Յաճախորդը, որ բնակարան պիտի գնէ, հազարումէկ հարցումներ ունի Հայաստանի՝ կեանքի, դպրոցներու, գործի մասին շատ բան հասկնալ կ՚ուզէ։ Չէ՞ որ պիտի ձգէ իր ծննդավայրը եւ պիտի հաստատուի հայրենիք: Ասիկա նոր երկիր է, նոր շրջապատ է, եւ դուն, որ համոզուած ես, թէ սփիւռքը մնայուն չէ, հայրենիքն է մնայունը, այս համոզումներով սկսանք յաճախորդին շատ բաներ բացատրել», կը պատմէ տնօրէնը:

Բնակարան ձեռք բերելու հնարաւորութիւնը կրնայ կապող օղակ հանդիսանալ շատերու համար, որպէսզի հաստատապէս որոշեն մնալ հայրենիքի մէջ: Օրինակ՝ Ճինա Փոլատեան աշխատանքի բերումով տեղափոխուած էր Հայաստան, սակայն փոխուեցան ծրագիրները: «Այն անձերը, որոնք արդէն բնակարան գնեցին, անոնց համար Միջին Արեւելքի ընդհանուր քաղաքական, տնտեսական վիճակը պատճառ դարձաւ, որ գոնէ երեխայ եւ մայր հոս հաստատուին, բայց հայրը մնայ, աշխատի, մինչեւ որ այստեղ գործ մը ապահովէ: Ասոր նման շատ ընտանիքներ ունինք՝ ես ալ անոնցմէ մին եմ: Ես անցեալ ամառ եկած էի աշխատանքով, արդէն որոշեցի հոս հաստատուիլ եւ Լիբանան չվերադառնալ այլեւս, երեխաներս հոս դպրոց կը յաճախեն, ես հոս կ՚աշխատիմ, ամուսինս դուրսն է, թէեւ ծրագիրներ կան հայրենադարձութեան, որպէսզի գայ եւ հոս աշխատի, բայց քիչ մը անորոշ է այդ կէտը», կ՚ըսէ ան։

Դեռ յստակ չէ որոշումը, բայց ան վստահ է, որ Հայաստանը այլեւս կարեւոր տեղ պիտի զբաղեցնէ իրենց կեանքին մէջ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 23, 2019