ԱԿՆԱՐԿ - 67 - ԽՐՈԽՏ ՍԵՐՈՒՆԴ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ Ի ԽՆԴԻՐ

21 մայիս 2024-ին, Վաղարշապատի Համայնքապետարանի «Մակար Եկմալեանի անուան թիւ 1 երաժշտական դպրոցի» համերգային մեծ դահլիճէն ներս տիկնոջս եւ փոքր զաւակիս հետ ներկայ գտնուեցանք դաշնամուրային բաժինի համերգին: Համերգին, շուրջ մէկ տասնեակ փոքրիկներու ու պատանիներու կողքին, իր մասնակցութիւնը կը բերէր այս համերգին մեր մեծ զաւակը:

Համերգը շա՜տ բարեյաջող անցաւ: Փոքրիկներն ու պատանիները մէկ տարուան իրենց ճանապարհորդութիւնը պսակեցին փայլուն եւ յաջող ելոյթներով, սիրտի գոհունակութիւն եւ ներքին ցնծութիւն պարգեւելով իրենց ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ ուրախութիւն պատճառելով իրենց ծնողներուն:

Դահլիճին մէջ ներկայ էին շուրջ եօթանասուն հանդիսատեսներ: Համերգին սկիզբը, ինչպէս նաեւ համերգի աւարտին ուշադրութիւն գրաւեց, որ համերգը երբ սկսաւ դահլիճին մէջ երկու այր մարդիկ էին, իսկ համերգի աւարտին երկուն վերածուած էր երեքի…: Պարզապէս ահաւոր երեւոյթ է…:

Վերը նշեցի, որ շուրջ մէկ տասնեակէ աւելի փոքրիկներ ու պատանիներ հանդէս եկան, ներկայացնելով հայ եւ աշխարհառչակ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններէն: Հարցումը, որ ծագեցաւ միտքիս մէջ հետեւեալն էր.

- Այն փոքրիկները եւ պատանիները, որոնց հայրերը ներկայ չէին տուեալ համերգին, արդեօք այդ փոքրիկներն ու պատանիները իրենց ներաշխարհին մէջ ի՞նչ կը զգային, ի՞նչ ապրումներ կ՚ունենային: Չէ՞ որ այդ համերգը ամէն շաբաթ կամ ամէն ամիս չէր, որ տեղի կ՚ունենար, այլ՝ ամբողջ ուսումնական տարեշրջանի ընթացքին, ընդամէնը մէկ անգամ…:

Բնականաբար, ոմանց համար աշխատանքային ծանրաբեռնուածութիւնը կրնար արգելք հանդիսանալ ներկայ գտնուելու, բայց չէ՞ որ յանուն զաւակներու, կարելի է առիթներ ստեղծել, զոհողութիւններու երթալ, նոյնիսկ յանձն առնել յաւելեալ ծանրաբեռնուածութեան ենթարկուիլ, քան այդ մէկ ժամը առանձին ձգել զաւակները…

Դժբախտաբար մեր ժողովուրդին մէջ արմատացած է սխալ ըմբռնողութիւն մը դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ ծնող-զաւակ յարաբերութեան: Ուսումը, տան մէջ դաստիարակութիւնը հայկական իրականութեան համար սահմանուած է միայն մայրերուն համար, հայրերը գործ չունին այդտեղ…: Արտադասարանային խմբակներ (դաշնամուր, ճատրակ, նկարչութիւն, եւ այլն), այդ եւս մայրերու պարտականութիւններու սահմաններու ծիրէն ներս են: Հայրերը միայն տունէն դուրս պէտք է աշխատին, որպէսզի պահեն իրենց զաւակները, իրենց զաւակներուն համար աշխատին, որպէսզի արժանի ձեւով մեծցնեն զանոնք…

ՀԻՒԱՆԴԱԳԻՆ ու ԱԽՏԱԼԻՑ մտայնութիւն:

Եթէ այդպէս ըլլար, հաստատ կերպով կարելի է ըսել, որ աշխարհը տարբեր ոլորտներու մէջ մեծութիւններ չէր ունենար, ո՛չ արուեստէն ներս, ո՛չ գրականութեան անդաստանէն ներս, ո՛չ ճարտարապետութենէն ներս, ո՛չ երգարուեստէն ներս, ո՛չ բժշկութենէն ներս, ո՛չ գիտութեան ոլորտներէն ներս. մէկ խօսքով, ո՛չ մէկ ոլորտէ ներս: Իսկական մեծութիւնները իրենց յենակէտ ունեցած են եւ այսօր եւս ունին իրենց ծնողները՝ հայրերն ու մայրերը, որոնք դաստիարակութեան գործը ո՛չ թէ մասերու կամ պարտականութիւններու վերածած են, այլ՝ ամէն ինչ կ՚ընեն միասին, ամէն քայլափոխի իրենց զաւակներուն թեւ թիկունք կ՚ըլլան, զգացնել կու տան իրենց զաւակներուն, որ իրենք միշտ իրենց կողքին են, որով իրենց զաւակներուն ինքնավստահութիւն, համարձակութիւն, սիրուած ու փայփայուած ըլլալու զգացողութիւնը կու տան ու կը ներշնչեն:

Եթէ կ՚ուզենք որ մեր յետագայ սերունդները խրոխտ, համարձակ եւ յաջողակ ըլլան, ապա առաջին հերթին ծնողներու մտայնութիւնը պէտք է փոխենք, այնտեղ սերմանելու համար այն գաղափարը, որ զաւակներու դաստիարակութիւնը միայն մայրերուն գործը չէ, այլ՝ առաւել եւս հայրերուն: Մօր եւ հօր շունչով դաստիարակուած զաւակներն են, որ յետագային օգտակար պիտի դառնան մեր ազգին, եւ ո՛չ միայն մեր ազգին, այլ՝ համայն մարդկութեան:

Գուրգուրանք, փայփայենք եւ ուշադրութիւն դարձնենք մեր զաւակներուն: Մօտիկէն հետեւինք անոնց դաստիարակութեան, քայլ առ քայլ անոնց կողքին ըլլանք, որպէսզի սորվին ճիշդ քայելրով ընթանալու գաղտնիքը, որ դէպի յաջողութիւն կը տանի: Առանց այն ալ այսօրուան ապականուած եւ այլասերուած աշխարհը իր կլափը լայն բացած ու ճանկերը սրած կը սպասէ կուլ տալու եւ յօշոտելու մեր զաւակները (բջիջային, հեռատեսիլ, համացանց, թմրանիւթ, եւ տարբեր տեսակի գայթակղութիւններով…): Արդարեւ, ծնողները պէտք է զգաստ ըլլան եւ պատրաստ, որպէսզի ըստ կարելւոյն իրենց զաւակները զերծ պահեն աշխարհի այդ յարձակումներէն: Իսկ զերծ պահելու ամենէն զօրաւոր վահանը հօր ու մօր միասին ու միախորհուրդ կատարած աշխատանքն է զաւակներու դաստիարակութեան նուիրական գործին մէջ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

21 մայիս 2024, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մայիս 23, 2024