ԱՆԻԾԵԱԼ ՊԱՀԸ…
Այդ առաւօտ, պր. Սուրէնն ու տիկ. Լուսինը ճիշդ որոշուած ժամուն արդէն բժիշկի շէնքի մուտքին էին: Շուտով մտան գրասենեակ ու մօտեցան սպասման սենեակին անկիւնը գտնուող փոքր պատուհանին, ուրկէ պաշտօնեայ աղջիկ մը իր սեղանին ետեւէն նախ լայն ժպիտով մը զիրենք դիմաւորեց: Ապա, «բարեւ-բարի լոյս»ի սովորական փոխանակումներէն ետք, տիկ. Լուսին իր ամուսնոյն անունը հիւանդներու ներկայութեան էջին վրայ արձանագրեց, ու դառնալով պր. Սուրէնին, ցոյց տուաւ սենեակի պատին տակ շարուած աթոռներու շարքը. «հէլէ մէյ մը դուն գնա՛, հոն նստէ՛, տեսնենք…», ըսաւ ցած ձայնով, թելադրական ոճով եւ առանց աւելորդ զարդարանքի, որմէ ետք երկար շունչ մը քաշելով, ինքն ալ գնաց անոր մօտ նստելու:
Տակաւին երկու օր առաջ էր, երբ նոյն այս բժիշկը պր. Սուրէնին աղիքներու ստուգման ընդհանուր քննութիւն մը կատարած էր ու այսօր, անոր արդիւնքը հիւանդին պարզելու եւ բացատրելու համար՝ իր մօտ կանչած:
Հիմա, բժիշկի սպասման այդ պզտիկ սենեակին մէջ այր եւ կին անխօս ու հնազանդ աշակերտի նման նստած՝ անհամբեր իրենց կարգին կը սպասէին: Կեանքի անհամ իրավիճակ: Այս պարագային, ի՞նչ պիտի ըլլար տհաճը,- վատ կամ լաւ լո՞ւրը, թէ՞ ոչ լաւ կամ վատ լուրի մը սպասումը,- չէին գիտեր: Երկու ծերերուն դէմքերուն վրայ տեսանելի էին մտահոգութեան անժամանակ ալիքներ: Կասկածը արդէն կերած էր իրենց միտքը, հոգին ե՛ւ կեանքը:
Քանի մը վայրկեան անց, բժիշկը իր սովորական ժպիտով երեւցաւ ու հիւանդ ծերուկն ու կինը անձամբ իր գրասենեակը առաջնորդեց։ Պր. Սուրէնն ու տիկ. Լուսինը, ճիշդ բժիշկի գրասեղանին դիմացի աթոռները գրաւելով, անհամբեր սպասեցին անոր ձայնին: Իր կարգին, երիտասարդ բժիշկը իր աթոռին վրայ տեղաւորուեցաւ ու սեղանին վրայ անկանոն շարուած չորս-հինգ թուղթերը աչքէ անցընելէ ետք, դառնալով պր. Սուրէնին ըսաւ.
-Հը՛… նայէ՛, պարոն Սուրէն…, ե՛ս լաւ մը քննեցի աղիքներդ… ահա գունաւոր նկարները, ամէն բան յայտնի է… դուն «քանսեր» ունիս… նայինք, թէ ի՞նչ պիտի կրնանք ընել… եւ ինչպէ՞ս «պիտի կտրենք»… ազատինք այս…:
Ու տակաւին երկա՜ր շարունակեց:
Վայրկեանին՝ պր. Սուրէնի ապրումի ջերմութիւնը կորսուեցաւ: Կարծես սենեակէն ներս իջած էր անախորժ լռութիւն մը, թէեւ միայն բժիշկին ձայնն էր որ կը լսուէր: Բառերու կոյտ: Ծերունի հիւանդը այդ բառերէն բան չէր հասկնար: Իր մօտ, իրապէս ծնած էր բազմախաւ տառապանք մը: Երկու ծերերուն համար ալ կարծես բժիշկի շրթներուն վրայ միայն անհասկնալի բառեր էին, որոնք կը պտտէին: Երկուքն ալ սկսած էին անժամանակ ապրիլ նորաստեղծ վիճակի մը անկանոն խառնուրդը: Իրենց երեսները աշնան վարդերու նման թառամած էին:
Բժիշկին այս յայտնութենէն ետք, այր եւ կին անմիջապէս մտահոգ նայուածքով իրարու երես նայեցան: Որովհետեւ այդպէս անակնկալ, արագ եւ հաստատ արտասանուած բառը զիրենք շուարումի մատնած էր: Յայտնի էր, թէ երկուքին մօտ ալ հոգեկան դրութիւնը հիւանդագին բնոյթ ստացած էր: Հաստատապէս նաեւ պղտորած էր իրենց կեանքի հոսքը: Ներքին անկոչ տագնապ: Պր. Սուրէն նոյնիսկ զօրաւոր հարուած մը ստացողի նման գլուխը կախ, սկսած էր երկար եւ խոր մտածել:
«Քանսեր…: Ուրկէ՜ ուր այս անիծեալը յանկարծ մէջտեղ ելած էր, ան ալ իր մօտ: Իրենց գերդաստանէն ներս նման հիւանդութիւն գոյութիւն չէր ունեցած: Իր բոլոր հարազատները երկարակեաց եղած էին…, մեծ տարիքին կեանքէն հեռացած…, սխալ բան…, այս վիճակով արդեօք յանկարծ յուշ պիտի դառնա՞ր…, մեղաաա՜յ…, այս ի՞նչ լուր էր… այս ի՜նչ նորութիւն էր…, որո՞ւ մտքէն կ՚անցնէր նման բան…, է՛հ, վերջը ինք ի՞նչ պիտի ըլլար… այս «անիծեալը զինք ո՞ւր պիտի հասցնէր…»:
Այս բոլորէն ետք պր. Սուրէն միամտօրէն կը հետեւցնէր, թէ արդէն մահը իրենց տան դրան սեմին կեցած, իրեն կը սպասէր: Զգալի էր, որ տենդագին յուզում մը իր միտքը պատած էր: Բժիշկին ձայնը գողցած էր իր ուրախութիւնը: Նաեւ յայտնի էր, թէ իր բանականութիւնն ալ հաստատապէս կանգ առած էր: Որովհետեւ, անէծք սատանային, բժիշկին բառերը սառեցուցած էին իր ուղեղը: Ականջներուն չէր հաւատար: Վայրկեանին ճակատը ալեկոծուած էր, իսկ աչքերն ալ իրենց փոսերուն մէջ սկսած էին լողալ եւ պզտիկնալով կարծես մարած էին: Այս ընթացքով ան կը հաւատար, որ կեանքը իր գլխուն ծանր ամպեր կուտակած էր: Թէեւ իր միտքը բժիշկի բառերուն շուրջ առագաստը պատռած նաւակի նման երբեմն անհանդարտ պտոյտ կ՚ընէր, բայց յաճախ աչքին ծայրովը եւ մտահոգ նայուածքով ու վախով ու տեսակ մը աղաչանքով կը փորձէր անոր նայիլ: Հիմա, այս նոր իրականութեան առջեւ, իր զաւակներուն ու մանաւանդ թոռներուն ներկայութեան, ինք ի՞նչ ուրախութեամբ եւ ի՞նչ հեւքով կեանքի բաժինը պիտի լեցնէր: Ըսէ՛ք, խնդրեմ:
Անկախ այս բոլորէն, իր նստած տեղէն, պր. Սուրէն յաճախ անիծող եւ նոյնքան ալ անհասկնալի բառեր կը շարէր իրարու ետեւէ: Անիծեալ ճակատագիր…: Այս բոլորը իր երկչոտութենէն, իր նորածին սարսափ-վախէն յառաջացած էին, հաստատապէս: Եթէ կ՚ուզէք, նոյնիսկ իր շփոթ մտքերու տողանցքէն եւ տենդագին յուզումէն ու տրամադրութենէն: Չէր ուզեր հաւատալ: Բժիշկի բառերուն եւ խօսքերու շարանին չէր ուզեր հաւատք ընծայել: Վայրկեանին սիրտը կարծես անձայն սկսած էր լալ, իսկ հոգին ալ ալեկոծ նաւու նման շարժիլ: Իր գործը չաւարտած մարդու մը ներաշխարհն եւ հոգեվիճակը ունէր եւ կ՚ապրէր:
Այդ գրասենեակի փակ դրան ետին, վայրկեանները սարսափած ու շուարումի մատնուած էին եւ երկու ծերերուն համար նոր ու անախորժ մթնոլորտ մը ստեղծած: Լսելի բոլոր խօսքերը, արիւնի եւ կրակի կը նմանէին, որոնք սակայն ջերմութենէ բոլորովին զուրկ էին: Ու ինքնաբերաբար պր. Սուրէն մտահոգ վախով մը իր հին գարունները սկսած էր յիշել: Այդ վայրկեանին անոր բոլոր յուշերը կարծես խօսքերնին մէկ ըրած, իր մտքի պաստառին վրայ շարուելով՝ զինք սկսած էին հալածել:
Է՜հ աշխարհ…: Իսկ հիմա…:
-«Քանսեր» ունիս… աղիքդ պէտք է կտրենք… մէյ մը նայինք… «հելէ» տարածուա՞ծ է…:
Այս բոլոր խօսքերը իրեն համար պարզապէս վախազդու եւ մտահոգ բառերու շարաններ էին: Բառեր, որոնք եկած էին մրրիկի պէս, աղէտալի եւ սրընթաց, հոգեկան նոր տառապանքներ հագցնելու պր. Սուրէնի մտքին եւ հոգիին:
Ինչպէ՞ս հաւատալ անհաւատալիին…:
Իր կարգին, տիկ. Լուսինը, դէմքը կարծես լուացքի ջուրով լուացած ըլլար, ապրելով վիճակներու նոյն եւ անօրինակ խառնուրդը, իր միտքը առաւել լուսաբանելու համար, անհատնում հարցումներ կ՚ուղղէր բժիշկին, միաժամանակ մտովի իր ծանօթ եւ անծանօթ բոլոր սուրբերը վկայութեան կանչելով: Հաւատքը զինք հեռուները տարած էր:
Բայց, իրապէս որ այս ծերերուն համար, այս իրականութիւնը, մեծ հարց մըն էր: Որովհետեւ ասկէ ետք, ինչպէ՞ս պիտի կարենային ըմբռնել եւ հաշտուիլ այս անըմբռնելիին հետ: Բժիշկին պարզաբանութիւնները իրենց երազները ամբողջովին սրբած էին: Հիմա կար միայն սարսափելի իրականութիւն մը, որ արձանացած էր մտքերուն մէջ… «քանսեր…»:
Թէեւ այր եւ կին, երկուքն ալ, ծածուկէն իրականութիւնը կ՚ընդունէին, բայց չէին ուզեր ընբռնել, որովհետեւ անպիտան եւ վախազդու կասկածը կրծած էր իրենց միտքը ու նոյնիսկ հոգիի լոյսերը գողցած: Երկուքն ալ անդունդի մը եզրին կարծես կեցած ըլլային: Երկուքին շրթներուն վրայ ծածուկ նոր աղօթքներ նստած էին: Բողոք եւ ընդվզում անիմաստ էին: Ցաւալի տեսարան:
Պր. Սուրէն կը կարծէր, որ ասկէ ետք իր կեանքը դէպի մահ պիտի վազէր: Ան տակաւին ինքզինք երիտասարդ կը կարծէր, առանց անդրադառնալու, որ կեանք եւ տարիք առընչուած էին իրարու եւ իր գիտցած երիտասարդութիւնն ալ ո՛չ տարիներուն մէջ էր եւ ո՛չ ալ մազերուն, այլ՝ սրտին:
Հիմա ինք իրապէս որ իր ճակատագրի ձեռքերուն մէջ ինկած էր:
Այսպէս շարունակ երկար եւ անկարգ կը մտածէր: Տենդագին յուզում մը զինք պատած էր եւ երբ ամէն անգամ այդ անիծեալ բառը յիշէր, կը սոսկար: Ներքնապէս կը դողար: Գիտէր որ ճակատագրի բառերէն վանկ մը իսկ կարելի չէր փոխել: Բայց…: Անընդհատ կը մտաբերէր սարսափելին: Իրականը եւ տեսանելին: Կ՚ուզէր լալ: Իր այս տարիքին սակայն, ամօթ կը զգար: Չէր գիտեր լացին իմաստը: Յուզմունք եւ շփոթանք:
***
Մտահոգութեան ալիքներուն վրայ, յայտնի եւ անյայտ ցաւեր շալկած, այր եւ կին գլխիկոր եւ խորը մտածումներով, այդ օր բժիշկի գրասենեակէն տուն դարձան: Երկուքին համար ալ օրը անախորժ շարունակութիւն կը խոստանար:
Այդ երեկոյ եւ կանուխէն, երկուքն ալ իրենց կուրծքերուն վրայ աղօթք մը սեղմած փորձեցին անկողին մտնել: Քնանալէ առաջ, տիկ. Լուսինը բոլոր սուրբերը վկայութեան կանչելով, մէկ առ մէկ աղօթեց ու միաժամանակ փորձեց ամուսնոյն հաւատք փոխանցելիվ հոգի դնել իր բառերուն մէջ: Մէկ խօսքով, զայն կրկին կեանքին կապել:
Անկէ ետք սակայն, օրերը յոգնեցան: Տան մէջ ապրումի ջերմութիւնը կորսուեցաւ: Արդ, ի՞նչ բանի կառչիլ: Ինչպէ՞ս պահել կեանքի ջերմութիւնն ու աստիճանը: Ինչպէ՞ս վերաշինել կեանքը: Ինչպէ՞ս հաշտուիլ այս անկոչին եւ անըմբռնելիին հետ: Ինչպէ՞ս պիտի գտնէին իրենց այս նոր կեանքի ճամբան: Ինչպէ՞ս պիտի փորձէին ժպտիլ ժամանակին, արեւին եւ կեանքին: Յուսահատ վիճակ:
Բայց եւ այնպէս, այս բոլորէն ետք, բացայայտ էր, թէ պր. Սուրէնի մօտ, եթէ չմեռնող բան մը կար, այդ մէկն ալ յոյսն էր, ապրելու կամքին հետ միատեղ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ