ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԱՆՏԵՍՈՂ ԱՌԱՋՆԱԿԱՐԳ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ

Հինգ տա­րիէ ի վեր սուր­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մի բռնկուն կրա­կը չի խնա­յեր մեծն ու փոք­րը, ա­րուն եւ է­գը:

Պա­տե­րազ­մա­կան տա­րի­նե­րուն, եր­բեմն ո­մանց հա­մար ու­սումն ու ար­ուես­տը երկ­րոր­դա­կան հա­մար­ուե­ցան. մար­դիկ կը նկր­­տէ­ին ա­պա­հո­վե­լու ի­րենց օ­րա­պա­հիկն ու ապ­րուս­տը՝ կուրծք տա­լով բա­զում դժ­­ուա­րու­թիւն­նե­րու: Ու թէ­եւ խոց­ուած եւ վի­րա­ւոր ռազ­մի­կի կեան­քին կը նմա­նէր հա­լէ­պա­հա­յուն կեան­քը, սա­կայն պա­տե­րազ­մին մէջ տո­կալ հնա­րա­ւոր չէր ա­ռանց մարտն­չու­մի: Մարտն­չող­նե­րը այս պա­րա­գա­յին ան­զէն ու հա­մեստ ան­ձեր էին, ա­նոնք զին­ուած էին գի­տու­թեամբ ու կամ­քի ու­ժով: Ակ­նարկս Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի պա­քա­լորիա­յի գի­տա­կան բա­ժնի ա­ռաջ­նա­կարգ ե­րեք ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րուն մա­սին է՝ Ա­լիք Սար­եան, Սե­րե­նա Սար­գիս­եան ու Ա­լին Պես­նիլ­եան:

Ա­նոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը տար­բեր ձե­ւով ար­տա­յայտ­ուե­ցաւ պա­տե­րազ­մի դժ­­ուա­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին:

Ա­լիք Սար­եան, որ պա­քա­լոր­իա­յի ա­ռա­ջին դիր­քը գրա­ւած է պատ­մեց, թէ ինչ­պէ՛ս կը յաղ­թա­հա­րէր պա­տե­րազ­մի դժ­­ուար պայ­ման­նե­րը: Ան ը­սաւ. «Մեր տու­նը միայն 1 քի­լօմեթր հե­ռու էր զին­եալ ա­հա­բե­կիչ­նե­րէն: Ա­նոնք ա­ռա­ջին ան­գամ թի­րախ դար­ձու­ցին մեր թա­ղա­մա­սը՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ մեր բնա­կա­րա­նը մայ­րու­ղիի վրայ կը գտնո­ւէր, ստիպ­ուած ե­ղանք տե­ղա­փոխ­ուե­լու: Սկիզ­բը շատ դժ­­ուար ե­ղաւ տու­նէն հե­ռու ապ­րի­լը, սա­կայն երբ լր­­ջօ­րէն  մտա­ծե­ցի ա­պա­գա­յիս մա­սին, վճ­­ռե­ցի հո­սան­քին հա­կա­ռակ ու­ղին բռ­­նել եւ պա­տե­րազ­մի յու­սալ­քող պայ­ման­նե­րուն դէմ մարտն­չիլ իմ մի­ակ զէն­քովս՝ ու­սու­մով»:

Ա­լի­քը մէկ օ­րի­նակն է տասն­եակ հայ եւ տե­ղա­ցի բա­զում ա­շա­կերտ­նե­րէն, ո­րոնք հե­ռա­նա­լով ի­րենց բնա­կա­րա­նէն ա­պաս­տան գտան  ա­պա­հով այլ շր­­ջան­նե­րու մէջ ու կեն­ցա­ղա­յին նոր պայ­ման­նե­րուն յար­մա­րե­լով շա­րու­նա­կե­ցին ի­րենց ա­ռօր­եան եւ ու­սու­մը: Ա­լի­քին եւ ըն­կեր­նե­րուն հա­մար միջ­նա­կար­գի եր­րորդ տա­րին դժ­­ուա­րա­գոյնն էր, երբ պա­տե­րազ­մը սկիզբ կ՚առ­նէր Հա­լէ­պի մէջ, ա­նոնք ան­ն­­ա­խա­տե­սե­լի ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու դէմ յան­դի­ման գտն­­ուե­ցան, սա­կայն յաղ­թա­հա­րե­լով այդ դժ­­ուա­րու­թիւն­նե­րը փայ­լուն ար­դիւնք­նե­րով ա­ւար­տե­ցին ու­սում­նա­կան տա­րին ու տա­սե­րորդ դասարան ան­ցան: Ա­լիք մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ Սուր­իոյ գի­տա­կան ո­ղոմպ­ի­ա­կա­նի մր­­ցում­նե­րուն՝ գրա­ւե­լով նախ Հա­լէ­պի մա­կար­դա­կով ա­ռա­ջին դիր­քը, ա­պա ան Սուր­իոյ մա­կար­դա­կով ա­ռաջ­նա­կարգ խմ­բա­կին մաս կազ­մեց:  Ա­լիք մի­եւ­նոյն ջա­նա­սի­րու­թեամբ հա­սաւ պա­քա­լորիա եւ պե­տա­կան քն­­նու­թիւն­նե­րուն ա­պա­հո­վեց բարձ­րա­գոյն գնա­հա­տա­նի­շը՝ 2836/2900:

Սե­րե­նա Սար­գիս­եան, որ ա­պա­հո­ված էր Ճե­մա­րա­նի պա­քա­լոր­ի­ա­նե­րու երկ­րորդ բարձ­րա­գոյն նի­շը՝ 2804/2900, իր դա­սըն­կե­րու­հի­ին՝ Ա­լի­քին նման վճ­­ռած էր չյու­սա­հա­տիլ ու շա­րու­նա­կել ու­սում­նա­կան իր կեան­քը ջա­նա­սի­րու­թեամբ. «Պա­տե­րազ­մի սկիզ­բէն ի վեր նպա­տակս էր ու­սու­մով պայ­քա­րիլ դժուա­րու­թիւն­նե­րուն դէմ ու թէ­եւ դիւ­րին չէր այդ մէ­կը, մա­նա­ւանդ երբ թուա­բա­նու­թեան քն­­նու­թեանս օ­րը ա­հա­բե­կիչ­ներ թի­րախ դար­ձու­ցին մեր տան յա­րա­կից Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղե­ցին: Հարկ էր յաղ­թա­հա­րել հր­թի­ռա­կոծ­ման սար­սա­փը եւ մաս­նակ­ցիլ կա­րե­ւոր ու դժուար այս քն­նու­թեան: Վախս յաղ­թա­հա­րե­ցի ու մեկ­նե­ցայ քն­­նու­թեան սրահ»:

Սե­րե­նան իր դա­սըն­կե­րու­հի­նե­րուն նման շեշ­տեց Ճե­մա­րա­նի ո­գե­ւո­րիչ մթնո­լորտն ու դե­րը, որ­մէ կը ներշնչ­ուէր ու հաս­տատ կամ­քով իր ու­սում­նա­կան կեան­քը կը շա­րու­նա­կէր:

Ա­լին Պես­նիլ­եան ա­պա­հո­ված էր Ճե­մա­րա­նի պա­քա­լոր­ի­ա­նե­րու եր­րորդ բարձ­րա­գոյն գնա­հա­տա­նի­շը՝ 2792/2900:

Ա­լին հա­կա­ռակ պա­տե­րազ­մի գո­յու­թեան դարձ­եալ կը փոր­ձէր յար­մա­րիլ ստեղծ­ուած կա­ցու­թեան՝ ա­պա­ւի­նե­լով նա­եւ մարմ­նա­մար­զին: Ա­լի­նին վրայ ծանր ազ­դած էր ար­մու­կին վնաս­ուի­լը պաս­քէ­թի խա­ղի ըն­թաց­քին. «Երբ ար­մուկս ծան­րօ­րէն վնաս­ուե­ցաւ եւ բժիշկ­նե­րը չկր­­ցան բու­ժել զայն, պահ մը յու­սա­հա­տու­թեան մատն­ուե­լով չու­զե­ցի քն­­նու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցիլ, սա­կայն ըն­տա­նիքս յոյս ներշն­չեց եւ զօ­րա­վիգ կանգ­նե­ցաւ ին­ծի: Շու­տով փոր­ձե­ցի ձեր­բա­զա­տուիլ զիս պա­տուղ յու­սա­հա­տու­թե­նէն եւ սկ­­սայ եր­կար ժա­մեր դա­սե­րուս տրա­մադ­րել՝ մոռ­նա­լով ա­մէն բան, նոյ­նիսկ պա­տե­րազ­մը»: Ա­լին շեշ­տեց որ իր յա­ջո­ղու­թիւ­նը խթա­նող ազ­դակ­նե­րէն մէկն ալ պաս­քէթն էր, ո­րուն մէջ եւս յա­ջո­ղու­թիւն ձեռք ձգած էր դա­սե­րուն զու­գա­հեռ:

Ա­հա­ւա­սիկ ե­րեք օ­րի­նակ հա­լէ­պա­հայ ա­ռաջ­նա­կարգ տասն­եակ ա­շա­կերտ­նե­րէ, ո­րոնք հա­մեստ տու­եալ­նե­րով, ուս­ման տեն­չով եւ կեան­քին կառ­չե­լու հա­ւատ­քով վա­նե­ցին յու­սա­հա­տու­թիւնն ու պա­տե­րազ­մի ծանր պայ­ման­նե­րուն մէջ բար­ձունք­ներ նուա­ճե­ցին:

ՅՈՎԻԿ ՇԷՀԻՐԵԱՆ

 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2016