ԱՆՇՈՒՇՏ… ՎԱՆԵՑԵԱՆԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՈՐ ՓՈՒԼ ՄԸ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՅ

Անցնող շաբաթը Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ տարբեր առումներով ալ «ցնցող» ըլլալու բոլոր հիմնադրոյթները ունէր։

Մինչ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր վերջին շրջանի ամենաերկար մամլոյ ասուլիսներէն մին կու տար (ի դէպ Փաշինեանի լրագրողներու հետ այս երկար ձեւաչափի հարցազրոյցները կը կրեն այսօրուան իշխանութիւններուն ստորագրութիւնն ու մտայղացումը) եւ իր հարցազրոյցի ընթացքին արագ ակնարկ մը նետելով կը խօսէր Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Արթուր Վանեցեանի կողմէ ներկայացուելիք հրաժարականին մասին։ Արագօրէն հարցազրոյցի աւարտին Վանեցեան «կը պայթէցնէր» անսպասելի համարուած «քաղաքական ռումբ»ը եւ կը յայտնէր, թէ կը հրաժարի իր պաշտօնէն։

Հայաստանի զարգացումներուն, եւ յատկապէս, ներքաղաքական խոհանոցին մօտ եղող վերլուծաբաններուն համար անգամ եղածը նորութիւն էր։ Այն իմաստով, որ Հայաստանի Ազգային աանվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) պարագլուխին եղած մարդիկ դժուար թէ այսքան արագ ձեւով դուրս գան իրենց գրասենակէն ու այսպէս նոյնիսկ առանց զգուշացնելու, կամ լուռ տալու դուռը ուժեղ մը փակեն իրենց ետեւէն...

Ու այդպէս կ՚ընէր Վանեցեան։ Այնուամենայնիւ, եղածը դուռ կը բանար տարաբնոյթ վերլուծութիւններու եւ նոյնիսկ «խակ» եզրակացութիւններու, միանշանակ կարելի էր հաստատել, որ Հայաստանի մէջ ինչ-որ բան այն չէ ու բազում առումներով ալ եղածը նախ եւ առաջ պէտք է համարել քաղաքական նոր փուլի մը սկզբնաւորութիւնը։

Ի՞ՆՉ ԳՐԵՑ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ՄԱՄՈՒԼԸ

Վերջին օրերուն ամենէն աւելի ուշագրաւ կը դառնային ըննդիմադիր ճակատին (որ տակաւին սաղմնային վիճակ մ՚ունի) բարձրախօսն ու խօսափողը համարուող մամուլին կողմէ լսելի դարձած տեսակէտները, որոնց մեծ մասը քանի մը ժամուան ընթացքին ասուպի պէս կը մարէր նուազագոյնի իջեցնելով վարչապետը շրջապատած մթնոլորտին անտանելի դառնալու վարկածը։

Ընդդիմադիրները առանց վարանելու կ՚ըսէին, որ Փաշինեան-Վանեցեան բաւական համերաշխ թուացող երկու պատասխանատուները ունեցած էին բաւական բուռն վէճ ու Վանեցեան քանի մը առիթներով հաստատած էր, որ ինք չի կրնար վարչապետի բոլոր յանձնարարականները իրականութիւն դարձնել։

Նոյն ըննդիմադիրները քիչ մը աւելի հեռուն երթալով Վանեցեանի մէջ փորձեցին գտնել հաւատարիմ դաշնակից-գործընկեր մը, որ վերջին մէկուկէս տարուան շրջանին կարողացաւ դառնալ ազդեցիկ դէմք մը՝ Հայաստանի քաղաքական-ապահովական դաշտին մէջ։

Կար նաեւ մօտեցում (որուն հակուած է հաւատալ այս տողերը գրողն ալ), ըստ որուն Արթուր Վանեցեան մօտիկ ապագային ձեւաւորուող քաղաքական երրորդ ուժի մը առաջնորդն ըլլալու բոլոր տուեալները ունէր եւ անշուշտ հանդէս պիտի գար բացառապէս ռուսական կողմի նեցուկով (նկատի առնելով նաեւ, որ Վանեցեան մօտիկ բարեկամն էր մոսկուաբնակ յայտնի բարերար եւ Վլատիմիր Փութինին վստահելի անձ համարուող Սամուէլ Կարապետեանին)։

Բացի այս վարկածներէն, կար նաեւ տեսակէտ, թէ Վանեցեան դուրս գալով իշխանական այս տունէն, պիտի նետուէր «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ճամբար. բան մը՝ որուն արագօրէն կ՚արձագանգէր նոյնինքն Վանեցեան, շրջանառուած նիւթը համարելով անտեղի եւ նոյնիսկ «ամօթ» իր անձին ու անցած ճանապարհին։

Այստեղ հարկ է նշել նաեւ, որ Վանեցեանի կողմէ հրապարակուած եւ իր հրաժարականը «արդարացնող» թեքստը կը պարունակէր յատուկ սլաքներ եւ ուղղութիւններ, որոնք կը նետուէին այսօրուան իշխանութիւններուն եւ յատկապէս վարչապետ Փաշինեանի թիկունքին։

Ինչպէս վերը նշեցի, այս բոլորը լսելէ անդին ու հրապարակուած նիւթերը լաւ մը վերլուծել փորձելէ ետք, այսօրուան դրութեամբ յստակ կը դառնար, որ ներքաղաքական օրակարգին մէջ իրավիճակը առաջուան «համախառն արդիւնք»ը կամ առաջուան համաձայնական մթնոլորտը կամ «սիրոյ եւ համերաշխութեան» պատկերը չունի։

Սա կ՚ըսեմ օգտագործելով առնուազն բառը, որովհետեւ հեռու մնալու համար սխալ ենթադրութիւններու եւ նոյնիսկ դաւադրական տեսութիւններու մէջ իյնալու վտանգներէն, նման դէպքերու պարագային պէտք է ըլլալ զուսպ եւ կարելի եղածին չափ հիմնուիլ բանականութեան եւ տրամաբանութեան վրայ։

ԿԱՐՊԻՍ ՓԱՇՈՅԵԱՆԻ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն մասին ուշագրաւ տեսակէտ յայտնած է երիտասարդ հրապարակախօս Կարպիս Փաշոյեան։ Փաշոյեան, որ կը համարուի «Փաշինեանական թեւ»ի երիտասարդ ձայներէն մին, ունի իրերը վերլուծելու եւ ենթադրութիւններու հասնելու հետաքրքրական ոճ։ Այստեղ իմ ընթերցողներուն հետ ուզեցի կիսուիլ Փաշոյեանի վերջին՝ «Փաշինեանը պէտք է հասնի մինչեւ պաշտօնավարման աւարտը» յօդուածով, որ լոյս տեսած է օրեր առաջ հայրենի «Առաջին լրատուական» կայքէջին վրայ։ (Հարազատութիւնը պահելու համար նիւթը կը ներկայացնեմ հեղինակին հարազատ արեւելահայերէնով, կատարոուած է միայն ուղղագրական պատշաճեցումներ)։

*

Ի հարկէ պէտք չի դաւադրութիւնների, տեսութիւնների գիրկն ընկնել, բայց յետյեղափոխական Հայաստանը կարծես թէ յայտնուել է հէնց այս օրինաչափութիւնների կաթսայի մէջ: Աւելի շուտ՝ յայտնուելու ճանապարհին է, իսկ եթէ սխալւում եմ, ապա ընդամէնը գործ ունենք ինչ-որ անհասկանալի գրքերի ազդեցութեան տակ մնացած անհատի հիւանդ երեւակայութեան հետ։ Պէտք չի կարծել, թէ Փաշինեանի հեռացմանը յաջորդելու է ռեւանշիստական (վրէժ-խընդիր) ուժերի իշխանութեան գալու գործընթացը։ Սա մոլորութիւն է, որի արդիւնաւէտ կիրառմամբ արդէն տեւական ժամանակ է, ինչ կերակրում են ժողովրդին։ Ո՛չ Սարգսեանը եւ ո՛չ էլ Քոչարեանը իշխանութեան գալու ռեսուրսներ ու հնարաւորութիւններ չունեն։ Նրանք ջախջախուած եւ պատմութեան ընթացքից դուրս շպրտուած գործիչներ են։ Մինչ հաւանական սցենարների (բեմագրութիւն) մասին խօսելը, արձանագրենք, որ ներկայումս Հայաստանում յետյեղափոխական էներգիա (ներուժ) է կուտակում եւ պարզ չի, թէ կուտակումն այդ դեռ որքան ժամանակ կարող է շարունակուել։ Տպաւորութիւնն այնպիսին է, թէ մենք կոպտագոյն սխալ ենք թոյլ տուել, երբ ազդարարել ենք յեղափոխութեան աւարտի մասին։ Կարծես թէ նոր փուլ է հասունանում։ Ասուածի համատեքստում՝ հակայեղափոխութիւնը սպասելի ու կանխատեսելի է միայն ու միայն իշխանութեան ներսից։ Ոչ թէ կառավարող թիմի, այլ կոնկրետ իշխանութեան, քանի որ խօսքը ուժային կոչուող կառոյցների մասին է։ Ցաւօք սրտի, այս պահի դրութեամբ եւ մօտակայ մի քանի տարիներին ոչ մի քաղաքական ուժ ի զօրու չի լինելու ստանձնել իշխանութիւնը, եւ Փաշինեանի այլընտրանքը շարունակելու են մնալ ուժայինները։ Կարող ենք առանձնացնել երեք առանձին սցենարներ․

1.- Փաշինեանը հեռանում/հեռացւում է իշխանութիւնից, եւ կառավարման ղեկը ստանձնում է չափազանց մեծ ժողովրդականութիւն վայելող, ֆութպոլասէր ու իշխանատենչ ԱԱԾ-ականը։ Սա բառի բուն իմաստով հակայեղափոխական սցենար է, քանի որ Հայաստանը վերադառնալու է իր կոտրուած տաշտակին, որն է՝ աւտորիտարիզմը (մենատիրութիւն)։ Բայց Սերժ Սարգսեանի համակարգի հետ համեմատած՝ սա շատ աւելի յետադիմական է լինելու՝ ընդհուպ պանանային կարգավիճակի ձգտող։

2.- Փաշինեանը հեռանում/հեռացւում է՝ իշխանութիւնը զիջելով բանակի հրամանատարներից որեւէ մէկին։ Հրամանատարը դառնալու է այն ուժեղ ձեռքը, որը կարողանալու է հանդարտեցնել յետյեղափոխական փոթորիկն ու զգացմունքային պայթիւնը՝ ի հարկէ ժողովրդական զանգուածների համաձայնութեամբ եւ նուագակցութեամբ։ Ի վերջոյ, այս տարբերակն էլ է փոխակերպուելու աւտորիտարիզմի, բայցի տարբերութիւն առաջինի՝ ոչ թէ պանանային, այլ շատ աւելի առաջադիմական (Հայկական Փինոշէ)։

Ինչպէս տեսնում ենք, բոլոր դէպքերում, Փաշինեանի այլընտրանքը աւտորիտարիզմն է, քանի որ գործող վարչապետի տապալումը նաեւ ժողովրդավարութեան տապալումն է, եթէ, ի հարկէ, հէնց ինքը ինչ-որ մի օր կուլ չգնայ այդ բնական գայթակղութեանը։ Ներկայումս ժողովրդավարութիւնը մարմնաւորւում է անմիջապէս Նիկոլ Փաշինեանի միջոցով: Դա փխրուն եւ թոյլ ժողովրդավարութիւն է՝ ամէն պահ աւտորիտարիզմի փոխակերպուելու հեռանկարով, բայց ամէն դէպքում, այս պահի դրութեամբ, վարչապետի առաջարկած հնարաւոր տարբերակը դա է: Այսինքն՝ եթէ ժողովուրդը հեռանայ Փաշինեանից, ապա տրամաբանօրէն հեռանալու է նաեւ ժողովրդավարութեան գաղափարից՝ դիտարկելով դա որպէս անհեռանկար եւ վնասարար գոյացութիւն:

3.- Փաշինեանը չի հեռանում եւ ոչ էլ հեռացւում է։ Ընդհակառակը՝ խելքը գլուխն է հաւաքում ու յաղթահարում է անվճռականութիւնը, որոշում կայացնելու անկարողութիւնն ու անսկզբունքայնութիւնը։ Վարչապետը պէտք է հասկանայ, որ սա սովորական հակահարուած կամ շարժում չէ, այլ անընդհատ մեծացող հրդեհ։ Այն մշտապէս տարածուելու է՝ ընդգրկելով նորանոր տարածքներ եւ, ի վերջոյ, հասնելով կառավարութեան շէնք։

Ինձ թւում է՝ նա այդքան էլ չի հասկանում պահի լրջութիւնը, հակառակ պարագայում մէկ ամսուայ ընթացքում երեք անգամ չէր փոխի Ամուլսարի վերաբերեալ իր դիրքորոշումը։ Կասկածում եմ, որ հէնց այս պահին վարչապետը մտածում է չորրորդ անգամ դիրքորոշումը փոխելու անհրաժեշտութեան մասին։

Բայց ամէն դէպքում ինչ-որ մէկը պէտք է նրան յուշի, որ պահը չափազանց վտանգաւոր է եւ ելակէտային: Ելակէտային այն առումով, որ արդի հիմնախնդիրներին տրուած լուծումներից է կախուած Հայաստանի յետագայ ընթացքը:

Կասկածից դուրս է, որ պետութեան համար ամենաշահեկանը երրորդ տարբերակն է: Փաշինեանը պէտք է կարողանայ սանձել ալեկոծուող իրադրութիւնն ու չէզոքացնել բոլոր հնարաւոր մարտահրաւէրները: Նա ամէն գնով պէտք է հասնի մինչեւ պաշտօնավարման աւարտը, իսկ յետոյ՝ թէկուզ եւ հիւծուած, բայց յաղթանակած մասնակցի նոր ընտրութիւններին: Սա է ժողովրդավարութեան յաղթանակի ու ամրապնդման միակ ճանապարհային քարտէսը, որի այլընտրանքը վերադարձն է հինին: Թերեւս հէնց այստեղ է թաքնուած Փաշինեանի ամենամեծ առաքելութիւնը, որն է՝ ժողովրդավարական ճանապարհով իշխանութեան փոխանցումը: Միայն այսպէս հնարաւոր կը լինի ապացուցել, որ ժողովրդավարութիւնը Հայաստանում քարացած ու պահի ազդեցութեամբ ի յայտ եկած իրողութիւն չէ, այլ անընդհատ զարգացող եւ ընդարձակուող արժէք: Ի հարկէ, կատարեալ թուացող այս իրավիճակին հասնելը այդքան էլ հեշտ գործ չէ: Դրա համար մեծագոյն ջանք եւ աշխատանք է պահանջւում: Վարչապետը պէտք է ձգի ամրագօտիներն ու կարգի հրաւիրի ինչպէս ինքն իրեն, այնպէս էլ ամբողջ կառավարման համակարգը, քանի որ խաղասեղանին է դրուած մեր եւ ձեր ընդհանուր պետութեան ճակատագիրը:

Ի դէպ, երկրորդ եւ երրորդ տարբերակները կեանքի կոչուելիս չեն կարող զերծ մնալ արտաքին ազդեցութիւններից, ի հարկէ՝ ոչ թէ հայրենասիրութեան պակասից, այլ պարզապէս դրսի քամիներն են չափազանց ազդեցիկ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2019