ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՎԱՅՐԵՐ
Մեր երկիրը հայրենիքն է մարդկութեան, բազմամիլիոն անասուններու, բոյսերու եւ այլ շնչաւորներու։ Միլիոնաւոր տարիներէ ի վեր եղափոխութիւններ տեղի կ՚ունենան երկրի վրայ ու կը շարունակեն միշտ փոխուիլ։ Այս երկիրը կը սահմանափակէ անհամար հետաքրքրական վայրեր, որոնք յառաջացած են բնական պատճառներով կամ մարդուժով։ Ահաւասիկ ծանօթանանք մի քանիին…
ԹՐԻՍՏԸՆ ՏԱ ՃՈՒՆԱ
Աշխարհի վրայ գտնուող ամենանբնակ վայրը կ՚ընդունուի այս կղզին։ Անոր ամենամօտ քաղաքակրթութիւնն է 2173 քմ. հեռաւորութեամբ Սեն Հելէնա կղզին։ Իսկ ամենամօտ ցամաքն է 2778 քմ. հեռաւորութեամբ Հարաւային Ափրիկէն։ Այս վայրը շրջապատուած է Ովկիանոսով ու կղզիացած է աշխարհէն։ Կղզին շրջապատող այս ջուրերը ունին 3000-4000 մեթր խորութիւն։ Կղզիին վրայ օդակայան մը չէ հիմնուած։ Այս պատճառով ճամբորդութիւնները կը կատարուին նաւերով ու ճանապարհորդութիւնները կը տեւեն շաբաթներ։ Այս ճամբորդութիւնները կը կատարուին տարին միայն քանի մը անգամ։ 2015 թուականէն ի վեր կղզին ունի միայն 259 բնակիչ։ Մարդիկ կը զբաղին ձկնորսութեամբ ու երկրագործութեամբ։ Բոլոր բնակիչները ծանօթ են իրարու եւ ունին ծինաբնական նմանութիւն։ Իբր այդ ալ, կղզեբնակներու միջեւ կնքուած ամուսնութիւններու պատճառաւ բնակիչներու մօտ յառաջացած է ժառանգական հիւանդութիւններ։
ՄԱՉՈՒ ՓԻՉՈՒ
Մինչեւ այսօր երեւան բերուած կորուսեալ քաղաքներու ամենախորհրդաւորն է Մաչու Փիչուն, Փերու։ Ան յայտնաբերուած է 1911 թուականին ամերիկացի պատմաբանի մը կողմէ։ Այս քաղաքը հիմնուած է 1360 մեթր բարձրութեամբ լերան մը գագաթը։ Մաչու Փիչուն կառուցուած է քարաշէն շէնքերէ, որոնք իրարու միացուած են շուրջ 200 սանդղաշարի դրութեամբ։ Այդ սանդուխներէն 3 հազարը մինչեւ մեր օրերը հասած են ամուր ձեւով։ Հետաքրքրական է, որ այս քաղաքի բնակիչները մեկնած են 1530-ականներուն խորհրդաւոր պայմաններով։ Քաղաքը բնաւ չէ աւերուած, որովհետեւ այդ թուականներէն մինչեւ արդի ժամանակաշրջանը՝ միլիոնաւոր տարիներ ան մնացած է թաքուն։ Բնակիչներու գաղթին մասին տակաւին համոզիչ պատասխան մը չէ տրուած, որովհետեւ 1530-1911 թուականներու միջեւ քաղաքը մնացած է անյայտ։ Արդարեւ, գիտնականներ կ՚ընեն հետազօտութիւններ, որպէսզի պատասխանեն, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ շինուած է այս քաղաքը այդ լերան գագաթնակէտին վրայ։ Բայց ամենէն հետաքրքրականը՝ ինչո՞ւ խորհրդաւոր ձեւով մեկնած են այս քաղաքի բնակիչները։
ՍԻՄԱ ՀՈՒՄՊՈԼՏ
Վենեզուելայի անտառներէն մէկուն մէջ կայ տափարակ լեռ մը, ուր երեւան ելան նոր ու տակաւին մեզի անծանօթ կենդանիներու տեսակներ։ 3500 մեթր բարձրութիւն ունի այս լեռը, որուն գագաթը գիտական հետազօտութիւններու արդիւնքին յայտնուած է Սիմա Հումպոլտ եւ Սիմա Մարթել կոչուած երկու խոշոր ու աննախադէպ խոռոչ։ Առաջին փոսը կը կոչուի Սիմա Հումպոլտ. ան այնքան խորութիւն ունի որ, մէջը կը պարունակէ իւրայատուկ էքօհամակարգ մը։ Գիտնականները կը բացատրեն, թէ այս էքօհամակարգին մէջ կ՚ապրին կենդանիներ, որոնց ծինաբնական յատկութիւնները արձանագրուած է առաջին անգամ։
ՎՈՍԹՈԿ ԼԻՃԸ
Վոսթոկ լիճը կը վտնուի Անթարքթիքայի մէջ եւ ան ծածկուած է 4 քմ. հաստութեամբ սառերով։ Այս վիճակը կը շարունակէ իր գոյութիւնը պահել 15 միլիոն տարիէ ի վեր։ Գիտնականներ յենլով դուրս բերուած օրինակներուն՝ կ՚ենթադրեն, թէ այս լիճին մէջ կը բնակին անտեսանելի կենդանիներ, որոնց ծինաբնական յատկութիւնները դեռ անյայտ են։ Գրեթէ անհնար է ծակել լիճին վրայի սառցապատը, որուն յատակը հաւանաբար կայ գիտական աշխարհին համար աննման գանձարան մը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ