ՅԻՇԵԼՈՎ ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐԸ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Լուսանկարչական մարզէն ներս միջազգային չափանիշներով հանրածանօթ անուն մըն էր Արա Կիւլէր։ Այսօր ոչ եւս է ան եւ խառնուած՝ փաղանգին այն բազում անձնաւորութեանց, որոնք իրենց վաստակով, գեղարուեստական, ճարտարապետական, գիտական եւ այլ մարզերէ ներս արձանագրած յաջողութիւններով պատիւ բերած են թէ՛ մեր երկրին եւ թէ մեր համայնքին։ Արա Կիւլէր այլեւս ան պիտի ապրի իր թողած լուսանկարներու ընդմէջէն։

Իր մահուան առթիւ եղան բազում արտայայտութիւններ, որոնք անդրանցելով ցաւակցական արտայայտութեան սահմանները, կը մեծարէին իր գեղարուեստական անհատականութիւնը։

Մեզի համար յոյժ երջանկացուցիչ է եւ գոհունակութիւն կ՚առթէ լսել նման արտայայտութիւններ, որոնք մեծաւ մասամբ հասան արտաքոյ համայնքի շրջանակներէ։

Մենք այսօր կը փափաքինք զինքը յիշել նաեւ հայ գիրին ու գրականութեան բերած ներդրումով։ Ծանօթ է բոլորիս, թէ Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին կը սկսի Հայ մշակոյթի շաբաթը եւ մենք Արա Կիւլէրը յաւիտենականութեան կը յուղարկաւորենք Մշակոյթի շաբթուան վերջին օրը։ Իրաւ է, թէ Արա Կիւլէր որպէս վարպետ լուսանկարիչ անուանի աստղ մը դարձաւ այդ մարզէն ներս։ Սակայն մեր համայնքի սահմաններէն ներս ան թողուց հետք մը, որուն չեն անդրադառնար շատեր, նոյնիսկ միութենական շրջանակներէն ներս գործօն դեր ստանձնած անձեր։ Բնականաբար բացառութիւնները միշտ յարգելի են։

Արա Կիւլէրի գրական ու գեղարուեստական հետքերուն հանդիպած ենք Գատըգիւղի մէջ։ Էր երբեմն, երբ մեր համայնքի իրականութեան մէջ կ՚ապրուէր երանելի օրեր, որոնց ընթացքին մեր սանուց միութիւնները ընկերային իրենց գործունէութեանց առընթեր նուիրուած էին նաեւ հրատարակչական աշխատանքի։ Այս առումով Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութիւնը առաջին անգամ 1957-ին լոյս ընծայած էր «Համայնապատկեր Հանրապետական շրջանի իսթանպուլահայ գրականութեան» հաւաքածոն, որուն մէջ իր տեղը ունեցած է Արա Կիւլէր, «Սակարկութիւն» խորագրեալ եւ տասնեւմէկ էջերու տարողութեամբ պատմուածքով։

Հոն կը գտնենք իր նկարը եւ կենսագրութիւնը։ Հոս կ՚արտագրենք այդ թուականին խմբագրուած կենսագրական տուեալները։

Ծնած է Իսթանպուլ, 16 օգոստոս 1928-ին ու իր ուսումը, մինչեւ միջնակարգ, Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ ստանալէ յետոյ անցած է Կեդրոնական, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1951-ին։

Իր առաջին գրութիւնը լոյս տեսած է թրքերէն «Հապէր» թերթին մէջ։ 1950-ին մասնակցած է միջազգային գրական մրցումի մը եւ իր «Կաղանդի տարօրինակ գիշեր մը» պատմուածքով դասուած է թուրք լաւագոյն նորավիպագիրներու կարգին, մրցանակի արժանանալով։

Սակայն հետզհետէ կը դառնայ հայ գրական կալուած, ԺԱՄԱՆԱԿ թերթին մէջ վարելով գեղարուեստական բաժնի խմբագրութիւնը եւ Մխիթարեան սանուց միութեան «Սան», Կեդրոնական սանուց միութեան «Հանդէս մշակոյթի» եւ «Ճառագայթ» գրական հանդէսներուն եւ շաբաթաթերթին մէջ հրատարակելով իր պատմուածքները, որոնք արուեստի նորագոյն դպրոցներու ազդեցութիւնը կը կրեն։

Միջոց մը ֆոթորըփորթըր եղած է «Հայաթ» հանդէսին, իսկ լուսանկարչական իր գեղարուեստական քոմփոզիսիոններով արդէն իսկ ծանօթ դէմք մըն է լուսանկարչական արուեստի սիրահարներուն։

1957-ին Արամեան սանուց միութեան այս անդրանիկ հրատարակութիւնը լոյս տեսած է բաւական երկար փուլերէ անցնելով։ Ի վերջոյ Գրական ժողովածոյի հրատարակման լիազօր անդամներ՝ Տիգրան Պալեան, Անդան Էօզէր, Աբրահամ Եանըգեան եւ Յ. Քիւրքճեան նախաձեռնարկ հանդիսանալով՝ հաւաքածոյի խմբագրութեան աշխատանքը յանձնեցին մասնաւոր խմբագրական կազմի մը. Վ. Ս. Ծովակ, Վարդան Կոմիկեան, Ռոպէր Հատտէճեան, Օր. Ս. Կիւլպէնկեան եւ Արեգ Տիրազան։ Անդամակցութեան կոչուածներէն Օր. Ս. Կիւլպէնկեան նիստերէն բացակայելով, իսկ Արեգ Տիրազան՝ արտասահման մեկնած ըլլալով ձեռնթափ եղած էին։

Այս հաւաքածոյի առաջին մասին մէջ տեղ գրաւած գրչի մշակներու լուսանկարները կը պարտինք Արա Կիւլէրի։ Սակայն չենք գիտեր, թէ ո՞վ լուսանկարած է մեծանուն լուսանկարչի յատկացուած էջին լուսանկարը։

Յամենայնդէպս մեզի համար ողջունելի է իր հայ գրականութեան անդաստանին մէջ թողած գրչի արտադրութիւնները, որոնք մեզի խօսուն պատգամներ կը փոխանցեն, թէ հանգուցեալ վարպետին կեանքին մէջ զգալի դարձած էր Մխիթարեանի եւ Կեդրոնականի դրոշմը։ Եւ մենք այդ դրոշմին վկայութեամբ կը մեծարենք իր գրական վաստակը, ինչպէս նաեւ մշակութային գործունէութեան մը սահմաններէն ներս իր կարեւոր ներդրումը։

Երթաս բարով սիրելի վարպետ։ Աստուած լուսեղէն եւ երկնային անթառամ պսակներուն արժանացնէ հոգիդ։ Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւն բոլոր անոնց, որոնք սիրեցին եւ յարգեցին քեզ, նախ որպէս մարդ ապա՝ արուեստագէտ։

ԳՐԻ­ԳՈՐ Ա­ՒԱԳ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ՏԱ­ՄԱ­ՏԵԱՆ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2018