ՇՆԻԿԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ
ԱՌԱՋԻՆ ՕՐ
Ո՞ւր կը տանին զիս, ի՞նչ ալ տաքուկ տեղ մը մխրճած են, մօրս փորիկին չափ տաքուկ, բայց այդ հոտը չունի, աղի ու անախորժ բան մը կայ այս հոտին մէջ, քիչ մըն ալ՝ ծուխի հոտ, հազս կը բերէ: Կ՚երեւի պտոյտի կը տանին, քիչ ետք կը վերադարձնեն կ՚երեւի մօրս գիրկը, աղբարիկներուս ու քոյրիկներուս հետ համով կաթ կը ծծենք: Արդէն անօթեցայ կարծես, բայց այդքան տաքուկ է տեղս ու կ՚օրօրուիմ որ քունս կու գայ, քնանամ քիչ մը, գոնէ չեմ զգար անօթութիւնս:
Ա՛յ, ա՛յ, ա՛յ, այս ինչ անակնկալ կերպով արթնցնել է, ասա՞նկ կ՚արթնցնեն ու տաք տեղէն պաղ գետնին վրա՞յ կը դնեն...: Մէյ մը թօթուեմ մարմինս, փորձեմ քալել, թէեւ շատ լաւ քալել չեմ գիտեր, թերեւս մայրս ալ հոս ըլլայ, երթամ, փնտռեմ զինք:
Հազիւ սկսայ քալել, ահա տեղ մը կը նստեցնեն, կը շոյեն, գիրկէ գիրկ կը պտտցնեն զիս...: Ահա, ճիշդ դէմս աղբարիկս է կարծես, ինծի պէս սեւուլիկ էր ան, բայց փորիկին վերի մասը ճերմակ չէր անոր, մօրս եօթը ձագուկներէն միայն իմ փորիկս ունէր սպիտակ մաս մը: Եթէ եղբայրս չէ, հապա ո՞վ է ասիկա, ճիշդ դէմս կեցած, ինծի կը նայի, ճիշդ ինծի պէս: Շարժեմ գլուխս, ա՛հ, ինք ալ կը շարժէ, ճիշդ իմ ձեւերս կ՚ընէ: Ահա կեցաւ, ալ չի շարժիր, բայց կենալէն առաջ ձայն մը հանեց, ճչա՞ց արդեօք, չեմ գիտեր ինչ ըրաւ, մէկ անգամէն չքացաւ:
-Ռէքս, հոս եկուր:
Զի՞ս կը կանչէ, «Ռէքս»ն ալ ո՞վ է, բայց այնպիսի ձեւեր կ՚ընէ, որ կարծես զիս նկատի ունի: «Ռէքս» է եղեր, չսիրեցի այս անունը:
-Ես Սեւուկ պիտի անուանեմ աս անուշիկ շունիկը: Սեւո՛ւկ, Սեւո՛ւկ, եկուր իմ քովս:
Ինչ քնքուշ ձայն մը ունի այս խօսողը, «Սեւուկ» ալ կ՚ըսէ, սիրեցի այս անունը, պտըլիկ պոչիկս շարժեմ ու քնքուշ ձայնին քով երթամ: Հա, ինչ աղուոր, տաքուկ գիրկ մըն ալ ունի, մէկ կտոր ալ գլուխս կը շոյէ, աջ ու ձախ տանիմ գլուխս, տեսնեմ ի՛նչ պիտի ընէ: Մատները շատ փափուկ են, մօրս ծիծերուն նման, թերեւս անոնցմէ կաթ ալ կը հոսի, մէյ մը փորձեմ, սապէս արագ շարժումներով գլուխս աջ ու ձախ տանիմ ու լափեմ փափուկ մատիկը: Ահա, արդէն իսկ բերնիս մէջն է, բայց ո՞ւր է կաթիկը, քիչ մըն ալ ծծեմ, թերեւս գայ...:
Քնքուշ ձայնին գիրկն եմ, կ՚օրօրուիմ նորէն, կ՚երեւի այս անգամ ալ ինք կը տանի զիս տեղ մը, ահա, իջեցուց գետին, ու անուշ բոյր մը հասաւ ռունգերուս, ծանօ՞թ է կարծես, չէ, նման է իմ գիտցածիս: Քնքուշ ձայնը հասկցած է անօթի ըլլալս ու ահա համով բան մը կայ դէմս: Հասայ, կը յօշոտեմ, հմմմմ, մօրս կաթին համը չունի, բայց աս ալ համով է: Ալ այս քնքուշ ձայնէն պիտի չհեռանամ, անուշ հոտ մըն ալ ունի արդէն, հոտին հետեւիմ ու հասնիմ քովը: Յոգնեցայ, քիչ մը ոտքերուն վրայ քնանամ, ահա ան հասկցաւ կարծես ու զիս բարձրացուց, տաքուկ տեղ մը տեղաւորեց: Օ՜ֆ, ինչ հանգիստ է...:
ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐ
Արթնցայ: Ի՜նչ աղուոր է կուշտ քնանալը: Ո՞ւր է քնքուշ ձայնը, երթամ փնտռեմ: Ա՛խ, գլուխս ցաւեցաւ, աչքերուս դէմը սեւ է, ինկայ կարծես, չեմ գիտեր ինչո՞ւ այսքան բարձր տեղ մը դրած են զիս: Ինչ որ է, հոտին հետեւիմ ու գտնեմ քնքուշ ձայնը: Փորիկիս մէջ բաներ մը կ՚ըլլան, կը պտտի ցաւ մը կարծես, բան մը դուրս պիտի ելլէ, ահա ելաւ, գէշ հոտ մըն ալ հետը հանեց: Օ՛ֆ, հանգստացայ, աչքերս ալ սկսան տեսնել, քնքուշ ձայնին հոտն ալ մօտեցաւ, հասնելիք եմ քովը կ՚երեւի, ահա մօտեցաւ ինք ու վերցուց զիս:
-Սեւո՛ւկ, ի՞նչ ըրեր ես:
Ի՞նչ կ՚ըսէ, չեմ հասկնար, լաւ բան մը կ՚ըսէ կ՚երեւի, պոչիկս շարժեմ թող ուրախանայ: Գէշ հոտին կը մօտենանք, ուրախ չէ քնքուշ ձայնը, նորէն պոչիկս շարժեմ, թերեւս ժպտի:
Գետինն եմ դարձեալ, բազմաթիւ ոտքեր կը շարժին շուրջս, կլոր բան մը կը նետեն ու զիս կը կանչեն կարծես: Ի՞նչ կ՚ուզեն որ ընեմ, արդեօք պէտք է այդ կլորակին ետեւէ՞ն երթամ:
Բարձրացայ նորէն մէկու մը գիրկը, ահա նորէն աղբարիկս է, նոյն ձեւերս կ՚ընէ, թաթիկովս դպչիմ իրեն, ո՛չ, ինք չէ, հոտ ալ չունի, կեցաւ, ալ չի շարժիր, բայց կենալէն առաջ զօրաւոր լոյս մը ելաւ, աչքերս շլացան այդ լոյսէն:
-Blacky, Blacky, ես այս շունիկին անունը Blacky պիտի դնեմ, Սեւուկ չեմ ուզեր կանչել շունիկս, հիմա երբ տուն երթանք, պիտի սորվեցնեմ արագ շարժիլ, գնդակին ետեւէն վազել, ուտել, խմել, ու որոշ տեղ մըն ալ պիտի յատկացնեմ աղտոտելու համար:
Կարծես զիս կը կանչեն նորէն այս անգամ ալ Blacky անունով: Է՛, գիտնամ ալ ի՞նչ է անունս, ո՞վ է տէրս, որո՞ւն պիտի հնազանդիմ, կամ ալ եթէ զիս մտիկ ընեն՝ թող մօրս քով տանին:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ