ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԳ.

Խօսք. «Զատիկի տօնի նախօրեակին, Յիսուս գիտնալով թէ հասած է Իր ժամը» (Յհ 13.1):

Մեկնութիւն. միւս աւետարանիչները Բաղարջակերացի օրէն առաջ կ՚ըսեն, իսկ ասիկա Զատիկէն առաջ: Կը թուի, թէ աւետարանիչները իրարու հակառակ կը խօսին, սակայն՝ հակառակ չեն, բայց ուժգին կերպով ճշարտութիւնը կը պատմեն, որովհետեւ հրեաներուն սովորութիւնն էր՝ օրը երկու տեսակ կը հաշուէին. նախ՝ ըստ Մովսէսի պատմելուն, եւ երկրորդ՝ ըստ լուսինին կը հաշուէին: Մովսէս կ՚ըսէ. «Երեկոյ եղաւ, եւ ցերեկ եղաւ, մէկ օր» (Ծն 1.5). երեկոն առաւօտէն ետք կը հաշուէին, իսկ լուսնի համրանքը երեկոն մինչեւ առաւօտը անցեալ օր կ՚ըսէին: Երեք աւետարանիչները, որոնք նախ օր կ՚ըսեն, երեկոն առաւօտէն ետք կ՚ըսեն, իսկ Յովհաննէս Զատիկէն առաջ կ՚ըսէ՝ ըստ լուսինի համարին կը թուէ, որ առաւօտը անցեալ օր կ՚ըսէին: Այն ատեն այս հաշիւը յառաջ կու գայ, այն որ կ՚ըսէ, ապա ուրեմն երկուքն ալ ճիշդը կ՚ըսեն:

«Յիսուս գիտնալով թէ հասած է Իր ժամը» (Յհ 13.1):

Ոչ թէ առաջ…, այլ՝ հիմա գիտցաւ, այլ՝ ըրաւ որպէսզի աշակերտներուն յայտնէ…, չարչարանքները կ՚ըսէ. փոխել այն, որ մարմինով պիտի մեկնէր անոնց մօտէն եւ Հօր մօտ պիտի համբառնար, սակայն Աստուածութեամբ անոնց հետ էր, ինչպէս Ինք ըսաւ:

«Սիրեց Իրենները» (տե՛ս Յհ 13.1):

Իր առաքեալներուն կ՚ըսէ, որոնք խօսքով ընտանիք էին, որովհետեւ թէեւ բոլորն ալ կը սիրեն, սակայն ստեղծմամբ, իսկ թէ ինչո՞ւ համար մինչեւ հիմա ցոյց չտուաւ այս սէրը: Նախ՝ որովհետեւ սովորութիւն է, երբ մէկը հեռաւոր աշխարհ մը երթայ, գացած ժամանակ աւելի սէր ու գութ կը ցուցնէ իր ընտանիքին նկատմամբ, քանի որ այդպիսով միշտ կը յիշեն զինք, այս նոյն բանը Տէրն ալ ըրաւ: Երկրորդ. որովհետեւ ասոնք վիրաւոր ու տրտմած էին Քրիստոսի համար, որ պիտի հեռանար իրենցմէ, այսպիսի սէր կը ցուցնէ, որպէսզի յիշեն զայս եւ ասով մխիթարուին, իսկ թէ ի՞նչ է, որ կ՚ըսէ. «Իրենները, որոնք այս աշխարհի մէջ են» (Յհ 13.1). Ոսկեբերանը այսպէս [կը մեկնէ], թէ՝ նահապետներուն համար կ՚ըսէ, որոնք Ի՛րն էին հաւատքով, բայց… [մէկ բառ կը պակսի] աշխարհէն ասոնք սիրեց, որոնք աշխարհի մէջ են, այսինքն՝ առաքեալները… [մի քանի բառեր կը պակսին], իսկ նահապետները դժոխքի մէջ էին, սակայն աշխարհէն մէկ մասնիկ էին, քանի որ դժոխքը աշխարհէն է:

Եւ դարձեալ՝ թէեւ հոգիները դժոխքի մէջ են, սակայն մարմինները գերեզմանի մէջ էին, իսկ իրենները, որոնք աշխարհի մէջ են, կ՚ըսէ, որ [անոնց] բնութիւնը հրեշտակներէն կը զատէ, թէ մարդկային բնութիւնը առաւել սիրեց քան անոնցը: Նախ կ՚ըսէ, թէ շատ սիրեց, եւ երկրորդ, թէ մինչեւ այս կեանքին աւարտը, երբ կ՚ուզէ մեկնիլ, եւ երրորդ, թէ՝ մինչեւ սիրոյ գագաթնակէտը սիրեց զանոնք:

«Երբ ընթրիք կ՚ընէին, սատանան արդէն [Յուդային] միտքին մէջ դրած էր» (Յհ 13.2):

Յուդան երեք անգամ շարժեցաւ, որպէսզի մատնէ զԻնք. նախ՝ երբ Մարիամ իւղը Քրիստոսի գլուխին թափեց, այդ ատեն Մատթէոս կ՚ըսէ, թէ՝ «Տասներկուքէն մէկը Յուդա [Իսկարիովտացի անուանեալ] քահանայապետներուն քով գնաց» (Մտ 26.14): Երկրորդ. որ այստեղ կ՚ըսէ, թէ՝ «սատանան անոր միտքին մէջ դրած էր, որպէսզի մատնէ զԻնք» (Յհ 13.2): Երրորդ. երբ պատառը առնելով դուրս ելաւ եւ քահանայապետներուն քով գնաց:

«Ելաւ սեղանէն, մէկ կողմ դրաւ Իր վրայի հագուստը» (Յհ 13.4):

Այսինքն՝ վերին պատմուճանը, որ արգելք կ՚ըլլար գործին, հանեց:

«Եւ ղենջակ մը առնելով՝ մէջքին կապեց» (Յհ 13.4):

Ղենջակ այն բանին կ՚ըսէ, որ դաստառակ մը առջեւը նետեց եւ ետեւէն՝ մէջքին վրայ ամրացուց դէպի հագուստին կողմը:

«Կոնքին մէջ ջուր լեցուց եւ սկսաւ լուալ» (Յհ 13.5):

Տէրը հինգ տեսակի սէր կը ցուցնէ աշակերտներուն նկատմամբ. նախ՝ սէր կայ, որ բանի մը համար կը սիրեն, իսկ Քրիստոս՝ ձրիաբար սիրեց: Երկրորդ. կայ կատարեալ սէր, որ նախ կը սիրէ, իսկ Տէրը նախ մեզ սիրեց: Երրորդ. հասարակաբար սէր կայ, իսկ այստեղ Տէրը միայն Իրենները սիրեց: Չորրորդ. սէր կայ, որ այստեղ է միայն, իսկ Տէրը Իր մահէն ետք ալ սիրեց Իր առաքեալները՝ ինչպէս կ՚ըսէ. «Որպէսզի զանոնք չարէն պահես» (Յհ 17.15): Հինգերորդ. աշխարհի սէր կայ, բայց ամենեւին կատարեալ չէ, իսկ Տէրը ի սպառ սիրեց զանոնք:

Իսկ թէ ինչո՞ւ համար անոնց ոտքերը լուաց եւ ո՛չ թէ ուրիշ անդամ մը:

Ասիկա բազմաթիւ պատճառներով. նախ՝ որովհետեւ ոտքը մարմինին վերջին մասն է, եւ այսպէս ուսուցանեց՝ վերջին մեղքերը ամբողջութեամբ լուալ, որպէսզի ձեր վրայ մեղքեր չերեւին: Երկրորդ. քանի որ հաստատուն գործ ոտքի վրայ կը գործուի, այդպէս ալ սորվեցուց, որպէսզի կատարուած մեղքը ամբողջութեամբ մաքրուի: Երրորդ. որովհետեւ ոտքը իր ամանին [կօշիկին] մէջ միշտ ծածուկ կ՚ըլլայ, որ բանալով սորվեցուց, թէ ծածուկ բաները խոստովանութեամբ յայտնի դարձուցէք: Չորրորդ. քանի որ անոնք որոնք ոտքերը կը լուան, աչքերը կը լուսաւորուին, որովհետեւ այնտեղ է աչքերուն երակը, այդ պատճառով լուալով ցոյց տուաւ, թէ անոնք որոնք մեղքերը կը սրբեն, անոնց միտքերը կը լուսաւորուին: Հինգերորդ. քանի որ մարմինին ծանրութիւնը ոտքին վրայ է, այդ պատճառով զայն լուալով սորվեցուց, թէ մեղքերուն ծանրութիւնը ոչինչ է, եթէ մէկը խոստովանութեամբ լուացուի: Վեցերորդ. որովհետեւ մեր անկումին սկիզբը Ադամին ծառին մօտ գալը եղաւ, այդ պատճառով ոտքերը լուալով նախահօր գարշապարը բժշկեց: Եօթներորդ. քանի որ ոտքը անարգ մասն է՝ գլուխին հետ համեմատելով, լուաց զայն, որպէսզի սորվեցնէ, թէ ո՛չ ոք անարգեցէք, նոյնիսկ եթէ ամգնէն յետինը ըլլայ: Ութերորդ. որովհետեւ ոտքերը լուալով աշակերտներուն խոնարհութիւնը ցոյց տուաւ, որով կրնան Սուրբ Երրորդութեան բնակարան ըլլալ: Իններորդ. քանի որ մարդոց ոտքերը արժանի չէին Վերին Երուսաղէմ մտնել՝ բազմաթիւ մեղքերու պատճառով, այդ պատճառով լուաց եւ փոխեց մեր ճանապարհը՝ երթալու Երկինքի Արքայութիւն: Տասներորդ. որովհետեւ եթէ Ան ոտքերը լուացած չըլլար, մենք ընդհանրապէս կը հպարտանայինք, այդ պատճառով ոտքերը լուալով ցոյց տուաւ մեզի, ընդհանրապէս ոչինչ համարել մենք մեզ, ինչքան ժամանակ որ մարմինի մէջ ենք:

Իսկ մենք այս մէկը պէտք է օրինակ վերցնենք հինգ պատճառով. նախ՝ Քրիստոսի հրամանին համար, որ ըսաւ. «Օրինակ մը տուի ձեզի, ինչպէս Ես ձեր ոտքերը լուացի, դուք ալ նոյնը իրարու ընէք» (տե՛ս Յհ 13.15): Երկրորդ. որպէսզի Քրիստոսի նմանինք՝ խոնարհութեամբ նուաստներուն ոտքերը լուալով: Երրորդ. Անոր սիրոյն համար, որովհետեւ իւրաքանչիւր տարի կը կատարենք, որպէսզի Անոր սէրը մեր մէջ աւելնայ: Չորրորդ. Քրիստոսի մեծութեան համար, քանի որ եթէ բոլորին Տէրը ասիկա ըրաւ, հետեւաբար մենք, որ նուաստներ ենք, պէտք է որ ընենք: Հինգերորդ. որպէսզի Քրիստոսէ վարձք առնենք, Անոր հրամանները կատարելնուս համար:

Բայց քննելի է, թէ նախ ո՞ր աշակերտներուն ոտքերը լուաց:

Ոմանք կ՚ըսեն, թէ նախ տասնմէկինը լուաց եւ յետոյ Սիմոնին [Պետրոսին] մօտ եկաւ, բայց ա՛յս է ճշմարիտը, որ միայն Յուդայինը լուացած էր եւ ապա եկած Պետրոսի մօտ, քանի որ երբ սկսաւ լուալ, Յուդան միայն ժպիրհ դէմքով եւ յանդուգն երեսով եկաւ ու ոտքերը կոնքին վրայ դրաւ, որ լուաց: Արդ, ուշադրութիւն դարձուր Բարերարին, թէ ի՞նչքան ջերմ էր անոր դարձի գալուն, որ մինչեւ իսկ ոտքերը լուալու արժանի ըրաւ զինք, բայց ան ամենեւին անդարձ կը մնար նոյն չարիքին մէջ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 129

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2021