ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ծաղրողին, ամբարիշտին եւ իմաստունին հետ վարուելու մասին որեւէ մէկ բան գրուա՞ծ է Առակաց գիրքին մէջ:

Պատասխան. Անշուշտ: Առակացի 9-րդ գլուխին 7-9 համարներուն մէջ կը կարդանք. «Ծաղրողը յանդիմանողը՝ իրեն անարգանք ու ամբարիշտը խրատողը իրեն արատ կը վաստակի: Ծաղրողը մի՛ յանդիմաներ, որ չըլլայ թէ քեզի թշնամի ըլլայ: Իմաստունը յանդիմանէ՛ ու քեզ պիտի սիրէ: Իմաստունին խրատ տո՛ւր եւ աւելի իմաստուն պիտի ըլլայ: Արդար մարդուն սորվեցուր ու իր իմաստութիւնը պիտի աւելցնէ»:

Այս տողերը կարդալով մարդ պէտք չէ մտածէ, թէ սխալ ճանապարհի մէջ քայլողներուն որեւէ մէկ բան պէտք չէ ըսել, եթէ այդպէս վարուինք, ապա եսասէր կ՚ըլլանք, որովհետեւ Տէր Յիսուսի մեզի՝ մարդկութեան համար բերած փրկութիւնը կը սեփականացնենք, առանց զայն բաժնեկցելու մեր նմաններուն հետ: Ընդհակառակը, մենք այնպէս պիտի ընենք, որ մեր վարք ու բարքով, մեր խրատներով եւ աստուածային խօսքի փոխանցումով առիթ հանդիսանանք մոլորուածներուն դարձի գալու եւ վերադառնալու առ Աստուած:

Առակագիրին այս տողերը լաւապէս հասկնալու համար, միասնաբար կարդանք հետեւեալ համարը. «Ոեւէ սրբութիւն շուներուն մի՛ տաք, ձեր մարգարիտներն ալ խոզերուն առջեւ մի՛ նետէք, որպէսզի չըլլայ թէ զանոնք կոխկռտեն եւ դառնան ձեր վրայ յարձակին» (Մտ 7.6): Այս համարը կարդալով կը յստականայ, թէ ինչո՞ւ Առակագիրը կը թելադրէ, որպէսզի ծաղրողին չյանդիմանենք եւ ամբարիշտին չխրատենք, մանաւանդ երբ անոնք ի վիճակի կամ պատրաստ չեն մեր յանդիմանութիւնն ու խրատը լսելու, որովհետեւ այդ պարագային, այսինքն՝ երբ տակաւին իրենց չարութեան մէջ են, կրնան խոզերու նման մեր վրայ յարձակին ու կոխկռտեն մեզ:

Իսկ այն որ կը խրատէ իմաստունին յանդիմանել ու խրատել, որովհետեւ իմաստունը, այսինքն՝ ան որ ուղիղ ճանապարհէն կը քալէ եւ կը փորձէ իր կեանքը Աստուածաշունչին համաձայն եւ Աստուծոյ հաճելի կեանքով մը ապրիլ, ապա իւրաքանչիւր խօսք՝ ըլլա՛յ յանդիմանութիւն, կամ ըլլա՛յ խրատ սիրով կը լսէ, կը խորհրդածէ ատոնց մասին եւ իր հոգիին շինութեան համար պիտանին ու արժանին կը վերցնէ եւ իր կեանքին մէջ կը սկսի գործադրել, որով իր ունեցած իմաստութիւնը օր օրի կը սկսի աճիլ ու աւելնալ:

Հ. Ի՞նչն է իմաստութեան սկիզբը եւ ի՞նչ է Ամենասուրբին գիտութիւնը:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Իմաստութեան սկիզբը Տիրոջը վախն է ու Ամենասուրբին գիտութիւնը հանճար է» (Առ 9.10):

Պարզ եւ յստակ. Իմաստութեան սկիզբը Տիրոջը վախն է. եթէ Տիրոջ վախը չկայ՝ իմաստութիւն կատարեալ չի՛ կրնար ըլլալ, ո՛չ միայն կատարեալ չի կրնար ըլլալ, այլեւ այս աշխարհի չափանիշներով յաջող ու ընդունելի: Իսկ երբ Տիրոջ վախը կայ, այսինքն՝ երկիւղը, ապա իմաստութիւնը ամբողջական ու կատարեալ կ՚ըլլայ՝ համաձայն մեր կարողութիւններուն ու ըմբռնման չափանիշներուն:

Սուրբ Անտոն Անապատական կը գրէ. «Ամէն օր մեռի՛ր՝ որպէսզի ապրիս, որովհետեւ ով որ Աստուծմէ կը վախնայ՝ ան դարերով կ՚ապրի»: Իսկ Սուրբ Աթանաս Աղէքսանդրացին կը գրէ. «Ով որ Աստուծոյ նկատմամբ անկեղծ երկիւղ ունի, այդպիսին ոչ ոքէ կը վախնայ: Իսկ ով որ Աստուծոյ նկատմամբ երկիւղ չունի, այդպիսին ամէն ինչէ կը վախնայ»:

Իսկ երբ Աստուծոյ երկիւղին կու գայ միանալու Անոր գիտութիւնը, այսինքն՝ զԻնք ճանչնալն ու ըմբռնելը, ապա այդպիսին հանճարի կը վերածուի, որովհետեւ ով որ զԱստուած ունի, ամէն բան ունի, ե՛ւ իմաստութիւն, ե՛ւ գիտութիւն, ե՛ւ խելամտութիւն, ե՛ւ ուշիմութիւն, մէկ խօսքով ամէն բան՝ որ մարդս մարդ կ՚ընէ:

Հ. Ի՞նչն է տարբերութիւնը իմաստուն եւ անմիտ տղաներուն:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Իմաստուն տղան իր հայրը կ՚ուրախացնէ, բայց անմիտ տղան իր մօրը տրտմութիւն է» (Առ 10.1): Որովհետեւ, իմաստուն տղան իմաստութեամբ կը վարուի, եւ ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի գոհութիւն պատճառէ իր ծնողներուն, եւ մանաւանդ իր Երկնաւոր Ծնողին՝ Աստուծոյ, որով ուրախութիւն կը պատճառէ անոնց: Մինչ անմիտ տղան, իր վարք ու բարքով, իր մեղսալից կեանքով տրտմութիւն եւ տխրութիւն կը պատճառէ իր երկրաւոր եւ Երկնաւոր ծնողներուն:

Հ. Ի՞նչ է տարբերութիւնը անօրէնութեան եւ արդարութեան:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Անօրէնութեան գանձերը օգուտ չեն ըներ, բայց արդարութիւնը մահուընէ կ՚ազատէ» (Առ 10.2): Այս համարին որպէս բացատրութիւն կը մէջբերենք Մատթէոսի Աւետարանին 5-րդ գլուխին 19-21 համարները: «Ձեր հարստութիւնը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն եւ կամ գողերը պատդ քանդելով ներս կը մտնեն ու կը գողնան զայն: Այլ ձեր հարստութիւնը դիզեցէք երկինքի մէջ, ուր ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն, եւ ոչ ալ գողերը կրնան պատդ քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ: Որովհետեւ ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ՚ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը»:

Մեր անօրէնութիւնները այս աշխարհի վրայ մեզի համար հարստութիւն կը դիզեն, որ կը թուի թէ հարստութիւն է, մինչ իրականութեան մէջ գողերուն համար՝ սատանային ու իր արբանեակներուն գողութեան համար ցանկալի իրի կը վերածուին, որովհետեւ ցեցոտած, ժանգոտած ու փճացած կ՚ըլլան, իրողութիւն մը, որ սիրելի սատանային ու իր արբանեակներուն: Մինչ մեր արդարութիւնը, այսինքն՝ մեր բարի գործերը ո՛չ միայն մեզ մահէն կ՚ազատեն, այլեւ՝ մեզ երկինքի քաղաքացիներ կը դարձնեն:

Հ. Ի՞նչպիսին է Տիրոջ վերաբերմունքը արդարին ու ամբարիշտին նկատմամբ:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Տէրը արդարին հոգին անօթի չի թողուր, բայց ամբարիշտներուն ցանկութիւնը կը խափանէ» (Առ 10.3): Անոնք որոնք իրենց արդար գործերով լեցուն ու ծանրաբեռնուած ձեռքերը Աստուծոյ կը բարձրացնեն, ապա Աստուած զանոնք անօթի չի՛ թողուր, ո՛չ ֆիզիքապէս եւ ո՛չ ալ առաւելապէս հոգեւորապէս: Տէր Յիսուս կ՚ըսէ. «Լաւ գիտցէք, որ եթէ չուտէք Մարդու Որդիին մարմինէն եւ չխմէք Անոր արիւնէն՝ կեանք պիտի չունենաք ձեր մէջ: Ով որ մարմինէս կ՚ուտէ եւ արիւնէս կը խմէ՝ յաւիտենական կեանք կ՚ունենայ եւ Ես անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը, քանի մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ արիւնս՝ ճշմարիտ խմելիք: Ով որ մարմինէս կ՚ուտէ եւ արիւնէս կը խմէ՝ մէջս կը բնակի եւ Ես՝ անոր մէջ: Ինչպէս Հայրը, որ զիս ղրկեց, կ՚ապրի, Ես ալ Իրմով կ՚ապրիմ: Նմանապէս, ով որ Իմ մարմինէս կ՚ուտէ՝ պիտի ապրի Ինձմով: Ա՛յս է երկինքէն իջած հացը: Ասիկա չի նմանիր այն մանանային, որ ձեր հայրերը կերան եւ յետոյ մեռան: Ով որ այս հացը ուտէ՝յաւիտեան պիտի ապրի» (Յհ 6.53-58):

Հ. Ի՞նչն է տարբերութիւնը ծոյլ եւ ժիր տղաներուն:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Ծոյլ ձեռքով բանողը աղքատ կ՚ըլլայ, բայց ժիր մարդոց ձեռքը հարստութիւն կը բերէ: Ան որ ամառը կը հաւաքէ, խոհեմ տղայ է, հունձքի ատեն քնացող տղան նախատինք կը բերէ» (Առ 10.4-5):

Ծոյլ ձեռքով բանող, այսինքն՝ չկամութեամբ, քրթմնջանքով եւ տրտունջքով աշխատողը աղքատ կ՚ըլլայ, որովհետեւ իր իւրաքանչիւր քայլափոխին, կը բողոքէ, կը տրտնջայ եւ իր աշխատանքը ամբողջութեամբ չի՛ կատարեր, որով եւ ամբողջական վարձատրութիւն չի ստանար: Մինչ աշխատասէրը ժրաջանութեամբ կ՚աշխատի եւ իր ձեռքերը հարստութիւն կը բերեն, որով իր կեանքը մեծ օրհնութիւն ու փառաբանութիւն մը կ՚ըլլայ հանդէպ Արարիչին, Ով իրեն շնորհած է ժրաջանութեան շնորհքը:

Արդարեւ աշխատող մարդը զԱստուած կը փառաւորէ, մինչ ծոյլ եւ անգործունեայ մարդը ինքն իրեն նախատինք բերելէ անդին, մեղքի կեանքին մէջ կ՚իյնայ, որով կը տրտմեցնէ զԱստուած իր Արարիչը, ով բնութեամբ զինք գործունեայ ստեղծած է, ինչպէս կ՚ըսէ այս մասին Բարսեղ Մաշկեւորցին. «Աստուած մարդը բնութեամբ գործունեայ ստեղծած է, նման երկրին, որ տունկեր եւ սերմեր աճեցնելու զօրութիւնը ունի իր մէջ: Ինչպէս որ երբ հողը չմշակենք, չտնկենք ու չսերմանենք, զանազան տեսակի փուշեր եւ խոտեր կը բուսնին, նոյնն է պարագան մարդուն. ան բնութեամբ գործունեայ ըլլալով, երբ բարիք չգործէ, բնականաբար չարիք կ՚ընէ: Դարձեալ, երբ բարի բաներ չխորհի, անպէտ գործերու մասին մտածելով կը կործանի: Իսկ եթէ սկիզբէն իսկ զգոյշ ըլլաս եւ չար մտածումներ չունենաս, կ՚ազատիս մեղքէն»:

Մարդ պէտք է հեռո՛ւ մնայ ծուլութենէն, որովհետեւ ծուլութիւնը մեղքերու եւ չարիքներու մայրն է: Երբ մարդ ծուլութեան մէջ յայտնուի, ամէն ինչի ընդունակ կը դառնայ, բացի բարի գործերէ եւ Աստուծոյ հաճելի կեանք մը ապրելէ: Անապատական հայրերուն պարագլուխը՝ Սուրբ Անտոն Անապատականը այսպէս կը թելադրէ. «Ո՛չ մէկ վայրկեան մի՛ զոհեր ծուլութեան»: Իսկ մեր Եկեղեցւոյ հայրերէն՝ Սարգիս Շնորհալի Վարդապետը կը գրէ. «Մեր Տէրը երկնաւոր առաքինութիւն եւ հրեշտակային վարք կ՚առաջարկէ մեզի, մինչ մենք ծուլութիւնն ու քունը կը պատուենք՝ մայրը բոլոր թշուառութիւններուն»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 18

7 նոյեմբեր 2022, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2022