Բայց Ո՞վ, Բայց Ինչպէ՞ս

Դրամի Միջազգային Կայսերապաշտութիւնը եւ Համաշխարհային Ապակայունացումը Վեր­ջերս, հա­մա­ցան­ցի վրայ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման մա­սին գրու­թիւն մը ու­շադ­րու­թիւնս գրա­ւեց. նիւ­թը յղո­ղը լի­բա­նա­նա­հայ ծա­նօթ լեզ­ուա­գէտ բժ. Ար­մե­նակ Եղ­իայ­եանն էր, ո­րուն լեզ­ուա­գի­տա­կան յօդ­ուած­նե­րուն կա­րե­ւո­րու­թեամբ կը հե­տե­ւիմ: Գրու­թիւ­նը կար­դա­լէ ետք, հա­մա­կար­ծիք ըլ­լա­լով յար­գե­լի մտա­ւո­րա­կա­նին, ջա­նա­ցի իմ ալ մտա­ծում­ներս թուղ­թին յանձ­նել վե­րո­յիշ­եալ նիւ­թին կա­պակ­ցութ­եամբ:

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, ա­ւե­լի ճիշդ՝ Սուր­իոյ պա­տե­րազ­մի վե­ցամ­եայ տա­րի­նե­րուն ա­ռըն­թեր, հոս ու հոն գու­մարուած գի­տա­ժո­ղով­նե­րուն, ժո­ղով­նե­րուն ու հան­դի­պում-հար­ցազ­րոյց­նե­րուն մե­ծա­մաս­նութ­եան գլ­­խա­ւոր նիւ­թը մէյ մը Սուր­իոյ պա­տե­րազմն է, մէյ մըն ալ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման հար­ցը:

Շատ մե­լան հո­սե­ցաւ, թէ­պէտ այ­լեւս մե­լան գոր­ծա­ծող չմ­­նաց, շատ ալ խօսք յեղ­ուե­ցաւ այս եր­կու հրա­տապ հար­ցե­րու քն­­նարկ­ման ի խն­­դիր: Պա­տե­րազ­մի հարցն ու ան­կէ բխող տա­րա­տե­սակ խնդիր­նե­րը մէկ կողմ ձգենք ու խօ­սինք ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման հար­ցին մա­սին, ա­ւե­լի ճիշդ՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ճգ­­նա­ժա­մին ու զայն փր­­կե­լու ի խն­­դիր ա­ռա­ջարկ­ուած մի­ջոց­նե­րուն մա­սին:

Ընդ­հան­րա­պէս կ՚ա­ռա­ջարկ­ուի, որ Սփիւռ­քի մէջ օգ­տա­գոր­ծուող լեզ­ուին պա­հա­պա­նը ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նը, քա­նի Սփիւռ­քը ան­կա­յուն է, իսկ Հայ­րե­նի­քը կա­յա­ցած պե­տա­կա­նու­թիւն է: Ա­ռա­ջար­կը որ­քան ալ տրա­մա­բա­նա­կան ըլ­լայ, ցան­կա­տե­սու­թեամբ, փա­փա­քե­լով, կամ պե­տա­կան, պաշ­տօ­նա­կան ո­րո­շու­մով լուծ­ուե­լիք հարց չէ:

Բա­ցատ­րու­թիւնս կան­խեմ ու ը­սեմ, որ սփիւռ­քա­հա­յու խօ­սակ­ցա­կան լե­զուն անհ­նար է Հա­յաս­տա­նի մէջ պա­հել, գրա­կա­նու­թիւ­նը՝ ա­յո՛ կա­րե­լի է, իսկ լե­զուն, մեր գրա­բա­րին նման կը պահ­պան­ուի միայն ո­րոշ ան­ձե­րու եւ ո­րոշ նպա­տակ­նե­րու ծա­ռա­յե­լու հա­մար եւ ոչ ա­մէ­նօր­եայ խօ­սակ­ցու­թեանց ճամ­բով: Ո՞վ պի­տի օգ­տա­գոր­ծէ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ ին­չո՞ւ, սու­րիա­հա­յե՞­րը, որ հաս­տատ­ուած են այս­տեղ, բայց ա­նոնք ար­դէն ըն­տե­լա­ցած են տե­ղա­կան լեզ­ուին եւ կը փոր­ձեն իւ­րաց­նել ու մեր­ուիլ տե­ղա­ցի­նե­րուն մէջ:

Թե­րեւս ան­հատ լեզ­ուա­բան­ներ, ի­րենց ու­սում­նա­սի­րու­թեանց հա­մար, թե­րեւս թատ­րոն­ներ, ա­րեւմ­տա­հայ թա­տրեր­գու­թեանց պա­րա­գա­յին, գու­ցէ նա­եւ ձայ­նաս­փիւռն ու հե­ռա­տե­սի­լը, ե­թէ ա-­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով շա­բա­թա­կան յայ­տա­գիր մը ու­նե­նան ի­րենց ծրագ­րին մէջ, բայց ոչ ժո­ղո­վուր­դը: Գրող­ներն ու խօ­սող­նե­րը ու­նին ար­դէն ար­մա­տա­ցած ի­րենց լեզ­ուա­կան տար­բե­րակ­նե­րը, զորս փո­խել անհ­նար է:

Գա­լով ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նին, ա­պա զայն պա­հող­նե­րը պի­տի ըլ­լան սփիւռ­քա­հայ գրող­ներն ու մա­մու­լը, այն­քան ա­տեն, որ Սփիւռք կայ եւ Սփիւռ­քի մէջ դպ­­րոց­ներ կան, գրող եւ կար­դա­ցող կայ:

Հայ­րե­նի «Ազգ» շա­բա­թա­թեր­թը ու­նի եւ յա­ճախ կը հիւ­րըն­կա­լէ ա­րեւմ­տ

ա­հա­յե­րէ­նով եւ Մես­րոպ­եան ուղ­ղագ­րու­թեամբ սիւ­նա­կա­գիր-յօդ­ուա­ծա­գիր­ներ, ե­րա­նի հա­յաս­տան­եան ու­րիշ թեր­թեր եւ լրատ­ուա­մի­ջոց­ներ ալ հե­տե­ւին ա­նոր օ­րի­նա­կին: Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը պահ­պա­նե­լու կա­րե­ւոր քայլ մը չէ՞ ա­սի­կա: Թող դպ­­րոց­նե­րուն մէջ ալ շա­բա­թա­կան գո­նէ մէկ պահ յատ­կաց­նեն, որ­պէս­զի ա­շա­կեր­տին ա­ւե­լի մատ­չե­լի դառ­նայ ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը:

Ե­թէ կայ ցան­կու­թիւն, մի­ջոց­ներ չեն պակ­սիր:

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԻ­ՔԱ­ՅԷ­ԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2017