Դրամի Միջազգային Կայսերապաշտութիւնը եւ Համաշխարհային Ապակայունացումը
Անպարկեշտութիւն է հաւատալ բանի մը եւ զայն չապրիլ:
Մահադմա Կանտի
85=3.500.000.000: Համաշխարհայնացման եւ դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան նորագոյն ուսողութիւնն է (mathematiques) այս հաւասարութիւնը:
Լրատուամիջոցները երբեմն ահազանգող տեղեկութիւններ կը հաղորդեն, կ՚իմանանք, կը դնենք մեր հետաքրքրասիրութիւններու զամբիւղը, կը սպասենք նորերու: Դէպքերը կը դիմաւորենք կրաւորականութեամբ, միշտ խորհելով, որ անոնք մեզի չեն վերաբերիր:
Թերթի մը մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը վերտառութիւնը կ՚ըսէ, թէ տասնհնգօրեակ մը որ կ՚անցնի իրեն հետ կը տանի լեզու մը: Զանգուածները այդ լսելով չեն անհանգստանար: Կարծէք այդ ահազանգը Հրատ մոլորակի բնակիչներուն համար է: Բացի «հասութաբեր» համարուած լեզուներէն, ի՞նչ բանի կը ծառայեն միւս լեզուները: Այս ախտէն վարակուած ենք ազգովին, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Բացառութիւնները կը հաստատեն ընդհանուր վերաբերումը:
Հեռատեսիլէն կ՚ըսուի, կը լսենք, որ քանի մը տասնեակ անձեր աշխարհի բնակչութեան կէսի համագումար հարստութենէն եւ եկամուտէն աւելին ունին: Կը լսենք, չենք անհանգստանար, չենք հակազդեր: Այդպէս են մեծ երկիրները, այդպէս են նաեւ փոքր երկիրները, համեմատութիւնները պահուած ըլլան թէ ոչ: Անհատապաշտութիւնը եւ սպառողական ընկերութեան առթած թմրութիւնը կը փթացնեն արժէքներու ըմբռնումը եւ հաւաքականի զգացողութիւնը:
Ո՞վ կը յիշէ աշխարհագրական եւ հոգեկան փարսախներով մեզմէ հեռու այդ մահը:
Հին թուղթերուս մէջ կարդացի, որ 1987-ին, Գալիֆորնիոյ Փալա քաղաքին մէջ մեռած էր 94 տարեկան կին մը, որ վերջին անձն էր «գուբենօ» լեզուն խօսող: Իրմէ վերջ հիւսիսային Ամերիկայի բնիկներու այդ լեզուն ոչ ոք կը խօսի, ան կորսուած լեզուներու դամբարանը գացած է:
Մեր օրերուն լեզուներու անհետացման ընթացքը արագացած է թոհուբոհին մէջ համաշխարհայնացման, որ ունի իր լեզուն: Հաշուապահի պաղարիւնութեամբ կը յայտարարուի, որ ներկայի շուրջ 5000 լեզուներու կէսը դար մը ետք պիտի կորսուի: Եթէ ընկերամշակութային հոլովոյթը մեր մատներու արանքէն չդիտենք, կը հասկնանք, որ երբ մանուկները չեն խօսիր իրենց ժողովուրդի լեզուն, ան կը մեռնի:
Ժողովուրդներ կան, որոնց զաւակները ուղղակի կամ անուղղակի պարտադրանքով, կամ ծնողներու քաղքենիական անպատասխանատուութեամբ, իրենց լեզուն չեն խօսիր:
Ժողովուրդներ վտանգուած են ոչ թէ պատերազմի կամ նոյնիսկ սովի պատճառով, այլ այլասերումով, կորսնցնելով իրենց ինքնութեան առանցքը հանդիսացող լեզուն: Ոչ միայն փոքրերը, այլ նաեւ մեծերը եւ նուազ մեծերը, ենթարկուելով ժամանակակից հեղեղային հաղորդակցական միջոցներու ծաւալումին եւ միօրինականացման, որոնք տեղ չեն ձգեր փոքրերուն:
Ցարդ մասամբ կը դիմանան կարգ մը մեծեր, բայց միայն իրենց աշխարհագրական կամ ազդեցութեան գօտիին մէջ: Եթէ համամոլորակային տագնապ կամ ցնցում մը չպատահի, պիտի ըլլայ այն, որ պատահած է հիւսիսային Ամերիկայի լեզուներուն: Ինչպէս ենթադրողներ եղած են,- չհաստատուած ենթադրութիւն,- որ բոլոր լեզուները սերած են մէկ մայր լեզուէ մը, այժմ աւելի քան ենթադրութիւն է, որ մարդկութիւնը կ՚ընթանայ դէպի մէկ հասարակաց լեզու:
Ահազանգողներ կան: Մենախօսողներ:
Համայն մարդկութիւնը իրենց աքցանին մէջ առած դրամի կայսերապաշտութիւնը եւ սպառողական քաղաքակրթութիւնը շարժիչներն են այս հարթումի ընթացքին: Երէցներ եւ մանուկներ բռնուած են հաղորդակցական հետզհետէ աւելի արդիական եւ անշրջանցելի դարձող հաղորդակացական մոլորակային ցանցին մէջ: Աստիճանաբար կը շեշտուի մշակոյթներու եւ ազգային ինքնուրոյնութիւններու տեղատուութիւնը, սպառողական ընկերութենէն բաժին ձեռք բերելու համար, որ կը պարտադրէ դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան սարքած խաղին մէջ մտնել:
Այդ խաղը կը համարուի յառաջդիմութիւն, արդիականութիւն:
Այդ խաղին մէջ տեղ չունին ոչ Մարդը, գլխագրուած, ոչ մշակոյթները, ոչ ինքնութեան պատուանդան լեզուները: Արդարեւ, ինչպէ՞ս կրնան գոյատեւել անհատական եւ հաւաքական ինքնուրոյնութիւնները, երբ աշխարհի 85 ամենէն հարուստները մոլորակի բնակիչներու կէսին, 3.5 միլիառ համեստներու հաւաքաբար ունեցածէն աւելի ունին: Մնացեալ 3.5 միլեառը կը կոչեն միջին խաւ, մանր քաղքենիներ, որոնք յիշուած 85-ի գործառնութիւններուն ենթահողն են, կ՚աճեցնեն անոնց հզօրութիւնը, անոնց սարքած պարին մէջ շորորուողներ են, կ՚ուզեն այդ 85-ի ակումբին անդամ դառնալ:
Այդ 85-ը կը ծրագրեն մեր ունենալիք պահանջները, զէնքի արտադրութիւն, նաւթ, ծխախոտ, դեղի շուկայ, մարզախաղերը (ինչպէս Հռոմի կրկէսներուն մէջ), զբօսները, եւ այլն: Մարզանք եւ զբօս առողջութեան եւ վերանորոգման չեն ծառայեր, կրկին ըսենք, գլխագիր Մարդը չունին որպէս նպատակ, շեղած են իրենց նպատակէն, դրամ շահելու-դիզելու միջոցներ են: Պահ մը կը մտածե՞նք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «մարզիկ մը գնել» աստղաբաշխական գումարով, ինչպէս Հռոմի շուկային մէջ կը ծախէին եւ կը գնէին կրկէս-ամփիթատրոններու սրախաղերու մահապարտ մարզիկ-մարտիկները (gladiateurs): Մեծապէս հասութաբեր է զէնքի արտադրութիւնը եւ վաճառքը, միշտ աւելի մահասփիւռ եւ միշտ շուտ հինցող, որ չարիքի միջոց է, բայց անոնց առեւտուրը միլեառներով է:
Ժողովուրդները, մեծերը, մանաւանդ անմիջականօրէն վտանգուած փոքրերը, փոխանակ ճակատագրապաշտի կրաւորականութեամբ սպասելու, որ ժամանակը, միօրինականացնող ճարտարագիտութիւնը եւ դրամատիրական կայսերապաշտութեան ապակայունացումները, այլասերման տանին զիրենք, պիտի կարենա՞ն ինքնապաշտպանութեան դիմադրական ուղիի մէջ ընդգրկուիլ: Պիտի կարենա՞ն, յանուն իսկական մարդկայնութեան, իրաւ մարդկային արժէքներու շուրջ ստեղծել արդարութեան համախոհութիւն, որպէսզի 85-ի եւ 3.500.000.000 միջեւ հաւասարի նշան չդրուի:
Մեր ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), համաշխարհային նման կարգ ստեղծելու ոչ հնարը եւ ոչ ալ ուժը ունի: Բայց ի՞նչ բան կ՚արգիլէ, որ ներազգային մակարդակի վրայ, մենք գործենք այդ ուղղութեամբ: Չեմ գիտեր, թէ այդ 85-ի ակումբին մէջ հայեր կա՞ն, թէ ոչ:
Բայց ներազգային վերականգնումը առաջնորդելու եւ մատակարարելու համար բաւարար ուժ ունեցողներ կան, կարողական (potentiel) ուժը ունինք:
Եթէ մանուկները հայերէն չխօսին, լեզուն կը մեռնի, ինչպէս որ մեռած է վերեւ յիշուած 94 տարեկան Ամերիկայի բնիկի լեզուն, որուն ցեղակիցները դեռ կ՚ապրին ուրիշ լեզու խօսելով:
Յիշուած 85-ին քիչ թէ շատ նմանողներ պիտի ընդգրկուին իրենց ուժը ազգի վերականգնումին ծառայեցնելու առաջադրանքին մէջ: Խիղճ հանդարտեցնող պառաւական բարեսիրութենէն տարբեր յանձնառութեամբ, Հայաստանը, Հայաստանները դարձնելով հայերով բնակուած ազգի հայրենիք, կենսագործելով բնակեցում-հայրենադարձութիւնը, փոխանակ Հայաստան եւ մոլորակի հեռու կամ մօտ անկիւնները ապարանքներ կառուցելու:
Հայաստան կը գործածեն գենոֆոնդ բառը, այսինքն ազգի գոյատեւման ծինային դրամագլուխը, որ տեսութիւն չէ: Ազգն ալ տեսութիւն չէ, ան մարդոցմով է, համրանքով է, որ հողին վրայ է, իր լեզուով եւ մշակոյթով:
Հայրենադարձութիւնը եւ զայն իրականութիւն դարձնելու աշխատանքը ապագայատես քաղաքականութիւն է, որպէսզի գենոֆոնդը մնայ եւ աճի, մանուկները հայերէն խօսին եւ 94 տարեկան պապիկին կամ մամիկին մահով լեզուն ալ չմեռնի, եւ մեր մասին անցեալով չխօսուի, ժամանակ մըն ալ օրօրուելով «ծագումով հայ»ու պարզած պարտուածի պատկերով:
Ինչպէ՞ս իրականացնել իրաւ վերականգնումը:
Պիտի կարենա՞նք ըսել՝ վստահութիւն ներշնչող հակա«էսթէպլիշմընթ»ային ղեկավարութիւն, որուն խօսքին անսան զանգուածները:
Ինչպէ՞ս կրկին չմտածել Մահադմա Կանտիի մասին, որ ըսած է. «Իմ կեանքս իմ միակ ուսուցումս է»: Այս՝ առանց տիրացուական ըլլալու:
Օրինակելի, հաւատաւոր եւ անբասիր:
Եւ չբաղդատել ու չբաղդատուիլ:
Օր մը կը գումարուի՞ վերականգնումի խորհրդաժողով մը, առանց տուրք տալու բան չըսող «էսթէպլիշմընթ»ի հանդիսական կամ խօսափող անկարծիք երեւելիներուն, որոնք յուզուող զբօսաշրջիկի պէս կ՚երթան, կը նկարուին եւ կը վերադառնան:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ