ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ
ՈՃՐԱԳՈՐԾԸ…
Այս ահռելի դէպքը պատահած է Ուիսքանսըն նահանգի Պեռըն քաղաքին մէջ, անցեալ տարուան հոկտեմբեր ամսուան մէջ։ Արդարեւ, 21 տարեկան Ճէյք Փեթըրսըն (տես նկարը) տեսած է 13 տարեկան Ճէյմի Քլոսը (տես նկարը), որ դպրոցական օթօպիւսէն իջնելով տուն կ՚երթար։
Ճէյք կը մտադրէ դեռատի աղջիկը փախցնել եւ տուն տանիլ։ Ուստի, գիշեր մը կ՚երթայ անոնց տունը՝ այդ նպատակով։ Սակայն երբ կը տեսնէ, որ մէկէ աւելի ինքնաշարժ կայ տան առջեւ, կը հրաժարի իր սատանայական դաւէն եւ կը վերադառնայ տուն։
Դժբախտաբար հոս չի վերջանար մեր պատմութիւնը։ Ան ուրիշ գիշեր մը, երրորդ անգամ ըլլալով, դարձեալ կ՚երթայ Ճէյմիի տունը եւ կը փորձէ ներս մտնել։ Քունի անցած Ճէյմի լսելով շան հաջոցը՝ կ՚արթնցնէ մայրը եւ երկուստեք կը պահուըտին բաղնիքը, ուր մայրը կը հեռաձայնէ ոստիկանութեան։
Ճէյք դրան առջեւ կը սպաննէ հայրը եւ կ՚ուղղուի դէպի բաղնիք, ուր կը սպաննէ նաեւ Ճէյմիի մայրը։ Հուսկ ապա կը կապէ Ճէյմիի ոտքերն ու ձեռքերը եւ կը փախցնէ զինք։ Ճէյք Ճէյմին կը տեղաւորէ ինքնաշարժին ետեւի սնտուկը եւ կ՚երթայ իր տունը… Ան ճամբան կը հանդիպի ոստիկանութեան ինքնաշարժներուն, որոնք կ՚ուղղուէին դէպի ոճիրի վայրը՝ անսալով Ճէյմիի մօր կանչին։
Ճէյմի արհաւիրքի օրեր կ՚անցընէ երեք ամիս, անխիղճ Ճէյքի ձեռքէն։ Ճէյմի կը պատմէ, թէ երբ տունը հիւրեր գային, Ճէյք կը ստիպէր զինք, որ պահուըտի անկողինին տակը, մինչեւ որ հիւրերը երթային։ Ան շատ յաճախ անօթի եւ ծարաւ կը մնար, մինչեւ որ Ճէյք վերադառնար տուն։
Յունուար ամսուան մէջ, Ճէյք Ճէյմիին կ՚ըսէ, որ տունէն պիտի բացակայի մի քանի ժամ։ Դեռատի, սակայն քաջ աղջիկը պատեհ առիթը գտնելով կը փախի տունէն՝ Ճէյքի կօշիկները հագած։ Հաւանաբար իր կօշիկները պահուած կամ նետուած էին, որպէսզի ան փախուստի մասին չմտածէր։
Հիմա Ճէյք ամբաստանուած է կրկնակի սպանութեամբ եւ դեռատի աղջիկ մը փախցնելու մեղադրանքով։ Ան բանտը պիտի մնայ, մինչեւ որ դատավարութիւնը սկսի, եւ իր փրկագինն է 5 միլիոն տոլար։
ՄԵՂՐԱԼՈՒՍԻՆԻՆ ՓՈԽԱՐԷՆ՝ ԸՆՏԱՆԵԿԱ՞Ն ԼՈՒՍԻՆ…
Կարծես այս է վերջին նորաձեւութիւնը Ամերիկայի ամուսնական կեանքին մէջ՝ Familymoon։ Բայց ինչո՞ւ Familymoon եւ ոչ Honeymoon, հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։
Մեր գիտցած աւանդական ամուսնութեան մէջ պսակադրութենէն ետք հարս ու փեսա կ՚երթան մեղրալուսինի։ Իսկ ամերիկեան առումով՝ եթէ պատահի, որ պսակադրուող զոյգերէն իւրաքանչիւրին երկրորդ ամուսնութիւնն է, մեղրալուսինը իմաստազուրկ կ՚ըլլայ, այնպէս չէ՞։ Հիմա խօսինք օրինակներով։
Կուինեթ Փալթրոու սինեմայի նշանաւոր աստղերէն մին է։ Ան վերջերս երկրորդ ամուսնութիւնը կնքեց հեռատեսիլի բեմադրիչ Պրետ Ֆելչաքի հետ։ Անոնք (տես նկարը) մեղրալուսինի, կը ներէք, ընտանեկան լուսինի պիտի ըսէի, կը ձեռնարկեն մասնակցութեամբ իրենց չորս զաւակներուն…
Հոս պէտք է անմիջապէս նշեմ, թէ չորս զաւակներէն երկուքը Կուինեթի նախկին ամուսինէն է, իսկ միւս երկուքը՝ Պրետի նախկին կինէն։ Աւելի՛ն, տաք ապուրին վրայ պաղ ջուր թափելու պէս, Կուինեթի նախկին ամուսինը՝ երգիչ Քրիս Մարթինն ալ կը մասնակցի այդ լաբիւրինթոսին։
Ըստ երեւոյթին, հաւանական է, որ երբ Կուինեթ եւ Պրետ սեռային յարաբերութեան մէջ գտնուին, քանի մեղրալուսինը անոնց կը պատկանի, անոնց չորս զաւակներուն Քրիսի նման հոգատար մը (baby sitter) պէտք է, չէ՞։
Գիտէք, Ամերիկայի ամուսնական կեանքի վերջին լոզունգը ի՞նչ է։ Մենք ամուսնալուծուած ենք, սակայն իրարու հետ բարեկամ կը մնանք։ Սա եթէ այրած սրտի անհամոզիչ մխիթարանք չէ, ի՞նչ է։
Արդեօք այս նորաձեւութիւնը դերասաններու եւ արուեստագէտներու մասնայատուկ է՞, թէ պարզ մահկանացուներն ալ վարակուած են այդ ախտէն՝ կ՚արժէ հետաքրքրուիլ եւ պարզաբանել։
Վերջապէս լրջութիւնը անհետացած ըլլալ կը թուի ամերիկեան կեանքին մէջ եւ փոխարէնը՝ ձաբռտուքը ներխուժած։ Աստուած վերջը բարին ընէ, ամէն…
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան