«ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՌՈՒԼԵԹ»

Բոլորովին անսպասելի էր այն ինչ, որ երէկ հաղորդուեցաւ Երեւանէն։

Խօսքը, անշուշտ, կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաժարականին, որ ինչ-որ առումով որոշ ժամանակի մը համար իր շուքին տակ պիտի ձգէ յառաջիկայ իրադարձութիւններուն բնոյթն ու ընդհանուր հունը. հունը՝ կապուած տեղի ունենալիքին, այն իմաստով, որ, ըստ Սահմանադրութեան, երկրի Ազգային ժողովը կարճ ժամկէտներու մէջ պարտաւոր է յատուկ նիստով մը ընտրել նոր նախագահ՝ իր ընթացիկ օրակարգի կողքին։

Խորքին մէջ տեղի ունեցածը բեկումնային իրադարձութիւն պէտք չէ համարել՝ ո՛չ միայն անոր համար, որ Արմէն Սարգսեան բախումի կամ ընդհարումի գացող անձնաւորութիւն մը չէր, այլ՝ անոր համար, որ ան Սահմանադրութեան տրամադրութիւններով «ձեռքերը կապուած» գործիչ մըն էր, ինչպէս պիտի ըլլան բոլոր յաջորդ նախագահները (եթէ Սահմանադրութիւնը չբարեփոխուի, անշուշտ), որոնք կամայ-ակամայ հանդէս պիտի գան «պատկեր-նախագահ»ի յոգնեցնող դերով։ Անշուշտ, այս բոլորի կողքին, աւելի քան յստակ է, որ նախագահ Սարգսեան, ի տարբերութիւն վարչապետ Փաշինեանին, առաջին իսկ օրէն հանրութեան ներկայացաւ՝ որպէս «Եւրոպայի մարդ»ը, որուն նկատմամբ ալ գոյացաւ Ռուսաստանէն յստակ վերապահութիւն մը։ Ու այս հանգամանքը եթէ հաշուի առնենք, ապա հարց կը ծագի, թէ արդեօք Ռուսաստանի կողմէ Փաշինեանին տրուած այս առիթը՝ նախագահը հրաժարականի մղելու, անոր ունեցած կեցուածքներո՞ւն պատճառով էին, կամ աւելին։ Կեցուածքներուն մէջ անպայման պէտք է հաշուի առնել 2020 թուականի 9 նոյեմբերէն ետք գոյացած ընդհանուր իրադրութիւնը, երբ Փաշինեան ամբողջական «տարերք»ով դարձաւ Մոսկուայի գլխաւոր խաղացողն ու կամակատարը։ Բաց աստի, եղան տարբեր տրամաչափով զարգացումներ՝ երբ ակնյայտ դարձաւ, որ Մոսկուա ո՛չ միայն նեցուկ է Փաշինեանին, այլեւ կը խրախուսէ, որ Հայաստանի մէջ մեծ ցնցումներ տեղի չունենան։

Եթէ Հայաստանի ներքին խոհանոցի փոխառընչութիւնները մէկդի դնենք, նաեւ պիտի նկատենք, որ Սարգսեանի վերջին ժամանակներու գերաշխոյժ իրավիճակը կապուած՝ Արաբական աշխարհին հետ, ինչ-որ առումով եւ հաշիւներով այդքան ալ «սրտամօտիկ» չէր Մոսկուայի համար։ Պատճառները, անշուշտ, անյստակ են, բայց այստեղ նաեւ երեւան կու գայ այն վարկածը, թէ ան ո՛չ միայն ռուսական շահերով առաջնորդուող գործիչ մը չէ, այլեւ «Եւրոպայի մարդ»ն է։ Ճիշդ է, որ այդ հանգամանքը Հայաստանին համար «շահութաբեր» դրոյթ մը չէր, սակայն, արտաքին աշխարհին առջեւ Արմէն Սարգսեանի նախագահի աթոռը զբաղեցնելն ալ՝ մեծ հաշուով Ռուսաստանի դէմ ուժերու «ուժեղ» ներկայութեան մը մասին կը խօսէր։ Ճիշդ է նաեւ, որ Փաշինեան վերջին շրջանին կ՚ընէր ամէն ինչ՝ խանգարելու համար Արմէն Սարգսեանի ամէն տեսակ մեծ կամ փոքր նախաձեռնութիւնը՝ այդպիսով ալ բացայայտ կերպով ըսելով, թէ դաշտին մէջ միակ «լիտէր»ը ինքն է՝ հակառակ իր ամէն տեսակի սխալներուն, անսպասելի եւ անլուրջ մօտեցումներուն, նաեւ պատերազմի մէջ պարտուած վարչապետի կերպարին։ Յամենայնդէպս, այս բոլորը հալած իւղի պէս կը կլլուէին նաեւ այն պատճառով, որ Հայաստանի հասարակութեան մեծ տոկոսը ինկաւ Փաշինեանի որդեգրած՝ «նախկիններն են մեղաւորը» ընդհանուր խորագրով յայտնի վիճակներուն մէջ ու շարունակեց նեցուկ կանգնիլ անոր իշխանութեան։ Ու այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք, արդէն կը յստականայ, որ Արմէն Սարգսեանի ընդհանուր խաղէն դուրս գալու փաստը ինչ-որ տեղ «ժեսթ» մըն է Փաշինեանին, որ առիթն օգտագործելով պիտի փորձէ ամէն գնով նախագահի աթոռը հասցնել իր «հովանոց»ին տակէն գործիչ մը։

Կ՚օգտուի՞ ան այս դրոյթէն, թերեւս։

Կը տուժէ՞ Հայաստան Արմէն Սարգսեանի հեռացումով, դարձեալ թերեւս՝ երբ հաշուի առնենք անոր «էլիթ գործիչ» մը ըլլալու փաստը եւ սահմանադրութեան «զոհ» դառնալով՝ այսպէս առանց առնելիք-տալիք ունենալու պիտի քաշուի մեծ հրապարակէն։

Ամէն պարագայի տակ, եղածը միայն ներքին պարանաձգութեան արգասիքը կամ արդիւնքը չէ։ Եղածը Մոսկուայի «Կովկասի խաղ»ին գլխաւոր տէրը ըլլալու փաստը վերահաստատած իրողութիւն մըն է, որու հետեւանքները թէկուզ մեծ պիտի չըլլան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 24, 2022