ԲԱՐԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԱՍԿԻԶԲ
Այսօր, Հայ Առաքելական Եկեղեցին մուտք կը գործէ իր ծիսական կեանքի ամենէն խորախորհուրդ շրջաններէն մէկը, որ ծանօթ է Քառասնորդացի պահեցողութիւն կամ Մեծ պահք անուններով: Քառասնորդացի պահեցողութիւնը կամ Մեծ պահքը այն ժամանակահատուածն է մեր եկեղեցական-ծիսական կեանքէն ներս, որ կը նախորդէ մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքին, չարչարանքներուն, խաչելութեան, թաղումին եւ հրաշափառ յարութեան:
Պահեցողութեան այս շրջանը, արդարեւ, խորքին մէջ ճանապարհորդութիւն մըն է՝ հասնելու համար փափաքելի հանգիստին ու երանութեան: Ճանապարհորդութիւն մը սակայն, որ կը կարօտի լուրջ պատրաստութեան եւ զգաստութեան, ինչպէս նաեւ մնայուն արթնութեան ու զգուշութեան, որովհետեւ ճանապարհորդութեան ընթացքին ցանկցած պահին կրնայ ըլլալ, որ ճամբորդողը զօրաւոր ու վայրագ յարձակումներու հանդիպի, եւ եթէ լաւապէս պաշտպանուած ու պատսպարուած չըլլայ, կրնայ այդ յարձակումներուն պատճառով ծանր կերպով վիրաւորուիլ, կողոպտուիլ, թալանուիլ, որով չի՛ կրնար շարունակել իր ճանապարհորդութիւնը եւ կամ մոլորելով ճանապարհէն՝ այլ ուղղութիւններով կ՚ընթանայ:
Արդարեւ, փորձենք միասնաբար հասկնալ, թէ ի՛նչ բաներ հարկաւոր են մեզի այս ճանապարհորդութեան ընթացքին.
ա. Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս խօսելով պահեցողութեան մասին, այսպէս կ՚ըսէ. «Երբ ծոմ կը պահէք, տրտում երես մի՛ ըլլաք կեղծաւորներուն նման, որոնք իրենց երեսը կը կախեն, որպէսզի մարդոց ցոյց տան թէ ծոմ կը պահեն։ Վստահ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը։ Ընդհակառակը, երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ՛ գլուխդ եւ լուա՛ երեսդ, որպէսզի մարդիկ չտեսնեն թէ ծոմ կը պահես, այլ՝ միայն Հայրը, որ անտեսանելի է. եւ Հայրդ, որ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.16-18): Մեր Տիրոջ այս խօսքերը կարդալով կը հասկնանք, որ առաջին հերթին պէտք չունինք մեր կատարելիք ճանապարհորդութեան մասին բարձրաձայնելու, առաւել եւս հպարտանալու՝ թէ կը պատրաստուինք նման ճանապարհորդութիւն մը կատարելու, այլ, ընդհակառակը, այս ճանապարհորդութեան համար պէտք է պատրաստուինք ամենայն խոնարհութեամբ եւ պարզութեամբ, ուրախութեամբ ու ցնծութեամբ, որպէսզի այնպիսի տպաւորութիւն չձգենք մեզ շրջապատող մարդոց վրայ, թէ կը պատրաստուինք ճանապարհորդելու, որով անոնք սկսին քաջալերել մեզ ու խթանել, որպէսզի անվախութեամբ կատարենք մեր այդ ճանապարհորդութիւնը. այս պարագային, ըստ մեր Տիրոջ խօսքին, միայն այդ քաջալերանքը պիտի ըլլայ մեր բաժինը ամբողջ այդ ճանապարհորդութեան ընթացքին, որ դրական ու բարի աւարտ պիտի չկարենայ ունենալ: Եթէ կ՚ուզենք, որ մեր այս ճանապարհորդութիւնը բարեյաջող աւարտ ունենայ, մեր դիմաց ունինք շատ դիւրին միջոց մը ատոր հասնելու, այն է այդ ճանապարհորդութիւնը յանձնել Հօր Աստուծոյ ձեռքերուն ու խնդրել Անկէ, որպէսզի Ի՛նք առաջնորդէ մեր իւրաքանչիւր քայլը՝ պահելով ու պաշտպանելով մեզ ամէն տեսակի փորձութիւններէ ու յարձակումներէ: Եթէ այս ուշիմութիւնը ունեցանք ու մեր ճանապարհորդութեան ամբողջ ընթացքը վստահեցանք Հօր Աստուծոյ, արդարեւ Ան պիտի լուսաւորէ մեր ճանապարհը, որով յաղթանակած կերպով պիտի յաջողինք հասնիլ խաղաղ նաւահանգիստ՝ վայելելու համար Յարուցեալ Յիսուս Փրկիչի քաղցր ներկայութիւնը:
բ. Սուրբ Բարսեղ Կեսարացի Հայրապետը կը գրէ. «Պահքով ինչքանով որ մարմինդ նուազեցնես, այդքանով հոգեւոր առողջութեամբ հոգիդ կը փայլեցնես»: Մեծ պահքի այս ճանապարհորդութիւնը ներքին մաքրման ու փայլեցման ընթացք մըն է, որ առընչուած է ֆիզիքականը ճնշելու: Երբ մարդ իր մարմինը պահքով կը ճնշէ, այսինքն՝ կ՚ենթարկեցնէ իրեն եւ ո՛չ հակառակը, այդ պարագային հոգին կը սկսի թեթեւնալ ու առիթ կ՚ունենայ յստակ կերպով ինքզինք քննելու ու հասկնալու, թէ կան ի՛նչ թերութիւններ, որոնցմէ պէտք է հրաժարի. յայտնաբերելէ ետք թերութիւնները, ճանապարհորդութեան ամբողջ ընթացքին կ՚աշխատի, որպէսզի ինքզինք մաքրէ այդ թերութիւններէն, պահքով, աղօթքով, Սուրբ Գիրքի եւ Եկեղեցւոյ Հայրերու գրութիւններու ընթերցումով, որոնք պէտք է այս ճանապարհորդութիւնը կատարողին անբաժան ընկերակիցները ըլլան: Արդարեւ, այս ընկերներն են, որոնք պիտի օգնեն հոգիին, որպէսզի ինքզինք փայլեցնէ ու հոգեւոր առողջութեամբ լուսաւորուած նաեւ կարողանայ լուսաւորել այլ ճանապարհորդներու ճանապարհը:
գ. Սուրբ Եփրեմ Ասորին կ՚ըսէ. «Ո՛վ պահեցող, պահէ՛ շրթունքներդ անէծքէն, բամբասանքներէն, հայհոյութենէն, անարգելէն, նախատինքներէն, հպարտ խօսքերէն, նաեւ սուտ երդումներէն, տակաւին՝ թող այոդ այո ըլլայ, իսկ ոչը՝ ոչ: Նայէ՛ քեզի եւ սանձէ՛ շրթունքներդ, որպէսզի բերանդ այնպիսի խօսքեր չխօսի, որոնք պահքդ կը լուծեն, որովհետեւ Աստուծոյ կամքին հակառակ ամէն բան պահքդ պիղծ կը դարձնէ»: Այս ճանապարհորդութիւնը յանձն առնող հաւատացեալը արդարեւ պէտք է զգուշանայ վերեւը նշուած յոռի երեւոյթներէն. ու ո՛չ միայն այս ճանապարհորդութեան ընթացքին, այլ՝ այս ճանապարհորդութեան ընթացքին ձեռք բերած վճռակամութեամբ զայն իրագործէ ամբողջ կեանքի ընթացքին: Անիծող շրթներու փոխարէն պէտք է փորձէ ձեռք ձգել՝ օրհնող շրթներ: Բամբասող շրթներու փոխարէն՝ իրականութիւնը ըսող շրթներ: Հայհոյող շրթներու փոխարէն՝ գովաբանող շրթներ: Անարգելու փոխարէն՝ պատուել: Նախատինքի փոխարէն՝ փառաբանել: Հպարտ խօսքերու փոխարէն՝ քաղցրաձայն աղօթքներ: Սուտ երդումի փոխարէն՝ միայն ու միայն ճշմարտութիւնը ըսել, հետեւելով Տէրունի պատուէրին, թէ՝ «ձեր այոն այո՛ թող ըլլայ, իսկ ոչը՝ ո՛չ»: Եթէ ճանապարհորդող հաւատացեալը այս ուղղութեամբ աշխատի, բնականաբար իր ճանապարհորդութիւնը բարիով կ՚աւարտի եւ արդիւնաբեր կ՚ըլլայ իրեն համար, իսկ հակառակ պարագային, ճանապարհի կէսէն կը մոլորի ու չի՛ յաջողիր հասնելու խաղաղ նաւահանգիստ:
դ. Այս ճանապարհորդութիւնը պէտք է մէկ Ճանապարհապետ ունենայ, Որ է մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսը: Եթէ յաջողինք մեր այս ճանապարհորդութիւնը Իրեն վստահիլ, հետեւաբար մեր ճանապարհորդութեան ընթացքը ինչքան ալ քարքարոտ ու փշոտ ըլլայ՝ միեւնոյնն է, այդ բոլորը Անոր օգնականութեամբ կը յաղթահարենք, որովհետեւ Ինք այս ճանապարհորդութիւնը անգամ մը անցաւ ու գիտէ այս ճանապարհորդութեան մանրամասնութիւնները: Արդարեւ, եթէ մինչեւ այս ճանապարհորդութիւնը մենք մեզ Իրեն չենք յանձնած, փորձենք այս ճանապարհորդութիւնը առիթ դարձնել մենք մեզ Իրեն յանձնելու եւ Իրմով առաջնորդուելու: Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան մեր կեանքը Քրիստոսին յանձնելու եւ զԻնք մեր կեանքէն ներս հրաւիրելու մասին՝ այսպէս կը գրէ. «Որպէսզի կարողանանք փրկուիլ, Քրիստոսի պէտք է հրաւիրել մեր կեանքին մէջ ո՛չ միայն իբրեւ Փրկիչ, այլեւ՝ իբրեւ Տէր: Շատերը զԻնք իբրեւ Փրկիչ կ՚ընդունին, բայց Անոր հետ որպէս Տէր չեն վարուիր: Քրիստոս Փրկիչ է, այո՛, բայց միաժամանակ Տէ՛ր է նաեւ:
«Ան Փրկիչ է, որովհետեւ մեզ յաւիտենական դատապարտութենէն փրկեց, ու Տէր է, որովհետեւ մեզ սատանայի տիրապետութենէն ազատեց, որպէսզի Ինք ըլլայ մէր Տէրը եւ մեր վրայ Տիրապետողը:
«Եթէ մէկ կողմէ ընդունինք Իր Փրկիչ ըլլալը, ու միւս կողմէ մեր կեանքին վերաբերող որոշումները մենք կայացնենք, կը նշանակէ, թէ Յիսուսի կամքն ու խօսքը չեն, որոնք կը տիրապետեն մեր կեանքին մէջ, այլ՝ մեր կամքն ու խօսքը»: Փորձենք այս ճանապարհորդութեան ընթացքին մեր կամքն ու խօսքը հնազանդեցնել սորվինք մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին, որպէսզի Ինք ըլլայ ո՛չ միայն մեր այս ճանապարհորդութեան Ճանապարհապետը, այլ՝ մեր ամբողջ կենաքին Տէրն ու Թագաւորը, Ճանապարհապետն ու Նաւապետը:
ե. Սուրբ Յովհան Մանդակունի Հայրապետը կ՚ըսէ. «Պահքը հզօր աշտարակ է թշնամիին դէմ եւ ամուր պարիսպ՝ սատանայի բոլոր նետերուն դէմ: Մեր բնութեան համար շատ կարեւոր է պահքի ամրութիւնը ու բազմաթիւ թերութիւններ կը շտկուին պահքի խոնարհութեամբ»: Այս ճանապարհորդութեան մասին բազմաթիւ հաւատացեալներ թերի կարծիք ունին: Ըստ իրենց, կը կարծեն, թէ այս ճանապարհորդութիւնը հաճելի ժամանց մըն է, յղկելու եւ գեղցկացնելու համար իրենց մարմինները, բայց իրականութեան մէջ այդպիսին չէ այս ճանապարհորդութիւնը: Ընդհակառակն, այս ճանապարհորդութիւնը մարմինը ճնշելու միջոցով զօրանալու եւ ամրանալու միջոց ու առիթ մըն է, որով ճանապարհորդողը ի զօրու կ՚ըլլայ պարսպապտուելու սատանայի բոլոր նետերուն ու յարձակումներուն դէմ: Աւելի՛ն. մարմինի խոնարհութեամբ՝ իմա՛ տկարանալով, բազմաթիւ թերութիւններ առյաւէտ կրնան հեռանալ մեր կեանքէն, եթէ նոյն այդ խոնարհութեամբ շարունակենք մեր ընթացքը այս ճանապարհորդութենէն ետք: Հետեւաբար, այս ճանապարհորդութիւնը գեղեցկանալու կամ մարմնական առողջութիւնը բարելաւելու ընթացք մը չէ, ընդհակառակն, այս ճանապարհորդութիւնը միջոց մըն է հոգիի առողջացումին եւ վերստին փայլելուն՝ աստուածային լոյսով:
Բարի ճանապարհասկիզբ եւ բարի ճանապարհորդութիւն բոլոր ճանապարհորդներուն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
17 փետրուար 2020, Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/30/2024