ԱՒԱՐԱՅՐՆ ՈՒ ՆՈՐ ԱՒԱՐԱՅՐՆԵՐԸ

Հայոց պատմութեան էջերը լեցուն են պատմական ուրախ եւ դժբախտ դասաւորումներով: Դարեր շարունակ, երբ թագէ զրկուած ենք, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը կեղեքուած են բազմաթիւ եւ այլազան բռնակալութիւններու կողմէ: Ու իբրեւ արդար հետեւանք, մեր հայրենիքը ոչ միայն դարձած է օտար սմբակներու ոտքի կոխան, այլ ենթակայ եղած՝ օտար ու դրացի կայսրութիւններու քաղաքական ախորժակներուն եւ անոնց աշխարհակալական ձգտումներուն:

Հայ ժողովուրդը միշտ համբերութեամբ տարած է օտար իր լուծը: Բայց երբ դանակը հասած է վզին եւ երբ դպած են իր հոգիի եւ հոգեկան ազատութեան, ըմբոստացած է ու ինքնածին պոռթկումով, իր արեան ու կեանքի գնով պարզած է ապստամբութեան իր դրօշը:

Նման այդպիսին, Վարդանանց ճակատամարտը խորհրդանիշն ու հարազատ պտուղն է մեր ժողովուրդի այդ ազատութեան: Աւարայրը ոչ միայն եղած է ինքնապաշտպանութիւն, այլեւ հայու հոգին սնուցանող մեր ազատ, անկախ եւ ինքնուրոյն ապրելու բնազդային պահանջն ու մեր անընկճելի կամքը:

Անուրանալի է, թէ յանուն հայրենիքի ու հաւատքի ազատութեան մղուած դիւցազնամարտն էր նաեւ 451 թուականին Աւարայրի դաշտին վրայ տեղի ունեցած Վարդանանց պատերազմը՝ ընդդէմ Սասանեան Պարսկաստանի հզօր բանակին:

Այս մէկը պատմութիւն է:

Աւելին՝ այդ նուիրական զոհաբերութեան բերումով էր, որ Հայ Եկեղեցին Աւարայրի հերոսները դասեց սուրբերու շարքին: Վարդան Մամիկոնեանն ու իր զինակիցները, իբրեւ թարգմանները հայ ազգի ազատատենչ կամքին՝ «վասն հաւատքի ու հայրենեաց» իրենց արիւնը թափեցին ազատութեան ու անկախութեան համար:

Ու երբ էջ առ էջ կը թղթատենք մեր պատմութեան տարբեր ժամանակներուն եւ կամ զանազան հանգրուաններուն ընթացքին կազմակերպուած ժողովրդային ապստամբութիւնները, մեր առջեւ յստակօրէն կը պարզուին Հայկէն սկսած մինչեւ մեր ֆետայական շարժումները, մինչեւ Արցախ, մեր ժողովուրդին ազատ ու անկաշկանդ ապրելաձեւն ու յամառ կամքով ու հաւատքով  իր ազատութեան եւ հայրենի հողին ամուր ու հաստատ կապուածութիւնը:

Հայը ճակատագրի բերմամբ, տարբեր ժամանակներու ընթացքին եւ տարբեր թշնամիներու դէմ, միշտ ստիպուած եղած է մղել իրերայաջորդ Աւարայրներ, որոնք մեր ազգային քաղաքական երթին մէջ խորհուրդներու վերածած են: Այս բոլորին մէջէն միշտ բացայայտնուած է, իր  գոյութեան շարունականութիւնը ապահովելու վճռակամութեան խորհուրդը:

Ներկայ մեր ազգային կեանքի հոսքին մէջ, ամէնօրեայ ներկայութիւն են տակաւին այդ Աւարայրները, իրենց վտանգաւոր մարտահրաւէրներով:

Աւարայրը միայն զինուորական կամ պատերազմի տարազ չունի։ Աւարայրի դասական հասկացողութիւնն ու մօտեցումը վերջին հաշուով այս օրերուն կ՚ենթադրէ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ կրթական մարտահրաւէրներ՝ հայրենիքէն մինչեւ սփիւռքի յետին անկիւնը:

Ընդհանուր այս հասկացողութեան մէջ կ՚իյնան նաեւ մեր հայրենիքի անվտանգութեան խնդիրը, հայրենիքէն արտագաղթի հոսքը (…):

Մեր հայրենիքին մէջ ազգային առողջ մթնոլորտի ստեղծումը սերտօրէն կ՚առընչուի ընկերային հարցերու յաղթահարման, արտագաղթի հոսքին, կաշառակերութեան ու փտածութեան դէմ մղուող դժուար պայքարին։

Այս բոլոր մարտահրաւէրները, իրենք իրենց պարտադրած կը շարունակեն իբրեւ խոչընդոտ կանգնիլ մեր ազգային գոյատեւման, հայապահպանման ու հայակերտումի մեր անխոնջ ճիգերուն առջեւ։

Վարդանանց Աւարայրի խորհուրդը յաջողած էր յաղթահարել մեր հաւաքական երթին սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրները։ Այս կամ այն հանգրուանի զինուորական բնոյթի Աւարայրը կրնայ պարտութեամբ աւարտած ըլլալ։ Սակայն, երբ աւելի համընդհանուր հայեացքով փորձենք դիտարկել հայ ժողովուրդի մղած բազմաբնոյթ Աւարայրներու շարքը, կը հաստատենք անվարան, որ պայքարներու այս շղթայէն յաղթական դուրս եկած է հայութիւնը։

Էականը ինքնապաշտպանութիւնն է, մեր ապրած բոլոր ժամանակներու պարտադրած պայմաններուն դէմ, կրկնած ենք միշտ: Այսպէս, հայրենիքի մէջ մեր պատմական կրօնի ազգային դիմագիծին սպառնացող աղանդաւորական քաղաքականուեթէն սկսելով, հասնելու համար մինչեւ սփիւռքը հայ պահելու եւ հայրենիքի ու Արցախի անվտանգութեան գօտիները անսասան պահելու անհրաժեշտութեան:

Այլ խօսքով, մեր բոլորին համար ինքնապաշտպանութիւնը պէտք է ըլլայ ու մնայ իբրեւ ազգային հաւաքական մնայուն պահանջ: Որովհետեւ Աւարայրեան անհաւասար կռիւ մղելը այս օրերուն մեզի համար պէտք է ըլլայ մենք զմեզ ու մեր հակառակորդները լաւապէս ճանչնալու քաջութիւնը եւ յատկապէս  ազգային մեր հոգեմատաւոր կառոյցները հաստատ ու կանգուն պահելու աշխատանքը, մեր հաւաքական վճռակամութիւնը եւ մեր գաղութները առողջ ու միատարր պահելու առաքելութիւնը։

Անկասկած, որ այս թելադրանքը, իբրեւ մեծագոյն օրինակ, իբրեւ սրբազան ժառանգ մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի ամրապնդում ու գիտակից պատասխանտուութիւն ու պիտի լուսաւորէ մեր ժողովուրդի գոյութեան ճանապարհը:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հինգշաբթի, Փետրուար 24, 2022