«ՅՈՅՍ»Ի ՆՇՈՅԼՆԵՐ…

Արցախի հայութեան վէրքերը տակաւին չեն բուժուած։ Հազարաւոր հայրենակիցներ, որոնք բարդագոյն պայմաններու տակ հասան Հայաստան ու կայք դրին երկրի ամենատարբեր շրջաններուն մէջ, կը շարունակեն ապրիլ բաւական անձուկ պայմաններով։ Ճիշդ է՝ կան Արցախէն ընտանիքներ, որոնք արդէն բնակարաններ ունին մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, սակայն բռնի տեղահանեալներուն մեծամասնութիւնը անտուն է, հետեւաբար նաեւ անպատսպար։

Այս իրականութեան դէմ յանդիման, Հայաստանի կառավարութեան ցոյց տուած անմիջական նեցուկի կողքին, սփիւռքէն կազմակերպութիւններ ալ կը ջանան օգնել Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն։ Առաջին օրերու խուճապային ժամանակներն ու մտավախութիւնները արագօրէն փարատեցան։ Հայաստանի իրադարձութիւններուն հետամուտ եւ բարձր հասանելիութեամբ զանգուածային լրատուութեան միջոցները, որոնք օրն ի բուն այդ բռնագաղթի ընդհանուր հոլովոյթը ներկայացուցին, իրենց նիւթերուն եւ հրապարակումներուն մէջ շեշտեցին, որ հակառակ իր սահմանափակ կարողութեան՝ երկիրը կարողացաւ հեռու մնալ մեծ քաոսի մը վտանգէն։ Ու այս երեւոյթը միայն հրաշքի, բարութեան, իրերօգնութեան արգասիք մը չէր, այլեւ օրհասական պահերուն իրարու ձեռք երկարելու հին երեւոյթն էր, ինչ որ իր բարերար շուքը կը թողուր Հայաստանի երկնակամարին։ Ամէն պարագայի, այս համայնապատկերին վրայ, ամենակարեւորը անհատական ոգին, անշուշտ, կ՚առանձնանայ՝ որպէս կարեւորագոյն գործօններէն մին։ Մարդիկ նուիրատուութիւններով օգնութեան հասնելու համար շարժման անցան։

Այս շարքին վառ օրինակ մըն է ամերիկահայ տքթ. Վաչէ Վասիլեանի նախաձեռնութիւնը, որու մանրամասնութիւնները վերջերս հրապարակուեցան յայտնի լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի կողմէ։ Այսպէս, 2023 թուականի սեպտեմբերի պատերազմին Հայաստանի մէջ կը գտնուէր Ֆրեզնոյէն բժշկական առաքելութիւն մը: Անձամբ ականատես ըլլալով աղէտի հասած համեմատութիւններուն, անձնապէս շփուելով իրենց բնակարանները կորսնցուցած Արցախի հայերուն հետ՝ տքթ. Վաչէ Վասիլեան սկիզբ տուած է «Յոյս» ծրագրին (Operation Hope): Այս ծրագրի մտայղացումը կը պատկանի նաեւ Պերճ Աբգարեանին, որ Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսն է։

Հարկ է յիշել, որ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութիւնը վերջին տասն տարիներուն անընդմէջ երկու շաբաթով եղած է Հայաստան եւ Արցախ (մինչեւ 2020 թուականը) եւ բժշկական սարքաւորումներով, դեղօրայքով ու զանազան մասնագէտներ առաջնորդելով աջակից եղած է Հայաստանին՝ այցելելով Կիւմրի, Գորիս ու այլ բազմաթիւ քաղաքներ կամ աւաններ:

«Յոյս» ծրագիրէն արդէն օգտուած են Արցախէն 30 ընտանիքներ, որոնք հաստատուած են Ատրպէյճանի սահմանակից 4 գիւղերու՝ Բերդաւանի, Բարեկամաւանի, Չինարիի եւ Դաւիթ-Բէկի մէջ: Առաջին երեք գիւղերը Տաւուշի մարզին մէջ են, իսկ վերջինը՝ Սիւնիքի: Հաւանական է, որ նախագիծը ներառէ նաեւ Նախիջեւանի հետ սահմանակից Վայոց Ձորի մարզէն 2 գիւղեր՝ Սերսն ու Բարձրունին, ուր հաստատուած են Արցախէն բռնի տեղահանուած 7 ընտանիքներ, որոնցմէ մին ունի 11 զաւակ:

Չինարի գիւղը Արցախէն բռնի տեղահանուած Աղասի Յակոբեան անունով երկու ընտանիք կայ: Որպէսզի տարբերուին, Աղասիներէն մէկը կը կոչեն «Լաչինսքի», որ ռուսերէնով Լաչինի բնակիչ կը նշանակէ: Անսահման ողբերգութեան մէջ իսկ մարդիկ պահած են երգիծանքի մօտեցումը, ինչ որ նոր կեանքի ու նոր ապագայի մը յոյսն է: Աղասի Լաչինսքի Յակոբեան ծնած է Բերձոր եւ տունը կորսնցուցած՝ նախքան 2023 թուականի սեպտեմբերի տեղահանութիւնը: Ան չ՚օգտուիր Հայաստանի կառավարութեան տրամադրած որեւէ ծրագիրէ, որովհետեւ տեղահանուած է ո՛չ թէ 2023 թուականի աշնան, այլ երեք տարի առաջ:

Ֆրեզնոյի հայերու եւ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան «Յոյս» ծրագիրով առաջին համակարգուած օգնութիւնը ստացած է 4 մանկահասակ երեխաներու հայր Աղասին, որ կը ցանկար կով պահել ու գոմ մը ունենալ, որպէսզի 4 երեխաները կաթ ու մածուն ունենան:

Չինարի հաստատուած միւս Աղասի Յակոբեանը Մարտակերտի Գետաւան գիւղին մէջ կորսնցուցած է տունը: Ան 5 մանկահասակ երեխաներու հայր է: «Յոյս» ծրագրին շնորհիւ ան արդէն ունի նոր բաղնիք մը, խոհանոց եւ տաք ջուր: Հինգ մանկահասակ երեխայ ունի նաեւ Միխայիլ Պապայեան՝ 2-6 տարեկան: Ան տեղահանուած է Մարտունիի Կարմիր Շուկա գիւղէն: Չինարիի մէջ, գիւղապետ Սամուէլ Սաղոյեանի առաջարկով՝ որոշուած է վերանորոգել ու տաք ջուրով ապահովել այնտեղ հաստատուած 11 ընտանիքներու լոգարանները։

«Յոյս» ծրագիրը օժանդակութիւն փութացնելու գիւղերը կ՚ընտրէ՝ ըստ սկզբունքի մը։ Այսպէս, անոնք պէտք է ըլլան Ատրպէյճանի հետ սահմանակից ու պէտք է ներկայացնեն ռազմավարական կարեւորութիւն։ Առաջին կանգառը Բերդաւանն էր:

2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին, Տաւուշի մարզի Բերդաւան գիւղը տուած է 6 նահատակ։ Գիւղացի մըն ալ անհետ կորսուած է: 2023-ի սեպտեմբերի բռնի տեղահանութեան հետեւանքով այնտեղ Արցախէն 7 ընտանիք հաստատուած է՝ աւելի քան 100 հազար գաղթականներու շարքին։

Ինչպէս Հայաստանի միւս բնակավայրերուն մէջ, այստեղ եւս հնարաւոր ամէն ինչով Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն կ՚օգնեն գիւղացիները, նաեւ համայնքի ղեկավար Արամ Զուրաբեան։ Պետութեան, տեղական կազմակերպութիւններու եւ անհատ բարերարներու աջակցութիւնը կարեւոր է, սակայն Արցախէն դուրս եկածներու կարիքները շատ-շատ են:

Բերդաւանի 7 նոր ընտանիքներէն երեքը հարազատներ են: Վրէժ Հայրապետեան տեղահանուած է Մարտակերտի շրջանի Ներքին Հոռաթաղ գիւղէն: Կ՚ապրի կնոջ եւ որդիին հետ: Երեք հոգինոց այս ընտանիքը ստացաւ 2 խոզ, 15 հաւ՝ իր իսկ ցանկութեամբ։ Յատկացուեցաւ նաեւ յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն համար անասնակեր ու թռչնակեր:

Վրէժ Հայրապետեանի որդին՝ Սասունը չորս դպրոցական ու մէկ մանկահասակ երեխայի հայր է: «Յոյս» ծրագրով ան արդէն ստացած է 5 խոզ, 35 հաւ, վերանորոգուած է կենդանիներու գոմը: Սասունի քոյրը՝ Լիրան եւս, որ հարս գացած է Մարտակերտի Մոխրաթաղ գիւղը, հաստատուած է Բերդաւան: Կ՚ապրի ամուսնոյն՝ Նուէր Ալեքսանեանի եւ 3 դպրոցական երեխային հետ: Նուէր եւս որոշած է զբաղիլ անասնապահութեամբ: Անոնք արդէն ստացած են 6 խոզ, 17 հաւ եւ անասունները կերակրելու համար 1 թոն գարի:

Բերդաւան հաստատուած բոլոր 7 ընտանիքներու տուներուն մէկ տարուան վարձքերը վճարած են տեղական հասարակական կազմակերպութիւնները։ Քանի մը տուներու համար տանտէրները վարձք չեն պահանջած եւ սիրայօժար տրամադրած են Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն։ Յառաջիկային պէտք է լուծուի նաեւ գաղթականներու՝ մշակելի հողեր ունենալու հարցը:

Գիւղ հաստատուած չորրորդ ընտանիքը Շուշիէն է: Թումանեաններու ընտանիքը 5 հոգիէ կը բաղկանայ՝ Էտկարը, մայրը, կինն ու երկու երեխաները: Նախագծի ծիրէն ներս, ըստ ընտանիքի ցանկութեան, արդէն տրամադրուած են 4 գլուխ խոզ, 15 հաւ, անասնակեր, ինչպէս նաեւ նորածինին համար առաջին անհրաժեշտութեան իրեր:

Հինգերորդ ընտանիքը եկած է Մարտունիի Կարմիր Շուկա գիւղէն: Շահնազարեան կնոջ եւ 5 երեխաներուն հետ է։ Երեխաներէն 4-ը դպրոցահասակ է: «Յոյս»ով իրենց հասած օժանդակութիւնը ուղղուած է բաղնիքի, զուգարանի եւ խոհանոցի ամբողջական վերանորոգութեան: Արտակ Շահնազարեան վիրաւորուած է 44-օրեայ պատերազմին եւ ի վիճակի չէ գիւղական կամ այլ ծանր աշխատանքներ կատարելու:

Բերդաւան հաստատուած վեցերորդ ընտանիքը եկած է Ստեփանակերտէն: Ասրեանները ուսուցիչ են: Ընտանիքի հայրը՝ Վիլգէն արդէն աշխատանք ունի Նոյեմբերեանի համայնքի Բագրատաշէնի դպրոցը, իսկ կինը եւս շուտով աշխատանք կ՚ունենայ Բերդաւանի դպրոցը: Անոնց հետ են նաեւ իրենց որդին Վահէն եւ դուստրը Վեհանուշը։ Վիլգէն ցանկութիւն յայտնած է ոչխարաբուծութեամբ զբաղելու:

Բերդաւան հաստատուած եօթներորդ ընտանիքը եկած է Մարտունիի Բերդաշէն գիւղէն: Մհեր Մովսիսեան կ՚ապրի տիկնոջ եւ մօր հետ: Անոնք ցանկացած են եւ արդէն ունին հաւեր:

Բերդաւան հաստատուած բոլոր ընտանիքները ստացած են գիւղատնտեսական գործիքներ, ինչպէս նաեւ իրենց ցանկութեամբ այլ կենցաղային մեքենաներ:

Տաւուշի մարզի երրորդ գիւղը, ուր հասաւ «Յոյս» ծրագիրը, Բարեկամաւանն է: Այս վերջինը լաւ օրինակ մըն է, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ կը խանդավառուին Ֆրեզնոյի հայերու ծրագրով եւ իրենք նոյնպէս նուիրատուութիւններ կ՚ընեն: Այս պահու դրութեամբ ձեւաւորուած է պիւտճէ մը, որով հնարաւոր է եւս 8 ընտանիք տեղափոխել Բարեկամաւան եւ անոնց տրամադրել նուազագոյն հազար տոլարի օժանդակութիւն՝ տան վերանորոգութիւն կամ կենդանիներու տրամադրում: Աշխատանքները յառաջ կը տարուին գիւղապետ Գարիկ Աբազեանի հետ:

Սիւնիքի Դաւիթ-Բէկ գիւղին մէջ ծնած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրներէն Արամ Մանուկեան: Այս գիւղը հաստատուած են Արցախէն բռնի տեղահանուած 7 ընտանիք:

Արամ Իսրայէլեան Ասկերանի Պատարա գիւղէն է: Ընտանիքը բազմանդամ է՝ կինը եւ 5 երեխաներ: «Յոյս» ծրագրով Արամ կով եւ խոզ գնեց իր հարեւանէն՝ Արա Մելքումեանէն, որ ամէն օր կ՚օգնէ իր նոր հարեւանին:

Պայծառ Ղարաբէկեան միայնակ մայր մըն է, ունի 5 երեխայ՝ աւագը 16, իսկ կրտսերը՝ 6 տարեկան: Ասկերանի Դահրաւ գիւղէն տեղահանուած է: Ցանկութիւն ունի Դաւիթ-Բէկ հաստատուելու: «Յոյս» ծրագրով ան ստացաւ հաւեր, խոզեր եւ քանի մը ամսուան անասնակեր: Այս ընտանիքին յատկացուած օգնութիւնը այսքանով պիտի չսահմանափակուի:

Հինգ երեխաներու հայր է Կարէն Յակոբեան, որ Ստեփանակերտէն Դաւիթ-Բէկ տեղափոխուած է տիկնոջ եւ երեխաներուն հետ։

Սիւնիքի մարզի՝ Ատրպէյճանի սահմանակից Դաւիթ-Բէկ գիւղը հաստատուած Արցախի հայերու հաւաքատեղին է Մարիեթա Ներսէսեանի տունը, որ կը գտնուի գիւղապետարանի հարեւանութեամբ: Մարիեթան եւս տեղահանուած է Դահրաւ գիւղէն: Քանի մը համագիւղացիներու հետ ան Ստեփանակերտէն Գորիս հասած է նոյն ինքնաշարժով, բռնի տեղահանութեան ճանապարհը տեւած է գրեթէ երկու օր: Դաւիթ-Բէկի նոր տան մէջ ան կ՚ապրի իր հօր եւ երկու աղջիկներուն հետ: Որդին՝ Ալպերթը նոր ամուսնացած է՝ Գորիսի Շինուհայր գիւղէն Լուսինէ Աւանէսեանի հետ եւ այլ տուն տեղափոխուած:

Դաւիթ-Բէկ հաստատուած բոլոր 7 ընտանիքները ստացան իրենց նախընտրած ընտանի կենդանիները:

Արցախէն բռնի տեղահանուածներու համար ընտանի կենդանիները կը գնուին այն գիւղերէն, ուր անոնք հաստատուած են, ինչ որ կը նշանակէ ուղղակի ներդրումներ գիւղական, սահմանային այդ բնակավայրերուն մէջ:

«Յոյս» ծրագիրը, Ֆրեզնոյի հայութեան ջանքերը, Պերճ Աբգարեանի ու Վաչէ Վասիլեանի նուիրուածութիւնը վարակիչ են սփիւռքի այլ կազմակերպութիւններու եւ անհատներու համար: Երկու ամիսներուն ընթացքին, երբ «Յոյս» ծրագիրը կ՚ընթանար սահմանամերձ 4 գիւղերուն մէջ, քանի մը կազմակերպութիւններ եւ անհատներ եւս իրենց նուիրատուութիւներով օգնեցին՝ Արցախէն բռնի տեղահանուելով Հայաստան հաստատուած ընտանիքներուն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Փետրուար 24, 2024