Եր­բեմն

Եր­բեմն միայն՝ հոն եմ, ուր որ եմ… հո­սանք­ներ զա­նա­զան, ե­րէ­կը, ներ­կան ու գա­լիքն ալ միան­գա­մայն, կը միա­խառ­նուին:

Եր­բեմն…

Ա­րեւն ան­հոգ կը ծի­ծա­ղի…­

Ինք ալ ու­նի բազ­մա­տե­սակ
­

Փո­փո­խա­կան ու­րոյն պա­հեր­

Եւ կը սի­րէ ինք­զինք պա­հել­

Ամ­պե­րէն վեր, ծո­վէն ան­դին:

Եր­բեմն ժպիտ մը միայն, մօ­տէն թէ հե­ռուէն, կ՚ը­նէ ձմե­ռը գա­րուն, ա­շու­նը՝ ծաղ­կուն:
Եր­բեմն այն­պէս կը թուի, թէ կո­րած է ա­մէն յոյս եւ կեան­քը կու տայ խոյս, խա­ւա­րով պա­տած է աշ­խարհն հայ­րե­նի ե­րէ­կովն ու ներ­կա­յով եւ չկայ ելք:

Մի­թէ Վեր­ջին Պոէտն եմ ես

­Վեր­ջին եր­գիչն իմ երկ­րի,

Մահն է ար­դեօք թէ նինջն է քեզ

­Պա­տել, պայ­ծառ Նա­յի­րի:

(Վ. Տէ­րեան)

Եր­բեմն շունչ մը լոկ, կեան­քի կը կան­չէ սահ­մա­նին հա­սած ան­ձը, ի­րո­ղու­թիւն մը, կեան­քը ու յան­կարծ կը բարձ­րա­նայ հրա­բու­խի նման ցնցե­լու թմրած ու­ղեղ­նե­րը զօ­րա­շար­ժի են­թար­կե­լու.

Ես եմ հի­մա մի Պոէտ­

Եւ իմ ա­նու­նը Չա­րենց.

Պի­տի վա­ռուի դա­րե­րում
­

Պի­տի լի­նի բարձր ու մեծ:

(Ե. Չա­րենց)

Եր­բեմն յու­զում­նե­րը կ՚ա­հագ­նա­նան ու խեղ­դեն միտք, մտա­ծում:
Եր­բեմն՝ ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ կ՚ուղ­ղեն միտք ու շար­ժում:

Եր­բեմն հով մը փոք­րիկ կը զօ­րա­նայ, կը բոր­բո­քի կ՚ըլ­լայ քա­մի ու կը խու­ժէ փո­ղո­ցէ փո­ղոց, տու­նէ տուն, կը ցնցէ քա­ղաք մը ամ­բողջ, այդ խե­լա­գար հովն է կամ մարդ­կա­յին ամ­բո­խը, որ ինչ­պէս միշտ, ա­ւե­լի, շա՜տ ա­ւե­լի զգա­ցա­կան է քան ա­ռար­կա­յա­կան, վտան­գա­ւոր եւ ի­րա­կան, որ կրնայ շրջել պի­տա­նին ան­պէ­տին հետ ու հե­տե­ւան­քը կ՚ըլ­լայ դառն ու ան­բու­ժե­լի: Նման պա­րա­գա­նե­րու առ­թիւ քսան­հինգ դա­րե­րու խոր­քէն Լաօ Չէ կը գրէ ի մի­ջի այ­լոց.- (63)

Դի­մագ­րա­ւէ պարզ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը,

ա­նոնց մէջ չմխրճուած.

Լու­ծէ փոքր հար­ցե­րը, ա­նոնք

անզս­պե­լի չդար­ձած…
­

Մե­ծա­գոյն բար­դոյթ­նե­րը աշ­խար­հի

կա­րե­լի կ՚ըլ­լայ լու­ծել,

Երբ ա­նոնք տա­կա­ւին սաղմ­նա­յին

վի­ճա­կի մէջ են:

Ե­թէ ի­մաս­տու­թեամբ դի­մագ­րա­ւենք

հար­ցե­րը,

Կը դադ­րին հարց ըլ­լա­լէ:

Բնու­թեան էու­թիւնն է շար­ժու­մը եւ մարդ ա­րա­րածն ալ բնու­թեան մէկ զա­ւակն է, որ­քա՜ն ի­րե­րան­ման շատ հար­ցե­րու մէջ, միա՛յն թէ մարդ ան­կա­րող է որ­քան բնու­թեան իշ­խե­լու, այն­պէս կը թուի թէ՝ նոյն­քան ալ ինք ի­րեն, յօ­ժար ար­դար դա­տո­ղու­թեան եւ ցան­կա­լիին:

Եր­բեմն խնդիր­նե­րը մեզ­մէ ետ

կը մնան, եր­բեմն՝ կը կան­խեն­

Եր­բեմն շնչա­ռու­թիւ­նը ծանր կ՚ըլ­լայ,

եր­բեմն՝ հեշտ…­

եր­բեմն զօ­րա­ւոր կը զգաս, եր­բեմն՝

թոյլ եւ տկար­

Եր­բեմն վե­րի­վայ­րում­նե­րու տրուած…

(Լաօ Չէ)

Եր­բեմն մոռ­ցուած ա­նուն մը կը յի­շես դժուա­րաւ, պրպտե­լով ան­ցեա­լի է­ջե­րը, տո­ղե­րը, բա­ռե­րը, տա­ռե­րը, մո՜ւթ, խո­նաւ­ցած յի­շո­ղու­թեան մէջ, որ յան­կարծ ա­նակն­կալ կը ներ­կա­յա­նայ… բայց չես կրնար մոռ­նալ Մե­ծա­րեն­ցը: Ու­րեմն՝ կար­դանք.-

Եր­բեմն ամ­պոտ եր­կինք մը՝ շուտ

կը պար­զուի­

ու լե­ղա­կի լիճ մը կ՚ըլ­լայ՝

­Հոգ­ւոյս շլա­ցիկ ծո­վուն դի­մաց:

Եւ պէտք է,

Եր­բեմն՝ խօս­քե­րը խիտ ըլ­լան, հե­ռա­գիր­նե­րու նման:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017