ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՕՐՀՆԱԲԵՐ ՏՕՆԸ

Ծաղկազարդը յատուկ տօն մըն է: Մեր Տէրը Քրիստոս Երուսաղէմի մէջ մեծ բազմութեան կողմէ կը դիմաւորուի: Հանդիսաւոր ընդունելութիւն տեղի կ՚ունենայ: Երկու կարեւոր տուեալներ կան, որոնք կը պարզեն, թէ ի՞նչն էր այս յաղթական մթնոլորտին, ուրախալի եւ ճոխ ընդունելութեան պատճառը: Առաջինը՝ մեր Տիրոջ կատարած հրաշագործութիւնները, որոնց համար աշակերտները սկսան փառաբանական կանչերով զԱստուած օրհնաբանել (Տե՛ս Ղկ 19.37): Երկրորդ՝ երուսաղէմցիները լսած էին, թէ ի՛նչպէս Յիսուս Ղազարոսը մեռելներէն յարուցանեց, անոնք խորապէս տպաւորուած էին այս հրաշքէն, ուստի զինք դիմաւորելու ելան (Տե՛ս Յհ 12.17-18): Օրուան կրօնական իշխանութեան համար անընդունելի եւ մերժելի երեւոյթ էր պատահածը: Անոնք իրարու կ՚ըսէին. «Կը տեսնէ՞ք որ բան մըն ալ չենք կրնար ընել. ահա ամբողջ աշխարհը իրեն կը հետեւի» (Յհ 12.19): Յիսուս Երուսաղէմ քաղաք մուտք կը գործէ շատ պարզ ձեւով, հեռո՜ւ ձեւական մօտեցումէ, Ան իշու մը՝ աւանակի վրայ կը նստի: Զաքարեայ մարգարէն դարեր առաջ այս մասին խօսելով կ՚ըսէ. «Երուսաղէմի ըսէք.- Ահա թագաւորդ քեզի կու գայ. անիկա հեզ է, նստած՝ իշու մը աւանակին վրայ» (Զք 9.9): Հեզութեան գործնական եւ խօսուն օրինակն էր այս յաղթական մուտքը: Ընդհանուր եկեղեցւոյ հայրերէն Ս. Յովհան Ոսկեբերան հիացումով կ՚արտայայտուի եւ կ՚ըսէ. «Երկնաւոր Երուսաղէմի երկրաչափը երկրաւոր Երուսաղէմ մուտք գործեց ո՛չ թէ հրեղէն կառքերով, այլ՝ աւանակով»:

Մարդիկ խանդավառ տրամադրութեամբ թափօր կազմած էին: Քրիստոսի նկատմամբ իրենց ունեցած համակրանքը անկաշկանդ կերպով կ՚արտայայտէին: Աւետարանիչին բառերով. «Շատեր իրենց վերարկուները կը փռէին ճամբուն վրայ, ուրիշներ ծառերէն ոստեր կը կտրէին եւ կը տարածէին ճամբուն վրայ» (Մտ 21.8): Ժողովուրդը բարձրաձայն կ՚ըսէր. «Ովսաննա՜, օրհնեա՜լ ըլլայ ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով» (Յհ 12.13): Քրիստոսի պատիւ ընծայելու, երկիւղած յարգանք եւ հնազանդութիւն ցուցաբերելու պատկերներ կը պարզուին: «Ովսաննա՜», օգնութեան կանչ մըն է, կ՚աղաչենք, փրկէ՛, կամ հիմա՛, փրկէ՛ նշանակութեամբ: Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք հետեւեալ նկարագրականը. «Եւ ամբողջ բազմութիւնը, որ թափօրին մէջ Յիսուսի առջեւէն կ՚երթար կամ կը հետեւէր իրեն, կ՚աղաղակէր.- Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին…» (Մտ 21.9):

Քրիստոսի շքեղ եւ արքայավայել երթը պապանձեցուց փարիսեցիները, օրէնքի ուսուցիչները եւ քահանայապետը: Անոնք գիտէին, թէ Քրիստոսի համբաւը տարածուած է ամէն տեղ: Անոր ուսուցումներն ու քարոզները հեղինակաւոր էին, բարիքները՝ առատ, հրաշքները՝ անհաշիւ: Հաւանաբար Իր ձեռքով բուժուածներէն շատե՜ր մասնակից եղան թափօրին, որպէս երախտագիտական զգացումներու արտայայտութիւն:

Երուսաղէմ քաղաքը, որ մարգարէները կը կոտորէր եւ Աստուծոյ մարդիկը կը քարկոծէր, տակաւին կը վայելէր Աստուծոյ ողորմութիւնը: Սակայն Քրիստոս լաւ գիտէր, թէ սէրէ պարպուած էր այս քաղաքը, հոն խաւարն էր տիրապետողը, Երուսաղէմը միայն զոհերու արիւնով նշանաւոր չէր, այլ՝ անմեղներու արեան հեղումով: Կարծէք մեր Տէրը անոր բնակչութեան կ՚ըսէր. «Գիտեմ քու գործերդ եւ գիտեմ՝ որ միայն անունով ողջ ես, բայց իրականութեան մէջ մեռած ես» (Յյտ 3.1):

Քրիստոս տեսաւ, թէ տաճարին շրջափակը առուծախի կեդրոնի վերածուած է, ցաւալի իրողութիւնը խստիւ դատապարտելի էր Իրեն համար, ուստի վռնտեց բոլոր անոնք, որոնք առուծախ կ՚ընէին եւ կ՚արհամարհէին տաճարին սրբութիւնն ու վեհութիւնը: Մեր Տէրը յայտնապէս յանդիմանեց զանոնք ըսելով մարգարէին խօսքը. «Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի», ապա մատնացոյց ըրաւ անոնց յանցանքին ահաւորութիւնը աւելցնելով՝ «Մինչ դուք զայն աւազակներու որջի վերածած էք» (Մտ 21.13):

Յիսուս Իր հեղինակութիւնը եւ իշխանութիւնը ցոյց կու տար, նախանձնախնդիր կեցուածքին ընդմէջէն արդար պոռթկումը կը յայտնէր, ճշմարիտ պաշտամունք մատուցելուն կարեւորութիւնը կը շեշտէր, բան մը, որմէ օտարացած էին մարդիկ, մանաւանդ կրօնական դասը:

Հարկ է ի մտի ունենալ, թէ Յիուսի օրհնաբեր այս այցը դէպի խաչ տանող ընթացք մըն էր, հանգրուան մը, որ պիտի անցընէր իրագործելու համար փրկութիւնը: Ուստի Ծաղկազարդէն անմիջապէս ետք պիտի յաջորդէ Չարչարանաց շաբաթը:

Հետեւաբար, թող Ծաղկազարդի օրհնաբեր եւ յաղթաբեր տօնը մղիչ ուժ հանդիսանայ բոլորիս, որպէսզի քալենք խաչի ճանապարհէն՝ յարութեան տեսիլքով:

ԽՈՐԷՆ ՔՀՆՅ. ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 24, 2018