ԿԵԱՆՔԻ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ԵՐԳԵՐ

«Հոգեւոր կեանքի վերանորոգումը հրամայակա՛ն է»
ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ

Մատթէոս Զարիֆեանի գրական գործերը սորված եմ, երբ աշակերտ էի Պէյրութի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի մէջ: Կրցած էի տեսնել ու համոզուիլ, թէ ինչպէ՛ս իր այդ կարճ կեանքին ընթացքին ան կրցաւ ստեղծագործել եւ ձգել գրական ու բանաստեղծական մեծ ժառանգ: Ան շատ կանուխ վարակուած է թոքախտէ եւ երկար տարիներ պայքարած այդ հիւանդութեան դէմ՝ մինչեւ երեսուն տարեկան, երբ իր մահկանացուն կնքեց: Ան քնարերգակ բանաստեղծ է, որուն բանաստեղծութիւններուն մէջ մէկ կողմէ կայ թախիծ ու տխրութիւն, բայց նոյնքան ալ՝ խոր սէր: Սէրը՝ կեանքին նկատմամբ, իսկ թախիծը՝ մահուան: Վերջապէս երիտասարդ տարիքին ան պայքարեցաւ կեանքի եւ մահուան իրականութիւններուն դէմ եւ իր ժառանգը եղան «երգեր»ը… Երգեր՝ կեանքի ու մահուան:

Արագ ակնարկ մը նետելով ներկայ օրերու աշխարհին ապրած վիճակին եւ քորոնաժահրին ստեղծած թոհուբոհին, կը նկատենք, թէ կեանքի ու մահուան որքա՜ն երգեր կան քիչ մը ամէն տեղ: Չեմ գիտեր աշխարհի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական կեանքի եւ պատմութեան մէջ ե՛րբ այսքան համընդհանուր եւ միասնական  ահազանգ կար, ինչպէս որ է պարագան այսօր՝ այս ժահրին եւ անոր սպառնալիքներուն դէմ յանդիման:

Մարտ 13, 2020, Քուէյթ: Ինչպէս ամբողջ աշխարհը, Քուէյթն ալ կը պայքարի կասեցնելու համար այս ժահրին սարսափազդու վտանգը: Առողջապահութեան նախարարութեան պատասխանատու պաշտօնեան հարցուց ինծի.

-Ե՞րբ վերադարձար Քուէյթ եւ ո՞ր երկրէն:

-29 փետրուարին, Պէյրութէն,- եղաւ արագ պատասխանս:

-Ուրեմն պէտք է յատուկ քննութեան ենթարկուիս, որպէսզի ապահով զգանք, թէ չես վարակուած այս ժահրէն,- եղաւ արձագանգը:

Կրցած էի տեսնել, թէ միայն քանի մը երկիրներ նեռարուած էին այն ցանկին մէջ, ուրկէ վերադարձողները պէտք էր յատուկ քննութեան ենթարկուէին: Եւ այդ ցանկին վրայ՝ անպայմանօրէն Լիբանանը: Այլեւս չեմ ուզեր մտածել, թէ ինչո՛ւ Լիբանանը եւ ոչ ուրիշ երկիրներ, երբ ժահրը քիչ մը ամէն տեղ տարածուած է եւ յայտարարուած իբրեւ համաճարակ:

Դէմքս ծածկեցի եւ մտայ շատ մեծ սրահ մը, ուր իրարմէ քիչ մը հեռու կային աթոռ-գրասեղաններ՝ ետեւ ետեւի եւ կանոնաւոր կերպով շարուած: Նստայ անոնցմէ մէկուն վրայ եւ նայեցայ չորս կողմս: Սրահը ողողուած էր ինծի նման քննութեան ենթարկուողներով: Կը լսէի միայն արաբերէն, եւ ի յայտ եկաւ, որ Լիբանանի կողքին կային նաեւ Սուրիան եւ Եգիպտոսը, ուրկէ վերադարձողները պէտք էր նոյնպէս քննութեան ենթարկուէին:

Նստայ ու սկսայ դիտել չորս կողմս, նաեւ մտածել: Քննութիւն: Եւ նկատի ունենալով, որ նստած էի գրասեղանի մը ետին՝ յար եւ նման համալսարանի մեր ուսանողութեան տարիներուն, սկսայ ապրիլ այդ օրերու յուշերը եւ զգացումները: Քննութիւն՝ համալսարանի տարիներուն, որքան մտահոգութիւն եւ անձկութիւն կը յառաջացնէին, նոյնիսկ երբ ճշդուած նիւթերը լաւ սորված ըլլայինք: Վերջապէս քննութիւն էր: Եւ համալսարանի տարիներուն գրասեղանները կը շարուէին մէկը միւսին ետեւ նոյն հեռաւորութեան վրայ՝ յար եւ նման Քուէյթի այս քննութեան սրահին: Եթէ այդ համալսարանի օրերուն պէտք էր կեդրոնանայինք հարցումներուն եւ զանոնք պատասխանելու վրայ, բայց կային նաեւ աշակերտական մեր ճարպիկութիւնները: Մէկը միւսին փսփսալու տրամադրութիւնները՝ պատասխանները իմանալու եւ կամ հաստատելու ցանկութեամբ: Բայց հոս՝ Քուէյթի մէջ, մինակ էի, պէտք էր պատրաստուէի իմ քննութեանս եւ արդիւնքին, որուն մէջ դեր չունէի այս պարագային:

Այդ մտածումներով տարուած, նաեւ սկսայ տեսնել, թէ ինչքան բարակ թել մըն է եղեր, որ կը բաժնէ կեանքը մահէն: Եւ կը սկսիս մտածել այն խուճապին մասին, որուն այսօր ամբողջ աշխարհը մատնուած է եւ կը փորձէ ամէն գնով առաջքը առնել եւ հետամուտ ըլլալ, որ կեանքի եւ մահուան միջեւ եղած այդ բարակ թելը չփրթի: Ու սկսայ տեսնել, թէ ինչքան պայքար կայ կեանքը-կեանքերը պահելու համար, ինչքան նախազգուշութիւն՝ կանխարգիլելու համար այս ժահրը, որ մահուան սպառնալիք է: Շատ լաւ են այն բոլոր միջոցները, որոնք իւրաքանչիւրս կը ստիպեն զգուշաւորութեան եւ զգաստութեան: Ուզեցի գնահատել Քուէյթի կառավարութիւնը՝ իր այս նախազգուշացումներուն համար:

Կը փորձուիմ մտածել՝ չարամտութի՞ւն, թէ՞ ոչ: Բայց ինչո՞ւ այս ժահրը կրցաւ այսքան աղմուկ եւ մտահոգութիւն յառաջացնել: Բայց չէ՞ որ աշխարհի տարբեր անկիւնները երեւի ամէն օր կայ պատուհաս-պատերազմ, ուր նաեւ մարդկային հոգիներ կը խլուին եւ անմեղներ կը մահանան: Եւ ինչո՞ւ այս մէկը՝ քորոնան, պիտի զգլխէ ու անցնի միւս բոլոր վտանգները: Արդեօք միւս պատուհասները նուա՞զ կարեւոր եւ նուա՞զ վտանգաւոր են, քան ք որոնան: Երկու չափ երկու կշի՞ռ, թէ այլ:

Բայց կայ աւելի՛ն: Եւ հոն՝ այդ մեծ սրահին մէջ, սկսայ մտածել այդ աւելիին մասին: Երեւի մահուան սպառնալիքն է, որ կը ստիպէ զիս՝ այդ աւելիին մասին մտածելու: Եթէ ակնթարթի մը մէջ ժահր մը մէջտեղ կու գայ, արագօրէն կը սփռուի աշխարհով մէկ՝ անդամալուծելով զայն, վախի, յուսահատութեան եւ մահուան մթնոլորտ տարածելով ամէնուրեք… Ուրեմն ո՞ւր է կեանքը, անոր արժէքն ուժը այս բոլորին դիմաց:

Այդ մեծ սրահին մէջ նստած,  կարծէք, կեանքի թելին կենդանութեան կողմը կը գտնուէին՝ ջանալով այնպէս ընել, որ թելը չփրթի: Իսկ եթէ փրթի: Ինչպէ՞ս կեանքին պիտի փարինք եւ ի՞նչ է արժէքը կեանքին, ինչպէ՞ս պէտք է իմաստաւորել զայն, երբ ժահր մը կարծէք գողի նման եկած է հնձելու աշխարհի կեանքերը:

Կը վերադառնամ հայ գրականութեան դասապահերուս, Մատթէոս Զարիֆեանն է կրկին: Նկատի ունենալով, որ իր երիտասարդ տարիքին ան պայքարեցաւ կեանքի ու մահուան դէմ՝ գրած է.

«Կեանքը… որքան կը սիրեմ զայն հիմա:

Տէր Աստուած, արդեօք շատ ուշ չէ՞»:

Մատթէոս Զարիֆեան միշտ ալ սիրեց կեանքը, նոյնիսկ երբ գիտէր, թէ շատ օրեր չէին մնացած իրեն համար աշխարհի մէջ: Եւ արդէն ուշ չէ՞ր: Բայց Զարիֆեանի ընտրութիւնը՝ իր սէրը կեանքին նկատմամբ, մղեց զայն արտադրելու: Արտադրելու արժէք:

Եւ այդ օր, այդ սրահին մէջ, քննութեան պահուան սպասելով, դարձեալ ուզեցի տեսնել իմ կեանքս: Եւ թէ ի՞նչ ընտրեցի իմ կեանքիս համար եւ տակաւին ի՞նչ պիտի ընտրէի:  Տեսայ ու համոզուեցայ, թէ կը սիրեմ ԱՐԺԷՔԸ կեանքին եւ այդ Արժէքին հիմքն ու զայն սնուցանողը՝ Աստուածաշունչը: Եւ այդ օր դարձեալ կարդացի Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հարցազրոյցը, որուն մէջ ան հետեւեալ միտքը արտայայտած է. «Աստուածաշունչն է մեր հոգեւոր արժէքներու աղբիւրը եւ, որպէս քրիստոնեայ ազգ, մեր արժէքներու համակարգային հիմքը»: Եւ տեսայ, թէ ինչպէս Աստուածաշունչը եւ անոր պարգեւած ու շնորհած կեանքը տուած է ապրելու եռանդ եւ ուժ մեր հայ ժողովուրդին, նոյնիսկ երբ նոյն հայը դէմ յանդիման գտնուեցաւ շատ մը «ժահրերու» իր կեանքի տարբեր հոլովոյթներուն մէջ եւ մինչեւ այսօր:

Եւ Մեծ պահքի այս օրերուն տեղին է խորհրդածել Քրիստոսի մահուան եւ Անոր յարութեան մասին: Անոր յարութիւնը, ուր Ան յաղթեց մահուան ու նոր կեանք շնորհեց մարդկութեան: Եթէ Քրիստոս յաղթեց մեղքին՝ չարին, չի նշանակեր, թէ չարը եւ մեղքը վերացան աշխարհէն: Մեր իւրաքանչիւրին կեանքը այսօր ամէնօրեայ պայքար է բարիին ու չարին միջեւ, եւ թէ որո՞ւ անձնատուր կ՛՚ըլլաս այդ պայքարին մէջ:  Քրիստոսի շնորհած նոր կեանքը, զոր Ան կերտեց յաղթելով մահուան՝ իմա՛ հոգեւոր ինքնութիւնը եւ գիտակցութիւնը, կը գօտեպնդէ մարդը՝ պայքարելու համար չարին դէմ եւ յաղթելու նոյն այդ չարին: Քրիստոնեան աշխարհի մէջ հոգեւոր արժէքներով, գիտակցութեամբ եւ հոգեւոր զինամթերքով է, որ կրնայ ամրօրէն կանգնիլ չարին եւ մեղքին դէմ:

Ասկէ մեկնած պէտք է ընկալել այն իրականութիւնը, թէ՝ թէեւ հոգեւորը անբաժան մասն է աշխարհին, բայց եւ այնպէս աշխարհէն չէ, որովհետեւ քրիստոնեան ունի իր արժէքները, որոնցմով կ՚ապրի եւ կ՚առաջնորդուի աշխարհիկ իր կեանքին մէջ՝ անհատական թէ հաւաքական մակարդակի վրայ: Քրիստոսի խոստումն ալ այս մէկը կը հաստատէ. «Ես եկայ, որ կեանք ունենան եւ ալ աւելի կեանք»: (Աւետարան ըստ Յովհաննու 10:10):

Քրիստոս ըսաւ. «Ես եկայ»: Քրիստոս եկաւ աշխարհ՝ զայն աւելի լաւ վայրի մը վերածելու համար, իսկ մենք այսօր այդ աւելի լաւ աշխարհին մէջ կ՚ապրինք եւ կը պայքարինք չարին դէմ՝ արժէքներ ստեղծելով ու պահելով: Այսպէս է, որ աւելիով կը յաղթենք ոչ միայն երկրի վրայ, այլ  նաեւ յաւիտենականութեան մէջ:

Քորոնայի քննութեան ժամը հասաւ: Քննուեցայ եւ դուրս եկայ՝ մաքուր: Խաղաղա՞ծ էի: Երեւի: Բայց տակաւին տունը նստած պէտք է պատսպարուիլ, քանի որ ժահրը դուրսն է, պիտի սպասենք կ՚երեւի, մինչեւ այն օրը, երբ ժահրը անհետանայ: Կը սպասենք:

Բայց մինչ այդ, կան «կեանքի եւ մահուան երգերը»: Մատթէոս Զարիֆեանի, բայց նաեւ բոլոր աշխարհին: Աշխարհը երեւի պիտի տեսնէ, թէ ի՛նչ պիտի պահէ, ո՞ր երգը պիտի ուզէ երգել՝ կեանքի ու անոր արժէքին՝ թէ՞ մահուն:

Եւ կեանքը երգելու համար կ՚արժէ մտածել նոյն կեանքի արժէքին մասին, որուն համար վեհափառ հայրապետի խօսքը հիմք կը հանդիսանայ՝ «Հոգեւոր կեանքի վերանորոգումը հրամայակա՛ն է»:

Արդարեւ, հոգեւոր կեանքին հիմքը Աստուածաշունչի շնորհած նոր կեանքն է՝ ինծի, քեզի եւ բոլորին: Այս կեանքի վերանորոգումով է, որ մեր կեանքերը կը ստանան ուժ ու արժէք: Եւ այս ուժով եւ արժէքով կրնանք յաղթել չարին՝ մեղքին:

Նաե՛ւ՝ քորոնա ժահրին:

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2020