ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՎՐԷԺԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏ ՊԷՏՔ ՉԷ ԸԼԼԱՅ»

Անցնող տասն օրերուն ընթացքին հայկական օրակարգը «ալեկոծած» արագ զարգացումները երէկ նոր հուն մը մտան, երբ Հայաստանի ընտրեալ վարչապետ Սերժ Սարգսեան, իր ընտրութենէն հազիւ շաբաթ մը անց «տեղի կու տար» փողոցի դժգոհութեան առջեւ եւ կը հրաժարէր իր պաշտօնէն:

Թէեւ վաղ է «վերջնական» գնահատականներ տալ Սերժ Սարգսեան պետական մարդու անցնող տասն տարիներու գործունէութեան, բայց եւ այնպէս այսօր աւելի քան յստակ է, որ Սարգսեան այդ քայլին կը դիմէր յօժարակամ կերպով:

Իր «կարապի խօսք»ին մէջ ան կը յայտնէր, որ տագնապը լուծելու մի քանի ձեւեր կան, բայց եւ այնպէս ինք չ՚ուզեր այդ լուծումներուն հեղինակը հանդիսանալ:

Նախքան Սերժ Սարգսեանի վարչապետի պաշտօնին առաջադրուիլը, առիթով մը զրոյց մը ունեցայ երեւանցի վերլուծաբանի մը հետ, որուն կարծիքով՝ Սերժ Սարգսեանի իրականացուցած վերջին կարգադրութիւնները խորապէս ցոյց կու տան, որ ան «յոգնութեան նշաններ ցոյց կու տայ»: Այս բառերը բնականաբար կը պատկանին խօսակիցիս, որ նաեւ համոզում կը յայտնէր, թէ Սարգսեանի իշխանութեան վրայ մնալու տարիները կրնան «շատ կարճ» ըլլալ:

Բնականաբար ներկայացուցած մօտեցումը խիստ ենթակայական էր ու ապահովաբար Երեւանի մէջ տեղի ունեցած եւ «համաժողովրդային տարողութիւն» ստացող ճնշման եղանակները աւելիով կը դիւրացնէին Սարգսեանի հեռացման ընտրանքը:

Գալով Նիկոլ Փաշինեանի կողմէն հնչած «Թաւշեայ յեղափոխութիւն» լոզունգին. ապա նոյնպէս յստակ է, որ հակառակ անոր որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան եւ «Մերժիր Սերժին» նախաձեռնութեան արարքները եթէ ոչ մէկ կապ ունէին արտաքին ազդակներու հետ, ապա նոյնպէս յստակ էր, որ Փաշինեան իր մօտեցումներով, բառերով, բաց ձեռքերով եւ քայլեր կատարելով ցոյց կու տար արեւմտեան դպրոցի մը մօտեցումը, որուն կիրառումը պէտք չէ անպայման հասկնալ, թէ այս երիտասարդ ընդդիմութիւնը արեւմուտքին «ծախուած» ընդդիմութիւն է:

Ամէն պարագային տակ ու հակառակ անոր, որ տակաւին շատ վաղ է եղածներուն վերաբերեալ յստակ եւ ամբողջական վերլուծում մը կատարելը, անառարկելիօրէն յստակ է, որ երիտասարդ աւիւնով հրապարակ ելած այս երիտասարդները ունին բոլորովին նոր տեսակէտ, զինուած են արի ոգիով ու մանաւանդ պատրաստ են սորվելու եւ գործակցելու բոլոր կողմերուն հետ:

Այս առումով ալ Հայաստանի մէջ եղածներուն Մոսկուայի կողմէ լսելի դարձած դրական գնահատականներու կողքին ամենէն աւելի կարեւոր ու դրական պէտք է համարել Փաշինեանի խօսքը կապուած երկրին մէջ «վրէժի մթնոլորտ պէտք չէ ըլլայ» ձեւակերպումին հետ:

Փրակմաթիք առումով ալ թէեւ հասկնալի է Փաշինեանի արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելու փափաքը, բայց այդ բոլորին մասին կարելի է խօսիլ 24 Ապրիլի դադարէն ետք:

Ի վերջոյ աւելի քան ոգեւորիչ է, որ Հայաստան երէկ քնացաւ առանց ոչ մէկ կաթիլ արեան յեղումի ու այդ եւս մեծ յաղթանակ է, բոլոր տեսակի քաղաքական հաշուարկներու կողքին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018