24 ԱՊՐԻԼԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԴԻՄԱՑ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆՍ ՄԷՋ ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ

Բացառիկ յօդուած մը ստորագրած է Ռուբէն Զարդարեան, որ կը կրէ «Վստահութեան օձը» վերնագիրը։

Ճիշդը, Զարդարեանի կանաչ կողքով հատորը (հրատարակութիւն՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի) միշտ ալ եղած է ուշադրութեանս կեդրոնին։ Երկար կամ կարճ ճամբորդութիւններուս, Երեւան քաղաքի ամենատարբեր սրճարաններուն կամ մայթերուն զետեղուած նստարաններուն վրայ Զարդարեան միշտ ներկայ է՝ իր սրածայր պեխով, խորիմաց մտածողի հայեացքով, համակ էութեամբ։

Զարդարեան՝ յառաջադէմ էր, մեծ սիրողը Պոլիս քաղաքին, որուն սէրը չես գիտեր ինչ հմայքով, ինչ գաղտնի ճամբաներով ու գուցէ նոյնիսկ փշոտ մացառներով աճեցաւ դէպի քեզ, դէպի միւս երեսը ինքնութեանդ, որ ամէն անգամ վեր հանեց ինք խորունկներուդ մէջ ընկղմած կարմիր բառերը։

Զարդարեան գուցէ մէկն է այն հարիւրներէն, որոնք ինձմէ եւ քեզմէ առաջ սիրեցին երկիրը, ցաւեցան անոր համար, ապրեցան այդ ցաւը եւ փոխակերպուեցան ու դարձան «իքոնաներ»։ Ռուբէն Զարդարեան դարձաւ մէկը այն հարիւրներէն, որոնք մտան մեր երակներուն մէջ ու բնակեցան այնտեղ։ Այդ հաստատումը, այդ թաղանթը եւ այդ մեծ ապրումը, որ առանց լլկումի եւ առանց յոգնութեան մեզ տարաւ հեռո՜ւ-հեռուներ ու մենք դարձանք մասնիկը այն հին պատմութեան, որ կը հոսի մինչեւ այսօր. կը հոսի առանց հարց տալու մեր բողոքին, մեր վրիպումներուն, մեր վէրքերուն եւ մեր մեծ որոնումներուն։

Հին քաղաքը նկարագրելու ատեն, անշուշտ, պիտի նկատես, որ հոն երկու տեսակի բնակիչներ կան. կան անոնք, որոնք դժուարութեան օրերուն միակ պայուսակ մը «հաւաքեցին» ու քալեցին դէպի ապահով ափեր ու կան անոնք, որոնք չլքեցին իրենց հողը, քշուեցան, ծարաւ մնացին, մահացան, բայց չլքեցին երկիրը։

Որոշելու, որոնումի կամ փրկութեան մը հասնելու ընտրանքն ալ չէ ասիկա, այլ մարդուս մէջէն բխած զգացում մըն է, որ կը կապուի իր եսին հետ եւ ապա կամաց-կամաց կը դառնայ ճակատագիր։ Եւ իրօք քանի-քանիներ այդ ճակատագրին իրական տէրը դարձան, քանի-քանիներ այդ ճակատագիրը պահպանեցին ու քանի-քանիներ հաւատացին իրենց համար սահմանուած ճակատագրին…

Նոյն ճակատագրի խաղերուն մասին, անոր անհոգ խաւարումներուն, անոր բերած մեծ կորուստներուն մասին դատողութիւն ընողները շատ են։ Ու անոնք են, այդ շատախօս բերանները, որոնք հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ Գրիգոր Զօհրապ Թալէաթ փաշային հետ ընկերութեան մը սեղանը կը բաժնէր կամ ինչո՞ւ նոյն Ռուբէն Զարդարեան այդքան սիրով ու ջերմութեամբ կը փորձէր բալասան մը ճարել մեծ վէրքերու մէջ ինկած Օսմանեան կայսրութեան կամ ինչո՞ւ, այո, ինչո՞ւ մեծ բանաստեղծ Սիամանթոն հեռու-հեռունե՜ր՝ «Նիակարա»ի ջուրերը հասնելէ յետոյ, յանկարծ մեծ վերադարձի մը կամ «Զիս Պոլիս տարէք» ըսելու երգով մը կը վերադառնար դէպի իր բնօրրանը։

Այս անունները ապրեցուցին այդ ժամանակի շունչը։ Գուցէ նոյնիսկ գիտէին, որ դառն ճակատագիր մը կը սպասէր իրենց, բայց ուզեցին այդ բաժակ մը ցաւի մեծ ահեղութեան դիմաց կանգնիլ ու ծաղրել նոյն այդ լեղի դէպքերուն մեծ պատահումը։ Անոնք ծաղրի առին ամբողջ պատմութիւնը, ամբողջ դիպուածը, ամբողջ վէրքը՝ մեր ժողովուրդին վրայ թափուած ու ամբողջ անէծքը, որ խաւարներուն մէջ ուրուական դառնալով կը հալածէ մեծ քաղաքը իր ողջ տարողութեամբ։ Նոյն այդ քաղաքին մէջ անոնք հաց կիսեցին, մոմ վառեցին, աղօթեցին, ապրեցան, բայց մանաւանդ՝ սիրեցին. սիրեցին այդ կտոր մը հողը, որ իրենց ու մեր պատմութեան իրական ձուլարանն էր։

Ձուլարանն էր հոգիներուն, որոնք կը հեռանան, բայց չեն աղմկեր։

Ձուլարանն էր հուր սրտերուն, որոնք արիւն ու ցաւ թափեցին այդ երկրին մէջ ու այդ երկրին համար։

Ձուլարանն էր այդ երկիրը, որուն խաչմերուկներուն ու երկար ճանապարհներուն վրայ կարմիր օղակներ շարուեցան։

Ճանապարհներու ձուլարանն էր ան, ուր մահը եւ կեանքը նոյն մայթերէ քալեցին, մագլցեցան, սողացին, ինկան, բայց չմեռան. չմեռան, որովհետեւ որոշած էին ապրիլ, որոշած էին մնալ ու մանաւանդ՝ սիրել։

Զարդարեան եւ իր ընկերները, այդ մեծ անուններու ամբողջ երամը հողի ու սիրոյ համար եղած աստղեր էին։ Ու դուք ըսէ՜ք, աստղերը կ՚իյնա՞ն, աստղերը կը մարի՞ն, կամ աստղերը կը մեռնի՞ն…

Մեծ քաղաքի աղմուկին մէջ, գիրի եւ գիրքի բառերուն, քառակուսիներուն, դեղին ու խոնաւ էջերուն վրայ կը սահի անոնց փրկութեան ժամանակը եւ կը զարդարէ մեր ամբողջ առօրեան։ Մեռելները կան, մեր հետ են գուցէ, կամ մեր կողքն են, մեր անուններու բառերուն մէջ են, մեր սնարին, մեր սենեակի վարագոյրներուն, մեր տեսած կամ ուշացող երազներուն մէջ կը յորդին հիմա. կը յորդին ու կը պատմեն մեզի, որ անպայման կայ վերադարձ մը հին եւ մաշեցնող մահէն, որ կան, պիտի ըլլան դարձեալ պայծառ առաւօտներ, ուր բոլորը շարքի պիտի կանգնին ու պիտի պատմեն իրենց լուսաւոր ճանապարհորդութիւններուն ու սիրոյ երգերուն մասին։

Գուցէ ամէն տեղ են անոնք՝ Պոլսոյ ամենախիտ փողոցներուն մէջէն դէպի վեր բարձրացող նեղլիկ թաղերէն կամ մինչեւ կապոյտը հոսող ճանապարհները, որոնք կը տանին հեռացումի նաւակներուն, ուր կան կոտրուած թիերը մեր ինքնութեան, ուր կան բառերը ամայի քաղաքներուն կամ մեծ վերադարձներուն, որոնց կարօտը ա՜խ կը տանջէ հոգիս։

Ես ինչ գրեմ անոնց համար, անոնց մասին, որոնց մեղադրանքներ կը յղուին այսօր։ Անոնք իմ ժողովուրդին պայծառ երեսներն են, օրհնանքն են, բառն են, հողի արմատն են, բանն են ու մանաւանդ՝ սէրն են։ Ի՞նչ ըսեմ անոնց ու ի՞նչ պատմեմ բոլոր քաղաքներուն մասին, ուրկէ կ՚անցնի իմ թրուպատուր հոգին։ Հո՛ս, Երեւանի ծայրամասերուն, անոր խոնաւ մեթրոյի անցքերուն, հո՛ն, Պէյրութի մէջ, անոր թաց ու վիրաւոր ճանապարհներուն վրայ։ Դեռ հո՛ն, դէպի Աթէնք կատարուած ճամբորդութեան օրերուն կամ Թիֆլիզ տեղ մը, մօրուքաւոր քաղաքի ճիշդ անկիւնը, այլ տեղ մը Տիգրան մեծէն մնացած յուշին մէջ՝ Կիպրոս… եւ դեռ ահագին տեղեր, անկումի, յառնումի, ապրումի, բայց լլկութեան։

Այս բոլորին մէջ Զարդարեան չկայ, անոր մերձաւորները չկան, անոր սրածայր պեխերուն վրայ պատմութեան ժամացոյցը չի խօսիր ու անոր ֆեսի ծայրերուն գաւառի հայութեան վէրքը չի կոտտար…

Հոն, հեռուին մէջ, որոնումի վերջին ծալքերուն, հողի ու սիրոյ կենացներուն ու արբեցումին հետ… Հոն, ուր ուրիշներ չհասան ու դեռ ուրիշներ ալ չերեւցան… Հոն ապրիլները միշտ կարմիր էին ու հոն դարձեալ փրկութեան լաստերը ճերմակ սաւաններով կը փաթթէին կարծր դարձած մեր վէրքերը…

Հո՛ն, հեռուին համար, տխուր երգերուն ու, սակայն, պայծառ գալիքին մէջ, մեզ պահող, մեզ փրկող, մեզ իրարու մօտեցնող…

Հո՛ն, ուր Զարդարեանները չեն մեռնիր, որով եղած են ի սկզբանէ ապրելու համար, հողին համար՝ սուրբ եւ սիրոյ մատեանին մէջ ամէնական։

Հո՜ն, մինչեւ նոր սկիզբը մեր բոլոր հանդիպումներուն ու յանուն մեր մեծ սէրերուն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2023