ԸՆԴ­ՀԱՆ­ՐԱ­ԿԱ­ՆԱ­ՑԱԾ ՑԱՒ...

Ան­հա­ւա­տա­լի բայց ի­րաւ: Ե­րէկ գրու­թիւն մը ստա­ցայ լի­բա­նա­նա­հայ վար­ժա­րա­նէ մը շրջա­նա­ւարտ օ­րիոր­դէ մը, ո­րուն մէջ Յու­նի­սը «Հ»ով գրած էր...:

Երբ ընդվ­զած հե­ռա­ձայ­նե­ցի ի­րեն այ­պա­նե­լու, որ կա­րե­լի՞ բան է նման սխալ մը, երբ ոչ միայն դպրո­ցին ու դա­սա­ցու­ցա­կին մէջ ա­մէն օր, այլ ա­մէն քայ­լա­փո­խին՝ ինչ­պէս հայ­կա­կան տան օ­րա­ցոյ­ցին վրայ եւ ա­մէն տեղ միշտ ա­ռի­թը ու­նի կար­դա­ցած ըլ­լա­լու ՅՈՒ­ՆԻՍ, օ­րիոր­դին ար­դա­րա­ցու­ցիչ պա­տաս­խա­նը հե­տե­ւեա­լը ե­ղաւ. «Սե­ւակ հա­ւա­տայ չգրած ստու­գե­ցի Կու­կը­լի թարգ­մա­նի­չով (Google translator), թէ June-ին հա­յե­րէն ի՞նչ կ՚ը­սեն եւ ան­կէ ուղ­ղա­կի ըն­դօ­րի­նա­կե­ցի...»:

Կը հասկ­նա՞ս սի­րե­լի ըն­թեր­ցող, մինչ ես լի­բա­նա­նա­հայ վար­ժա­րա­նէ շրջա­նա­ւարտ օ­րիոր­դի մը հա­յե­րէն ամ­սուայ ա­նու­նին ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը չի­մա­նա­լով մտա­հոգ էի, մէջ­տեղ ե­լաւ, որ մեր հա­յու­հին տա­րուայ վե­ցե­րորդ ամ­սուն հա­յե­րէն ա­նունն ալ չի գի­տեր...:

Ա­ւե­լի քան մտա­հո­գիչ ու ա­հա­զան­գա­յին չէ՞ այս պա­րա­գան: Կրնա՞յ ըլ­լալ, որ դպրոց­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­ներ այ­պա­նեն զիս՝ հար­ցը ընդ­հան­րա­ցու­ցած ըլ­լա­լուս հա­մար... սա­կայն հա­յե­րէ­նի աղ­քատ ի­մա­ցու­թեամբ՝ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րէ շրջա­նա­ւարտ­նե­րու ե­րե­ւոյ­թը այ­լեւս ընդ­հան­րա­կան չէ՞...։

ՍԵ­ՒԱԿ ՅԱ­ԿՈ­ԲԵԱՆ

«Զարթօնք»

 

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2016