«ԱԿՆՅԱՅՏ Է, ՈՐ ԱՄՆ ԼՐՋՕՐԷՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՎ»
Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները աշխուժացած է լրջօրէն։ Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հովանաւորութեամբ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի փակ բանակցութիւնները պէտք է դիտարկել՝ որպէս նոր սկիզբ մը այն գործընթացին համար, որ աւելի վերջ շարունակուեցաւ Մոսկուայի մէջ, այս անգամ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ։ Անշուշտ, մինչեւ Մոսկուա հասնիլը գլխաւոր բանակցողները հանդիպում մըն ալ ունեցած էին Պրիւքսելի մէջ, իսկ մօտաւոր անցեալին ալ անոնք հանդիպեցան Քիշնեւի մէջ։
Այս դիւանագիտական երթեւեկին շուրջ հեռավար զրոյց մը ունեցանք Լոս Անճելըսի «Մասիս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Գրիգոր Խոտանեանին հետ, որ մեզի համար մեկնաբանեց՝ յատկապէս իրադարձութիւններուն ԱՄՆ-ի վերաբերեալ երեսակը։
*
-Թէեւ հանդիպումները փակ էին, իսկ ենթադրութիւնները՝ շատ։ Ի՞նչ կարելի է հետեւցնել ամերիկեան լրատուամիջոցներու հրապարակումներէն։
-Անշուշտ, կը հետեւինք ամերիկեան մամուլին, նաեւ հայկական լրատուամիջոցներուն։ Պէտք է ըսել, որ առայժմ ամերիկեան լրատուամիջոցները չեն անդրադարձած այս իրադարձութիւններուն։ Սակայն սա չի նշանակեր, որ հանդիպումներու աւարտին մենք վերլուծական յօդուածներ, բանակցութիւններու բովադակութեան մասին ոչինչ պիտի կարդանք ամերիկեան մեծ թերթերուն. օրինակ՝ «New York Times»ի, «Washington Post»ի կամ «Wall Street Journal»ի մէջ։ Փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ այսպիսի իրավիճակներու մէջ պէտք է համբերատար ըլլալ ամերիկեան աղբիւրներու հաղորդումներուն հիման վրայ հետեւութիւններու հասնելու համար։
-Մոսկուա շատ ալ հանգիստ չէ այս բանակցութիւններէն եւ խանդի նշաններ ցոյց կու տայ։ Քրեմլին առիթ ու ժամանակ չէ կորսնցուցած՝ իր մօտ հրաւիրելու համար Փաշինեանն ու Ալիեւը, որոնք կարճ ժամանակ առաջ հանդիպած էին Պրիւքսելի մէջ։ Իսկ ամերիկեան կողմը Ուաշինկթընի հանդիպումները կազմակերպելով կարողացա՞ւ միաւորներ կուտակել ի հեճուկս Մոսկուայի յոխորտանքներուն կամ թելադրանքներուն։
-Անկասկած, որ ԱՄՆ կարողացաւ իր ազդեցութիւնը քիչ մը հրապարակաւ փաստել։ Նախկին հանդիպումները Ռուսաստանի կամ ԱՄՆ-ի մէջ, տեւած էին քանի մը ժամ կամ օր մը։ Իսկ Ուաշինկթընի Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպումները տեւեցին քանի մը օր։ Բաց աստի, որոշ աղբիւրներու համաձայն, այս անգամ ամերիկեան կողմը անմիջական մասնակցութիւն ունեցաւ։ Նոյեմբերին, երբ Միրզոյեան եւ Պայրամով դարձեալ հրաւիրուած էին Ուաշինկթըն, Պլինքըն զիրենք դիմաւորած էր ու աւելի վերջ թողած էր, որպէսզի երկու նախարարները առկայ հարցերը քննարկեն իրարու միջեւ։ Ի տարբերութիւն, ըստ որոշ տեղեկութիւններու, այս անգամ այդ բանակցութիւնները տեղի ունեցան եռակողմանի ձեւաչափով։ Պլինքըն կա՛մ անձնապէս ներկայ էր, կամ իր ներկայացուցիչները կը մասնակցէին քննարկումներուն։ Հետեւաբար, պէտք է ըսել, որ ԱՄՆ-ի ազդեցութիւնը շատ աւելի շեշտուած է ներկայիս։
-Թէեւ Պաքու ամբողջութեամբ տարուած է Մոսկուայի խաղով Հարաւային Կովկասի մէջ, սակայն Պայրամով հլու-հնազանդ Ուաշինկթըն շտապեց։ Ի՞նչ է ձեր տպաւորութիւնը։
-Գիտէք ինչ, ԱՄՆ՝ որպէս պետութիւն, աշխարհի գրեթէ բոլոր տարածաշրջաններուն մէջ ունի իր շահերն ու քաղաքականութիւնը։ Պէտք է ըսել, որ վերջին շրջանին Ատրպէյճան նաեւ աւելի բացայայտ եւ գործնական ձեւով միացաւ Իրանի դէմ պայքարին։ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը Պաքու այցելեց եւ այդտեղ աշխարհաքաղաքական բազմաթիւ հարցեր քննարկուեցան։ Ձեւով մը ԱՄՆ, Իսրայէլ եւ Ատրպէյճան եռանկիւն մը ստեղծեցին Իրանի դէմ, նաեւ Կովկասի տարածաշրջանէն ներս։ ԱՄՆ-ի համար Կովկասը կարեւոր է նաեւ այն առումով, որ կրնայ Ատրպէյճանը օգտագործել Իսրայէլի հետ միասին եւ նոր իրավիճակ մը ստեղծել Իրանի դէմ։ Գիտենք նաեւ, որ Իսրայէլ-Ատրպէյճան կապերը բաւական հին արմատներ ունին։ Ատրպէյճան կը զինուի Իսրայէլի արտադրութեան զէնքով՝ յատկապէս տրոններով։ Այս մասին շատ խօսուած ու գրուած է։ Հետեւաբար, Ատրպէյճան նաեւ այդ գծով կապեր ունի ԱՄՆ-ի հետ եւ, բնականաբար, երբ ԱՄՆ զինք կը հրաւիրէ, ապա ան կը ներկայանայ։ Գալով Ռուսաստանի պարագային… Այն ժամանակ, երբ Ռուսաստան մխրճուեցաւ Ուքրայնայի ճահիճին մէջ, սկսաւ կորսնցնել ազդեցութիւնն ու հեղինակութիւնը։ Հետեւանքը եղաւ Լաչինի միջանցքին փակումն ու անցակէտի տեղադրումը։ Ատրպէյճան գրեթէ կ՚անտեսէ ռուսական խաղաղապահ ուժերու ներկայութիւնը Արցախի եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ, որոնք պէտք է մնային Ռուսաստանի հսկողութեան տակ։ Ռուսաստան կա՛մ հակադարձելու կամքը չունի, կամ ալ անկարող է։
-Անշուշտ, կարեւոր է ամերիկեան դերի բարձրացման գնահատականը։ Յատկապէս 2020-ի աղէտալի պատերազմէն ետք նկատուեցաւ, որ ԱՄՆ իսկապէս ազդեցիկ է։ Ան պահպանութեան օղակ դարձաւ Հայաստանի համար՝ յատկապէս Ջերմուկի անցեալ տարուայ սեպտեմբերի դէպքերուն ժամանակ։ Այս բանը յստակ էր։ Ըստ ձեզի՝ հայամէ՞տ են ԱՄՆ-ի կեցուածքները։
-Չմոռնանք ԱՄՆ-ի մէջ հայկական ներկայութիւնը, Քոնկրէսի եւ Ծերակոյտի մէջ հայամէտ օրէնսդիրներու ներկայութիւնը։ Անոնք մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենան Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան վրայ։ Կը տեսնենք, որ դեմոկրատները մեծամասնութիւն կը կազմեն Ծերակոյտէն ներս եւ իշխանութեան գլուխ են Սպիտակ տան մէջ։ Բաց աստի, պատերազմէն յետոյ թէ՛ Եւրոպայի եւ թէ ԱՄՆ-ի հետաքրքրութիւնը նշմարելիօրէն աւելցած է տարածաշրջանին նկատմամբ։ Կը կարծեմ, թէ ԱՄՆ կը փորձէ զգուշաւոր, դանդաղ ձեւով Հայաստանը ամբողջութեամբ դուրս բերել Ռուսաստանի ազդեցութենէն։ Վերջերս ուսումնասիրութիւն մը կատարուած է վերլուծութեան կեդրոններէն մէկուն կողմէ։ Այնտեղ կ՚ըսուէր, թէ Հայաստան չի կրնար ապաւինիլ Արեւմուտքի ռազմական աջակցութեան եւ որեւէ բան ակնկալել՝ մինչեւ որ ամբողջութեամբ դուրս չգայ ռուսական ազդեցութենէն։ Հետեւաբար, ԱՄՆ պիտի փորձէ թէ՛ Ատրպէյճանը եւ թէ Հայաստանը հնարաւորինս պահել որոշ ազդեցութեան գօտիին մէջ։ Ան կը յուսայ, թէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կը նպաստէ իր այդ հեռահար քաղաքական նպատակներու իրականացման։
-Արդէն մատնանշեցիք Իսրայէլի դերը։ Եթէ բաց աչքերով նայինք Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցածին, ապա աչքի կ՚իյնան զարմանալի երեւոյթներ։ Տեղ մը թշնամի երկու տէրութիւններ՝ ԱՄՆ եւ Իրան շահերու միատեղմամբ քով-քովի կու գան Սիւնիքի պարագային։ Այս ուժերուն համար անընդունելի է, որ Սիւնիքի մէջ Ատրպէյճանի կամ Ռուսաստանի մկրտութեամբ տեղափոխութիւններ եւ ձեւափոխութիւններ ըլլան։ Դուք ի՞նչ կը դիտարկէք։
-Կը խորհիմ, թէ ԱՄՆ իսկապէս, հետաքրքրուած է Հայաստանի անվտանգութեամբ։ Ան կ՚անդրադառնայ, որ Հայաստան այդ ծովուն մէջ փոքր կղզի մըն է, որ աշխարհին բացուելու շատ սահմանափակ միջոցներ ունի։ Անոնցմէ մէկն ալ Իրանն է, որուն հետ Հայաստան տնտեսական կապեր ունի։ ԱՄՆ միշտ ալ բարեացակամ աչքով նայած է Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններուն՝ նոյնիսկ ա՛յս ժամանակաշրջանին, երբ ամերիկեան ազդեցիկ թերթերը կը գրեն, որ Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցները կը շրջանցուին Հայաստանի միջոցաւ եւ շատ մը ապրանքատեսակներ Իրանի տարածքով կը մտնեն Հայաստան եւ այդտեղէն կ՚ուղարկուին դէպի Ռուսաստան։ Չեմ գիտեր՝ ԱՄՆ-ի իշխանութիւնները եթէ ներքին կարգով Հայաստանի իշխանութիւններուն որեւէ ակնարկութիւն մը կ՚ընեն, սակայն, առնուազն հրապարակաւ շատ դրական են, ինչպէս ըսի, նկատի ունենալով անոր դիրքը։
-Անդրադառնանք նաեւ ամերիկահայ մեծ համայնքին։ Երբեմն ամբոխավար յայտարարութիւններ կը լսենք, ցոյցեր կը կատարուին՝ նոյնիսկ անտեղի ցոյցեր Հայաստանի դեսպանատան առջեւ։ Հիմա ի՞նչ են տրամադրութիւնները Հայաստանի նկատմամբ։
-Հայաստանի պետութեան հանդէպ տրամադրութիւնները նոյնն են։ Բոլորս մտահոգուած ենք եւ ժողովուրդը օրը-օրին կը հետեւի Հայաստանի իրադարձութիւններուն։ Անշուշտ, Արցախի հարցը մտահոգութեան առարկայ է, սակայն, ինչպէս գիտէք, պատերազմը բաւական ծանր նստաւ նաեւ սփիւռքահայութեան, ամերիկահայութեան վրայ։ Հոգեբանական անկում մը կայ բոլորիս պարագային։ Հայաստանի նկատմամբ հաւատքը, սակայն, երբեք չէ կորսուած։ Հայաստանի իշխանութեան եւ վարչապետին՝ յեղափոխութենէն անմիջապէս յետոյ ունեցած վարկանիշը հոս եւս նուազած է։ Յամենայնդէպս, այդ ցոյցերը, որոնք կը կատարուին 40-50 հոգիի մանակցութեամբ, որեւէ ազդեցութիւն չունին գաղութի ընդհանուր տրամադրութեան վրայ։ Կը կարծեմ՝ թերեւս այլընտրանքի բացակայութեան բերումով, Հայաստանի իշխանութիւնները կը շարունակեն վայելել համայնքի մեծամասնութեան աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան