«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»
ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱՋԻՆ ԵՐԿՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՆԵՐ
ՏԱՍՆԱԲԱՆԵԱՅ պատուիրաններուն յառաջաբանը այսպէս կը սկսի. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի՝ ծառայութեան տունէն հանեցի» (Ելք 20.2):
Աստուած այս խօսքերով իր ժողովուրդը կը հրաւիրէ հնազանդելու Իր ամենաբարի կամքին եւ այս մասին երեք պատճառներ յառաջ կը բերէ.
ա) Թէ Իրմէ կախում ունին, ուստի կ՚ըսէ. Ես Տէր:
բ) Թէ Ինք հրաւիրելու իրաւունք ունի, ուստի կ՚ըսէ. Ես եմ քու Տէր Աստուածդ:
գ) Թէ կ՚ուզէ ժողովուրդին սիրտին մէջ շնորհակալութեան զգացմունքը արթնցնել, ուստի կ՚ըսէ. որ քեզ Եգիպտոսի՝ ծառայութեան երկրէն հանեցի:
Այս երեք պատճառները քրիստոնեաներուն համար եւս մեծ նշանակութիւն ունին: Աստուած, ինչպէս եբրայեցիներուն Տէրն էր, նոյնպէս եւ մեր Տէրն է, մեր Արարիչը եւ մեր Նախապատճառը: Ա՛ն է կենդանութեան եւ երջանկութեան միակ աղբիւրը: Ա՛ն է նմանապէս մեր Աստուածը, մեր Բարերարը, որ մեզ եբրայեցիներէն աւելի սիրած է: Որովհետեւ, այն ուխտը, որ մեզի հետ ըրաւ, աւելի գերագոյն է քան եբրայեցիներուն հետ ըրած ուխտը: «Մինչդեռ հիմա Յիսուս շատ աւելի գերազանց քահանայութեան մը հասաւ, քանի միջնորդը եղաւ գերազանց ուխտի մը, որ իբրեւ օրէնք՝ շատ աւելի լաւ խոստումներու վրայ հաստատուած է» (Եբր 8.6), «Ատով իսկ Քրիստոս Նոր Ուխտին միջնորդը եղաւ, քանի իր մահով քաւեց այն յանցանքները, որոնք առաջին Ուխտի ժամանակաշրջանին գործուեցան, որպէսզի Աստուծոյ կողմէ հրաւիրուած մարդիկը խոստացուած յաւիտենական կեանքը ժառանգեն» (Եբր 9.15): Աստուած մեզ ո՛չ թէ Եգիպտոսի ծառայութենէն ազատեց, այլ՝ աւելի անգութ եւ ամօթալի ծառայութենէ մը, այսինքն՝ մեղքէ եւ յաւիտենական մահէն:
Ահաւասի՛կ, պարտաւոր ենք այս բոլորի մասին մտաբերել, որպէսզի շարժինք Աստուծոյ օրէնքը լսելու եւ կատարելու:
Տասնաբանեայ պատգամները երկու մասի կը բաժնուին: Առաջինին մէջ չորս պատուիրաններ կը պարունակուին, որոնք մեր՝ առ Աստուած ունեցած պարտաւորութիւններուն կը վերաբերին: Իսկ երկրորդին մէջ՝ վեց պատուիրաններ, որոնք մեր՝ առ մարդիկ ունեցած պարտաւորութիւններուն կը վերաբերին:
Առաջին պատուրիանը այս է. «Ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս» (Ելք 20.3): Այս պատուիրանով Աստուած ընդհանուր կռապաշտութիւնը կ՚արգիլէ, այսինքն՝ Աստուծոյ սեփական պաշտամունքը այլ իրերու տալը: Այն պաշտամունքը, որ հեթանոսները սուտ աստուածներուն կը մատուցէին, կռապաշտութիւն կը կոչուէր: Որովհետեւ անոնք իրենց աստուածներ կը պատկերացնէին ըստ մեծամասնութեան կուռքի ձեւով եւ իսկապէս կը հաւատային, որ անոնք կրնային միջնորդ հանդիսանալ իրենց գործերուն: Ձեզի այլ աստուածներ թո՛ղ չըլլան արգելական պատուիրանով՝ մենք ո՛չ թէ պիտի կարծենք, թէ ուրիշ աստուածներ կան, այլ՝ պէտք է իմանանք, որ այս խօսքը կը վերաբերի եբրայեցիներուն դրացի ազգերու կարծիքներուն, որոնք բոլորը սուտ աստուածներու պաշտամունք կը մատուցէին:
Երբ կը հաւատանք եւ կ՚ընդունինք այս ամենէն մեծ ճշմարտութիւնը, որ կայ միայն մէ՛կ Աստուած, աշխարհի Ստեղծիչ ու Նախախնամող, որ միայն իրաւունք ունի պաշտուելու եւ յարգուելու, այնուհետեւ ուրիշ ստեղծուածներ պաշտել՝ կը նշանակէ մեծագոյն յանցանք գործել, կը նշանակէ անարգել Աստուածութիւնը, Անոր մեծութիւնը արարածներուն հաւասարեցնել եւ արարչական պատիւ չտալ: Հեթանոսները յստակ օրինակ մըն են մեզի համար, թէ մինչեւ ի՞նչ աստիճանի մարդիկ կրնան ապականիլ եւ անպիտան դառնալ, ճշմարիտ Աստուածը ձգելով եւ կուռքերուն պաշտամունք մատուցելով: Այս պատճառով է, որ Պօղոս առաքեալ կը պատուիրէ միա՛յն Աստուծոյ պաշտամունք ընծայել. «Չըլլա՛յ որ ոեւէ մէկը իր կեղծ խոնարհութեամբ, հրեշտակներուն ընծայուած պաշտամունքով...» (Կղ 2.18): «Քու Տէր Աստուածդ պէտք է պաշտես եւ միայն Անո՛ր ծառայես» (Մտ 4.10): «Երբ Պետրոս տուն կը մտնէր, Կոռնելիոս զայն դիմաւորեց եւ անոր առջեւ խոնարհութիւն ընելով երկրպագութիւն ըրաւ: Պետրոս զայն ոտքի հանեց, ըսելով.
-Ոտքի՛ ել. ես ինքս ալ մարդ եմ» (Գրծ 10.25-26):
Առաջին պատուիրանը կախարդութիւնը, չար ոգիներուն պաշտամունք ընծայելը եւ ամէն տեսակի նախապաշարումներ կ՚արգիլէ, որով ոմանք կը կարծեն, թէ արարածներուն մէջ եւս կը գտնուին այնպիսի կարողութիւն եւ գուշակութիւն, զորս միա՛յն Աստուած ունի: «Ձեր մէջ թող չգտնուի այնպիսի մարդ մը, որ իր տղան կամ աղջիկը կրակէ անցընէ կամ բախտ նայի կամ գուշակութիւն կամ հմայութիւն եւ կամ դիւթութիւն ընէ. նաեւ կախարդ կամ վհուկ կամ նշանագէտ կամ մեռելահմայ թող չգտնուի» (Բ.Օր 18.10-11): Ի վերջոյ, կ՚արգիլէ նաեւ արդի հեթանոսութիւնը, որ թէեւ հինին մնան կոպիտ եւ վայրագ չէ, բայց դարձեալ դատապարտութեան արժանի է, որովհետեւ մեր սիրտը, որ միայն Աստուծոյ կը պատկանի, արարածին կու տանք. արարածը Արարիչէն աւելի կը սիրենք եւ մեր յոյսն ու հաւատքը փոխանակ Արարիչին՝ արարածի վրայ կը դնենք: Այս եւս տեսակ մը կռապաշտութիւն է, որ նոյնպէս դատապարտելի է Աստուծոյ առջեւ. «Հետեւաբար մեռցուցէ՛ք ձեր մէջ երկրաւոր ցանկութիւնները, այսինքն՝ ձեզմէ դուրս վանեցէք պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, ինչ որ կռապաշտութիւն է» (Կղ 3.5): «Անոնց վերջը կորուստ է, որովհետեւ իրենց աստուածը իրենց փորն է: Ամօթալի բաներով կը հպարտանան եւ միայն երկրաւոր բաներու մասին կը խորհին» (Փլպ 3.19):
Աստուած նոյնպէս կը հրամայէ. «Իմ աչքիս առջեւ ուրիշ աստուածներ չունենաս» (Բ.Օր 5.7):
Այս խօսքերը -աչքիս առջեւ- աւելիով կ՚ընդարձակեն պատուիրաններուն միտքը եւ կը յայտնեն, որ ո՛չ թէ միայն ճշմարիտ Աստուածը ձգելն է կռապաշտութիւն, այլ՝ կայ ուրիշ տեսակի կռապաշտութիւն մը, երբ մարդիկ սուտ աստուածները ճշմարիտ Աստուծոյ ընկերակից կը դաձնեն, երբ բերանով կը ձեւանան, թէ զԱստուած կը խոստովանին, [սակայն] սիրտով օտարոտի աստուածներ կը պաշտեն: Այս խօսքերը ցոյց կու տան նոյնպէս, որ Աստուած ականատես վկան է իր ժողովուրդի իւրաքանչիւր վարմունքին եւ ինքզինք անարգուած կը համարէ, երբ ժողովուրդին անհաւատարմութիւնը կը տեսնէ, եւ հետեւաբար՝ սաստիկ կերպով կը պատժէ:
Աստուած հրամայելով, որ օտար աստուածներ չունենայ, միաժամանակ կը պատուիրէ ճանչնալ, որ Ի՛նքն է մի միա՛յն ճշմարիտ Աստուած: [Արդարեւ], կը պատուիրէ պաշտել զԻնք, այսինքն՝ խոնարհեցնել Իր առջեւ ինչպէս մեր սիրտն ու միտքը, նոյնպէս նաեւ մեր մարմինը. կը պատուիրէ փառաւորել զԻնք, որպէս Տէր, որպէս Որ Էն, որմէ կատարելապէս կախում ունինք մենք, որ Միա՛կ աղբիւրն է բոլորին, ինչ որ ունինք եւ ինչի վրայ որ կրնանք մեր յոյսը դնել. Ան է մեր բովանդակ բարութիւնը, մեր կեանքը եւ երջանկութիւնը: Մէկ խօսքով, Աստուած մեզի կը պատուիրէ ունենալ այն բոլոր զգացողութիւնները, որոնցմով պարտաւոր ենք փառաւորել Իր գերագոյն կատարելութիւնները եւ յայտնել մեր ճշմարիտ Աստուածպաշտութիւնը, թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով:
Երկրորդ պատուիրանով Աստուած կը հրամայէ չընել կամ չշինել ոչ մէկ նկարագիր կամ արձան Աստուածութեան եւ չհամարել զայն իբրեւ իսկապէս Աստուած: Այս երկրորդ պատուիրանը սերտօրէն առընչուած է առաջինին հետ, որովհետեւ երկուքն ալ կռապաշտութիւնը կ՚արգիլեն: Սակայն, առաջինը ընդհանրապէս կ՚արգիլէ, իսկ երկրորդը՝ մասնաւորապէս. այսինքն՝ երկրորդը կ՚արգիլէ կուռք չշինել սիրած առարկաներէն: Երկրորդ պատուիրանը գլխաւորապէս եբրայեցիներուն դիւրաշարժ բնաւորութիւնը կը յանդիմանէ, որոնք շուտ-շուտ կռապաշտութեան կը մատնուէին, որ խիստ տարածուած էր Եգիպտոսի եւ Քանանացիներու երկիրներուն մէջ:
Երկրորդ պատուիրանը կռապաշտութեան տեսակները մէկ առ մէկ յիշելով, պարզապէս կը յայտնէ մեզի, որ երկինքի եւ երկրի վրայ չէր մնացած արարած մը, որ պաշտուած չըլլար զանազան ձեւերով կամ նկարագիրներով: Սակայն, Աստուած պարզ եւ անսահման Հոգի ըլլալով եւ չունենալով որեւէ ձեւ կամ կերպաւորական նմանութիւն՝ կը պատուիրէ, որ Իր անունը դրոշեալներու վրայ չդնեն եւ իբրեւ Աստուած ընդունելով չնուազեցնեն այն խոր յարգանքը, որ մարդիկ պարտաւոր են Աստուածութեան ընծայել: Այս պատճառով է, որ Եսայի [Մարգարէ]ն կ՚աղաղակէ. «Արդ, որո՞ւն նմանցուցիք Տէրը, որո՞ւն նման համարեցիք զԻնք» (Ես 40.18): Հետեւաբար, մարդ կռապաշտութեան կը ծառայէ, երբ իր մէջ արարածական պատկերներ կը ստեղծէ եւ իր սիրտն ու միտքը անոնց տալով՝ անոնց հետ կը կապուի իր հոգիին ամբողջ զօրութեամբ եւ կը մատուցէ այն պաշտամունքը, ինչ որ միա՛յն ճշմարիտ Աստուծոյ պէտք է մատուցել: Ամփոփելով, որեւէ արարած Աստուծմէ աւելի սիրել, կը նշանակէ կռապաշտութիւն գործել:
Երկրորդ պատուիրանը կը հրամայէ մեզի Աստուծոյ ծառայել այնպէս, ինչպէս որ կը պատուիրէ Աստուածաշունչ Սուրբ Գիրքը: Սուրբ Գիրքը կը պատուիրէ մեզի Աստուծոյ ծառայել համաձայն Անոր բնութեան. կը պատուիրէ զԱստուած պաշտել՝ հոգիով եւ ճշմարտութեամբ. կը պատուիրէ մեզի, որ մեր պաշտամունքը եւ յարգանքը իսկապէս մեր սիրտէն բխած ըլլան, մեր ճշմարիտ ճանաչողութենէն, ինչ որ պէտք է ունենանք Անոր գերագոյն էութեան վրայ: Սուրբ Գիրքը կը պատուիրէ մեզի, որ աշխարհի վրայ համաձայն այս ճանաչողութեան թէ՛ կեանք եւ թէ ալ գործ ունենանք: Աստուած ինչքան ալ անշօշափելի է մեզի համար եւ մեր զգացողութեան չ՚ենթարկուիր, ասով հանդերձ, մենք գիտենք, որ Ան կը տեսնէ մեր հոգիին ու սիրտին խորքը, կը տեսնէ ու կը զննէ մեր հոգեւոր բոլոր շարժումները: Արդարեւ, վստահ ենք, որ եթէ մեր միտքը, մեր ցանկութիւնները, մեր յարգանքը, մեր յոյսը եւ բաղձանքները առ Աստուած ուղղենք, Ան անպայման ամէն բան կը տեսնէ եւ ըստ այնմ ալ կը վարձատրէ մեզ: Մենք զԱստուած կը պաշտենք ու կը պատուենք հոգիով, երբ Անոր մասին կը մտածենք եւ երբ այս մտածմունքը մեր մէջ յարգանքի, սիրոյ, շնորհակալութեան, հաւատարմութեան եւ խոնարհութեան զգացմունք կ՚արթնցնէ. երբ այս զգացողութիւնները մեզի համար ներքին հոգեւոր պարտականութեան կը վերածուին, եւ ո՛չ թէ լոկ արտաքին փարիսեցիութեամբ զԱստուած կը պատուենք:
Երկրորդ պատուիրանը մեզի կը յայտնէ, որ մեզի հետ խօսողը մեր Տէրն է, մեր Աստուածը: Աստուած Ամենակարող եւ Նախանձոտ է, այսինքն՝ Ի՛նքն միայն իշխանութիւն ունի պատուիրելու մեզի, թէ ինչպէ՞ս պէտք է ծառայենք Անոր: Ի՛նքն է միայն Ամենակարող եւ մեղաւորը չի՛ կրնար փախչիլ Անոր արդարութենէն: Ի՛նքն է միայն Ամենարդար եւ սաստիկ բարկութեամբ կը պատժէ այն մարդիկը, որոնք անոր մեծութեան սեփական պաշտամունքը ուրիշներու կու տան եւ անարժանութեամբ կը ծառայեն:
Սուրբ Գիրքին մէջ գործածուած նախանձոտ բառը, պէտք է հասկնանք այնպէս, ինչպէս Աստուածութեան վայել է: Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ միութիւնը Իր Եկեղեցիին հետ բազմաթիւ անգամներ ամուսնութեան կը նմանցնէ, ուստի, նախանձոտ խօսքը այս ամուսնութեան նկատմամբ պէտք է ընդունինք: «Քեզ յաւիտեան ինծի հետ կը նշանեմ, քեզ ինծի հետ կը նշանեմ արդարութեամբ եւ իրաւունքով, ողորմութեամբ եւ գթութեամբ: Քեզ ինծի հետ կը նշանեմ հաւատքով, եւ դուն կը ճանչնաս Տէրը» (Ովս 2.19-20): «Քրիստոսի հանդէպ ձեր պատկարանքը արտայայտեցէք՝ իրարու հնազանդելով։ Կինե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն, ինչպէս Տիրոջ պիտի հնազանդէիք. որովհետեւ ամուսին մը իր կնոջ գլուխն է, այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս գլուխն է եկեղեցիին, իր մարմինին, որուն Փրկիչն է ինք» (Եփ 5.21-23):
Իսկ այս սպառնալիքը՝ «հայրերու մեղքերուն համար կը պատժեմ անոնց որդիները, զիս ատող մարդոց՝ նոյնիսկ երրորդ եւ չորրորդ սերունդին» (Ելք 20.5), կը նշանակէ, որ եթէ իսրայէլացիները կռապաշատ դառնան, մեծամեծ աղէտներով եւ թշուառութեամբ պիտի պատժուին, որուն դառնութիւնը ո՛չ միայն իրենք պիտի զգան, այլ՝ իրենց որդիները եւ անոնց թոռները: Արադարեւ, այս պատուիրանը իրապէս կատարուեցաւ իսրայէլացիներուն վրայ՝ Բաբելոնեան եօթանասուն տարուան գերութեան շրջանին մէջ: Աստուած այս սպառնալիքով կ՚ուզէր զգուշացնել իսրայէլացիները եւ հայրական գութ արթնցնել անոնց սիրտին մէջ՝ դէպի իրենց սերունդը, որպէսզի գոնէ իրենց ապագայ սերունդը խնայելով՝ չարութենէն հեռանան: Աստուած կ՚ուզէր զգուշացնել, որպէսզի արթուն մնան եւ անհաւատարմութեան չմատնուին, որովհետեւ, ինչպէս որ ժամանակի անցուդարձները իրարու հետ կապ ունին, նոյնպէս եւ սերունդներուն միութիւնը: Իսրայէլացիներուն պատահած անբախտութիւնը պիտի շարունակուէր եւ իրենց սերունդներուն հասնէր. ուստի, Աստուած կը զգուշացնէր, որպէսզի գէթ սերունդները ազատ մնան կռապաշտութենէն եւ պատիժի չենթարկուին:
Այս պատիժը արդարութեան հակառակ չէ, որովհետեւ պատիժը ընդհանուր էր եւ ժամանակաւոր, որուն հետեւանքը կը զգային ո՛չ միայն որդիները, այլեւ՝ թոռները: Մեղաւորներուն հետ արդարներ եւս կային այս պատիժին ենթարկուած, սակայն անոնց կրած նեղութիւնները փորձութեան միջոցներ էին իբրեւ, որով Աստուած միւսներուն օրինակ կու տար՝ անոնց հաւատքը, բարեպաշտութիւնը, համբերատար ժուժկալութիւնը եւ ճշմարիտ Աստուածպաշտութիւնը: Աստուած կը զօրացնէր եւ կ՚օգնէր անոնց ուշ կամ կանուխ համբերել նեղութիւններուն եւ զօրանալ բոլոր դժուարին հանգամանքներուն մէջ:
Աստուած թէեւ կը սպառնայ, սակայն միաժամանակ Իր ողորմածութիւնը ցոյց կու տայ, ինչպէս յայտնի է հետեւեալ խօսքերէն. «Ատոր փոխարէն Ես ողորմածութիւն կը ցուցաբերեմ զիս սիրողներուն եւ Իմ հրամաններս կատարողներուն հազար սերունդներուն նկատմամբ» (Բ.Օր 5.10):
Այս խոստումը կը նշանակէ, որ եթէ իսրայէլացիները հաւատարիմ ըլլային Աստուծոյ ծառայութեան մէջ եւ ջերմեռանդ եւ հաստատուն կամք ունենային Անոր պատուիրանները պահելու, Աստուած անոնց սերունդը երկար ժամանակ պիտի օրհնէր, պահէր եւ պաշտպանէր, ինչպէս Դաւիթ մարգարէն կ՚ըսէ. «Այսպէս, Աստուած կը խոստանայ վարձատրել բարի մարդը եւ երկար դարերով պահել ու պաշտպանել անոր սերունդը»: Այս ժամանակաւոր օրհնութեան եւ պատիժի խոստումները իրապէս միայն եբրայեցիներու ազգին կը վերաբերէր, որոնք, ժամանակի պարագներէն եւ ոգիէն ստիպուած, բազմաթիւ սերունդը եւ աշխարհի վրայ ունեցած երկար կեանքը ամենէն ցանկալի օրհնութիւնը կը համարէին: Սակայն, քրիստոնեաները եւս պարտաւոր են հասկնալ, թէ ի՛նչ մեծ նշանակութիւն ունի Աստուծոյ պաշտած կերպով մատուցուած ծառայութիւնը եւ ի՛նչ հաճելի է այն եռանդն ու փափաքը, որով մենք կը փափաքինք Աստուծոյ սիրոյն արժանանալ:
Աստուծոյ խոստումները սպառնալիքներուն հետ համեմատելով, պարզապէս կը տեսնենք, թէ ինչքա՜ն շատ է Աստուծոյ ողորմածութիւնը: Աստուած Իր օրէնքը չպահողներուն կը սպառնայ արդարութեամբ պատժել եւ այս պատիժը սահմանաւոր է. իսկ Իր պատուիրանները պահողներուն կը խոստանայ սիրով եւ ողորմածութեամբ վարձատրել, եւ այս ողորմածութեանն ու սիրոյն սահման չէ նշանակած. «Ողորմածութիւն կը ցուցաբերեմ զիս սիրողներուն եւ Իմ հրամաններս կատարողներուն հազար սերունդներուն նկատմամբ»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 2
Վաղարշապատ