ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐ ՀԻՄՆԱՒՈՐԵԼ

Ուրախութենէ անդին առինքնող է, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի ու գործի վրայ է գործիչներու տեսակ մը, որուն հիմնական «տարտ»ն ու ցաւը հզօր պետութիւն մը կերտելն է։ Այդ յղացքը՝ հզօր պետութիւն մը կերտելու նուիրական գործը, մեծ գործերով, մեծ խօսքերով եւ փայլուն ճառերով սկիզբ չէ առած։ Ո՛չ մէկ անգամ խօսքը կարողացած է մեզի տանիլ-հասցնել հոն, ուր տեսած պիտի ըլլանք փայլուն, տնտեսապէս կայուն ու անվտանգային հզօր համակարգով երկիր մը։ Այդպիսի երկիրը ունի սահմանում եւ անոր մէջ անվրդով կան ու կը շնչեն իրական գործն ու աշխատանքը։

Մեր նախահայերը իրենց կաթիլ-արցունք-արիւնը խառնած են ամէնօրեայ մաքառումներու մեծ պայքարին ու անկէ ստացած են արդիւնք։ Եղած են ժամանակներ, երբ անոնք կորսնցուցած են հայրենիքի հողը եւ ապրած են ոգեղէն հայրենիքի ափերուն, բայց չեն մոռցած քրտինք թափել, արցունք պահել ու մանաւանդ՝ գործին եռանդի արիւն միախառնել՝ կերտելու համար մնայուն վայր մը, որպէսզի ապրին ու յիշուին դարերով։ Մեր ճարտապետները այդպէս կերտած են հրաշագեղ շէնքեր ու քաղաքներ կառուցելով մեզ հասցուցած են այսօրուան դրութեան։ Ճիշդ է, որ այդ յղացքներուն մէջ, ընթացքներուն մէջ միայն քարեղէն ամուր կամարները, առ Աստուած սլացող գմբէթները չեն, որ վաւերական ներուժ ու արժէք տուած են մեր նախնիներուն… Բայց այդ կերտումի աշխատանքը եղած է ձեւով մը բողոքելու համար, որ հայրենիք ու հող կորսնցուցած հայերն ալ գիտեն տուն եւ օճախ կազմել, ոգի եւ անուն կայմել, գիտեն ապրեցնել, արարել ու ստեղծել։

Պատմութեան անհասկնալի թաւալումներուն հետ, 90-ականներու սկիզբին մեզի տրուեցաւ առիթ ստանձնելու այդ մեծ նախաձեռնութիւնը, որ կը կոչուի հայկական պետութիւն։ Այսինքն՝ պետականութիւն ստեղծել, արարել ու կերտել այն դարաւոր հողին վրայ, որուն անունն է Հայաստան։

Մեծ էր երազը եւ բարդ էին պայմանները։ Մաքառումներու եւ պայքարներու մէջէն անցնող, յաճախ սլացող երկիր Հայաստանը՝ անցեալի իր վէրքերէն, պատմական տառապանքներէն եւ որբապատում ու հայրակորոյս զաւակներու եռանդով տոգորուած դարձեալ կը վերադառնար պատմութեան թատերաբեմը։ Ներս կը մտնէր ճիշդ այն սենեակէն, որ վերջին անգամ փակուած էր անցեալ դարու 20-ականներուն, իր հետ առնելով մեր գոյութեան հետ միս ու արիւն կապած հաւաքական հարցումներու մեծ տրցակը։ Ու առաւելապէս այդ հարցումներուն մէջ էին նաեւ երկար ինչու-ինչպէսները, որոնք ապրելու, գոյատեւելու պայմանաւորուածութիւնով մը մեզ պէտք է տանէին ու հասցնէին դէպի ապահով ափ։ Ո՞ւր է մեր տեղանքը, ի՞նչ են մեր խնդիրները ու առաւելապէս ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք մեր շրջապատին ու հարեւաններուն հետ։ Էականը այդ էր մեծ հաշուով։ Ու ցաւօք, մենք, հաւաքապէս չկարողացանք այդ հարցումներուն պատասխանները շարադրել եւ այդ պատմականութեան մեծ սենեակէն հազիւ դուրս եկած մտանք նոր հարցադրումներու ու անվերջանալի թուացող պայքարներու մէջ, որոնք մեզմէ խլեցին արիւն, արցունք ու եռանդ։

Հայաստանէն շատ վայրերու համար ու մէջ՝ մեր աշխատած գործիք-ները դարձան մեր վրայ կրակող, մեզ սպառնացող զէնքեր… Պարզապէս որովհետեւ՝ մենք չարժեւորեցինք մեր իրական ժամանակը։

Ահա, այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք, այսօրուան պատկերին դիմաց հարկ է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը լաւապէս հասկնայ եւ լաւապէս ըմբռնէ ընդհանուր դրութիւնները եւ, ըստ այդմ հեռու մնալով կեղծ հայրենասիրական քարոզներէ՝ ձգտի առաւելագոյնը տալ Հայաստանին՝ առանց մերժելու միւս հայը, առանց արժեզրկելու դիմացինին դերը ու մանաւանդ՝ ճիշդ հասկնալով մեր պատմութեան հոլովոյթը եւ «աշխարհագրութեան անէծք» կոչուածը։

Արդարեւ առանց այդ հասկացողութեան մենք դարձեալ պիտի խրուինք պատմութեան անիւներուն մէջ, պիտի թաւալինք, արիւնինք ու յետոյ ալ մեր բախտը անիծենք։ Խորքին մէջ այս մտորումները ունեցայ զրուցելէ ետք Արտեոմ Գեղամեանին հետ, որուն մտաւորական պաշարը, իմացականութիւնը, խորքային եւ քաղաքակրթական արժեհամակարգը կը ստիպեն մարդս անգամ մըն ալ մտածել մեր ունեցած մարդկային իրական եւ վաւերական ներուժին մասին։ Նիւթը հանքարդիւնաբերութիւնն է, ինչ որ Հայաստանի համար բանալիի նշանակութիւն ունի։ Արտեոմ Գեղամեանին հետ զրուցած եմ, անշուշտ, փորձելով առկայ հիմնահարցերը պեղել ու ամենակարեւորը՝ ամէն ինչ չափել «հզօր տնտեսութիւն, հզօր պետութիւն» կարկինով։

*

-Հետաքրքրական է իմանալ, թէ ինչպէ՞ս յայտնուեցաք հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ, ուր երկար աշխատանքային ճանապարհէ մը անցած էք։

-Հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ պատահականօրէն յայտնուեցայ։ Միշտ եղած եմ պետական աշխատանքի՝ հանրային ծառայութեան մէջ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մարմնիններուն եւ թէ Սթրազպուրկի՝ Եւրոխորհուրդին մէջ։ Յետոյ կեանքը այնպէս դասաւորուեցաւ, որ 2014 թուականին առաջարկ ստացայ «Վալէքս» խումբի հիմնադիր եւ գլխաւոր տնօրէն Վալերի Մէճլումեանէն։ Առաջին խօսակցութեան ընթացքին ես հասկցայ, որ հանքարդիւնաբերութիւնը, պետութեան անվտանգութիւնը եւ բարեկեցութիւնը երեւոյթներ են, որոնք միասին կ՚ընթանան։ «Վալէքս» խումբէն ներս աշխատանքնային պայմանագրի պարտադիր կէտերէն էր անվերապահ հաւատքը Հայաստանի նկատմամբ։ Այս դրոյթը զիս ոգեշնչեց եւ կեանքիս ինն տարիները նուիրեցի այդ ընկերութեան եւ շատ բան սորվեցայ հանքարդիւնաբերութեան բնագաւառին վերաբերեալ։ Մասնագիտութեամբ իրաւաբան ըլլալով, հանքարդիւնաբերութեան բնագաւառի մեծ՝ «արպիթրաժ»ի դատավարութիւններու փորձառութիւն ունեցայ՝ Ռուսաստանի դրամատուներէն մէկուն դէմ։ Կարելի է ըսել, թէ Հայաստանի մէջ ամենամեծ դատավարութիւնն էր՝ մօտաւորապէս 320 միլիոն ամերիկեան տոլար հայցային դիմումով։ Այս նաեւ ինծի ցոյց տուաւ, թէ հանքարդիւնաբերութիւնը եւ հանքային պաշարները որքան կարեւոր են ո՛չ միայն առեւտրային, այլեւ աշխարհաքաղաքական նկատառումներով։

-Հանքարդիւնաբերութիւնը Հայաստանի համար ունի մասնաւոր կարեւորութիւն։ Ինչպէս ըսիք, այստեղ հարցը միայն տնտեսական չէ, այլեւ աշխարհաքաղաքական։ Այսօրուան դրութեամբ սոյն ոլորտին համար ամենակարեւորը անվտանգութեան խնդիրն է։ Ի՞նչ են ձեր գնահատականները։

-Տասն տարեկան իմ որդիս կը հարցնէր Հայաստանի բարեկամ՝ ընկեր եւ թշնամի պետութիւններուն մասին։ Ես կը փորձէի անոր բացատրել, որ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ բարեկամ եւ թշնամի չկայ։ Հայաստանի պարագային մի գուցէ ունինք պատմական թշնամի։ Յամենայնդէպս, բարեկամ եւ թշնամի արտայայտութիւնները շատ յարաբերական են։ Ես տղուս կը փորձէի բացատրել, որ պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները պէտք չէ ընկալել անձնական յարաբերութիւններու տրամաբանութեամբ։ Անձերու միջեւ յարաբերութիւններու պարագային շատ կարեւոր են զգացումները, մարդկային ճաշակը, յոյզերը, բայց միջպետական յարաբերութիւններու պարագային ասոնք առաջնային չեն։ Կը կարծեմ, թէ մեր պետական մարմիններու ձախողման հիմնական պատճառներէն մին պատմականօրէն այն եղած է, որ մենք փորձած ենք միջպետական յարաբերութիւնները պատկերացնել եւ ընկալել անձնական յարաբերութիւններու մեթոտով եւ անոր պրիսմակի մէջէն դիտուած։

Թէ ի՞նչ կրնան ընել մեր նման փոքր պետութիւնները աշխարհաքաղաքական նման բարդ իրավիճակին մէջ… Ըսեմ, որ 2020-ի պատերազմը իսկապէս ցոյց տուաւ, որ մշտական կամ վստահելի բարեկամներ ունենալու թեզը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ խախուտ է եւ Հայաստանի պաշտօնեաները նոյնպէս մտահոգութիւն կը յայտնեն այն մասին։ Մինչ այդ գործող անվտանգային պարտաւորութիւնները կարծես թէ նոր պայմաններու մէջ արդիւնաւէտ ձեւով այլեւս չեն գործեր։ Նոր պայմաններ ըսելով նկատի ունիմ 2020-էն ետք ստեղծուած իրավիճակը, իսկ համաշխարհային իմաստով՝ յատկապէս 2022-էն յետոյ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմէն ետք ստեղծուած աշխարհաքաղաքական իրավիճակը։ Հայաստանը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ փոքր պետութիւններ յայտնուեցան ճնշումային իրավիճակի մը մէջ, ուր անվտանգային նախկին պարտաւորութիւնները չեն գործեր եւ փոքր պետութիւններու կենսական պայմանները ապահովուած չեն, բայց, միւս կողմէ, չկան գործող այլ միջոցներ։ Այլ խօսքով՝ այդ պետութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանը, բաւարար աշխատանք չեն տարած, որպէսզի ապահովեն իրենց անվտանգութիւնը։ Հոս հարց մը կը յառաջանայ, թէ նման իրավիճակի մէջ մենք ի՞նչ կրնանք ընել եւ ինչպիսի՞ պաշարներ ունինք։ Բոլոր ժամանակներու կարեւորագոյն պաշարներն են՝ գիտելիքը, նորարարութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը (թեքնոլոժի)։ Հայաստանի բնակչութիւնը գրագէտ է, մենք ունինք բաւարար փորձառութիւն, բաւարար գիտելիքներ, սակայն ատոնք պէտք է փոխառընչենք այն բոլորին հետ, ինչ որ մենք ունինք։ Մեր պարագային կրնանք խօսիլ բնական ներուժ-պաշարներու մասին։ Հայաստանի որոշակիօրէն հարուստ է բնական աղբիւրներով։ Մենք ունինք թէ՛ մետաղական հանքեր եւ թէ ոչ-մետաղական հանքեր։ Հայաստանի մէջ ունինք մօտաւորապէս 670 հանքավայր։ Այս ամբողջին մէջ փոքր թիւ կը կազմեն մետաղի հանքավայրերը եւ այդ առումով ալ մեր հանքարդիւնաբերութիւնը ունի երկար պատմութիւն։ Այսինքն՝ մեր հաստատութիւնները, մեր կառոյցները փորձառութիւն ունին հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ։ 18-րդ դարու վերջաւորութեան արդէն Ալավերտիի մէջ տեղի ունեցաւ պղինձի ադիւնահանումը։ Աւելի ուշ մենք ունեցանք Սոթքի ոսկիի հանքը, որ Անդրկովկասի ամենէն մեծ հանքը կը համարուի եւ որ սկսաւ շահագործուիլ 1970-ականներուն։ Քաջարանի պղնձամոլիպտենային հանքը սկսաւ շահագործուիլ նաեւ 1970-ականներուն։ Հայաստանը, փոքր երկիր մը ըլլալով, ունի համեմատաբար մեծ հանքային պաշարներ։

Անդրադառնանք անվտանգութեան եւ մեր բնական պաշարներու միջեւ կապին։ Հայաստանի բնական, պատմական միջոցները ընկալուած են՝ որպէս գործարարութեան, առեւտուրի միջոց, սակայն մենք պէտք է հայեցակարգային փոփոխութիւն կատարենք եւ զայն ամրագրենք թէ՛ բնակչութեան մեծամասնութեան ընկալումներուն, մտածելակերպին եւ թէ յատկապէս՝ քաղաքականութիւն մշակողներու ընկալումներուն մէջ։ Ներկայիս, հանքարդիւնաբերութեան ներդրողներու եւ բաժնետէրերու իմաստով բազմազանութիւն չունինք եւ այս պարագան դժուար իրավիճակ մը կը ստեղծէ պետութեան համար։ Հայաստանիը ունի բնական պաշարներ եւ ներուժ՝ իր շահերը համադրելու մեծ պետութիւններու շահերուն հետ։ Այդ մեծ պետութիւնները աշխարհի հիմնական որոշումները կը կայացնեն տնտեսական շահերու առումով։ Երեսուն տարուան ընթացքին մենք միջազգային շահառուներու հետ կապ հաստատելու բաւարար աշխատանք չենք կատարած։ Ըսեմ, որ Հայաստանի բնական պաշարներու կարողականութիւնը թոյլ կու տայ, որ մենք կարենանք ներգրաւել երեքէն հինգ, եթէ ոչ աւելի անդրազգային, կլոպալ մեծ ընկերութիւններ հանքարդիւնաբերութեան բնագաւառին մէջ։ Սակայն մենք խնդիր ունինք մեր ներուժը հասկնալի լեզուով մատուցելու աշխարհին, ինչ որ առ այսօր չէ կատարուած։ Մենք նաեւ խնդիր ունինք ստեղծելու փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութիւններ, ուր պետութիւնը Հայաստանի ժողովուրդին անունով կը կառավարէ բնական պաշարները եւ անով կը լուծէ նաեւ անվտանգային խնդիրները։ Եթէ մենք Հայաստանի մէջ ունենանք միջազգային այնպիսի ընկերութիւններ, որոնց տնտեսական շահերը մեծ հաշուով կը վերաբերին Անգլիոյ, ԱՄՆ-ի, Գանատայի, ԵՄ-ի անդամ որոշ երկրներու հետ, ապա մեր թշնամիները մեր դէմ ոտնձգութիւն կատարելէ առաջ անգամ մը եւս կը մտածեն, թէ կ՚արժէ՞ նման քայլի մը երթալ կամ ոչ։ Բաց աստի, սա նաեւ կը համադրէ մեր դիւանագիտական եւ քաղաքական շահերը։ Արդիւնաբերութիւնը պէտք չէ միայն դիտարկել որպէս առեւտուր, որովհետեւ ան նաեւ քաղաքական դրամագլուխ մըն է եւ Հայաստանը կրնայ օգտուիլ անկէ։

-Կը կարծէ՞ք, որ այսօր մենք ճիշդ ուղիի վրայ ենք։

-Այսօր լաւ նորութիւն ունինք Հայաստանի մէջ։ Երասխի մէջ, ԱՄՆ-ի դրօշը բարձրացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշին հետ միասին՝ GTB ընկերութեան ջանքերու շնորհիւ։ Պէտք է ըսեմ, որ այդ ընկերութեան ներդրողներն ու կառավարիչները ո՛չ միայն առեւտուրի մէջ հնարամիտ են, այլեւ խիզախ մարդիկ են եւ այս ընթացքը պէտք է շարունակել։

Ձեր հիմնական հարցին ես կ՚ուզեմ պատասխանել նաեւ հետեւեալ ձեւով։ Թէեւ աշխարհ լի է մարտահրաւէրներով եւ վտանգներով, բայց, միեւնոյն ժամանակ մենք գործ ունինք շատ մեծ եւ նոր հնարաւորութիւններու հետ։ Հիմա, աշխարհը շատ աւելի բան ունի առաջարկելու Հայաստանին թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական եւ թէ արհետագիտական իմաստով, սակայն երկիրը տակաւին չի կրնար ձեւաւորել համապատասխան առաջարկութիւն (counter offer)։ Մեր առեւտրական հանրութեան եւ կառավարութեան դերը պէտք է ըլլայ զայն ձեւաւորելը։

-Դուք նաեւ հիմնադիրն էք «Հանքարդիւնաբերական միջազգային պալատ» (Chamber of Mine) շատ կարեւոր նախաձեռնութեան։ Այդ մասին ի՞նչ կրնաք ըսել։

-Հանքարդիւնաբերութեան բնագաւառին մէջ մեծ փորձառութեան տէր մեր մասնագէտ գործընկերներուն հետ ստեղծած ենք «Հայաստանի հանքարդիւնաբերական միջազգային պալատ» ընկերութիւնը, որ շահոյթ չի հետապնդեր, բարենպատակ կազմակերպութիւն մըն է։ Մեր կազմակերպութեան նպատակն է հասկնալի՝ մասնագիտական լեզուով, միջազգային ընկերութիւններուն, ներդրողներուն ներկայացնել Հայաստանի հանքարդիւնաբերական կարողութիւնները եւ միւս կողմէ աշխարհէն ստանալ միջազգային լաւագոյն փորձառութիւնը եւ այդ բոլորը Հայաստանի մէջ կիրառել բարձրագոյն չափորոշիչներով։ Մեր կազմակերպութիւնը պիտի դառնայ յուսալի ոլորտի բոլոր շահառուներուն՝ ներառեալ Հայաստանի կառավարութեան, օտարերկրեայ ռազմավարական ներդրողներու, ելմտական հաստատութիւններու, տեղական առեւտուրի, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան համար։ Աշխարհի վրայ երկրաբանութեան (géologie) ոլորտի հետազօտութիւններու վրայ ամէն տարի կը ծախսուի մօտաւորապէս 13 միլիառ տոլար։ Ըստ էութեան, այդ գումարները կը ծախսեն ԱՄՆ, Գանատա եւ այլ երկիրներ։ Հայաստան գրեթէ որեւէ հասանելիութիւն չունի այդ միջոցներուն, որովհետեւ հասկնալի լեզուով աշխարհին ցարդ չէ կրցած ներկայացնել իր հանքարդիւնաբերութեան իսկական ներուժը։

«Հայաստանի հանքարդիւնաբերական միջազգային պալատ»ի նպատակն է իրականացնել, ստեղծել Հայաստանի Հանրապետութեան երկրաբանական հաշուետուութիւնը, համապատասխան չափանիշներով, նաեւ ներգրաւել համապատասխան մասնագէտներ։ Այս իմաստով մենք կը փորձենք աշխարհի շարք մը կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցութիւն հաստատել։

Որպէս «Հանքարդիւնաբերական միջազգային պալատ»ի գործադիր նախագահ, անցեալ մարտին կը գտնուէի Անգլիոյ մէջ։ Մենք հանդիպումներ ունեցանք «British Geological Survey»ի, «Cambornschool of mines»ի եւ տարբեր ընկերութիւններու հետ, որոնք Հայաստանի հետ համագործակցութեամբ հետաքրքրուած են։ Սէուլի մէջ, մայիսին մասնակցեցանք ասիական երկիրներու համաժողովին եւ զեկոյց մը ներկայացուցինք մեր կազմակերպութեան նպատակներուն մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձանք Հայաստանի ներուժին։ Նման քայլերով, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրութիւններու, հետազօտութիւններու, webinar-ներու, կրթական ծրագիրներու միջոցով, մենք Հայաստանի մէջ նախ պիտի փորձենք ձեւաւորել համապատասխան մասնագիտական ընդունակութիւն, որպէսզի երիտասարդութիւնը գործի լծենք։

Հայաստանի մէջ ունինք հանքարդիւնաբերութիւն, բայց շատ փոքր հետաքրքրութիւն կայ հանքարդիւնաբերութեան մասնագիտութիւններու նկատմամբ։ Հայկական համալսարաններու երկրաբանական կաճառներուն նկատմամբ հետաքրքրուածութիւնը շատ քիչ է։ Մեր նպատակներէն մէկն է նաեւ կրթական հաստատութիւններուն ծանօթացնել հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը։

-Երիտասարդութեան եւ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի առընչութիւնը ի՞նչ է Հայաստանի մէջ։

-Լաւ է, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ շատ կը խօսուի IT ոլորտի եւ զբօսաշրջութեան զարգացման մասին։ Բնականաբար, անոնք շատ կարեւոր բնագաւառներ են։ Բայց եթէ մենք կ՚ուզենք էական եւ երկարաժամկէտ փոփոխութիւն կատարել երկրին մէջ, ապա պէտք է խօսինք այլ բնագաւառներու մասին եւս. ինչպէս՝ հանքարդիւնաբերութիւն, ուժանիւթ (energy) եւ այլն։ Մենք պէտք է փորձենք հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի մասնագիտութիւնները աւելի գրաւիչ եւ հասկնալի դարձնել երիտասարդներուն համար։ Այս ոլորտը պէտք է գրաւիչ եւ հասանելի ըլլայ նաեւ ժողովուրդին աչքին։

-Հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ սփիւռքահայ ներդրողներուն մասնակցութեան պատկերը ինչպէ՞ս է։

-Պետութեան ձախողումներու հիմնական պատճառներէն մէկը Հայաստան-սփիւռք կապերու չգոհացնող վիճակն է։ Վստահութիւն չկայ սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ։ Այս մէկը ունի իր տարբեր բացատրութիւնները՝ մշակութաբանական, պատմական, եւ այլն։ Էական կը մնայ, անշուշտ, այն հարցադրումը, թէ ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի աւելցնենք մեր սփիւռքահայ ներդրողներու հետաքրքրութիւնը։ Աւելցնելու առընթեր, ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի անոնք մտածեն Հայաստանի հանքարդիւնաբերական ոլորտի մէջ ներդրում կատարել։ Անշուշտ, սփիւռքահայերու հայրենասիրական զգացումները, յոյզերը Հայաստանի նկատմամբ շատ կարեւոր են, սակայն, անոնք գործնական իմաստ չեն ունենար, եթէ չհամադրուին գործնապաշտ նկատառումներով. ինչպէս՝ ներդրումային բարենպաստ միջավայրի ապահովում, պետական երկարաժամկէտ, կայուն եւ կանխատեսելի քաղաքականութիւններ, Հայաստանի մէջ կաշառակերութեան դէմ ա՛լ աւելի արդիւնաւէտ պայքար եւ կանխատեսելի դատական համակարգ։ Ըսեմ, որ մեր կազմակերպութեան նպատակներէն մէկն է նաեւ սերտօրէն աշխատիլ կառավարութեան հետ, օգնել կառավարութեան մեր մասնագիտական կարողութիւններով, որպէսզի ան կարողանայ սահմանել եւ իրականցնել աւելի բարձր բնապահպանական չափանիշներ։ Արդարեւ, միայն համապատասխան չափանիշներու պարագային մենք կրնանք հասանելիութիւն ունենալ միջազգային ելմտական կեդրոններուն։ Առեւտուրի մէջ ներդրողին համար ամենէն կարեւորը բազմազանութիւնն է։ Ներդրողները կու գան ո՛չ միայն անձնական, այլեւ պետական՝ խմբակային տնտեսութեամբ (portfolio finances)։ Այս ամբողջ ենթակառուցուածքը կերտելու համար մենք պէտք ունինք բարձր չափանիշներու, որոնց շնորհիւ ալ ապագային պիտի ունենանք դրական արդիւնք եւ պիտի կերտենք ուժեղ պետութիւն մը։

*

Հայաստանի Հանրապետութեան պետական գործիչ ու դիւանակալ Արտեոմ Գեղամեան եղած է Հայաստանի Արդարադատութեան նախարարի տեղակալ, 2014 թուականին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ինտիանա համալսարանին մէջ ուսանած է իրաւաբանութիւն։ Աւարտած է Հարվըրտի համալսարանի «Ճոն Քենըտի» կառավարման դպրոցը։

Ուսումէն անմիջապէս վերջ, մինչեւ փոխ-նախարար նշանակուիլը, զանազան կառոյցներու մէջ ստանձնած է զանազան պաշտօններ։ Աւելի վերջ անցած է հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը՝ որպէս կառավարիչ-իրաւաբան։ Աշխատանքային փորձառութեան մէջ մասնաւորապէս կարեւոր է Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի յառաջատարներէն «Վալէքս» ընկերութենէն ներս գործունէութիւնը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2023