ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

ՏՈՒՆԿԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ՊԱՆԴՈ՞Կ…

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Անգլիոյ մայրաքաղաքը՝ Լոնտոնէն։ Արդարեւ, աշխարհի մէջ առաջին անգամ ըլլալով բացումը կատարուած է տնային տունկերու (house plants) պանդոկ մը, ուր քու տունէն բացակայութեանդ շրջանին՝ հոն պիտի խնամուին քու տունկերդ, ատենը մէկ մը ջրելով զանոնք։

Շուներու պանդոկ հասկցած էինք, որովհետեւ երբ արձակուրդով քաղաքէն կը բացակայիս երկար ժամանակ, հոն՝ հոգ կը տանին անոնց։ Պանդոկի անձնակազմը ձեր «ընտանիքի անդամները» կը կերակրեն, պտոյտի կը տանին զիրենք եւ ինչո՞ւ չէ, կը դարմանեն՝ երբ պէտքը զգացուի։

Հիմա կը տեսնէք, թէ ինչպէս ընտանի կենդանիներն ու տնային տունկերը մարդոց դասակարգին կը պատկանին եւ անոնց համար յատուկ պանդոկներ սկսած են գոյութիւն ունենալ, որպէսզի մասնագէտներ կարենան հոգ տանիլ անոնց…

Վերադառնալով մեր պատմութեան, վերոյիշեալ հինգ աստղանի «5 stars» պանդոկի ընդհանուր պատասխանատուն՝ Ֆրետի Պլեքէթ, դիտել տուած է թէ՝ «Մենք կը զգանք մարդոց յուսախաբութիւնը, երբ անոնք արձակուրդէ վերադառնալով կը տեսնեն իրենց տունկերու խամրած ըլլալը։ Մեր մօտեցումը՝ անոնց օգտակար հանդիսանալն է»։

Իսկ պանդոկի վարիչ տնօրէնը՝ Ռոզ Կրովըր, նշած է թէ՝ «Յաճախ խնդրած ենք մեր ազգականներէն կամ բարեկամներէն, որպէսզի մեր բացակայութեան հոգ տանին մեր տունկերուն, սակայն միշտ ալ զղջացած ենք։ Այս պանդոկը ոչ թէ միայն կը խնամէ ձեր տունկերը, այլեւ կը պահպանէ ձեր յարաբերութիւնները՝ ձեր բարեկամներուն եւ ազգականներուն հետ»:

Սա ալ պէտք է ըսեմ, որ տունկերը որպէս «հիւր» արձանագրելը այդ պանդոկին մէջ մինչեւ 5 սեպտեմբեր 2019-ը, բոլորովին ձրի է։ Հիմա դիտեցէք կցուած նկարը եւ տեսէք, թէ ինչպէս կին մը կ՚արձանագրէ իր տունկերը եւ բեռնակիրը կը պատրաստուի տանելու զանոնք՝ իրենց համար վերապահուած «սենեակը»: Է՜հ, այս ալ պիտի տեսնենք եղեր…

ՇՈՒՆԵ՞ՐՆ ԱԼ՝ ԹԱՏՐՈՆ Կ՚ԵՐԹԱՆ…

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Միացեալ Նահանգներու հիւսիսի դրացի երկիր՝ Գանատայի Օնթարիոյ քաղաքէն։ Հիմա դիտեցէք կցուած նկարը եւ թոյլ տուէք, որ բացատրեմ, թէ հոն գտնուող շուները ինչո՞ւ գացած են թատրոն եւ թէ ի՞նչ կ՚ընեն հոն։

Անոնք ծառայողական շուներ (service dogs) են, որոնք կը մարզուին, թէ ինչպէս պէտք է վարուին զանազան պայմաններու տակ՝ լաւագոյնս օգտակար հանդիսանալու իրենց վստահուած անկար մարդոց։ Օրինակ՝ թատրոնին մէջ պէտք է լուռ կենան, որպէսզի մարդիկ կարենան մտիկ ընել եւ հասկնալ եղելութիւնը։ Իսկ եթէ իրենց պատսպարեալը յարձակումի ենթարկուի, պէտք է պաշտպանել զիրենք եւ այլն։

Այդ օր՝ թատերասրահի յայտագիրն էր Billy Elliot, երաժշտական թատերախաղը։ Սա Անգլիոյ 1984-85-ի հանքագործներու գոր-ծադուլի ընթացքին ծնունդ առած պատմութիւնն է երիտասարդի մը, որ բռնցքամարտը ձգելով կը հետեւի պարարուեստի եւ մեծ յաջողութիւն կը գտնէ այդ ասպարէզին մէջ։ Անոր երաժշտութիւնը յօրինած է Էլթըն Ճոն։

Վերոյիշեալ ծառայողական շուներու թատերասրահ երթալը կազմակերպուած էր Լորա Մըքէնզիի կողմէ՝ որ արտօնատէրն ու մարզիչն է K-9 country Inn Working Service Dogs հաստատութեան։ Ան դիտել տուած է, թէ թատրոն երթալը իրենց գործունէութեանց մէկ մասն է միայն։ Անոնք պէտք է ուրիշ վայրեր ալ յաճախեն՝ լաւագոյնս պատրաստուելու համար իրենց ապագայ ծառայութեան։

Հետաքրքրական է գիտնալ, որ թատրոնի յաջորդ ներկայացումն է Neverending երաժշտական թատերախաղը, որ պիտի ներկայացուի 2 հոկտեմբեր 2019-էն սկսեալ։ Ան ալ ծնունդ առած է 1984-ի նոյնանուն ֆիլմէն, որ ժամանակին մեծ հռչակի տիրացած էր։

Ահաւասիկ անասուններու եւ բոյսերու կեանքէն երկու պատմութիւններ, որոնք մարդոց նման կը պատկանին «կենդանիներու» աշխարհին։ Այսինքն՝ անոնք ալ կը ծնին, կ՚ապրին եւ ապա կը մահանան մեզի նման…

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Օգոստոս 24, 2019