ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆՈՐ ԳՐՈՀԸ

Իսրայէլի ներքին իրադրութիւնը, բազում երեսակներու վրայ Նեթանիյահուի կառավարութեան գործած մեծ սխալները, նաեւ երկրէն ներս լարուածութիւնները՝ ապագայի կապակցութեամբ դրական պատկեր մը չեն ներկայացներ։ Ընդհակառակն, Մերձաւոր Արեւելքի երկնակամարէն հեռու է խաղաղութիւնը, եթէ առաջին հերթին հաշուի առնուի հոկտեմբերին ընթացք առած «Համաս»ի «Ալ Աքսայի հեղեղ» գործողութիւնը, որ համատարած պատերազմի վերածուեցաւ Իսրայէլի հակադարձութեամբ, ապա փաստարկներու հարցը։

Այս մեծ պայքարներուն մէջ կան բազմապիսի ազդեցութեամբ դրուագներ, որոնք կը համարուին Իսրայէլի համար օգտագործուելու պատրաստ զինատեսակներ։ Այդ զէնքերէն մէկը, անշուշտ, Երուսաղէմի ընդհանուր դրութիւնն է, որ կը շարունակէ մնալ Իսրայէլի անվտանգութեան մարմիններուն, բանակին ու գաղտնի սպասարկութեան ամրոցը։ Երուսաղէմի դէպքերը ազդեցին ու դեռ պիտի ազդեն Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան վրայ։

Բաց աստի, Երուսաղէմի ընդհանուր դրութիւնը քաղաքական մահակ մըն է՝ մինչ քրիստոնեայ հոգեւոր կեդրոնները կը զրկուին իրենց հասոյթներէն։ Երուսաղէմի մէջ դարաւոր արմատներով եւ ներկայութեամբ քրիստոնեայ եկեղեցիները ունին մեծածաւալ հողաշերտեր, վանքեր, վանական համալիրներ ու եկեղեցիներ։ Անոնք կը համագործակցին ու քրիստոնէական տաղաւարներուն Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ գծուած արարողակարգային քարտէսի հիման վրայ կը կատարեն իրենց ծէսերը։ Մինչ այդ, Իսրայէլ առիթ չի փախցներ զանազան ձեւերով ճնշումներ բանեցնել այդ եկեղեցիներուն վրայ, եթէ որեւէ պարագայի հնչեն Իսրայէլի գործողութիւններուն մասին ժխտական յայտարարութիւններ կա՛մ պատերազմը դատապարտող կոչեր։

Քրիստոնեայ եկեղեցիներուն համար յանուն խաղաղութեան քարոզխօսութիւններն ու աղօթքները՝ ըստ կամս սխալ կը մեկնաբանուին Իսրայէլի կողմէ։ Իբր այդ, Իսրայէլի կառավարութիւնները արագ եւ կտրուկ քայլերու դիմելով՝ ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն ընկճելու համար այդ եկեղեցիները։ Իսրայէլի կողմէ գործադրուած միջոցները կ՚ուղղուին եկեղեցիները դրամական նեցուկէ կամ շահոյթէ զրկելու հեշտ գործին։ Այս ծիրէն ներս Իսրայէլ յաւելեալ հարկեր դրաւ եկեղեցիներուն վրայ, որոնք ի մի խմբուելով փակեցին Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարը, որ կրօնական զբօսաշրջրութեան առանցքը կը հանդիսանայ։ Այս մէկը ցնցեց Իսրայէլի կառավարութիւնը ու գոյացաւ համաձայնութիւն մը, որ զանազան պայմաններով կրնայ չեղարկուիլ։

Բաց աստի, անշուշտ, Իսրայէլի կողմէ ներկայիս ալ կը կատարուին զանազան տեսակի ճնշումներ։ Այդ ճնշումներէն անմասն չէ նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Սուրբ Աթոռը, միաբանութիւնն ու սաղիմահայութիւնը։ Թէ ի՞նչ զարգացումներ պիտի ըլլան, տակաւին յայտնի չէ, սակայն, յստակ է, որ մինչեւ Կազզէի հարցին ամբողջական կամ մասնակի լուծումը՝ Երուսաղէմի քրիստոնեայ համայնքները պիտի շարունակեն մնալ թիրախ Իսրայէլի կառավարութեան խօլ արշաւներուն։

Միւս կողմէ, Սուրբ Երկրի եկեղեցիները ակնյայտօրէն կը թիրախաւորուին՝ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ իրավիճակին մէջ։ Այսպէս, «Իսրայէլահայեր» կայքէջի լրագրող Արտեոմ Չերնամորեան խոշորացոյցի տակ կ՚առնէ այս նիւթը։

Ըստ Չերնամորեանի՝ Իսրայէլի կառավարութիւնը յարձակումի սկսած է քրիստոնեայ եկեղեցիներու դէմ։ Իսրայէլի ղեկավարութիւնը վեց տարի առաջ եւս փորձած էր հարկային գանձումներու տեսքով ճնշում կիրառել քրիստոնեայ եկեղեցիներուն, բայց միասնական բողոքի ու համաշխարհային աղմուկի արդիւնքով հրաժարած էր: Այնպիսի զգայուն ժամանակահատուածի մը մէջ, երբ Իսրայէլ պատերազմի մէջ է, անոր հիմնական դաշնակիցները քրիստոնէական երկիրներն են, որոնք զօրաւոր յարձակումի սկսած են քրիստոնեայ եկեղեցիներու դէմ։

Իսրայէլի իշխանութիւններու՝ քրիստոնեայ եկեղեցիները հարկելու որոշումը յայտնի դարձաւ 25 յունիսին։ Կը նշուէր, որ Իսրայէլ որոշած է հարկել այդ երկրի հայ, յոյն եւ այլ քրիստոնեայ եկեղեցիները։ Թել Աւիւի, Նազարէթի, Երուսաղէմի եւ այլ մեծ քաղաքներու քաղաքապետարանները վերջին ամիսներուն մի քանի նախազգուշական նամակներ ուղարկած են հայ, յոյն եւ այլ քրիստոնեայ եկեղեցիներու գրասենեակներ, իսկ որոշ դէպքերու արդէն նոյնիսկ դատական գործընթացներ սկսած են ենթադրեալ հարկային պարտաւորութիւններու չկատարման հիմքով։ Եկեղեցական համայնքները, միասնական բաւական խիստ նամակով պատասխանած են Իսրայէլի կառավարութեան, որուն համար ներկայ դժուարին ժամանակահատուածին իրենք այդ քայլով կը խախտեն դարաւոր սթաթիւքոն եւ այդ երկրին քրիստոնէական ներկայութեան նկատմամբ աճող անհանդուրժողութիւնը։ Խօսքը տասնեակ միլիոնաւոր իսրայէլական շեկելներու կամ մի քանի տասնեակ հազար տոլարի հարկային պարտաւորութիւններու մասին է։ Այս առաջին դէպքը չէ. Իսրայէլ վեց տարի առաջ` 2018-ին ալ նման փորձեր ըրած էր, բայց քրիստոնեայ եկեղեցիներու միասնական բողոքի արդիւնքով հրաժարած։

Այդ ժամանակ քրիստոնեայ եկեղեցիները երեք օրով փակեցին Սուրբ Յարութեան տաճարը բոլոր ուխտաւորներուն առջեւ։ Պատկերացուցէք՝ հարիւր հազարաւոր մարդիկ եկած էին Երուսաղէմ՝ ուխտի, մեծ միջազգային աղմուկ բարձրացաւ եւ Նեթանիյահուի կառավարութիւնը ետ կանչեց եւ սառեցուց Քնեսեթի այս օրէնքի նախագիծը:

Ի դէպ, Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու Հայաստանի Հանրապետութեան որոշումը ջլախտած էր Իսրայէլը, որ Հայաստան Պաղեստինը ճանչցած 144-րդ երկիրն է, Թուրքիայէն ու Ատրպէյճանէն վերջ։ Իսրայէլի մէջ լրագրողները կը լռէին՝ երբ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը կ՚ողջունէին Պաղեստինի ազատագրումը, երբ Արցախը կը հայաթափուէր, Ատրպէյճանը ցեղային զտումներ կ՚իրականացնէր՝ օգտագործելով Իսրայէլի ռազմամթերք միջոցները։ Բայց հիմա լրատուամիջոց չմնաց, որ այդ մասին չի գրեր։ Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի որոշումին, իսրայէլահայ համայնքն ալ այդ կ՚ընդունի որպէս անկախ երկրի՝ միջազգային խնդրի մը մասին անկախ տեսակէտ։

Հայաստանի դիրքորոշումը նաեւ շատ կարեւոր է այն տեսակէտէն, որ արաբական աշխարհին մէջ Ատրպէյճան անընդհատ կը յայտարարէ, թէ հայերը թշնամի են։ Սակայն Նիկոլ Փաշինեանի այցելութիւնը Եգիպտոս եւ յայտարարութիւնները այն մասին, որ Կազզէի մէջ մարդիկ կը սպաննուին եւ Հայաստան կողմ է խաղաղութեան ու երկու պետութիւններու սկզբունքին, հակառակը կը վկայեն։ Հայաստան այս որոշմամբ աւելիով բարելաւեց իր դիրքերը Արաբական լիկայի ընտանիքին մէջ։ Իսկ Իսրայէլի վարչապետի խորհրդականի սպառնալից յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանի համար այդ որոշումը անհետեւանք չի մնար, թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Իսրայէլի հայ համայնքին մէջ այդ հետեւանքներէն չեն վախնար։ Ինչ որ Իսրայէլ կրնար ընել հայ ժողովուրդին դէմ, արդէն ըրած է. հայկական հողը հայաթափուեցաւ, հայկական հողերուն վրայ, Ատրպէյճանի հետ համագործակցելով, ստեղծած են ռազմական յենակէտեր, օդային ռազմակայան, որով կը լրտեսեն Իրանը: Նոր հանգամանքը կրնայ աւելցնել Իսրայէլի իշխանութեան կողմէ ճնշումը Հայ Առաքելական Եկեղեցիին պատկանող հողերու՝ «Կովերու պարտէզ»ի հարցով, մանաւանդ որ այդ գործարքի ետին ակնյայտօրէն կ՚երեւին Իսրայէլի ներքին գործոց եւ ներքին անվտանգութեան նախարարութիւններու ականջները, իսկ այդ կառոյցները կը ղեկավարեն հրեայ ծայրայեղականներ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 24, 2024